Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐՈՒ ՄԱՀԸ
      
       Դուն չե՜ս գիտեր ինչ է մեռնիլը…
       Մեռնիլը՝ ապրելու սկսիլ է…
      
       - Էնպէս կտրիճ, է՜նպէս կտրիճ…
       Եւ շիթ մը արցունք բիւրեղացաւ պառաւին փոսացած աչքերուն խորը։
       Ահեղ ուժ մը կը կապէր իր լեզուն, կը ջլատէր իր խօսելու կարողութիւնը, ու միայն շիթ մը արցունք քամել կուտար՝ իբրեւ լրացուցիչ արտայայտութիւնը իր յորդազեղ զգացումներուն, իբրեւ վերջաբանը իր չաւարտած պատմութեան։
       - Է՜նպէս կտրիճ, է՜նպէս կտրիճ…
       Եւ այսպէս։ Եւ հազիւ ա՛յսչափ։ Այնի՞նչն էր, որ արգելք կ’ըլլար իրեն աւելին ըսելու, ամէն բան ըսելու։ Արդեօք կը վախնար, որ հերոսին յիշատակը կ’աղարտէ՞ իր տգէտ իմացականութեամբ, արդեօք բառե՞ր չէր կրնար գտնել, իր ահաբեկ հիացումին մարմին տալու համար։ Եւ, արդեօք ի՞նք ալ, այդ արդէն գերեզմանաբոյր կմախքն ալ կը վախնար, եւ, խլուրդի խոհեմութեամբ մը, բռնի կը խեղդէր իր պառաւ ոգեւորութեան զեղումը։
       Բայց այդ ձայնարկութի՞ւնը, - «է՜նպէս կտրիճ, է՜նպէս կտրիճ»։ Պառաւը պիտի կրնա՞ր հասկցնել անոր բոլոր ուժգնութիւնը։ Պիտի կրնա՞ր կայծ մը հուր, կաթիլ մը արիւն հոսեցնել այդ չորս պատկերալից բառերուն իւրաքանչիւր վանկին մէջ, իւրաքանչիւր տառին վրայ, որպէսզի պատկերը հարազատ ըլլար, կենդանի եւ հարազատ։
       - Է՜նպէս կտրիճ, է՜նպէս կտրիճ…
      
       *
       …Ի՞նչ է այն բազմութիւնը որ հո՛ւնա, բլուրն ի վեր կը խոյանայ, տենդագին գնացքով, անխուսափելի խթանէ մը լարուած։ Ի՞նչ է այն, եւ ո՞ւր կը դիմէ եւ ինչո՞ւ այդքան հեւ ի հեւ, այնքան տագնապալի է իր գնացքը։
       - Չաւուշը ինկաւ, կը հծծէ քրտնաթոր, ահաբեկ մշակը. մեր վերան երկրէն նոր արեւ մըն ալ պակսեցաւ։
       - Իսկ ի՞նչ է այն բազմութիւնը, որ բլուրն ի վեր կը սուրայ։
       - Իր կտրիճ մարմինն է, որ թաղելու կը տանին, իր նշխարքը, որ հիմա արիւն կը հոտի։ Չավո՛ւշը, տղայ, մեր դաշտերուն կորիւնը, մեր գազաններուն սարսափը ինկա՜ւ, ու մեզ որբ թողուց այս վերան աշխարհին մէջ։ Չավուշը ինկաւ, տղա՛յ. գիտե՞ս ինչ ըսել է այս։ Անտառէն վերցուր առիւծը, եւ ի՞նչ կը տեսնես, - բոլոր մանր ու խո շոր գազանները, գայլն ու բորենին, վարազն ու արջը, կուզն ու աղուէսը պար կը դառնան, քու արտն ու ախոռը, քո տունն ու օջախը կը քանդեն, քո դաւարն ու հաւքը կը լափեն, քո նամուսը կը պղծեն, քո հանգիստը կը քրքրեն, եւ մեծ փառք, եթէ այդ բոլոր զուլումին մէջ մենաւոր հոգիդ ողջ մնաց… Գէորգը մեր առիւծն էր, որ իր կորիւններուն հետ ահ ու սարսափ կ’ազդէր այդ ամէն մանր ու խոշոր գազաններուն, այդ ծուարած բորենիներուն։ Ան մեր Ասլանն էր։ Անոր շուքէն կը դողային Քուրդն ու պէկը, միւլթեզիմ ն ու ասքէրը, Չէրքէզն ու մուհաճիրը։ Գէո՜րգը, դուն տեսե՞ր էիր անոր պէս իկիտ…
       Եւ մշակը աչքերուն կը տանէր թեւը, լճացած արցունքը սրբելու համար։
       - Չավուշը մեռեր է, Աւօ՛։
       - Ինչե՜ր կ’ըսես, Մհէ՛, Չավուշ մեռնի՜։ Ո՞վ կը խաբես…
       - Հապա, Աբօն ըսաւ։ Ժամեր ու ժամեր կռուեր են։ Չավուշը թֆանքն առած չուր իրիկուն զարկեր է. բայց դուն մեր սեւաւոր բախտը տես, որ ինքն ալ վերջը ինկեր է, ասլանի պէս ինկեր է…
       - Բա՛, մենք ի՞նչ պիտի անենք հիմա, Մհէ՛։
       - Ի՞նչ պիտի ընենք, լաչա՞կ պիտի կապէինք։ Հրացան մը դուն կ’առնես, հրացան մը ես, կ’իյնանք սար ու ձոր, մեր կտրիճին վրժէը կը լուծենք, կը խփենք հա կը խփենք…
      
       *
       …Եւ պառաւը, ու մշակը, ու տղաքը ուրիշ բանի վրայ չէին խօսեր։ Չավուշը ինկեր է, անմահ Չավուշը, եւ իր առուծ հոգին ահա կը խռովէր ստուար ամբոխ մը ճնշուածներու բոլոր ամբոխը ճնշուածներուն որ կրնային կերպով մը քարշ տալ իրենց հեւացող գոյութիւնը, քանի Ան ողջ էր, քանի իր ահեղ շուքը կը պտտցնէր ողջերու մօտիկը, գազաններու գլխուն վերեւ։
       Բայց ահա մեռեր էր այդ Առիւծը։ Ահա շիջեր էր իր արեւը, եւ ճնշուածներուն ամբոխը ահաբեկ՝ անոր մահը կ’ողբար, անոր մահերգը կը հծծէր երդիքներուն անկիւնը, ամայի դաշտերու գոգը, խորհրդապանծ սարին ստորոտը։ Մեռեր էր հերոսը, եւ իր արու մահուան դիւցազներգութիւնը կը հեգէին փոսացած աչքերով պառաւներ, ցուպերու կռթնած ծերունիներ, կիսամերկ լաճեր եւ սգաւոր այրիներ։ Այդ մահը, եւ մա՛հը բոլոր «խենդ»երուն, այդ իսկ նոր բռունցք մը չէ՞, որ կը տրուի նախրային Համակերպութեան կուշտին. ժաժը չէ՞ այդ, որ կը փեռեկտէ Ստրկութեան պնդացած գետինը. լայներախ փոսը չէ՞ այդ, որ կը բացուի Հլութեան որդնոտած կուրծքին վրայ։
       «Ոչ մէկ բեմէ մարդկային ձայնը կրնայ այնքան հեռուն հասնիլ, որքան գերեզմանէն»։
       Եւ երբ այդ գերեզմանը մէկունն է, որ գիտցաւ թէ «ի՛նչ է մեռնիլը», որ խուլ եւ համր բազմութեան մը անլուր կիրքերուն մրրիկովը մոլեգնած՝ կրցաւ անսովոր լեզու մը խօսիլ, լեզու մը այնքան բարբարոս որքան բռնութիւնը իր հայրենի հողին, ահարկու ինչպէս քարաժայռերը, որ իր տենդահար ներբաններուն ճնշումը կը զգային, եւ հզօր, եւ փառաւոր, եւ պակուցիչ՝ ինչպէս վազքը Եփրատին, ինչպէս մրրիկը Գրգուռին։
       Այդ գերեզմանը, որ վաղուան ուխտատեղին է արդէն, գերեզմանը Մակարին, եւ գերեզմանները բոլոր անոնց, որ մութին մէջ մեռան, որ արու մահուան մոլուցքը ըմպեցին, մեր երկունքին սկզբնական տագնապներն են, որոնք ա՛լ աւելի զօրեղ ինքնավստահութեամբ մը կը սպառազինեն մեզ, որոնք ա՛լ աւելի հուր կը տեղան մեր ռազմիկ երակներուն մէջ, ու ա՛լ աւելի կը խտացնեն շարքը բոլոր դժգոհներուն եւ բոլոր բարձր հոգիներուն։
       Եըլտըզը ա՛լ նշանակութիւն չունի մեզի համար, քանի անսպառ են Գէորգ Չավուշները։ Ճիգ մըն ալ, եւ ահա գարշահոտ մոխրակոյտ մը պիտի մնայ այդ ներոնական փառքերէն։
      
       ԸՄԲՈՍՏ
       «Ռազմիկ», Բ. Տարի թիւ 191 (6 Հոկտ. 1907)