Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻ՛ՒՆ, «ՊԷ ՃԱՆԸՄ»
      
       Նիկոմիդիոյ հանգուցեալ առաջնորդին, - Յովակիմեան արք. ի այս բացագանչութիւնը կ’իյնայ միտքս ամէն անգամ, որ կը հանդիպիմ այլանդակ եւ անմիտ բառերու եւ բացատրութեանց, օրուան թերթերուն մէջ։
       Այլանդակութիւններ, որոնց մէկ մասը եթէ անգիտութիւն է, միւսն ալ՝ անհոգութիւն եւ անխղճութիւն կը հոտի։
       Դեռ քանի՞ տարի այսպէս, այնքան բացատրութիւններէ, խրատներէ, սաստերէ եւ… դասընթացքներէ յետոյ։
       Վերջերս թերթի մը մէջ կարդացի հետեւեալ բացատրութիւնը, «Դաշնագիրին եղանակաւորութիւնները»։
       Կ’ենթադրեմ թէ ֆրանսերէն «Մոտալիթէ» բառն է, որ թարգմաներ են «եղանակաւորութիւն», - ի՜նչ բարբարոս բառ։ Մինչդեռ կրնային ըսել դաշնագրին գործադրման եղանակները, հանգամանքները կամ յարմարութիւնները։ (Բնագիրը ձեռքի տակ չունենալով, կը նշանակեմ տրամաբանական եւ մօտաւոր իմաստը)։
       Դարձեալ նոյն թերթէն. - «շահագրգիռ պետութիւնները»։
       Այստեղ ալ՝ «էնթերեսէ» ն է, որ թարգմանուեր է «շահագրգիռ», մինչդեռ կը նշանակէ՝ «շահագրգռուած», աւելի կարճ՝ «շահակից»։
       Իրենց բառը կը նշանակէ «շահագրգռող», որ նոյն բանը չէ, ինչպէս նոյն բաները չեն «հետաքրքիր»ը (մարդ) եւ «հետաքրքրական»ը (իր կամ նիւթ)։
       Բազմաթիւ գրիչներ, նոյնիսկ բանաստեղծներ եւ գրագէտներ կը շարունակեն գրել եւ իրարու փոխանցել անճոռնի բառ մը, «առինքնող»ը, - եւ անոր վրայ ձեւելով՝ առինքնուած…։
       Որքան կը յիշեմ, հանգուցեալ Չիֆթէ Սարաֆն էր (Յովհ. Ասպետ), որ բառարանէ մը գտած եւ մէջտեղ նետած էր այդ բառը, Պուրժէի «Փիլիսոփային Աշակերտը» թարգմանած ատեն։
       Կը գործածեն «հմայիչ», «յանկուցիչ», «գրաւիչ», «մոգական» կամ «կախարդական» իմաստով, (թերեւս ալ առանց հասկնալու իմաստը, - ընկալեալ սովորութեամբ…)։
       Մինչդեռ նշանակուած հինգ բառերէն մէկն ու մէկը շատ աւելի սիրուն պիտի ըլլար եւ ճշգրիտ։ Եւ ուրիշ բառեր ալ չեն պակսիր։
       «Առինքնող»ը վիժուկ մըն է, որ կը հայհոյէ ո՛չ միայն ճաշակի, այլեւ բառակազմութեան տարրական օրէնքին դէմ։ Կարծեմ Ե. Տէմիրճիպաշեանն էր, որ հնարեց զայն, աստղանիշով, իբրեւ փորձ, ինչպէս ուրիշ բառեր, առանց շատ բարակը նայելու։
       Մեր ամէնէն վարժ գրիչներն ալ չկրցան ճամբել սա հռչակաւոր «վարքագիծ»ը, - նոյնքան հրէշային որքան «առինքնող»ը։
       Կովկասեան թարգմանութիւնն է «լինեը տը քոնտիւիթ» ին, անշուշտ ռուսերէնի վրայ չափուած։ Բայց ո՜րքան տժգոյն, եւ քերականօրէն ալ անճիշդ։
       Հապա ո՞ր օրուան համար է մեր սքանչելի «ուղեգիծ»ը։ Պարագային համեմատ ալ՝ ուղեցոյց, դիրք (աթիթիւտ), ընթացք, ևայլն։
       Քիչ մը ուշադրութիւն, պէ ճանըմ ։
      
       23 Մայիս 1936