Տոմսեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՓՍՈ՛Ս ՈՐ ՈՒՇ ՄՆԱՑԵՐ ԵՆՔ
      
       Երանի՜ թէ 40-50տարի առաջ Փարիզ եկած ըլլայինք։
       Ոչ միայն անհատապէս, այլեւ ազգովին փրկուած կ’ըլլայինք, առանց զանազան «հայասէրներու» դուռը զարնելու, կամ կաթիլ մը արիւն թափելու։
       Չէ՞ք հաւատար։ Հրամեցէք։
       - «Պայքար պարահանդէսները», որ ամէն տարի ընդարձակ, մեծ հայկական ընտանիքի մը նման կը համախմբեն հազարաւոր երկսեռ Հայեր, խառնելով նոր երիտասարդութիւնը հիներուն, ստեղծելով ընկերային կեանք եւ ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտ, - ամերիկեան կեանքի մէջ անգամ հազուադէպ երեւոյթ մը պիտի նկատուին։ Ամէն տարի այս պարահանդէսներուն մասնակցող Ամերիկացիները զարմանքով եւ սքանչացումով կը դիտեն այս երեւոյթը, Հայոց մասին կազմելով գերազանց կարծիք մը, զոր ցարդ անկարելի եղած էր ստեղծել ուրիշ միջոցներով»։
       Ուրեմն, Ամերիկայի ռամկավարներուն պաշտօնաթերթը, «Պայքար», ամէն տարի շքե՜ղ եւ անշուշտ աննախընթա՜ց պարահանդէսներ սարքելով, յաջողեր է ձեռք բերել երկու շօշափելի եւ շողշողուն արդիւնքներ. -
       1. - «Ամերիկացիները զարմանքով եւ սքանչացումով կը դիտեն այս երեւոյթը»։
       2. - Այդ պարահանդէսներուն շնորհիւ, Ամերիկացիները Հայոց մասին կը կազմեն «գերազանց կարծիք մը զոր ցարդ անկարելի եղած էր ստեղծել ուրիշ միջոցներով»։
       Չէ՞ք աղաղակեր, ի խորոց սրտի. - Ափսո՜ս որ ուշ ենք մնացեր։
       Ճիշդ է, 40-50տարի առաջ հազիւ կրնայինք երգել, հայերէն կամ թուրքերէն.
      
       Փոլքա-փոլքա, մազուրքա,
       Վերի տունը հարսնիք կայ,
       Հինգ փարայի հաց չկայ…
       Աղջիկը կ’երթայ բժիշկին,
       Կ’ըսէ՝ սրտի ցաւ ունիմ,
       Բժիշկը պատասխանէ,
       - Աղջիկ այդ սրտի ցաւ չէ…
      
       Եւ սակայն, չեմ կարծեր թէ Եանքիներն ալ մեզմէ աւելի բան գիտցած ըլլային, այս ճակատին վրայ, այսինքն հոլանի թեւերու եւ կրակուբոց կուրծքերու մասին։
       Մանաւանդ որ, այն ատեն զբաղած էին աւելի շատ «Յիսուսի եկ» երգելով, եւ մինչեւ Թուրքիոյ խորերը կուգային, մօտ երկու հազար տարուան քրիստոնեաներս դարձի բերելու համար։
       Ամէն պարագայի մէջ, կ’արժէ լուրջ ուսումնասիրութեան մը ենթարկել այս հարցը, եւ զայն քննել հոգե-բնախօսական տեսակէտէն, ինչպէս պիտի ըսէր Արազ։
       Քանի որ, վարժապետ-փրոֆեսէօրներու կարգին, ունինք նաեւ պարի փրոֆեսէօրներ, ես կ’առաջարկեմ ակադեմիա մը կազմել, ուսումնասիրելու համար հետեւեալ կենսական խնդիրները. -
       Արդի պարերէն որո՞նք աւելի կը նպաստեն «գերազանց կարծիք մը» կազմել տալու մեր մասին, Ֆրանսայի, Պալքաններու, Իտալիոյ եւ մանաւանդ Խ. Միութեան մէջ։
       «Ռումպա՞»ն աւելի կը զօրէ բանալու դիւանագէտներու լեզուն, թէ «պիկին»ը։
       Ժամանակը եկած չէ՞ հատընտիր վաշտեր կազմելու մեր «չարլսթոն» սերունդէն, եւ փոխադրելու Ժընեւ։
       Անշուշտ միայն «ֆոքս-թրոթ»ը բաւական է սթափեցնելու եւ գործի մղելու Ազգերու Դաշնակցութեան անդամները, ի խնդիր Հայկական Դատի։
      
       3 Փետր. 1937