Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆՈՐԷՆ ՈՒԺԱՍՊԱՌ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
      
       Յունուար 30ին, խմբագրականով մը կը շեշտէինք թէ Հայաստանի բնակչութիւնը պակսած է, դատելով 1927ի մարդահամարէն, զոր հրատարակեցինք ամբողջութեամբ։
       Այսօր «Խորհրդային Հայաստան»էն կ’արտատպենք բացատրութիւն մը՝ այդ իրողութեան մասին։ Յօդուածագիրը կը ջանայ լուսաբանել նուազման պատճառները, որոնք աւելի կը մթագնեն պատկերը։
       Ամէնէն առաջ, յօդուածագիրը դիտել կուտայ թէ Հայաստան դեռ մէկ միլիոն բնակչութիւն չունի. թէ այդ հաշիւը արդիւնք է «ոմանց երեւակայութեան»։ Բայց անցեալ տարի, նոյնինքն Հայաստանի վիճակագրական վարչութիւնն էր, որ մօտ մէկ միլիոն կը հաշուէր բնակչութիւնը. իսկ աւելի առաջ, հետեւեալ համեմատութեամբ. - 1922ին՝ 781. 111, մէկ տարի յետոյ՝ 1923ին՝ 841. 043, երրորդ տարին (1924)՝ 907. 755, եւ 1926 Յունուար 1ին՝ 925. 546, մինչ վերջին մարդահամարը (1927 Յունուար 14) կը ցուցնէ՝ 867 հազար 546 հոգի։
       Անցնինք։ Ի՞նչ են նուազման պատճառները, եւ արդեօք այդ բացատրութիւնները կը թեթեւցնե՞ն կացութիւնը։
       «Խ. Հ. »ի աշխատակիցը առաջին պատճառ կը ցուցնէ Շիրակի շարժը, որուն հետեւանքով 18. 000 հոգի հեռացեր է Հայաստանի սահմաններէն, մօտ 9000 հոգի ալ՝ գաւառէն։ Համագումար՝ 27. 000 կորուստ։
       Աւելի պերճախօ՜ս է երկրորդ պատճառը։ Մարդահամարը ձմեռ ատեն կատարուեր է։ Արդ, Հայաստանի բնակչութիւնը կ՛աւելնայ ամառը, որովհետեւ բնակիչները երկրին մէջ կը մնան, եւ հազարաւոր «քոչւոր»ներ կուգան Ադրբէջանէն, իսկ ձմեռը հինգ լեռնային գաւառներէ հազարաւոր բնակիչներ դաշտերը կ’իջնեն, կ’երթան Ադրբէջան կամ Վրաստան։ Միւս կողմէ, ձմեռը Աբարանի շրջանէն (Էջմիածին), Ալեքսանտրապոլի գաւառէն, Ախտայի շրջանէն Նոր Բայազետի գաւառէն եւ « մանաւանդ Զանգեզուրէն գունդագունդ (մասսայաբար?) կ’երթան Անդրկովկասի արդիւնաբերական կեդրոնները եւ նոյնիսկ Հիւսիսային Կովկաս, գործ փնտռելու»։
       Իսկ երրորդ պատճառը, - Շատերու խուսափումն է ցուցակագրութենէ։ Այս երեւոյթը սովորական է ամէն երկրի մէջ։
       Եզրակացութիւն, Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի ըլլայ ոչ թէ 870. 000, այլ 930. 000, գաղթականներու, հեռացածներու կամ արձանագրութենէն խուսափողներու թիւը հաշուելով 60. 000։
       Չվիճինք թուանշաններու մասին եւ վերլուծենք տրուած բացատրութիւններուն իմաստը։
       Եւ, արդար ըլլալու համար, առանց վերապահութեան ընդունինք առաջին պատճառը, Շիրակի աղէտը, որ տեղի է տուեր արտագաղթի։ Նոյնը եւ երրորդ պատճառին համար, ցուցակադրութենէ խուսափումը, որ կամքէ անկախ է։
       Ի՞նչ կը մնայ անդին. - Հայաստանի հայ ժողովուրդին յարատեւ նօսրացումը՝ իբրեւ հետեւանք երկրին սահմաններուն անձկութեան, սակաւահողութեան եւ տնտեսական թշուառութեան։ Խօսքը չենք ըներ քաղաքական մթնոլորտին, որ նոյնքան զօրաւոր ազդակ մըն է՝ ցրուելու ժողովուրդը, թուլցնելու հայրենիքի գաղափարը։ « Ուր հաց, անդ կաց»։
       Ուրեմն, թէեւ ծնունդները կ’աւելնան, բայց ժողովուրդը կը գաղթէ։ Եւ կը գաղթէ «մասսայաբար», ինչպէս կ’ըսեն իրենք։ Միամտութիւն է միայն ձմրան յատուկ երեւոյթ համարիլ այս աղէտը։ Այդ լուսաբանութեան կարելի էր հաւատալ, եթէ Երեւանի վարիչները հրատարակէին ձմրան գաղթողներու եւ ամրան վերադարձողներու հաշիւը։ Անցեալ տարի, երբ Դաշնակցական մամուլը կը գուժէր թէ 50. 000 հոգի գաղթած է Հայաստանէն, որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ, «պրովոկացիա¯» պոռացին հայ պոլշեւիկները։ Իսկ այսօր իրականութիւն է, որ Հայաստանը, եւ մանաւանդ Զանգեզուրը եւ այլ շրջաններ կը դատարկուին։ Եւ տակաւին բացատրութեան կարօտ կէտ մըն է թէ, ինչո՞ւ առաւելապէս Հայերը, երկրին զաւակները կը գաղթեն։ «Խ. Հ. »ի աշխատակիցը արտագաղթի մասին խօսած ատեն, կը զանազանէ. «ամբողջ Լենգավառը (Լենինականի գաւառ) բացի Աղբաբայի շրջանից»։
       Արդ, զուտ թրքական շրջան է Աղբաբան, իսկ միւս բոլոր տեղերը՝ հայկական։ Կարելի՞ էր իմանալ այս տարօրինակ իրողութեան պատճառը, որ, ամէն պարագայի մէջ, պատիւ չի բերեր Երեւանի իշխանաւորներուն հռչակաւոր «շինարարութեան», կամ «պրոլետարական» արդարութեան։ Մեր տեսած քաղքենի երկիրներուն մէջ, տեղացին կը մնայ ու կը վայելէ. օտարը կը գաղթէ, ի հարկին։ Իսկ Հայաստան աշխարհին մէջ, տեղացին կը ձգէ կ’երթայ, որպէսզի օտարը վայելէ։
       Եւ դեռ ուրիշ նշանաւոր պատճառաբանութիւն մը. - Յօդուածագիրը կը պատմէ թէ ամառը Հայաստանի բնակչութիւնը կ’աւելնայ… Ադրբէջանէն եկած հազարաւոր «քոչւոր»ներով։ Անշուշտ կը հասկնաք այս երկտողին իմաստը: - «Քոչւոր»ները թուրք-թաթարներ են, որոնք անդադար կուգան ու կ’երթան, անհամար ոչխարներ արածելով Հայաստանի սարերուն վրայ։ Եթէ ամառը կատարուէր մարդահամարը, Հայաստանի բնակչութեան ո՞ր մասը պիտի աւելնար, հայկակա՞նը, թէ թուրք-թաթարականը…
       Բայց կը բաւէ։ Առանց այս մեկնութիւններուն ալ, շատ խօսուն է պատկերը։ Եւ «Խ. Հ. » տասնապատիկ աւելի շինարար գործ կատարած կ’ըլլար, եթէ պրպտէր Հայաստանի յարաճուն ուժասպառութեան հիմնական պատճառները, որոնք լրջօրէն կը խախտեն հայ ժողովուրդին ճակատագիրը։
       17 Փետրուար 1927