Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԲԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՓՈԽՈՒԻ՞
      
       Բանաստեղծական մարզանք մը չէ որ կը փորձենք, թուղթին յանձնելով հետեւեալբացատրութիւնները…
       - Բացէք պատուհանները։ Ներքին օդափոխութիւն։ Լոյս եւ թարմութիւն։
       Ի վերջոյ բան մը պիտի փոխուի՞ Հայկական Արտասահմանի հանրային հորիզոնին վրայ։
       Ինչպէս անհատները, բազմութիւններն ալ ժամանակէն առաջ կը մաշին, եթէ նոր շունչ, նոր աւիշ չստանան, պարբերաբար։
       Հաւաքական կեանքն ալ կը թմրի, կը դեղնի, կը ճապաղի, եթէ վերանորոգման, աշխուժացման փորձեր չկատարուին։
       Անհատը բուժման զանազան միջոցներ, դեղեր կը ճարէ, իր մարմնին առողջութեան համար։ Կ’աշխատի թարմացնել ուժերը, զօրացնելու համար իր դիմադրական կարողութիւնը։
       Հաւաքական մարմինը ինչո՞ւ պիտի զրկուէր այդ բարիքէն։
       Մանաւանդ օտարութեան մէջ ուր այնքան վնասակար մանրէներ կը գործեն մեր գլխուն վերեւ։ Մեր բոլորտիքը։ Մեր ճամբուն վրայ։
       Տարագիր բազմութեանց առողջապահութիւնը խանգարուած է բազմաթիւ պատճառներով։
       Աւելի քան երեսուն տարի վերջն ալ, բացասական երեւոյթներ, իրողութիւններ կան որոնց դարմանը գտած չենք։
       Թերեւս չենք ալ ուզած գտնել։ Սովորամոլութեամբ, թուլութեամբ, անհոգութեամբ եւ երանաւէտ ինքնագոհութեամբ։
       Օրինակ, ամէն տեղ, տեսակ մը յօդացաւ տարիներէ ի վեր կը ջլատէ, կը կազմալուծէ մեր հանրային կեանքը։
       Թոյլ չի տար որ լոյս եւ թարմութիւն մտնէ։
       Ցաւը կը տեսնենք։ Հետեւանքներն ալ գաղտնիք չեն ոեւէ մէկուն համար։
       Եւ սակայն, կ’անճրկինք, դարմանը գտնելու համար։
       Կը թուի թէ հրաշագործի մը կամ օտար խնամակալի մը, մասնագէտի մը կը սպասենք։
       Ցաւին գլխաւոր աղբիւրն է՝ զանազան հոսանքներու դիրքը՝ Հայաստանի, Հայկ. Դատի եւ ուրիշ հիմնական խնդիրներու հանդէպ։
       Եթէ պատուհանները լայն բացուէին եւ ամէն մարդ բաց աչքերով տեսնէր բուն իրականութիւնը, կը կարծենք թէ մշուշը կը փարատէր։ Գոնէ աստիճանաբար։
       Պայման չէ որ մէկն ու մէկը, անհատ կամ հոսանք, ուրանայ իր հիմնական դաւանանքը, հաճոյք պատճառելու համար հարեւանին։
       Բայց տարրական պայման է որ ըլլայ պարկեշտ, իսկապէս հայրենասէր ու իրազեկ, եւ ծուռ, պղտոր միտումներ չվերագրէ ընդդիմախօսին։
       Գաղափարական պայքարներ միշտ ալ պիտի ունենանք, ինչպէս ամէն ժողովուրդ, ամենազօրէն մինչեւ ամէնէն համեստը։
       Եկեղեցիներն անգամ, որ կոչուած են «եւ յերկիր խաղաղութիւն, իմարդիկ հաճութիւն» քարոզելու, հրաժարած չեն այդ խայքարէն, հակառակ իրենց ամենակալ տիրապետութեան։
       Մեր մէջ, տարիներէ ի վեր այդ պայքարը վերածուած է իսլամական խուժանավարութեան։
       Ո՛վ որ թուղթ մրոտել գիտէ, կը թառի թերթիմը գլխուն, ոչ թէ տեսակէտպարզելու, հարց մը լուսաբանելու, այլ իր մաղձը եւ թոյնը հոսեցնելու համար սանձակոտոր կատաղութեամբ։
       Եւ արդէն կազմուած է մթնոլորտ մը ուր կարելի չէ շնչել։
      
       15 Օգոստոս 1954