Խմբագրականներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԳԻ ՎԵՐԱԾԵՆՔ ՎԷՐՔԸ
      
       Տարուէ տարի ոգեկոչելով Հայաջինջ Սարսափները, մենք պիտի ունենանք մէկ մտածում, - երգի վերածել վէրքը։
       Երգ՝ հայ ժողովուրդի յաւիտենականութեան։
       Երգ՝ հայրենիքի ամբողջացման եւ անկախութեան։
       Երգ՝ խաղաղութեան, շինարար ու յարատեւ աշխատանքի։
       Երգ՝ մշակոյթի զարգացման եւ ստեղծագործութեան։
       Երգ՝ ներքին կազմակերպութեանց զօրացման եւ ներդաշնակ համակեցութեան։
       Այս բոլորը պիտի կազմեն արու քայլերգ մը ինքնապաշտպանութեան, ո՛ր ափն ալ ինկած ըլլանք։
       Ա՛յդ կը ներշնչեն աւելի քան մէկ միլիոն ջարդուփշուր ոսկորներուն բեկորները։
       Այդ ճիգն է որ ոչ միայն կանգուն պիտի պահէ մեզ, այլեւ պիտի դառնայ ջլատիչ մղձաւանջ մը՝ Հայութեան բոլոր թշնամիներուն համար։
       Երէկ ալ երգ մըն էր մեր կեանքը, - աղօթք եւ կարօտ ազատութեան։
       Տեղ-տեղ երգն ու մաղթանքը վերածուեցան դղրդագին մարտակոչի, սարսելով լեռ ու ձոր, կամ սուլթանախնամ եւ ցարանիստ ոստաններ։
       Ձեռք ձեշքի տուին իսլամն ու քրիստոնեան, գերեզմանատան մը վերածելու համար արեւմտեան Հայաստանը։
       Ամայացա՜ն «վեց նահանգները», Կիլիկիան, Սեւ Ծովու ափերը եւ ուրիշ հայաշատ շրջաններ։ Մարեցաւ հայկական յետին համրանքին մուխը՝ Թուրքիոյ ամբողջ տարածութեան վրայ, բացի Վոսփորի ափերէն։
       Եւ այսօր «յաղթականները» դիւային քրքիջներ կ’արձակեն, տեսնելով մեզ ցիրուցան՝ ի սփիւռս աշխարհի։
       Եւ սակայն, հալածական եւ արիւնլուայ ժողովուրդը այս փլուզումին ալ դիմացաւ, ստեղծելով հայրենիքի մը կորիզը Արարատեան դաշտին վրայ, ինչպէս եւ շէն բոյներ՝ օտարութեան մէջ։
       Ինչպէս հայրենիքը, նոյնպէս այդ բոյները ծաղկեցան յարատեւ տքնութեամբ, վէրքը երգի վերածելու վճռականութեամբ։
       Եթէ դարերու հաւատքը սարսի, թղթատեցէք 1915Ապրիլ 11-24ի Արհաւիրքին յիշատակները, գրաւոր թէ անգիր, թօթափելու համար թմրութեան եւ դասալքութեան փոշիները։
       Հայոց պատմութեան էջերը շատոնց փակուած էին, եթէ վէրքերը երգերու վերածուած չըլլային անընդհատ, մէկ սերունդէն միւսը։
       Ոչ միայն հայրենի լեռներն ու ձորերը, այլեւ խաղաղութեան ժամանակի հողվրտիքներն անգամ պատմութեան ձայնը կը փոխանցէին սերունդէ սերունդ։
       Եւ ձայնը կ’արձագանգէր, կը ծաւալէր ամէն ուղղութեամբ, միշտ արթուն պահելով ամբողջ բազմութիւններ։
       Ոեւէ թշնամի չի կրնարմարել այդ ձայնը, եթէ ժողովուրդը ինք մոռցած չէ անոր եղանակները։
       Հայաջինջ Արհաւիրքին զոհերը այդ եղանակներուն արտայայտիչներն են ոչ միայն հաւաքաբար, այլեւ անհատ-անհատ։
       Ո՞վ չունեցաւ հարազատ մը, 1915ի ծրագրեալ Սպանդին մէջ։
       Զոհերէն իւրաքանչիւրին վերջին նայուածքը խորհուրդ մըն է ձեզի եւ ամէնուն համար։
       Անոնք ահա քառասուն տարիէ ի վեր կը սպասեն որ ամէն մէկդ վէրք մը դարմանէք, վարդավառ երգ մըն ալ դուք հնչեցնէք յանուն տարագիր բազմութեանց ինքնապաշտպանութեան։
      
       24 Ապրիլ 1956