Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՂՈԻՌՈԻՉԱՅՑԻՆԵՐԸ

Գուլէտիպիէն, Շիշհանէէն մինչեւ Պանքաները, կամ Եիւքսէք Գալտըրըմէն մինչեւ Թոփհանէ` հրէական թաղերու բոլոր գիշերապահները, ջրկիրները, դռնապանները իմ գաւառէս են, ղուռուչայցի են: Ես գրեթէ ամէնքն ալ կը ճանչնամ, անոնք ալ զիս կը ճանչնան: «Ղոնշու», «հէմիշէրի», այսինքն` «դրացի», «հայրենակից» կ՚ըսենք իրարու, կամ անոնք իմ գիւղիս անունովը` Արմտանցի, ես ալ իրենց գիւղերուն անունովը` Սիմերի, Սիդիմեցի, Էռհեմեցի կը կանչեմ: Կիներուն ալ խաթուն, խանըմ չեմ ըսէր, տարէց ըլլան, թէ երիտասարդ, գաւառի վարժութիւնով` «ղըզ» կ՚ըսեմ, այսինքն` «աղջիկ», «ղըզ Պաստանացի…» «ղըզ Խենեկեցի», «ղըզ Կանկըռըտցի»…

Ասոնց մէջ իմ գաւառիս քուրդ գիւղերէն Կեամխուէն, Պանտըրայէն, կամ Ղզլպաշ գիւղերէն, օրինակ` Դարգլոխէն, Նորտունէն մէկ հոգի անգամ չկայ, անոնք այս կողմերը չեն աշխատիր, հոս եղողները ամէնքն ալ թուրք են: Շատերը ափարթմաններու դռնապան են, ու, մէկ-երկուքէն զատ, ամէնքն ալ իրենց կիները գաւառէն բերած են: Ներսի մաքրութիւնը գետինները, սանդուխները, բազրիքները սրբել կամ լուալը, աղբամանները յարկերէն իջեցնել, աղբակառքերուն տալը, փայտը, ածուխը ածխանոցէն վեր հանելը իրենց կիները կ՚ընեն, իրենք ալ կիներուն չկըրցածները կ՚ընեն: Շատ մը խանութպաններէն, արհեստաւորներէն լաւ է իրենց գործը: Մէկ մը որ` բնակութեան, լոյսի, ջեռուցումի ծախք չունին, ափարթմանը կը վճարէ, իրենց ալ` գետնայարկը պառկելու, նստելու սենեակ մը, խոհանոց մը յատկացուած են: Վրայ-գլուխի` հագուստի, կօշիկի ալ մեծ ծախք մը չունին, վարձակալները ողջ ըլլան` իրենց գործածածները անոնց կուտան: Ուտելիքը` նմանապէս: Ես ու դուն հրեաներուն եփածները չենք ուտեր, անոնք ըսես` յարկերէն աւելցած կերակուրները, ծանր հոտող ձէթով խմորեղէնները, մսեղէն կամ ձկնեղէնները, կամ ինչ ըլլայ` կուտեն: Այնպէս, որ շահած փարանին իրենց քովը կը մնայ:

Առտուները երկու, երեք ժամ կը տեւէ, չի տեւէր` աշխատութիւն մը ունին, եւ եթէ վարձակալի մը փուռէն հաց մը, ազատքեղ մը, կամ նպարավաճառէն նպարեղէն ուզուիլը չըլլայ, ամբողջ օրը բան մը չընելով` իրիկուն կ՚ընեն: Իրենց էրիկները դուրս կ՚ելլեն, սրճարան կ՚երթան թուղթ կը խաղան, եւ կամ պոյպէկիի պէս` կը պտտին: Իրենք` կիներն ալ, գաւառին տարազովն ու բերանակալները մինչեւ քիթերնին քաշած, գիւղը աղբիւրին գլուխը խօսածներուն տեսակէն` կը շաղակրատեն փողոցը` դուռներուն առաջքը, մինչեւ օրը մթնէ:

Թէ այրերը, թէ կիները տարեցութիւնս կը յարգեն, կատակներէս, հեգնութիւններէս չեն առնուիր, ես ալ ամէն իրենց առաջքէն անցնելուս գաւառի խօսքերէն խօսք մը կ՚ընեմ.

Օղլան եէր` օյընա կիտէր, չորպան եէր` գոյընա կիտէր:

Եւ կամ`

Էքմէք` Մըտըրըն, բէնիր` Խըտըրըն, եէյին տէ` ղուտուրուն, կ՚ըսեմ:

Գիտեն, թէ ինչի՞ կ՚ակնարկեմ, հասկցնել կ՚ուզեմ, թէ` կ՚ուտեն, կը խմեն, ըրածնին ի՞նչ է: Կը խնդան եւ`

Է՜, նէ՞ էյլէյէլըմ, ղոնշու, կը պատասխանեն կիները, երկնցնելով բառերուն արտասանութիւնը:

Յաճախ իրենց էրիկներն ալ իրենց քովը կ՚ըլլան: Կը չքմեղացնեմ, իրաւացի կը գտնեմ զիրենք.

Այո, կ՚ըսեմ, Ըստանպոլ է հոս, գիւղը չէ, առտուն ախոռը մտնել` կովերը կթել, բակը անցնիլ` ոչխարը կթել չկայ: Օճախին վրայ կաթը եփ հանել, կովերը` կովերուն չոպանին, ոչխարը, այծերը` ոչխարին չոպանին տանիլ, յանձնել չկայ: Ախոռը աւըլել, աղբերը աղբին քթոցը լեցնել, շալակ շալակ տանիլ, աղբանոցը թափել չկայ: Եւ կամ` փողոցը խօսքի բռնուիք, կաթը օճախին վրայ մոռնաք, տակը առնէ, փրփրի, դուրս յորդի, կեսուրնիդ գայ ձեզ չեխէ, մէկ մըն ալ գլուխնուդ զարնէ` ատ ալ չկայ: Դարձեալ, ըլլայ որ աղբընոցին չդառնաք, ուշանաք, տունը պուտ մը ջուր չկայ` կեսուրնիդ գայ պոռայ ու կանչէ, կուժը շալկէք, վազէք, աղբիւրը երթաք, ասոնք հոս կա՞ն, ասոնցմէ ո՞րը Ըստանպոլ կ՚ըլլայ, որ ընէք:

Երբեմն ցերեկուան սաստիկ տաքին հինգ վեց կնիկ շուք մը նստած կ՚ըլլան, ես ալ կանցնիմ`

Օ՜խ… սանքի հարս պիտի ըլլաք, ձեռքերնիդ պիտի հինայենք.

 

Ղընայայ կէլ, ղընայա,

Վէր էլինի ղընայա:

Անասը կէլմէյինճէ,

Պապասը կէլմէյինճէ,

Վեր էլինի տէմէյինճէ`

Վէրմէզ էլի ղընայայ:

 

Կեանք ալ է նէ` աս է, ղուռուչայցինե՛ր, շուքը նստեցէք ու արեւը սէյիր ըրէք, կ՚ըսեմ: Արտքաղի ամիս է, հիմա Ղուռուչայի ձորերուն, լեռներուն վրայ արեւը կրակ կը տեղայ: Հիմա հոն եղած ըլլայիք, պիտի թողնէի՞ն որ նստէիք, հա՞: Արտ պիտի քաղէիք, մանգաղ պիտի փարտէիք: Գլուխնուդ ամէն մէկ մազին տակէն քրտինք պիտի բխէր: Աչքերնուդ թարթիչները իրարու պիտի փակէին: Չէ՞: Ըսէք թէ չէ:

Բայց յաճախ ալ շեշտս կը փոխեմ, հաճելի խօսքեր չեմ ընէր, կը վիճաբանեմ, իրենց ծուլութիւնը կ՚այպանեմ:

Չէ, կ՚ըսեմ, այս երկիրը երեսուն միլիոն չէ, հարիւր միլիոն մարդ կ՚ապրեցնէ: Մենք ցորենը դուրսէն պիտի չառնենք, ցորեն պիտի ծախենք, բայց ասոր պատճառը` ծուլութիւնն է, դուք էք: Ես գաւառը ըլլայի` իմ արտերուս բերքովը քանի մը տարիէն ափարթման մը կը կայնեցնէի: Մեր ատենը մեր հանած ցորենը առնող չկար: Ակնցիներուն տալու կ՚ըլլայինք` քիլէն, որ այն ատեն 160 հին օխա էր, 50 ղուրուշ կ՚ըսէինք, չէին առնէր, կ՚երթային: Թրէն չկար, ճամբայ չկար, ո՞ւր տանէինք: Հիմա թրէնը ձեր դիմացէն կ՚անցնի, Լիճքէն: Թօփրաք Օֆիսը ոտքերնիդ է, քիլօ մը ցորենը 70-80 ղուրուշի` փարան կ՚համրէ, կ՚առնէ: Ալ ի՞նչ կ՚ուզէք: Ինչո՞ւ ցորեն չէք հաներ:

Հիմա ձեր օրերուն պէրէքէթը չկայ, ղոնշու, կը պատասխանեն, հիմա մեր տուներուն տարեկան ուտելիքը չենք կրնար հանել: Հիմա մէկ եզը հազար ոսկի է:

Ձգեցէք ադ պէրէքէթի խօսքը, կ՚ըսեմ, միշտ ատ կը կրկնէք. արտերը նորէն այն արտերը չե՞ն: Եւ թէ ինչո՞ւ եզը փարայով պիտի առնէք, դուք եզ չէ՞ք կրնար հասցնել ձեր կովերէն: Պատճառը ձեր ըսածը չէ: Ծոյլ էք, չէք աշխատիր: Գիտէ՞ք, Հուրիէթին տարին ղայմախամ մը եկաւ, բոլոր գիւղերուն աղաները կանչեց, մենք ալ գացինք: Երիտասարդ մըն էր։ Գիտէ՞ք ինչ ըսաւ ձեր աղաներուն: «Ես, ըսաւ, ձեր ու հայերուն արտերը դէմէն, մէկ նայելով կը զատեմ: Ձեր արտերուն ցորենները քարերէն, փուշերէն, գէշ խոտերէն խեղդուած են, հայերուն արտերուն մէջ մէկ քար, մէկ փուշ, մէկ տատասկ չես տեսնէր: Ի՞նչ բերք կը սպասէք ձեր արտերէն»: Դուք հիմա Ըստանպոլը դիւրին փարայ վաստկիլը սորվեցաք, ալ գեղը կը կենա՞ք, կը վազէք հոս կուգաք: Ինչո՞ւ: Ամէն օր ձեր ձեռքը փարայ կ՚անցնի, անոր համար: Գեղը ո՞ւր տեսեր էիք այդչափ փարայ: Համիտիէի երկու ջուր կը կրէք, ափարթմանին սուտի-մուտի բան մը կ՚ընէք, բան մը ձեզի առնել կուտան, տեղ մը կը ղրկեն ձեզ, երկուքուկէս ոսկի, հինգ ոսկի ափերնիդ կը կոխեն: Ալ փափաք կ՚ընէ՞ք արտը երթալ` աշխատելու, բերք հանելու: Մեր Ղուռուչայը ինչքա՜ն պարապ, չմշակուած տեղեր կան: Երկու գետեր ունիք, մէկը մեր կողմը` Ղարապուտախը, որ շատ վերէն` Համիի կարմիր աղերու աղահանքերէն ու Բախտիարի ձորերէն կուգայ, Եփրատը կը թափի, միւսը, Սինիպէլիի տակէն, Ղոնճիտերէէն ու Քեռեկէի կողմերէն կուգայ, նոյնպէս Եփրատը կը թափի: Ժամերով, ժամերով ձի վազեցուր, կամ քալէ երկու գետերու երկու ափերէն: Ի՞նչ կը տեսնես, ի՞նչ կը հասցնէք այդքան տեղերուն վրայ, լոլիկ մը, ազատքեղ մը անգամ չունիք, իսկ մեր հինգ գիւղերուն այգիները գիտէք, կամ լսած էք` խաղողի, թութի, ընկոյզի, դեղձի, ծիրանի ի՜նչ բերք կուտային: Դուք ինչո՞ւ պարապ կը ձգէք այդքան տարածութիւնները:

Ես ձեզ Ղայղանայ Բուխարը գիտեմ, ղոնշու, կ՚ընդմիջէ կին մը: Մեր Ձըվազեղ Աղբիւրին համար է: Չերենճիրցի է, մենք Չորանկըճեր կ՚ըսենք: Ձուազեղին` ղայղանայ կ՚ըսեն, աղբիւրին` բուխար: Բընար ըսես` չեն հասկնար, բընարը ի՞նչ է` կը ծաղրեն քեզ, կը մարին խնդալէն, բուխար չըսե՞ս, որ հասկնանք, կ՚ըսեն:

Ես ալ ձեր Ջրխորոսի Եազին արտ քաղած եմ, կ՚ըսէ տարէց կին մը, որ Կանկըռըտցի է, Խենեկէին դիմացը: Ձեր Վերնաղբորիկէն ջուր խմեցի, տեհայ, ըսին, անոնց Կապոտ Լոսը, Կապոտ կապանը, Երեւանը: Մեր Ջրկորուսի դաշտին, լեռան աղբիւրին՝ Վերնաղբիւրիկին, Կապոյտ Լուսին, Կապոյտ Կապանին, Երեւանի բարձունքներուն կ՚ըսէ:

Յուշերս կը պատմեմ իրենց:

Աղէն կուգայինք, Քեմախի Գոմերու աղահանքերէն, կ՚ըսեմ: Վեց ջորիով, աղ բեռցած, վեցս ալ հեծած` պարկերուն վրայ: Գորգոբէն անցանք, դրան մը առաջքը խնոց կը հարէին, Խալկին մը լեփլեցուն թան կար: Մեր Շրջիկ հօրքուրարը` «տղաք, տեղը աղ կուտանք ըսենք, խաբենք, խմենք ու փախինք», ըսաւ: Կիները ընդունեցին: «Ամենուն խմածին աղը ես պիտի տամ» ըսաւ անոնց: Խմողս ջորին քալեցուցինք, գացինք: Ինք ալ խմեց: Իր ջորին ալ մըռըզ էր: Գիտէք, որ հայրը ձի, մայրը ձիէն` ձի կը ծնի, հայրը էշ, մայրը ձիէն` ջորի կը ծնի, հայրը ձի, մայրը էշէն` մըռըզ ջորի կը ծնի, որ շատ տոկուն, բեռընտար, նոյնքան ալ խենթ, դիւրաբորբոք կ՚ըլլան, մարդ չի մօտեցնէր, մանաւանդ: Շրջիկ հօրքուրարինը, որ թանը խմեց ու մէկ մը որ չպուխեց, թռաւ, ետեւի ոտքերով կիցեր նետելով. ո՞վ կրնար բռնել, ո՞վ կրնար քովը երթալ: Գորգոբցի կնիկները` «Կեաւուռլա՜ր, զըխխըմ օլսո՜ւն, զէհիր ու զըխխըմ օլսո՜ւն իչտիկինիզ… պիզի ալտաթտընըզ տէ ղաչտընըզ, կէպէրէսընը՜զ, էվինիզէ ղավուշմայասընը՜զ, կեաւուռլար» պոռացին ու պոռացին մեր ետեւէն:

Երկրորդ մը կը պատմեմ: Կերճանիս կ՚երթայինք, ճամբանիս կարճեցնելու համար` Կուլանին մէջէն անցանք: Ադ Կուլանն ալ ամայի լեռան մը ետեւը գիւղ մըն է: Մեզ որ տեսան «կեաւուռները կ՚անցնին» ըսին կնիկները իրարու: Իրենցմէ նոր հարս մըն ալ, մեզի նայելով, բերանը բաց մնաց, զարմացաւ: Լսեցինք, որ քովիններուն կ՚ըսէ. «Ղըզ անա՜յ… կեաւուռլար տա պիզիմ կիպի իմիշ… ատամ իմիշ…»:

Ասոնք որ կը պատմեմ` կիները շուրթերնին կը սեղմեն, չեն կրնար զսպել, կը խնդան: