Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՆՈՆԻԿ ՄԱՄԱՆԸՆ ՕՂԼՈՒՆԸՆ ՏԻՒՔԵԱՆԸ»
(ՆԱՆԻԿ ՄԱՄԱՅԻՆ ՏՂՈՒՆ ԽԱՆՈՒԹԸ)

Քորճայենց Նանիկ Մամային Նշանը, որ Ըստանպոլ համետագործ էր, գիւղ եկաւ, տարի մը մնաց ու նորէն Ըստանպոլ որ դարձաւ` գիւղին եզնոցը չոպանը, եզարածը, Նշանին տարեկիցն ու տղայութենէն ի վեր բարեկամը Սլոն «ես ալ Ըստանպոլ պիտի երթամ, Նշանին քով պիտի երթամ» մը գլխին մէջ դրաւ ու ամէնուն ըսաւ:

Բայց չոպան Սլոն Ըստանպոլ պիտի երթար` ի՞նչ պիտի ընէր: Ըստանպոլ գացողները փարա վաստկելու, տունը փարայ ղրկելու համար կ՚երթային: Ան փարա կրնա՞ր վաստկիր։ Փարա վաստկելու համար ամէնէն քիչը` երեք տարի մը պէտք էր մնար հոն: Ադ երեք տարին պէտք էր չարաչար աշխատէր: Ինչ գործ տային իրեն` «չեմ ընէր» չպիտի ըսէր: Գիշերը, ցերեկը հարամ պիտի ընէր, չպիտի ուտէր, չպիտի ծախսէր, կարմիր ոսկի ու արծաթ մեճիտիէ պիտի վաստկէր, որպէսզի երկիր դառնար:

Սլօ կը համակերպէ՞ր պանդխտութեան, ձեռքը կը յարմարէ՞ր, խելքը կը պառկէ՞ր ասոնց: Ան չոպան էր, չոպանութիւնը, եզարածութիւնը գիտէր: Քառասուն տարի եղաւ, նոյնիսկ` քառասուն տարին ալ անցաւ, Վերիգեղէն էր, կնիկովը, տղոցմովը Վերիգեղցի կը սեպուէր, արտ վարել մը, արօրին մաճը բռնել մը չսովրեցաւ: Ինք չսովրեցաւ, կնիկը, աղջիկը, տղաքն ալ երկրագործութիւնը չսովրեցան: Աղջիկը Տոստալ հարս տուաւ, տղոցմէն մեծը գիւղին ոչխարները կ՚արածէր, ոչխարին հովիւն էր. անկէ պզտիկը կովերը կ՚արածէր, կովերուն հովիւն էր, ինք ալ եզնիքը կ՚արածէր, եզնոցը հովիւն էր: Շաֆախէն ինչպէս քուրդ եկան, այնպէս քուրդ մնացին գիւղին մէջ: Շաֆախցիի լեզունին անգամ չշտկեցին։ Ամէն առտու ոչխարինը` ոչխարին կալը, կովերունը` կովերուն կալը, ինք ալ` եզնոցը կալը կը կենար, երբ ալ բերող չէր ըլլար, կով, ոչխար, եզ կը խառնէին առաջնին իրենց հօտերը արածելու կը տանէին, իրիկուններն ալ գիւղ կը բերէին: Վերիգիւղին լեռները, ձորերը, չողանները, խոտերը իրենց գիտէին, իրենք ալ` զանոնք: Ուր երթային` կը լըվռցնէին իրենց քրդերէնը, ու այծերուն, կովերուն, եզնոցը արձակած իրենց բացականչութիւններովը կը լեցնէին կալերն ու Վերիգեղին դարվերիները:

Սլօ քաղաք ըլլալով` Երզնկա մը գիտէր: Պուղտա Մեյտանին, Գոց Շուկան պտըտէր էր: Ըստանպոլը Երզնկայէն քսան անգամ մեծ էր, ըսէր էին իրեն: Ծովն ու նաւով ճամբորդութիւնը տեսած չէր, ատոնք կը տեսնէր: Գետնէն երկինքը որչափ է, այնչափ խորունկ է ծովուն տակը, առաջին անգամ կը վախնաս, ետքը աչքդ կը պառկի, պատմէր էին: Սլօ Նշանին «Դուն գնայ, ես ալ ետեւէդ պիտի գամ» ըսած էր: Ան ալ «դուն ինտո՞ր պիտի գաս» ըսած էր: Մէկ մը երթար, որ տեսնէր թէ` ինչպէ՞ս եկաւ: Բայց չպիտի մնար: Մէկ օր մը պիտի կենար ու նորէն ետ պիտի դառնար:

Գիւղացիներուն ժամուն, դպրոցին առջեւ խմբուող երիտասարդներով, Շեխենց դուռը նստող տարեցներուն, Խորուկալի տուներուն շեմերը նստող կիներուն առջեւէն ամէն անցնելուն, դառնալուն` «ես ալ Ըստանպոլ պիտի երթամ» ըսածը Նշանին մօրը` Նանիկ Մամային ալ կ՚ըսէր: Անոնք իրենց վարի տունը չէին նստեր, վերի տունը կը նստէին: Վերի տան դուռը իրենց ախոռին երդիքին վրայ կը բացուէր: Սլօ ամէն իրիկուն, եզնիքը գիւղ բերելէն ետքը, Նանիկ Մամային ախոռին երդիքը կ՚երթար, դրանը քովը ոտքերը կը փռէր, կը նստէր ու` Նանիկ Մամա չէր ըսէր, Նոնիկ Մամա կ՚ըսէր:

Նոնիկ Մամա, ես ալ Ըստանպոլ ղարտաշլխիս` Նշանին քով պիտի երթամ, իրաւ կ՚ըսեմ, Նոնիկ Մամա:

Նանիկ Մաման, որ մեծածաւալ դեղին, կէտկիտուն լաչակովը օճախին գլուխը կ՚ըլլար, դուռը կուգար.

Հայտէ՜, դուն ալ Սլօ, դո՞ւն ինտոր ղարտաշլխիդ պիտի երթաս, դուն քու եզնոցդ չոպանութիւնը ըրէ:

Սլոն կ՚առնուէր:

Ինչո՞ւ, կը հարցնէր, ինչո՞ւ, Նոնիկ Մամա:

Ըստանպոլը աշխարհքին մէկալ ծայրն է: Ու հայերէնի դարձնելով, խօսելիքը` հարսներուն իրենց ծծկերները քնացնելու համար իրենց էրիկներուն համար կանչած օրրերգը կ՚ըսէր` «Ըստանպոլ մի գովէք, երկրի վար է, լեռները մշուշ են, ճամբտին քար է»:

Ես ինչո՞ւ չեմ կրնար երթալ, կը կրկնէր Սլօ: Մատ մը տղաքը կ՚երթան, Նոնիկ Մամա:

Ու կ՚աւելցնէր,

Կը տեսնես դուն, Նոնիկ Մամա:

Հեմ գեղին եզնիքը որո՞ւ կը ձգես ու կ՚երթաս Սլօ, կ՚ըսէր Նանիկ Մաման:

Ֆեթթոյին գործը ի՞նչ է, կը պատասխանէր Սլօ, թող Զեյնոյին հետ արծեն: Հեմ ես հոն չպիտի մնամ: Օր մը, շատ շատ երկու օր մը կը մնամ, Նոնիկ Մամա:

Այս շաֆախցիները շատ կասկածամիտ կ՚ըլլային, խնդիր մը որ ունենային, քառասուն մարդու կը հարցնէին, քառասուն հոգիի խորհուրդին կը դիմէին. առուծախի հաշիւ մը որ ունենային, որու հանդիպէին` ճամբան` կը կեցնէին, հաշուել կուտային: Մէկու մը ըրածովը չէին գոհանար, երկրորդի մը, երրորդի մը եւս քննել կուտային: Ըլլար որ այծ մը բերէին իրենց հօտերէն, կամ գոմերէն, աղ կամ` Մալաթիայէն բեռ մը չամիչ բերէին ու ծախէին, տուած դրամդ, մէճիտիէդ, չէյրէկդ կը նայէին ու կը նայէին վրան: Վայ թէ գրի մը ծայրը, գիծ մը, կամ որեւէ տեղ մը քիչ մը սրբուած ըլլար, կամ գետինը քարին զարնէին ու ձայնը իրենց ականջին աղէկ չհնչէր, ետ կուտային «էհէ, ճոնըմ, ղուրպան օլայըմ, պու չորիկ ղալպտըր, էյիսինի վեր» կ՚ըսէին: Դուն որքան շունչ ունիս` հատցուր թէ` աղէկ է, ղալպ չէ չորիկը, այսինքն` չէյրէկը, հինգ ղուրուշնոցը. չէին առնէր, ետ կը դարձնէին:

Սլօ ամէն օր իր ճամփորդութեան վրայ խորհեցաւ: Միայն երթալու, գալու նաւուն դրամը կար: Ատ պիտի վճարէր: Ճամբորդութիւնը քալելով պիտի երթար, քալելով պիտի գար: Ուտելիքը, ճամբու պաշարը Ֆեթթօն պիտի պատրաստէր: Մինչեւ Ըստանպոլ բաւելիք իւղով թրուած քեօմպէ եւ պաճլըմաճ շինել պիտի տար:

Առտու մը, շատ կանուխ, տասնըմէկ օրուան ճամբորդութենէ մը ետքը, Սլօ նաւէն Նեղուցին երկու ափերը դիտելով` Ըստանպոլ հասաւ ու բոլոր ճամբորդներուն հետ Ղալաթիոյ քարափը ելաւ: Ամէնքը ցրուեցան, մինակ ինք մնաց, իսկ ինք գիտէր, թէ ինչպէս պիտի գտնէր Նշանին խանութը: Չէ՞ որ հարցնելով, հարցնելով մարդ Պաղտատ կը հասնէր… ինք ալ «Նոնիկըն օղլընըն տիւքանը» պիտի հարցնէր: Պիտի ցուցնէին, անշուշտ: Շիտակ խանութին առջեւը պիտի երթար տնկուէր: Թող Նշանը զարմանար, թէ Սլօն ինչպէ՞ս կը գտնէր զինքը:

Առտուան այն պահն էր, երբ Ղալաթիոյ քարափը գիշերուան ամայութիւնը դեռ կը շարունակէր: Վարէն վեր մարդ չէր երեւնար: Շատ վերջը մէկը յայտնուեցաւ: Սլօ, որ գետինը նստած էր, ոտքի ելաւ, ու մարդուն առջեւը կտրեց: Մարդն ալ վախցաւ Շաֆախցիներու` մինչեւ ծունկերը հասնող կարճ էնթարիով ու մինչեւ կրունկները գոցող ճերմակ վարտիքով Սլոյին կերպարանքէն:

Աղա, Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ, կ՚ըսե՞ս` ո՞ր կողմըն է, ըսաւ:

Մարդը չհասկցաւ:

Ի՞նչ, պատասխանեց: Սլօ կրկնեց:

Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ, աղա ճոնըմ: Մարդը նորէն չհասկցաւ, շարունակելով նայիլ Սլոյին վրան,

Ի՞նչ կ՚ըսես, չեմ հասկնար, ըսաւ:

Սլօ երրորդ անգամ կրկնեց: Խորհեցաւ թէ չկրնալ հասկցնելուն պատճառը ինք էր: Շտկեց:

Աղա, Նանիկ Մամանըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ: Քորճակիլըն Նանիկ Մամանըն օղլընըն` Նշանըն տիւքեանը:

Մարդը լսածներէն նորէն բան մը չհասկցաւ: Օձիքը Սլոյէն ազատելու համար ամէնէն կարճ ճամբան`

Չեմ գիտէր, ըսաւ ու քալեց:

Սլօ ապշեցաւ, որ այսքան պարզ հարցում մը չհասկցաւ մարդը:

Երկրորդ մը կուգար: Եկողը ուռած փորով մարդ մըն էր: Բաճկոնակին կոճակները քակեր էր ու թաշկինակովը երեսին քրտինքը կը սրբէր: Սլօ զարմացաւ, թէ արեւը նոր կը ծագէր, առտուն այդքան կանուխ քրտնելու պատճառ մը չկար, շա՞տ հեռուէն կուգար արդեօք:

Մարդուն առաջքը կտրեց:

Աղա, Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը ցուցունե՞ս որ կողմն է:

Շուտով անդրադարձաւ թէ աղէկ չհարցուց:

Քորճակիլըն Նոնիկ Մամանըն օղլընըն տիւքեանը, ղուրպան օլայըմ:

Մարդը քրտինքը շարունակելով սրբել

Չեմ գիտէր, ըսաւ ու գնաց:

Ի՞նչ մարդիկ են այս ըստանպոլցիները, խորհեցաւ, իրա՞ւ չեն գիտէր Նշանին խանութը, թէ գիտեն ու կը խաբեն: Կենամ նայիմ, հարկաւ ամէնքն ալ գէշ չեն ասոնց, մեջերնին աղէկն ալ կը գտնուի, ըսաւ ինքնիրեն:

Անցան երեք, չորս վայրկեաններ: Մարդ չերեւցաւ: Յանկարծ երեք երիտասարդներ կողմնակի փողոցէ մը դուրս եկան: Երեքն ալ բարակ պեխերով: Մէկինին պեխը դեղին էր, բաճկոնը հանէր էր, թեւին վրայ կը կրէր: Սլօ առջեւնին վազեց.

Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը ո՞ւր է, աղաներ, կ՚ըսէ՞ք, հարցուց:

Երիտասարդները խնդացին: Սլօ խորհեցաւ, թէ գիտէին, անոր համար խնդացին: Սեւ պեխաւորները դեղինը ցուցուցին.

Աս աղէկ գիտէ, անոր հարցուր, ըսին:

Դուք չգիտէ՞ք, դուք չըսէ՞ք, ըսաւ:

Իրարու վրայ ձգեցին պատասխանելը: Սլօ կախուած մնաց երիտասարդներուն բերաններէն ու սպասեց, որ շիտակ պատասխան մը առնէր: Քարափը հետզհետէ եկող գացողներով լեցուեցաւ, աշիրէթի տարազով Սլօն տեսնելով` շատեր հետաքրքրուեցան ու կանգ առին: Ոստիկան մը ալ եկաւ ու`

Ո՞ւրտեղացի ես, հարցուց:

Շաֆախցի եմ, չոպան եմ, պէկ, պատասխանեց Սլօ:

Ո՞ւր է ատ Շաֆախ ըսածդ:

Խոստա Պելիէն անդին, պեկ:

Ոստիկանը գլուխը շարժեց, առանց հասկնալու ըսածը տեղին ո՞ւր ըլլալը, ու երբ տեղեկացաւ թէ` Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը փնտռէր, յանդիմանեց զինքը:

Դուն հէ՞չ խելք չունիս, գոճայ հերիֆ, հոս քու լեռնե՞րդ են, ըսաւ, Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը հարցնելով, փողոցը չես գիտէր, թաղը չես գիտէր, մարդ կը գտնուի՞ Ըստանպոլի մէջ` ատանկ:

Ամէնքը խնդացին: Մինչեւ վիզը կոճկուած սեւ հագուստով, ճերմակ մօրուքով էֆէնտի մը`

Կեցիք նայիմ, ըսաւ բազմութեանը ու Սլոյին խօսքը ուղղելով, - ատ փնտռածդ ի՞նչ գործ կ՚ընէ, տղաս, գիտե՞ս, ըսէ ինձի:

Սեմերճի է, պէկ, պատասխանեց Սլոյ:

Հիմա հասկցայ, ըսաւ էֆենտին, հիմա ինչ որ ըսեմ, ըրէ: Սեմերճի էսնաֆը Աթպազարը կ՚ըլլայ: Հոն կը գտնես Նոնիկըն օղլը ըսածդ: Աղէկ մտիկ ըրէ: Պալըգպազարը կ՚ըսես, հոնկէ Ունգաբանը կը հարցնես, հոնկէ Ֆաթիհը, Ֆաթիհէն ալ Աթպազարը ժամ մը, ժամուկէս պիտի քալես:

Բազմութիւնը ցրուեցաւ: Սլօ մինչեւ Աթպազար քալեց, սեմերճիի մը խանութ տեսաւ, ուր գլուխը կախած, թեւերը սոթտած մէկը, խոշոր մախաթով մը համետի մը մէջի թաղիքը կը կարէր:

Քերամ ըրէ աղա, ըսաւ Սլօ, խանութին առաջքը կենալով, ու պատրաստուեցաւ, որ Նոնիկըն օղլընը պիտի հարցնէր, մարդը գլուխը վեր առաւ, ու… ո՞վ ըլլար` Նանիկ Մամային տղան, Նշանը ինքն էր, որ Սլօն տեսնելով, ապշեցաւ մնաց: Չհաւատալը եկաւ:

Սլօ, դո՞ւն ես, իրա՞ւ դուն ես: Սլօ ինտո՞ր Ըստանպոլ եկար ու Աթպազարը գտար, ըսաւ:

Սլօ, խոշոր ակռաները ցուցադրելով, խնդաց: Նշան համետը կարելը ընդհատեց, մախաթը վար դրաւ, թաւ պեխերը շտկեց, Սլօն ներս առաւ: Ու ըսաւ:

Դուն ինտո՞ր եկար:

Սլօ շարունակ կը խնդար: Ան մոռցաւ քաշած դժուարութիւնները, յոգնութիւնները: Նշանն ալ շարունակ հարցուց.

Ալ ի՞նչ կայ, չկայ գեղը: Մարըս` Նանիկ Մաման ի՞նչ կ՚ընէ: Մեր քէյվանին` մեր Տեմարճենց աղջիկը՞, մեր տղաքը՞: Անդրադարձաւ թէ Սլօն անօթի ըլլալու էր:

Դուն հիմա անօթի ես, ըսաւ, ես առտուն կանուխ լովասը եփեցի մանղալին վրայ, դեղինին պէս: Սոխով, կարմիր տախդեղով: Եկուր, որ հետդ ուտենք:

Նշան լուբիան պարպեց ամանին մէջ, որ շատ եփելով` մալեզ եղեր էր, Սլօ չթողուց, որ ձէթ լեցնէր, հոտէն չախորժեցաւ, առանց իւղի լուբիան` դէմ դիմաց գետինը նստան ու կերան, բերաննին այրելով, կարմիր տախդեղը աւելի փախած ըլլալով: Սլօ չհաւնեցաւ Ըստանպոլցիներուն: «Մարդկութիւն չունին աս Ըստանպոլցիներդ, Նշան ղարտաշլխ, ըսաւ, խանութդ կը հարցնեմ, գիտեն ու չեն ըսէր: Մեզի մէկը տեղ մը հարցնէ` անա՞նկ կ՚ընենք։ Պերեքեթ` էֆէնտիի մը, որ թարիֆ ըրաւ»:

Հետեւեալ առտու Նշան Սլօն Սկիւտար տարաւ: Այնտեղի շուկային փուռերը Վերիգեղցիները բանեցնելուն, երբ լուր առին, թէ Սլօն եկեր է, որչափ գիւղացիներ կային` քովը եկան: Չհարցուցածնին չմնաց: Մինակ իրենց ընտանիքները չհարցուցին: Եզ, կով, ոչխար, ինչ որ ունէին: «Մեր եզանր ճիվերը ինտո՞ր եղաւ, որ կոտրեցան» հարցուց Մանկանց հաճի Համբարձումը: «Մաղիկանց սուր կոտոշներով եզը ղոչեց: Գարեգուրի գոռչանին վրայ կ՚արծէին: Ձեր եզը չկրցաւ ինքզինքը բռնել, վերէն վար նետուեցաւ, երկու ճիվերն ալ կոտրեցան: Մորթեցինք, հաճի աղա, քիրվայ»:

«Մեր ալաճայ մոզին պիտի լծէին, լծեցի՞ն, Սլօ» հարցուց Օղիկին Ակոբը: «Ձեր մոզին եզ մը եղաւ, որ, Ակոբ քիրվայ, տեսնես, վըլլահի, չես ճանչնար: Աս գարունը լծեցին» պատասխանեց Սլօ:

Սլօ երկու օր մնաց Աթպազարը, Նշանին խանութը: «Ալ չեմ կենար, Նշան ղարտաշլխ, կ՚երթամ» ըսաւ, երրորդ օրը նաւ նստաւ, երկիր դարձաւ:

Շեխենց դռան սեթերը նստող աղաները, տարեցները, ժամուն դպրոցին կէտիկները կայնող երիտասարդները, Խորուկալի շեմերը նըստող կիները, Նանիկ Մաման Սլոյին գիւղ հասած օրը հարցուցին,

Սլօ քիրվայ, հաւնեցա՞ր Ըստանպոլին, աղուո՞ր տեղ էր:

Վըլլահի՜, պիլլահի՜, անխելքութիւն էր իմ ըրածս, իր ծանր, եղանակաւոր արտասանութիւնովը պատասխան տուաւ ամէնուն, իմ եազիներս, իմ տէրեներս, իմ սարերս ամէն տեղէն աղէկ են, հոսկէ ելիր հունա նստէ ըսող չկայ ինծի, հրաման ընող չկայ, չի բատիշահ, չի վէզիր, ոչ բատիշահ կայ, ոչ վէզիր կայ, հաճի Գեւորգ աղա, հաճի Մելքոն աղա, Քէշիշ էֆենտի, Դաւիթ պապա, Գառնիկ, Տիգրան, Նախունթ պաճի, Գոբբալ պաճի, Նանիկ Մամա, վըլլահի տէ պիլլահի: Աս Ըստանպոլցիները մարդ չեն, ես չհաւնեցայ: