Անձրեւ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՈՒՆԸ


Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ, շան զաւկներ…

Պալիկ Հօրքուրին ձայնն էր, որ կը ծխար երդիքէն, երբ տանիքէն ոտքի թեթեւ շարժում մը անցնէր։

Պալիկ Հօրքուր, կարկտնուած աւել մը ձեռքին, տանիք կ’ելլէր։ Տանիքին վրայ խաղացող փոքրիկներն իրար հրմշտկելով, կը փախփխէին ու ուրիշներու տանիքն ի վեր կը շնկխկէին կատուի թեթեւութիւնով։

Պալիկ Հօրքուր հեքեաթի խորդ մօր նման խիստ էր, շատ խիստ՝ փոքրիկներու հանդէպ։ Անոնց ետեւ կը նետէր ձեռքի կարկտնուած աւելը. կը դրդրար, կը պոռպռար ու կ’անիծէր անվերջ։

Հօրքուրը, հազիւ վար իջած, ջայրի ականջին ծուռն հազիւ շտկած, տեսնես, նորէն տանիքէն թեթեւ անցք մը եւս կ’իմանար։ Առիքին մարդակներ կմախքի ոսկորներու պէս ձայն կուտային կարծես։

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ…

Պալիկ Հօրքուր նորէն վեր կ’ելլէր։ Անոր այնպէս կը թուէր, թէ իր չոր ու ոսկոր սրտին վրայէն էր, որ կ’անցնէին։ Վեր կ’ելլէր ու, սանդուխներուն վրայ կեցած, կը դիտէր կատու մը, որ իր տան ցուիքէն ուրիշի մը տանիքը կը ցատկէր։ Կատուն ետ առաջ կ’երկննար ու կ’աճապարէր շատ շուտ ցատկել, քանի դեռ Պալիկ Հօրքուրը տանիք ելած չէր։

Պալիկ Հօրքուրի տան սահմաններն էին՝ արեւելքէն՝ արեւը առաւօտեայ ու Ղարիպենց բակը փլփլած պատերով, ուր շուները իրենց ձագերը կը ցնկնէին. արեւմուտքէն՝ Մարուքենց ցանկապատը, բարտիներուն ստուերները իրիկնային, նաեւ ցանկապատին վրայի աքաղաղը իր ասպետական կեցուածքով ու հնչեղ ձայնով, հիւսիսէն՝ Մանանին տունը, անոր տանիքին վրայ փռուած լաթերը, նաեւ տանիքներուն վրայ խաղացող մանուկները. հարաւէն՝ Զաքար Ակոբենց տան գաբանքն էր, որուն դուռը միշտ հովերէն կը թակուէր. իսկ վերէն՝ հովն ու անծեղին թեւը` սեւ ու սպիտակ։

***

Անձրեւոտ կէս գիշերին՝ օտարական մը Չիչօ Զաքարի դուռը թակեց։ Ամէն դի խաղաղ էր ու լուռ։ Միայն անձրեւն էր, որ կը տեղար առատ ու ձայնաւոր։

Էտ ո՞վ է,   ձայն տուաւ Չիչօ Զաքար։

Հայ քրիստոնեայ է,   խօսեցաւ ձայն մը անձրեւի մէջէն։

Չիչօ Զաքար դուռը բացաւ` ճրագը ձեռքին։ Տեսաւ մուրացիկի երեւոյթով օտարական մը` անձրեւէն ծեծուած։ Կռնակին կապած էր ծրար մը. ծրարին վրայ կար երկու հին կօշիկ, ձեռքը հաստ փայտ մը. ոտքերուն ունէր տրեխներ. հագած էր Բալուայ նեղ ու սպիտակ շալվար։ Հակառակ քառասուն եւ հինգի մօտ տարիքին, նօսր յօնքերէն ու կարճ թարթիչներէն զատ, ուրիշ մազ չունէր երեսին։ Երեսը սպունգի էր նման, ու ունէր մէկ աչք։

Չիչօ Զաքար ներս առաւ օտարականն ու տարաւ ախոռի սէքուն, ուր մուրացիկներ յաճախ ասպնջականութիւն կը գտնէին։

Օտարականին հանդիսաւոր մուտքը թող չշփոթեցնէ մեզ։ Ան ոչինչ ունէր խորհրդաւոր. անձրեւին տակ մնացած պարզ մուրացիկ մըն էր, որ գիւղ կը մտնէր։

Յաջորդ առաւօտ կանուխ Չիչօ Զաքար ախոռ իջաւ` եզներուն կեր տալու։

Բարի առտու,   ձայն տուաւ մուրացիկը սաքուէն։

Բարին գայ վրադ։ Ո՞ր տեղացի ես, բարեկամ։

Ձիթացի, աղա, է՜հ, մենք ալ եզներ ունէինք։ Հաւ ճուտեր ունէինք, մեղուի փեթակ ունէինք,   խօսեցաւ մուրացիկը` Չիչօ Զաքարին մօտենալով ու անոր օգնելով։—   Սարուխցի քիւրտեր թալլեցին մեր տունը. կորսնցուցինք, ա՛ղա, կորսնցուցինք, ինչ որ ունէինք։ Էսպէս, ա՛ղա, բախտը մեզ մուրացիկ ըրաւ։

Չիչօ Զաքար նկատեց, որ մուրացիկը գիտէ գոմէշի քով մօտենալ. յարդը մսուրին մէջ էնպէս կը թափէ, որ հատ մը իսկ գետինը չիյնար։ Մուրացիկը սկսաւ գոմէշին գլուխն ու ականջները շփել, մանաւանդ այն գոմէշին, որուն քառասուն տարուայ ռէնճպէրը` Չիչօ Զաքարն իսկ շատ զգուշութիւնով կը մօտենար, հազար ու մէկ փաղաքշական խօսքեր կ’ընէր, որ գոմէշը հանդարտ մնար։ Չիչօ Զաքար մշակի մը պէտք ունէր։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը դիտէր մուրացիկին շարժումները։

Վարել, ցանել գիտե՞ս, բարեկամ,   հարցուց Չիչօ Զաքար։

Գիտեմ, ա՛ղա, գիտեմ, եօթը տարի ռէնճպօր մօտ մշակ եմ եղեր։

Ես քեզ բան մը ըսեմ։ Որ վարել ցանել գիտես, ե՛կ ինձ մօտ, մշակ եղի՛ր։ Որ մշակ ըլլիս, ես քեզ կուտամ ութը չերեկ ցորեն, մէկ լիր բամպակ, կռնակիդ ապա մը, ոտքերուդ մէկ զոյգ կօշիկ։ Չիչօ Զաքար իր մշակներուն շատ լաւ կը նայի։ Տարի մը առաջ մշակ մ’ունէի, աղբօր պէս կարգեցի, տուն տեղ ըրի։ Անունդ ի՞նչ է։

Թումաս։

Թո՛ւմաս, որ ինձ մօտ մնաս, քեզ ըլ կը կարգեմ։ Չիչօ Զաքար իր խօսքը կոտրող մարդ չէ։ Հա՛, հա՛ քեզ ըլ տուն տեղ կ’ընեմ, որ երթաք պապուս հոգուն համար մոմ լուսէք։

Թումասի սպունգի նման երեսին վրայ թեթեւ ժպիտ մը կազմուեցաւ։ Ալ մուրացիկ չպիտի ըլլար։ Մանաւանդ որ Չիչօ Զաքար կը խոստանար կարգել, տուն տեղ ընել զինք։

Չիչօ Զաքար եւ Թումաս այդ առաւօտ միասին եկեղեցի գացին։ Ճամբան, երբ Պալիկ Հօրքուրի դրան մօտէն անցան, Չիչօ Զաքար կամաց մը մօտեցաւ Թումասի ականջին։

Որ մշակ ըլլիս, որ էս գիւղ մնաս, քեզ Պալիկ Հօրքուրին հետ կը կարգեմ, հա՛, տե՛ս, էս էնոր տունն է։

Չիչօ Զաքար այնքան կամաց ըսաւ, որ Պալիկ Հօրքուր չիմանար յանկարծ։

Եկեղեցիէն վերջ, երբ նորէն Պալիկ Հօրքուրին դռնէն անցան, Թումաս կամաց մը ծռեցաւ, քիչ մը շատ ծռեցաւ, որովհետեւ տունը այս անգամ իր փուճ աչքին կողմը մնաց։ Ծռեցաւ ու Պալիկ Հօրքուրի տունը նայեցաւ։ Տանիքէն ինչ որ թակի ձայն կուգար։ Պալիկ Հօրքուր առաւօտ կանուխ տան ցուիքները կը թակէր։

Անցան մի քանի օրեր։ Գիւղացիք Չիչօ Զաքարի գոմէշներու ետեւ յաճախ կը տեսնէին օտար մէկը, որուն դէմքը սպունգի էր նման ու ունէր մէկ աչք։ Թումասն էր` Չիչօ Զաքարի նոր մշակը։

Բարեկենդանի օր մըն էր, երբ Չիչօ Զաքար Պալիկ Հօրքուրի դռնէն ներս մտաւ ու խօսեցաւ.

Պալիկ, էս անտէր բրըշակին տակ քանի՞ մնաս մինակ ու մենուճար։ Ողորմած հոգի էրիկդ իմ լաւ բարեկամն էր։ Ամէն հեղ, որ էս ճամբէն կ’անցնիմ, միտքս կը դնեմ վեր ելլել, հեղ մը հալդ հարցնել։ Հա՛, տե՛ս, որպէս բարեկամի կը խօսիմ։ Ե՛կ մեր մշակին հետ կարգենք քեզ։

Պալիկ Հօրքուր, ջայրին առջեւ նստած, ձայն չհանեց։ Ճըզըր-ճըզըր ջայրը կը դարձնէր արագ ու պատրոյգին թելը ճաղին վրայ կուտար։

Պալի՛կ, տունը քուկդ է, մեր մշակն ըլ թէքտէն մարդ է։ Հա՛, տե՛ս, որպէս բարեկամի կը խօսիմ։ Մեր մշակը լաւ մարդ է, վարել, ցանել լաւ գիտէ. տան վրայ կուգայ, կ’երթաք մէկ բարձի վրայ, մէկ առեց տակ սդար կ’ըլլաք։

Պալիկ Հօրքուր ջայրն աւելի արագ կը դարձնէր, թելն աւելի արագ կուտար։ Ճըզըր-ճըզըր միակ ջայրն էր, որ կը ճըզար ու Պալիկ Հօրքուրի սրտէն կը խօսէր։

Հիմա խօսք կապ կ’ընենք, Պա՛լիկ։ Մենծ Պահքին պսակ չըլլիր. Մենծ Պահքը որ ելլէ, պսակը կ’ընենք։

Պալիկ Հօրքուր ի՜նչ ձայն հանէր։ Չիչօ Զաքարը որ յարմար է տեսեր, գիտցածին պէս թող ընէ։ Միայն թէ ադամորդու մը հանդիպէր, որ տան հոգ տանէր, տարին մէկ անգամ տանիքը շըխէր, տան ցուիքները նորոգէր։ Էլին բտերը գէթ իր էրկան շուքէն վախնային ու ալ իր տանիքը չանցնէին։ Վերջապէս իր բարձին վրայ ալ գօտին քակող մը ըլլար։

Լուրը գիւղին մէջ շատ շուտ տարածուեցաւ։ Գիւղացիները կատակ մ’ընելու համար իրարու ականջին կը խօսէին.

Գիտէ՞ք ինչ կայ։ Կրիան ծառն է ելեր, Պալիկ Հօրքուրն է նշանուեր։

Լուրը փոքրիկներու սլուըլուն ականջներն ալ հասաւ։

Հի՜հի՜, հա՜, հա՜, գիտէ՞ք ինչ կայ, Պալիկ Հօրքուրն է նշանուեր։

Այն օրերուն անծեղն ալ կարծես իր թեւն արագ կ’առնէր տանիքին վրայէն ու արագիլին քովէն կ’անցնէր. «Խէ՜, խէ՜, գիտէ՞ք ինչ կայ, Պալիկ Հօրքուրն է նշանուեր»։ Արագիլն ալ իր կարգին իր բոյնին վրայէն անցնող դարձողին. «Լագ, լագ, լագ, Պալիկ Հօրքուրն է նշանուեր»։

Լուրը կարծես դաշտի մուկերուն ալ գնաց։ Ահա թէ ինչո՛ւ դաշտի մուկեր քսդիկ-քսդիկ իրարու մօտ եկան, ետեւի երկու ոտքերու վրայ կեցան, աչքերնին խփխփեցին, քթերնին շփեցին ու մանր-մունր խնդացին։

Գիւղ ու դաշտ այդ երեւոյթն ունէին։

Տանիքի փոքրիկներէն թակլտած Հրմօն իր վզէն կախ թիթեղէ խոշոր կտոր մը կը թակէր, միւս փոքրիկներն ալ զուռնի ձէն կը հանէին։

Փոքրիկները տանիքներուն վրայ Պալիկ Հօրքուրի հարսնիքն էին բռներ։

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ,   վարէն կը պոռար Պալիկ Հօրքուր ու կարկտնուած աւելը ձեռքին՝ միշտ տանիք կ’ելլէր։

Մեծ Պահքի ընթացքին Պալիկ Հօրքուր երկու անգամ տեսաւ Թումասը։ Հեղ մը Չիչօ Զաքարի եզներուն ետեւ, հեղ մըն ալ եկեղեցիին ճամբան։ Տեսաւ անոր կախ ուսերով հասակը, սակայն չնկատեց, որ անոր դէմքը սպունգի էր նման, ու ունէր մէկ աչք։

Թումասի համար Մեծ Պահքը շատ երկար, տարիներու չափ երկար թուեցաւ։ Կանանչ սոխերը տնկեցին, սոխերը ծլան, հասակ առին։ Կար ամուին չորցած տանձենին իսկ ծաղիկ տուաւ, սակայն Մեծ Պահքը երկարեցաւ, շատ երկարեցաւ. կարծես կեանքը Մեծ Պահքով սկսած էր ու ա՛լ վերջանալիք չունէր։

Մեծ պահքի կիրակէ մը Թումաս Չիչօ Զաքարի եզներն ու գոմէշները դաշտ հանեց։ Աւելի հեռուները լեռներուն մօտ գնաց, ուր հիրիկներ շատ կան։ Հիրիկներն ալ իրենց քմայքն ունին, մինչեւ լեռները, բարձր ու հսկայ ապառաժներուն վրայ, ապառաժներուն տակ կը սքլին ու բաց կապտորակ աչքերով կը նային գաղտուկ։ Թումաս եզները թողուց վար ու ելաւ լեռ։ Հեւալէն ու քրտնելէն ապառաժներէն վեր շնկխկեցաւ ու շատ դժուարութիւնով լեցուն փունջ մը հիրիկ հաւաքեց ու երեկոյին եզներուն հետ գիւղ վերադարձաւ։ Եկեղեցիէն ժամուորները նոր ելած էին, մանուկները դեռ կը խաղային ճամբաներուն վրայ։ Անոնք մոռցան իրենց խաղերը, երբ Թումասի ձեռքը փունջ մը հիրիկ տեսան։

Թո՛ւմաս աղբար, Թո՛ւմաս աղբար, փամպոզ մը կուտա՞ս,   կ’աղերսէին փոքրիկները անոր ետեւէն։

Փոքրիկներուն համար հիրիկները մէյմէկ փոքրիկ դիցանուշներ ըլլային կարծես՝ կախարդական լեռներէն բերուած։

Թումասի համար շատ թանկագին էր հիրիկներու փունջը, որ շատ դժուարութիւնով հաւաքած էր հատիկ հատիկ։ Պալիկ Հօրքուրի հանդէպ ունեցած սէրը որքա՜ն քարսիրտ ըրած էր Թումասը։ Մէկ հատ իսկ չձգեց փոքրիկներուն, որ կ’աղերսէին իր ետեւէն.

Թո՛ւմաս աղբար, փամպոզ մը կուտա՞ս…

Յաջորդ առաւօտ Պալիկ Հօրքուր, երբ արթնցաւ, տեսաւ, որ հիրիկներու խոշոր փունջ մը իր երդիքէն վար ձգուած էր։ Այս անգամ չբարկացաւ, որ տանիքին վրայէն գիշերով մէկն էր անցեր, ո՞վ գիտէ, ո՛ր չար զաւակը, ու ձեռքէն երդիքն ի վար ինկած է հիրիկներու այդ փունջը խոշոր։ Պալիկ Հօրքուր վեր վերցուց փունջը ու հաւերուն ձայն ձգեց՝ ճո՜ւ ճո՜ւ ճո՜ւ։ Հաւերը թռուըռացին՝ ո՛րը ցուիքներէն, ո՛րը բակերէն ու իրարու մօտ հաւաքուեցան անհամբեր կրկռուքով։ Պալիկ Հօրքուր հիրիկներու խոշոր փունջը հաւերուն առջեւ ձգեց։ Հաւերը կտկտացին, իրարու վրայ թեւ ձգեցին, կտցահարեցին եւ իրարու կտուցէ խլեցին կապտորակ աչքերով դիցանուշները հեքեաթունակ լեռներուն։ Այդ օրը հաւերուն կուտ չձգեց. հաւերը մինչեւ երեկոյ ցեցկեցին փունջը ու դարձուցին աւերակ՝ ճիշդ Պալիկ Հօրքուրի երեսին պէս։ Հօրքուրին հետ գոհ էին նաեւ հաւերը։

Երբ Զատիկն անցաւ, Թումաս Պալիկ Հօրքուրի հետ պսակի կանգնելու պատրաստութիւն տեսաւ։ Կնքահայրը Չիչօ Զաքարն էր։ Դրացի մի քանի կիներ հաւաքուեցան Պալիկ Հօրքուրի գօտին կապելու ու լաչակը, վրան գլուխը շտկելու։ Կարուկենց հարսը իր հարսնութեան լաթերը տուաւ։ Ուրիշ մը իր գօտին։ Շտկեցին շտկռտեցին ու Պալիկ Հօրքուրը պսակի կանգնեցուցին։

Պալիկ Հօրքուր պսակի մէջ էր։ Փոքրիկներուն համար լաւ պատեհութիւն էր տանիքին վրայ վազվզել ու Հօրքուրի հաւերը թառվառ ընել։ Անոնք լաւ հասկցած էին, որ Հօրքուրը պսակը կիսատ չէր կրնար ձգեր։ Անոր հաւերը օր մը օրանց այդքան թառվառ եղած չէին։ Անոնց ձայնը փողոցն էր բռներ. կը ճչային ու հեւ ի հեւ իրենց թեւերը հազիւ դիմացի բակը եւ կամ ծառին վրայ կը ձգէին` չարաճճի դեւերուն ձեռքէն ազատուելու համար։

«Ի՞նչ է պատահեր արդեօք, աշխա՞րհն է փլեր»,   ակամայ կը մտածէին խեղճ ու անտէր հաւերը։

Էհ, որքա՜ն երկար է պսակի արարողութիւնը։ Պալիկ Հօրքուր կ’աճապարէր շուտ տուն երթալ։ Հաւերուն կուտ ձգելու ատենն է։ Անոր այնպէս կը թուէր, թէ էլին բտերը հիմա տան ցուիքները վար կուտան, երդիքը կը քակեն։ Քահանան ալ կարծես դիտմամբ կ’երկարէր։ Հա՛, հա՛, բոլորն ալ, բոլորն ալ, փոքրիկներէն սկսեալ մինչեւ քահանան, կ’ուզեն, որ էտ տունը փլի։ Բոլորն ալ Պալիկ Հօրքուրի տան թշնամին են, աչքերնին չի վերցներ. շիլ աչքերով կը նային։ Բոլորն ալ թշնամի են, թշնամի։

Հարսնեւորները եկեղեցիէն երբ տուն վերադարձան, Պալիկ Հօրքուրի առաջին գործը եղաւ տանիք ելլել։ Բա՜հ, ի՜նչ տեսնէ՝ չարաճճի փոքրիկները ցուիքը փոր-փոր են ըրեր։ Ու սկսաւ պոռպռալ, անիծել, հայհոյել ու անիծել։

Կնքահայրը լսեց Պալիկի ձայնն ու վեր ելաւ։

Պալիկ, վարը փեսան ու տէրտէրը քեզի կը սպասեն։ Ատենը չէ պոռպռալու, ամօթ է, Պալիկ։ Հիմա փեսան ի՞նչ կ’ըսէ։

Էս ո՞ր սիրտ կը դիմանայ, Զաքար աղբար, էլին բտերը տունս վերվերան են ըրեր,   խօսեցաւ Պալիկ Հօրքուր ու սկսաւ փոքրիկ թակով քակուած ցուիքը թակել։

Վաղը Թումասին ըսէ, թո՛ղ շինէ, հիմա ատենը չէ, Պալիկ. վարը հարսնեւորները քեզի կը սպասեն։

Պալիկ Հօրքուր անդրդուելի էր։ Չիչօ Զաքար ստիպուեցաւ քիչ մըն ալ ինք թակել, որ Պալիկի գործը շուտ լմննար ու շուտ վար իջնէր։

Վարը շատ բան չկար ընելիք։ Հետաքրքիր դրացիները եկեղեցիէն Պալիկ Հօրքուրի տունը վերադարձած էին` մի քիչ նստելու, հարսի ու փեսի աչքերնին լուսելու եւ ցրուելու համար։

Ուշ ատեն մեկնողը կնքահայրն էր։ Հարս ու փեսայ կնքահայրը ճամբու դրին։ Պալիկ յանկարծ յիշեց իր հաւերը։ Ա՜խ, ինչպէս էր մոռցեր։ Ուղիղ թառնոց գնաց, ճրագով նայեցաւ, չկար, չկար, չտչտուն հաւը չկար։ Կարծես տան սիւները յանկարծ գլխին վրայ ծալլուեցան։

Ներսը Թումաս առանձինն ու անհամբեր հարսի մուտքին կը սպասէր։ Հարսը մտաւ ներս, ու յանկարծ Թումասի գլխին կարկուտի պէս մաղուեցաւ։

Տունս աւրուի, Թո՜ւմաս, Թո՜ւմաս…

Թումաս յանկարծակիի եկաւ. կարծեց, թէ տունը ամբողջ հրդեհ էր բռներ։

Ի՞նչ կայ, Պա՛լիկ։

Առաջին անգամն էր, որ Թումաս ու Հօրքուր իրարու անուն կուտային։

Հաւերուն մէկը չկայ, Թո՛ւմաս, էլին բտերը վերը, ցուիքը վերվերան են ըրեր։ Էս իմ դրացիները աչք ունին, յօնք չունին, Թո՛ւմաս։ Բոլորն ըլ թշնամի են, թշնամի։

Ե՛կ նստէ, Պա՛լիկ, հանգիստ եղի՛ր, էս գիշերով հաւն ո՞ւր փնտռես։ Ես վաղը կը գտնեմ։ Պսակին էնքան կայնեցար։ Հեղ մը ըսի, պառկիմ, թող Պալիկ մէջքիս վրայ կայնի։ Էտ մէջքիդ շալը էնպէս լաւ է սազեր,   խօսեցաւ Թումաս ու կատակ մըն ալ փորձելու համար աւելցուց.   Էհ, գիտե՞ս, Պալիկ, պսակի ատեն դուն գինին ինծմէ շատ խմեցիր։

Պալիկ Հօրքուրի երեսը թթուեր էր։ Ականջ չկախեց Թումասի խօսքերուն ու, ճո՜ւ, ճո՜ւ ձայնը ձգելով, տանիք ելաւ գիշերով։

Թումաս, հէ՛յ, Թումաս,   Պալիկ Հօրքուր ձայն տուաւ երդիքէն։—   Ի՞նչ ես նստեր տինճ։ Ե՛կ, էտ բակը գնա՛, ես ըլ էս տեղերը նայիմ։

Թումաս դուրս ելաւ` Պալիկին ձայնը կտրելու եւ համոզելու, որ վար իջնէ։ Է՛հ, դրացիները ի՞նչ պիտի ըսեն գիշերով։

Ճո՜ւ ճո՜ւ ճո՜ւ,   Հօրքուրի ձայնը կ’ըսես ամբողջ գեղն էր բռներ։

Պալիկ, ամօթ է, ի՞նչ է ձէնդ գիշերով,   խօսեցաւ Թումաս ու ի զուր համոզեց, որ վար իջնէ։

Թումաս, տնաշէն, էտ բակն անցիր, ես ըլ Մուրատենց տանիքը նայիմ։ Ճո՜ւ ճո՜ւ ճո՜ւ…

Թումաս, գտա՞ր։

Չէ՛։

Ճո՜ւ ճո՜ւ ճո՜ւ…

Այդ գիշեր հարս ու փեսայ կորսուած հաւը փնտռեցին…

***

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ։ Թումաս, Թումաս, ել տես էդ բտերը ի՜նչ կ’ընեն տանիքը։ Տունը քակեն, հոգդ չես ըներ,   կը դրդրար Պալիկ Հօրքուր՝ մինչ Թումաս, անկիւն մը կը մրափէր յոգնած։

Է՛հ ի՞նչ կ’ըլլի, կնիկ. պզտիկներ են, թո՛ղ որ խաղան։ Չէ՛, չէ՛, մի՛ վախնար, տունը չի փլիր,   խօսեցաւ Թումաս ու գլուխը նորէն կախեց։

Հազիւ վայրկեան մը անցած էր, երբ Պալիկ Հօրքուր նորէն ձէն ձգեց.

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ… Արիմարդ, ե՛լ տես ինչ կ’ընեն վերը։ Ցուիքները տահա երէկ թակեցի։

Կնիկ, դուն ըլ զահլէս տարիր,   խօսեցաւ Թումաս ու վեր ելաւ։

Տանիքը մարդ չկար. գիշերով ո՞վ պիտի ըլլար. թերեւս հովն էր, որ դրացիի տանիքէն փայտի կտոր մը վար ձգած էր։

Ալ ամէն երեկոյ, երբ Թումաս գործէն կը վերադառնար, Պալիկ Հօրքուր կը սկսէր իր դրդրուքը.

Արիմարդ, ե՛լ, թակը ա՛ռ, քիչ մը էդ տան ցուիքներուն բոլորը թակէ։ Էս տարի ցուիքներուն նոր փշեր պիտի դրուի։ Երդիքին նոր փայտ պիտի անցուի։ Վաղը աշնան, տանիքը պիտի շխուի։

Կնիկ, ալ հասկցանք։ Հերիք է։ Տահա աշունի վեց ամիս ունինք, հիմակուց սկսար դրդրուքը,   կը նեղանար Թումաս։

Մի՛ նեղուիր, Արիմարդ, հողը հիմակուց բերենք, որ աշունին հազր ըլլի։ Գեղացիք կ’երթան լաւ հողը կը բերեն, գէշն ըլ մեզի կը ձգեն։ Դուն ըլ գիտես, որ գեղացիք մեզի աչք ունին, յօնք չունին։

Երեկոյ մըն ալ Թումաս սովորականին պէս բարձին կռթնած կը մրափէր։ Այդ օր շատ էր յոգներ. Չիչօ Զաքարի Խրաճի արտն ամբողջ վար էր ըրեր. ջրաղացն աղօն էր տարեր. վաղուայ ջրտուքի համար կաւառներ էր շտկեր։ Թումաս այնքա՜ն յոգնած էր այդ երեկոյ։

Արիմարդ,   սկսաւ Պալիկ Հօրքուր։

Քեզի կ’ըսեմ, Արիմարդ։

Թումաս գլուխը վեր առաւ ու նորէն կապով կախուած դդումի մը պէս սկսաւ վար կախել։

Արիմարդ, վաղը ձմեռ կուգայ։ Ձիւն որ գայ, էդ բակին դիու պատը պիտ քրքրցնէ։ Ե՛լ, էդ հողն իստկէ, որ վաղը չամուռ շատ չըլլի։

Արիմարդ, Արիմարդ…

Ճըհէննե՜մը,   պոռաց Թումաս։

Թումաս առաջին անգամն էր, որ Պալիկ Հօրքուրին վրայ կը պոռար բարկացած։ Ինչպէ՜ս չբարկանար. ձմեռի, ձիւնի կար տակաւին եօթը ամիս։

Պալիկ Հօրքուր կարծես այդ ատեն միայն նկատեց, որ Թումասի երեսը սպունգի էր նման, ու ունէր մէկ աչք։

Առաւօտ մը ժամուորները եկեղեցի կ’երթային, երբ տեսան, որ Պալիկ Հօրքուրը ցուիքին վրայ նստած կուլար ու կ’անիծէր։ Թումաս կինն էր ծեծեր։

Չիչօ Զաքար, հոգուդ դուռը գոցուի. սեպեպ եղար, զիս էս մարդուն ձեռքը ձգեցիր։

Ի՞նչ կայ, Պալիկ Հօրքուր, ինչո՞ւ կուլաս,   հարցուցին ժամուորները։

Ի՞նչ ըլլի, սեպեպ ըլլողին բրիշակը մրեղի. Չիչօ Զաքար, սեպեպ եղար զիս դժոխքի մէջ ձգեցիր։

Դէհ անցիր, Պալիկ Հօրքուր, ամօթ է։ Էրիկ է, կը ծեծէ ըլ, կը սիրէ ըլ,   կը խօսէր դրացի Մանան։

Ո՜ւյ, ո՜ւյ, էդպէս մի՛ ըսեր, Մանան. էս առտու էնպէս զարկեց. հը (լաչակը վար առնելով) տես, Մանան, ուռեցեր է զարկած տեղը։ Էնպէս զարկեց, որ աչքերէս կէծ ելաւ։ Ես բան չըսի մէրս քորս. ըսի, որ Արի՛մարդ, տունէն դուրս ելլելէդ առաջ էդ տանիքին ճռթոնը շտկէ. էսօր Մարուքենց պաղչին վրայ ամպ տեսայ։ Որ անձրեւ գայ, տանիքին ջուրը պատն ի վար պիտի թափի։ Տեսայ՝ էս մարդը դեւի պէս վրաս հասաւ։ Ըսէ, Մանան. էս բոլորը էրկանս չըսեմ՝ ալ որո՞ւ ըսեմ։

Թումաս, ամբողջ օրը բարկացած, այդ երեկոյ շատ ուշ տուն եկաւ` կնոջ երեսը չտեսնելու ու անոր դրդրուկը չլսելու համար։ Ճրագը վառեց, տեսաւ, որ կինը քնացեր էր` իր գլուխը փաթաթած. իր ներս մտնելը իմացա՞ւ արդեօք։ Թումաս շատ էր բարկացած, չուզեց իր կնոջ քով անկողին մտնել ու թոնիրին շուրջ` բարձին կռթնած, ուզեց պահ մը հանգիստ ըլլալ։ Թումաս բարձին կռթնած քնացաւ. անոր քով կատուն էր, որ կը մռռար, մէկ մըն ալ ձիթէ ճրագը կը մարմրէր ու սադայէլի թեւերու նման շուքեր կը խաղցնէր պատերուն ու փեթակներուն վրայ։

Անձրեւը սկսաւ երդիքէն վար կաթկթիլ։ Պալիկ Հօրքուր արթուն էր, թէ երազին մէջ, իմացաւ անձրեւի ձայնն ու շարժեցաւ իր տեղէն։ Անկողնէն ելաւ, ճրագը լուսեց ու, փեթակի պէս փաթաթուած, ճրագը ձեռքին՝ տանիք ելաւ։ Պալիկ Հօրքուր ինչպէ՜ս դիմանար։ Տանիքին ամբողջ ջուրը հիմա պատն ի վար պիտի վազէ ու պատը պիտի քրքրցնէ։ Կատուն արթնցաւ իր ծուարած տեղէն, կռնակը կզեց, ետ առաջ կերնճկտաց եւ ուշ մնացողի մը պէս, Պալիկ Հօրքուրի ետեւ` տանիքը վազեց։ Պալիկ Հօրքուր տանիքին վրայ, ճրագը փէշին տակ պահած, մօտեցաւ ճռթոնին։ Ճռթոնը շտկուած էր, անձրեւին ջուրը առանց պատը թրջելու կը վազէր շիտակ։ Գիւղին վրայ միակ անձրեւի աղմուկն էր կեցեր` մեղմ ու միալար։ Գիւղացիք ամբողջ քնացեր էին, միակ Պալիկ Հօրքուրն էր արթուն, մէկ մըն ալ` ճրագն ու կատուն։

Պալիկ Հօրքուր, երբ վար իջաւ, տեսաւ Թումասը, որ արմուկին վրայ կռթնած՝ կը քնանար. կաւէ ամանի մը պէս բաց էր անոր բերանն ու վիզը, թումբէն վար գլտորուած սեխի մը պէս վար էր ծռեր։ Անտարակոյս, այդ ձեւ քնանալով, Թումաս պիտի ցաւցնէր իր բազուկն ու վիզը։ Պալիկ Հօրքուր տեսաւ անոր այդ ձեւ քնանալը։ Չէր ուզեր խօսիլ, սակայն կ’ուզէր, որ արթննար ու չի ցաւցնէր բազուկը։

Փը՛շդ,   Պալիկ Հօրքուր բարձր ձայնով ձայն տուաւ կատուին, որ իր ձայնէն արթննար Թումաս։

Թումաս չէր արթննար։

Դէն անցիր, փսիկ, ի՞նչ ոտքերուս կը պըլուիս,   նորէն ձայն հանեց, այս անգամ աւելի բարձր։

Պալիկ Հօրքուր վերջապէս չդիմացաւ։ Թումաս այդ ձեւով պիտի ցաւցնէ իր բազուկն ու վիզը։ Գնաց ու արթնցուց էրկան` թեւը շարժելով։

Հը՛, հա՛, Պալիկ, դո՞ւն ես. վա՜յ թեւս, էնպէս քունս տարաւ։ Էս օր էդ ճռթոնը շինեցի, Պալիկ։ Ի՞նչ է, անձրե՞ւ կուգայ։

Պալիկ ու Թումաս հաշտուած էին իրարու հետ։

Մի քանի օր հազիւ անցած էր, երբ դրացիները նորէն լսեցին Պալիկի ու Թումասի կռուըտուքի ձայնը։

Հա, հա, էրիկ առի, որ տանս հոգ տանէ։ Ես էրիկն ի՞նչ ընէի,   կը պոռպռար, նոյնիսկ կը հայհոյէր Պալիկ։

Թումաս, այս անգամ աւելի բարկացած, սպունգէ երեսը կը քամէր։ Ա՛լ համբերութիւնը հատաւ։ Այս անգամ կաւէ աղամանը, շա՜խ, Պալիկի գլխին նետեց։

Պալիկ շիւանը դրաւ ու դուրս վազեց։ Ծերոն Օվանը իր տունը կանչեց։

Կինէ ի՞նչ է Պալիկ,   հարցուց Ծերոն Օվան։

Էս մարդը զիս կը մեռցնէ, կը մեռցնէ. եկէք, խօսք մի հասկցուցէք։

Ամօթ բան է, Թումաս. դրացիները վիրա-վիրա ձեր ձէները կը լսեն,   խօսեցաւ Ծերոն Օվան։

Օվան աղբար, մէկը գիտես, երկուքը չգիտես,   վրայ տուաւ Թումաս.   վեց ամիս չեղաւ կարգուելնիս՝ օր մը օրանց առանց ձէն ձունի փիլաֆ մը չի կրցանք ուտել։ «Հը՛, տանը վրայէն պզտիկներ անցան. հը՛, ցուիքը կը փլցնեն, հը՛, քաղքին կողմը ամպ տեսայ, անձրեւ պիտի գայ, կտուրը պիտի կաթէ. հը՛, հող պիտի բերուի, հը՛, տանիքը պիտի թակուի»։ Ալ ես ինչ գիտնամ։ Քառասուն հազար հեղ ըսեր եմ. «Պէ կնիկ, ա՛լ հերիք է, պզտիկները տանիքէ անցնելով՝ էս տունը չի փլիր։ Դրացիներուն հետ պարապ տեղը ինչո՞ւ կռիւ կ’ընես։ Հէլպէդ, մենք ըլ մարդ ենք։ Որ ցուիքը փըլի, կը շինենք. որ ճռթոնը խախտի, կը շտկենք. որ տանիքը շխելու ատենը գայ, կը շխենք»։ Ես էս բաները չկրցայ հասկցնել։

Ես բան չըսի, ղուրպան Օվան, ըսի, որ տունը շղախի պէտք ունի։ Հող պիտի բերուի։ Վաղ մէկալ օր աշուն կուգայ։ Տան էտին հող կայ, դէն պիտի նետուի, որ վաղը ձմեռը ձիւնին չամուռ չըլլի, չի քրքրի պատը։ Ղուրպան Օվան ախպար, էս բաները էրկանս չըսեմ, ալ որո՞ւ ըսեմ։

Օվան աղբար յորդորեց, իր կարգին խրատներ տուաւ, «ամօթ բան է» ըսաւ ու դուրս ելաւ։

Անցաւ մի քանի շաբաթ։ Առաւօտ մը Չիչօ Զաքար եզները դուրս հանեց, որ Խրաճի արտը վարել երթային։ Եզներուն սամիները կապեց, արօրները դուրս հանեց ու սպասեց Թումասին։

Թումաս կ’ուշանար։

Արեւը հիմա ուր է, ուր չէ ծայր կուտայ։ Թումաս օր մըն ալ այդքան ուշացած չէր։

Այդ առաւօտ Թումաս սովորականէն շատ կանուխ ելաւ, ճրագը վառեց։ Պալիկ Հօրքուր նկատեց, որ Թումաս իր ամէնօրեայ էնթարիին վրայ կիրակնօրեայ ելկեկն էր հագեր։ Այդ առաւօտ անոր շարժումներուն մէջ օտար երեւոյթ մը կար։ Պալիկ Հօրքուր չխօսեցաւ։ Քէնով էին, քէնով։ Դեռ երէկ գիշեր նորէն կռուած էին տանիքի կտուրին համար։ Թումաս յետոյ ճրագը մարեց, մութին մէջէն դուրս ելաւ եւ դուռը կամաց մը փակեց իր ետեւ։

Պալիկ, Թումաս,   կը պոռար Չիչօ Զաքար դուռը թակելէն։

Ի՞նչ է, Զաքար աղբար։

Թումասին ըսէ, թէ եզներն իրեն կը սպասեն։

Թումասը առտուն ձեզի եկաւ, Զաքար աղբար։ Էսօր շատ կանուխ եկաւ,   խօսեցաւ Պալիկ Հօրքուր։

Չէ, Պալիկ, Թումասը մեզի եկած չէ։

Պալիկ Հօրքուր յիշեց, աւելի որոշ յիշեց, որ Թումաս այդ առաւօտ կիրակնօրեայ ելկեկն էր հագեր…

Չիչօ Զաքար ի զուր սպասեց ու, եզներն առնելով, արտ գնաց եւ պատուիրեց, որ, երբ Թումաս գալու ըլլար, ուղղակի Խրաճի արտը խրկէին։

Անցաւ կէսօր։ Թումաս չեկաւ։

Երեկոյին Պալիկ Հօրքուր Չիչօ Զաքարին տունը գնաց` հասկնալու համար, թէ Թումաս այդ օր գործի գացա՞ծ էր։ Պալիկ Չիչօ Զաքարին կը հարցնէր, Չիչօ Զաքարն ալ` Պալիկին։ Թումաս չկար։

Այդ օր Թումասին ոչ ոք տեսած էր։ Պալիկ Հօրքուր հարցուց դաշտէն վերադարձող մշակներուն, հարցուց ժամուորներուն ու մանուկներուն։

Այդ գիշեր Պալիկ անկողին չգնաց, ճրագը վառեց ու Թումասին ի զուր սպասեց։

Թումաս չկար։

Առտու եղաւ, կէսօր անցաւ։ Չիչօ Զաքար նորէն եկաւ, մշակը հարցուց։ Երկու օր է՝ Թումասին ոչ ոք տեսած էր։ Թումաս կորսուած էր այնպէս, ինչպէս երեւցած էր գիւղին մէջ։

Պալիկ, բուռ մը կծիկ եղած, արցունքոտ աչքերով կը պատմէր, կուլար դրացիներուն.

Հիչ բան չըսի, մէրս քորս. իրիկունը տան ցուիքներուն համար խօսք-զրուց եղաւ։ Տեսնեմ էս մարդը նորէն հերսոտաւ։ «Ա՛լ հերիք եղաւ, Պալիկ, հոգիս բերանս բերիր, տունը գլխիդ վրայ չփլիր, որ մենք ըլ ազատինք»։ Ըսաւ ու ալ էս մարդը չխօսեցաւ։ Թո՛ղ զարնէր, թո՛ղ ծեծէր, վախաթ թող չփախէր տունէն։ Ես ինչ ըսեմ, մէրս քորս. այդ առտու ըլ շատ կանուխ ելաւ։ Կիրակնօրեայ ելկեկն էր հագեր։ Դուրս որ ելաւ, ուսուլ մը դուռը ետեւէն փակեց, որ ես չարթննամ։ Ես արթուն էի, տեսայ էս բաները։ Ալ էն փակելն էր, մէրս քորս, էն փակելը։ Ախ Թումաս, Թումաս, ո՞ր լեռները մնացիր։ Չէ, չէ, որ գայ, ալ չպիտի դրդրամ, թող չորնայ լեզուս։ Ա՜խ, Թումաս, գացիր, հէմ քէնով գացիր։

Օր մըն ալ ջորեպան Թաթոսը, հեռու տեղերէն երբ գիւղ վերադարձաւ, պատմեց, որ Թումասին Հալէպի մէջ` փռապանի մը քով ծառայելը տեսած էր։ Թումասն էր, Թումասը` սպունգէ երեսով ու մէկ աչքով։ Թումաս ըսած էր Թաթոսին, որ երբ տուն երթայ, Չիչօ Զաքարին եզներուն նոր սամիները տան փեթակի ետեւ, հը՛, ճիշդ հաւկիթներուն դրած տեղն են։ Պալիկը գիտէ, թո՛ղ ըսեն Պալիկին, որ սամիները Չիչօ Զաքարին տայ։

Ղուրպան Թաթոս, ուրիշ ի՞նչ ըսաւ,   հարցուց Պալիկ Հօրքուր լալէն։

Ուրիշ բան չըսաւ, Պալիկ Հօրքուր։

Ուրիշ հի՞չ բան չըսաւ։

Չէ, Պալիկ Հօրքուր, չէ։

Ղուրպան Թաթոս, կիրակնօրեայ ելկեկը վրա՞ն էր։

Ես ի՞նչ գիտեմ, Պալիկ Հօրքուր։

Ա՛խ, Թումա՜ս, Թումա՜ս…

Յաջորդ օր Պալիկ Հօրքուրը ուղիղ տիրացու Գէվօին քով գնաց։

Ղուրպան Գէվօ, մեր Թումասին նամակ մը գրէ։

Թումասն ո՞ւր է, Պալիկ Հօրքուր։

Ջորեպան Թաթոսը Հալպու մէջ է տեսեր։

Ի՞նչ գրեմ, Պալիկ Հօրքուր,   խօսեցաւ տիրացու Գէվօն՝ գրիչը մելանին մէջ թաթխելով ու մի քանի անգամ ցնցելով։

Ա՜խ Թումաս, ա՜խ,   սկսաւ Հօրքուր։

Ուրի՞շ։

Գացիր հէմ քէնով գացիր։ Հէ՛յ կիտի օրեր։ Սամիները Չիչօ Զաքարին տուի։ Վեց ջուխտ սամիներ։ Տանիքը էս տարի առանց շղախի կը մնայ։ Պատին ետեւի հողը կռնակովս կրեցի. վրաս հալ չմնաց։ Էլին բտերը կինէ տանիքէն վազ չեն գար, հաւերը թառվառ կ’ընեն, վիրա-վիրա տանիքին վրայէն կ’անցնին։ Ցուիքները փլփլկեր են՝ տիրութիւն էնող չկայ։ Շաբաթ մը էռէնջ անձրեւ եկաւ։ Էնքան շատ եկաւ, որ ճռթոնը քշեց տարաւ։ Ես՝ մինուճար կնիկ, ինտո՞ր ընեմ։ Ա՜խ, Թումաս, ա՜խ…

Տիրացու Գէվօն լրացուց նամակը։ Ջորեպան Թաթոս հասցէն ըսաւ, ու խրկեցին։ Ա՛լ այն խրկելն էր…

Պալիկ Հօրքուր դրացիներու էշիկներուն վրայ նստած, միշտ Թումասի տէրտովը կուլար, անցնող-դարձողին իր ցաւը կուլար։

***

Անցան տարիներ։ Պալիկ Հօրքուրին կռնակը կզեցաւ։ Աչքերը շատ չէին տեսներ։ Իր տանիքին վրայէն անցնելու համար նոր փոքրիկներ ժմնեցին։ Նախկին փոքրիկներն այլեւս մեծցած էին։ Նոր բուսած պեխերներ ունէին, աղջիկներու հոտը կ’առնէին ու մաճ կը բռնէին։ Ամէն անգամ, որ ջորեպան Թաթոս հեռու տեղերէ կուգար, Պալիկ Հօրքուր կ’երթար կը հարցնէր արցունքոտ աչքերով.

Ղուրպան Թաթոս, մեր Թումասը տեսա՞ր։

Չէ՛, Պալիկ Հօրքուր, չէ, մէկ անգամ տեսայ՝ էն ըլ տասնհինգ տարի առաջ էր։

 

***

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ,   ալեւս շատ ծերացած Պալիկ Հօրքուրին ձայնն էր, որ միշտ կը ծխար երդիքէն։

Չարաճճի մանուկները կը թառվառէին ու Պալիկ Հօրքուր, կարկտնուած աւելը ձեռքին, տանիք կ’ելլէր։

Պալիկ Հօրքուրի տանիքին վրայ միակ անծեղն էր, որ համարձակ կը թառէր ու կը կանչէր` խէ՛, խէ՛…։

Անծեղը թեւ կ’առնէր դէպի Խրաճները ամայի։ Թառ կուտար մենաւոր ու չոփ չոր փշատի մը վրայ եւ կը կանչէր՝ խէ՜, խէ՜…։ Նորէն թեւ կը զարնէր կարճուկ թեւերը սեւ ու սպիտակ. կը թառէր Անտոն Ղազարի ծերացած ձիուն կռնակին վրայ. կտուց կը զարնէր կռնակի վէրքին ու կը կանչէր՝ խէ, խէ…։

Անծեղն այս անգամ ճամբուն եզերքը շարուած հեռագրի ձողին վրայ է ու թիուկի ձեւ պոչը կը շարժէ. խէ, խէ՜…

Անծեղն ալ իր քմայքն ունի։ Հեռագրի ձողին տակէն անցնող կրիայի վրայ թեւ կը բանայ, նորէն վեր կ’ելլէ, վար կ’իջնէ նորէն, մինչեւ որ հեռուէն փոշիէ ամպերով նամակատար ձիերը գան քառատրոփ ու անցնին հովերէն քշուած ամպերու պէս։ Կրիան իր վիզն ու ոտքերը խեցիին մէջ կը քաշէ։ Նապաստակ մը լեղապատառ թուփի մը տակ կը սքլի։ Անծեղն ալ հեռագրի ձողին վրայէն թեւ կը ձգէ ու գիւղ կ’իջնէ։ Գիւղ կ’իջնէ ու շիտակ Պալիկ Հօրքուրի տանիքին՝ երկնցուած ձողին վրայ կը թառի։ Խէ՜, խէ՜, խէ՜…։

Խէր ըլլի, խէր,   վարէն կը կրկնէր Պալիկ Հօրքուր անծեղին հետ։

Է՜հ, քիչ տարի չէր, ուղիղ քսան եւ հինգ տարի էր, որ Թումաս հեռացեր էր տունէն։ Քսան եւ հինգ տարի առաջ ջորեպան Թաթոսը զայն Հալպու փողոցներուն մէջ տեսած էր։ Այդքան միայն։ Ջորեպան Թաթոս տակաւին ճամբաներուն վրայ էր իր ջորիներով։ Ամէն անգամ, որ հեռու տեղերէ կուգար, Պալիկ կ’երթար քովը, սակայն, այժմ չէր համարձակեր հարցնել, մի գուցէ Թաթոս բարկանար։ Է՜հ, ինչպէ՞ս չի հարցնէր, թերեւս տեսած է, եւ կամ խօսած էր հետը։

Ղուրպան Թաթոս, մեր Թումասը տեսա՞ր…

Օր մըն ալ Պալիկ Հօրքուր, տան կտուրը թակած ատեն, կռնակի կողմէն զգաց, որ ասեղ մը շուլլուեցաւ ու ալ չկրցաւ շտկիլ։ Դրացիները հասան ու վար տարին։

Ամբողջ վեց օր անկողնին մէջ պառկեցաւ Պալիկ Հօրքուր։ Դրացի կիներ կ’այցելէին, կերակուր կը տանէին, ջուր կուտային։ Ա՜խ, այդ փոքրիկները, եթէ տանիքին վրայէն չանցնէին, Պալիկ Հօրքուրի հիւանդութիւնը թերեւս չծանրանար։

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ…

Պալիկ Հօրքուրի ձայնը նախկինին պէս չէր. օրէ օր կը մարէր ու դուրս չէր գար։

Վեցերորդ օրը Պալիկ Հօրքուր ինքզինք բոլորովին թուլցուց անկողնին մէջ։ Ա՜խ, ի՞նչ պատահեցաւ իրեն։ Տան առարկաները կը հեռանային, չարաճճի մանուկներուն ա՛լ չէր կրնար պոռալ, չէր կրնար շարժիլ։ Ի՞նչ պատահեցաւ Պալիկ Հօրքուրին։ Երկու օր է բերանը բան դրած չէր։

Երեկոյին քահանան Պալիկ Հօրքուրի դռնէն ներս մտաւ։ Քովը մարդ չկար։ Մինակ էր խեղճ կինը։

Պալիկ Հօրքուր, ինտո՞ր ես։

Պալիկ Հօրքուր լսեց ձայն մը, աչքերն առաստաղէն վար առաւ։

Մանան, դո՞ւն ես։

Չէ՛, Պալիկ Հօրքուր, զիս չե՞ս ճանչնար։

Չէ, ղուրպան, չէ,   խօսեցաւ Հօրքուր` քիմքին հետ փակած լեզուն թրջելով եւ աչքերը քահանային դարձնելով։

Տէրպապն է, Պալիկ Հօրքուր։

Ղուրպան տէրպապ, ջո՜ւր, ջո՜ւր…

Քահանան մի քիչ ջուր խմցուց։

Աստուած արեւդ պահէ։

Ինտո՞ր ես, Պալիկ Հօրքուր։

Աղէկ եմ, տէրպապ,   խօսեցաւ Պալիկ Հօրքուր` աղերսող նայուածքով մը քահանային նայելով ու չհամարձակելով ըսել. «Չէ, չէ, քահանաները բարի են, չեն մերժեր»։

Տէրպա՛պ։

Ի՞նչ է, Պալիկ Հօրքուր։

  Մեր Թումասին նամակ մը գրէ Հալպու հասցէով, տէրպապ, ի՞նչ կ’ըլլի։

Քահանան նկատեց, որ Պալիկ Հօրքուրի վիճակը լաւ չէ։ Աչքերուն շուրջը կապուտցեր էր, եղունգները, քթին ծայրն ու երեսը դեղներ էին, մեռելի գոյն առեր։

Հա, գրեմ, Պալիկ Հօրքուր։

Գրէ՛, ղուրպան տէրպապ։ Իշտէ հալս կ’երեւայ։ Էսօր վեց օր է, որ տանիքը ելած չեմ։ Էլին բտերը, ցուիքները վերվերան ըրին։ Բակին կողմի պատը փոր է տուեր, որ ձմեռը ձիւն գայ…

Պալիկ Հօրքուր ալ չկրցաւ շարունակել։

Ներս մտաւ դրացի Մանանը։ Պալիկ Հօրքուր ա՛լ չէր կրնար խօսիլ։ Մէկ անգամ միայն քահանային նայեցաւ։ «Չէ, չէ, քահանաները բարի են, չեն մերժեր, չեն»…

Դրացի Մանան հիւանդին քովէն չհեռացաւ այդ գիշեր։ Պալիկ Հօրքուր դժուար թէ լուսցնէր։

Յաջորդ առաւօտ կանուխ ժամկոչը դագաղը Պալիկ Հօրքուրի դռան քով` պատն ի վեր, կեցուց։ Դրացի կիներ վաղուց հաւաքուած էին։ Պալիկ Հօրքուրն էր մեռեր։

Դրացիներու հաւերն ալ կարծես իրարու լուր տուին։ Հաւաքուեցան իրարու մօտ ու սկսան Պալիկ Հօրքուրի տան կտուրը փռտել։ Ո՞ւսկից լուր առին նաեւ կատուները։ Երբ դագաղը դուրս կը հանէին տունէն, տեսնես, բարձր տանիքէն, հո՛փ, կատու մը Պալիկ Հօրքուրի կտուրը ցատքեց։ Մանուկներն ալ Պալիկ Հօրքուրի տան ցուիքէն անոր դագաղին անցնիլը կը դիտէին։ Սակայն դրացի կիներ այնքան ժիր պատանքեցին Պալիք Հօրքուրի դիակը, որ ալ չշարժէր, որ ալ չպոռար մանուկներուն՝

Հո՜ւ ո՜ւ ո՜ւ, կէնճուկ մորճուկ, հող մտնէք, հէ՜յ շան զաւկներ…

***

Գիւղին ծայրը փլփլկած դեռ կը մնար այն տունը։ Պատերը ցից, կտուրը կէս մասով փլած։ Ցցուած կ’երեւէին կրակտան սեւ սիւները։ Սիւնի մը շուրջ ճրագդիլին վրայ, դեռ կը մնար հողէ ճրագը կիսով կոտրած։ Փողոցի շուներն այլեւս այնտեղ կը ցկնէին իրենց ձագերը, հա, ճիշդ կոտրտած թոնիրին քով։ Տունը դեռ կը մնար այն տեղ` Պալիկ Հօրքուրի քրքրուած ոսկորներուն պէս։

Ամէն անգամ, որ շատ ծերացած ջորեպան Թաթոսը, իր ջորիներով կուգայ ու կ’անցնի այն տեղէն, կ’ըսեն Պալիկ Հօրքուրն է, որ կը խօսի անհամարձակ աղերսանքով մը.

Ղուրպան Թաթոս, մեր Թումասը տեսա՞ր…