Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԻԶՄԻՐՑԻՆ

Աստուած, հայու կտոր մը, յոյնի խլեակ մը, եւրոպացիի մը շոշորթը իրար խառնակելով, ստեղծած է Զմիւռնահայը` անոր տալով արեւմտեան ջնարակ մը։

Զմիւռնահայուն ետեւէն վազած է սատանան ու ըսած անոր, կամացուկ մը.

Հայրենակից, աննման դուրս եկար, իբրեւ Հայ։ Խրատ մը տամ քեզի. մի հաւնի՛ր ոչ մէկ մարդու, մանաւանդ մի՛ հաւնիր հայ ազգին պատկանող յիմարներուն եւ յամառներուն։

Զմիւռնահայը, որ չէր տեսած իր լսած խորհուրդին ո՛ւրկէ եկած ըլլալը, կարծեց, որ Աստուծոյ բերնով հրեշտակապետն էր իրեն հետ խօսողը ու հաւատարմօրէն գործադրեց իրեն տրուած պատուէրը` բացարձակապէս մարդու չհաւնելով։

Անիկա արհամարհեց յոյնը` զայն գտնելով թեթեւ։ Քննադատեց ֆրանսացին` զայն գտնելով բարակ։ Խրտչեցաւ հայէն` զայն գտնելով հաստ։

Նոյնիսկ չափազանցեց։ Չհաւնեցաւ ոչ մէկուն գաղափարին, զգացումին, գեղեցկութեան, գործին ու մանաւանդ` լեզուին։

Խօսիլ պէտք էր, սակայն, լեզուով մը։ Աւելի քան խօսիլ պէտք էր չհաւնողի մը։ Հարկ էր լեզու մը ստեղծել։ Եւ որովհետեւ ինք ստեղծագործական տաղանդով չէր ծնած, այլ միայն թարգմանիչի տենդով, իրար խառնեց հայերէնը, յունարէնը, ֆրանսերէնը եւ թուրքերէնը` մէջտեղ բերելով զմիւռներէնը։ Չէ՞ որ արդէն իւրաքանչիւր լեզու խառնուրդն է քանի մը հին լեզուներու։ Չորս լեզուներու թեւերով կազմեց լեզուական խաչ մը` յանուն լեզուական խաչելութեան։

Ու սկսաւ փայլիլ ու բարբառիլ։

Նմոյշ մը.

Պոնժուռ, Վարվարա, թի՞ քանիս, քալա՞ իսէ, այս առտու ո՞ւր էիր, չոճուխս… թիւ սէ՞, օմորֆիմու, Աշոտը Քաթինային չիչէք մը տուաւ։ Քաթինային ֆիանսէն ալ, էտոբերա կեցած էր, թօ իտէ քէ եապանիի պէս թոխատ մը զարկաւ Աշոտին։ Լը Տոն Ժուան պիէն քոննիւ Աշոտը չախըճիի պէս պուչախը քաշեց մէ Քաթինան մէջ մտաւ. էլ ա սէբարէ։ Ամա նասըլ էլա սէբարէ թոքսէվրի՞ս, պէզէ մը Աշոտին տալով, պաչիկ մըն ալ իր ֆիանսէին։ Քսանըբէնտէ հոգի մէջ մտան։ Թովրատի սա վա պարտէ։ Օն վա րիկոլէ։ Էբէյի տեսնալիք բան կայ։ Ա՜հ, լուլուտաքիմու, քէլ պապիլոն, քէլ չորպա, էքէ՜լ խայտառակութիւն։

Ահա այսպէս յունարէնը միշտ իր լեզուին վրան է, թրքերէնը իր լեզուին տակն է, ֆրանսերէնը իր լեզուին ետեւն է, իսկ հայերէն լեզուն ալ իր լեզուին ծայրն է։ Եւ ահա թէ ի՛նչու լեզուն երկար է այս բազմալեզուեանին։

Ան գիտէ վարը նստիլ ու վերէն նայիլ։ Գիտէ վարը պառկիլ ու վերէն խռկալ։ Վարը ուտել, վերը կշտանալ։ Վարը աշխատիլ ու վերը հանգչիլ։

Չենք կրնար սակայն ըսել, որ այս ինքնահաւանը բան մը չգտաւ իր գաւառացի եղբայրներուն մէջ։ Այդ մեղքը չենք գործեր, քանի որ Զմիւռնահայը մէկուն մէջ գտաւ էշ մը, ուրիշին մէջ` գոմէշ մը, երրորդի մը մէջ` խոզ մը, չորրորդի մը մէջ` ջորի մը, հինգերորդի մը մէջ` գայլ մը ու վեցերորդի մը մէջ` գազան մը։

Կարծես հայութիւնը կենդանաբանական պարտէզ մը եղած ըլլար ու ինք ալ` օտար զբօսաշրջիկ մը։

Ու չհաւնեցաւ այդ կենդանաբանական պարտէզին ալ։

Չենք կրնար սակայն ըսել, որ բնաւ բանի մը չէ հաւնած Իզմիրցին։

Ան միշտ մէկ բանի շատ է հաւնած` իր դրացիին կնկանը։

Իր դրացին ալ թերի չէ գտնուած։ Ու այսպէս՝ բարեբարի եւ ոսկեզօծ դրացնութեան տեսիլներ անպակաս են եղած։

Իզմիրցին, տօնական առիթով, իր կնոջը կ’ըսէ.

Գոհարս, քեզի ծաղիկ բերի։

Իսկ իր դրացիին կամ սիրուհիին կ’ըսէ.

Ծաղիկս, քեզի գոհար բերի։

Յետոյ անպատճառ եկեղեցի կը փութայ ու Աստուածամօրը կ’ըսէ.

Երկու մեղք ունիմ։ Առաջինը՝ Գոհարին հետ ծաղիկով գործուած ու երկրորդ մեղքս՝ Ծաղիկին հետ գոհարով գործուած։ Ահա երկու մոմ կը վառեմ ու երկու կաթիլ արցունք կը հանեմ։ Մոմերուս բոցով տաքցած արցունքներովս սրբէ մեղքերս, ո՜վ ծաղկագոհար Աստուածամայրս։

Իզմիրցին գիտէ ձեռքը ներքին գրպանը տանիլ իրեն, իրեններուն ու իրը համարածին համար։ Ուրիշներուն համար ալ ձեռքը այդ գրպանը կը տանի` կոճկելու համար զայն, յանուն քաղաքավարութեան։

Իզմիրցին գիտէ իր հայ ըլլալը. բայց ի՜նչ հայ…։ Վերի արտի հայերէն շատ աւելի վերերը բուսած հայ մը։ Այնքան հեռուն ու բարձրը բուսած, որ լոյսը իր գտնուած տեղէն մինչեւ վերի կամ վարի արտի Հայերուն կը հասնի, հարիւր տարիէն։ Մեզ նման սովորական Հայերէն որքան բարձր ըլլալը ըմբռնել տալու համար պիտի որակենք զինքը՝ վերին Երուսաղէմի Հայ։

Իզմիրցին գիտէ պաշտօնեայ ըլլալ։ Իսկ երբ գործատէր ըլլայ, գիտէ ըսել իր հայ յաճախորդին.

Հայերու հետ գործ մ’ունենար։ Իզմիրցիի հետ, ինծի հետ ըրէ առուտուրդ։

Իզմիրցին ամենագէտ է։ Ամէն նիւթի մասին կը խօսի, որովհետեւ ամէն բան գիտէ։ Մէկ բան չգիտէր. իր բան մը չգիտնալն է այդ։ Իզմիրցիին պէս բանգէտ մը, անշուշտ, այդ մէկն ալ կը սորվի։

Վերջին աղէտներուն հետեւանքով բազմահազար հայորդիներ եղան հայրենազուրկ կամ առնուազն զրկուեցան իրենց ծննդավայրէն։ Հայը եղաւ գաղթական։ Մինակ Իզմիրցին է, որ հեռանալով իր ծննդավայրէն, տարագիր չեղաւ։ Ընդհակառակն։ Ան, Իզմիրէն հեռանալով, գնաց իր բուն հայրենիքը։ Այսինքն՝ Եւրոպա։