Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽԱՐԲԵՐԴՑԻՆ

Քիւրտ՝ առաւել հայ. կ’ընէ քրտահայ։

Քրտահայ՝ առաւել բողոքական. կ’ընէ քրտահայ բողոքական։

Քրտահայ բողոքական՝ առաւել քիւրտ. կ’ընէ Խարբերդցի։

*

Խարբերդցին մեծանձն է։ Մեծ է մտքով, խօսքով, հնարքով եւ քիթով, այսինքն՝ մեծամիտ, մեծաբան, մեծահնար ու մեծաքիթ է։

Հակառակ ֆոթոժէնիք չըլլալուն՝ հագցուր իրեն քիւրտի տարազ մը, անցուր գլխուն փաթթոց մը ու կ’ունենաս կատարեալ շէյխ Սըմկօ մը։ Մերկացո՛ւր։ Եւ այս անգամ հագցուր սեւ զգեստ, ճերմակ շապիկ ու օձիք, սեւ փողկապով ու կ՚ունենաս պատուելի մը կամ մեռելաբարձ մը։

Տէրսիմի բարձրաքանդակ քարտէսը ունենալ ուզող մը կրնայ լուսանկարել Խարբերդցիի մը դէմքը, երբ մանաւանդ ան բարկացած է։

*

Ամէնուն համար Ամերիկան նոր աշխարհն է, իսկ Խարբերդցիին համար Ամերիկան հին աշխարհն է։ Կ’ըսեն, թէ Գոլոմպոսի գիւտէն առաջ Խարբերդցիները Միսիսիփիի եւ Միսուրիի ափերէն գաղթած ու եկած հաստատուած են Մուրատ գետին մօտերը` կառուցանելով Խար անուն բերդը։ Խարբերդցիներու մեծ մասը ժամանակի ընթացքին վերադարձած է իր բուն ծննդավայրը՝ Ամերիկա։

*

Խարբերդցին, հակառակ հում «քէօֆթէ» ուտելուն, եփած մարդ մըն է եւ մարդ եփելու կամ խաշելու մէջ բաւական համբաւ կը վայելէ։

*

Մեր ազգին մէջ Խարբերդցին նշանաւոր անդամ մըն է։ Չկայ գրեթէ Խարբերդցի մը, որ անդամ չըլլայ կուսակցութեան մը, հայրենակցականի մը, միութեան մը։ Աշխարհական անդամութեամբ յաճախ չի բաւականանար Խարբերդցին ու կ’ըլլայ նաեւ կրօնա-բարոյական անդամ` պատկանելով քրիստոնէութեան, հայ եկեղեցւոյ, կաթոլիկութեան, բողոքականութեան, ռուհճիութեան, մուհապէթճիութեան եւ կռապաշտութեան։

Խարբերդցին անդամ մըն է։ Այդ անդամը, իբրեւ միս, քաշուած է ու անկէ պատրաստուած «քէօֆթէ» ամէն տեսակ կազմակերպութեանց համար։

Այս պատճառով բոլոր այն միութիւնները, որոնք իրենց մէջ Խարբերդցի ունին, կը տառապին դժուարամարսութենէ։

*

Խարբերդցին կրնայ փոխել իր կրօնքը, իր հպատակութիւնը, իր գոյնը, իր լեզուն նոյնիսկ, սակայն հաւատարիմ կը մնայ խարբերդցիութեան, որ իրեն համար թէ՛ ազգութիւն է, թէ՛ հպատակութիւն է, թէ կրօնք է, թէ՛ կուսակցութիւն, թէ՛ աղանդ, թէ՛ արուեստ կամ արհեստ։

*

Կաղնիի մը պէս տոկուն եւ եղէգի մը նման ճկուն է։

Իբրեւ խօսքի մարդ՝ ճարտար է, ու իբրեւ գործի մարդ՝ ճարպիկ։

Կը յարգէ իր խօսքը, իր գործը։ Այս պատճառով ալ քիթը մեծ է։ Իր քթածայրը կամ ամպերուն մէջ է եւ կամ երկնի խորերը։ Ահա թէ ի՛նչու իր քիթէն դիւրաւ կը բռնեն աւետարանիչները, առաքեալները, սուրբերը, սրբուհիները ու մանաւանդ` «պորտ»աբոյծները։