Հայ աղբրտիք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՅՐԵՆԻ ՄԸ

Փարիզեան պողոտայի մը վրայ հանդիպեցայ ծերունի սեւամորթի մը, որ քաղաքավարութեամբ ինծի մօտենալով, մաքուր ֆրանսերէնով մը հարցուց Էթուալ հետիոտն երթալու կարճ ճամբան։ Ըսի, թէ ես ալ այն կողմը կ’երթամ ու կրնայ ընկերանալ, եթէ կը փափաքի։

Ու ինկանք ճամբայ։ Անցորդները անյագ հետաքրքրութեամբ մեզ կը դիտէին, որովհետեւ սեւամորթը զգեցած էր իր երկրի տարազը. փաթաթուած էր սպիտակներու մէջ, կը յիշեցնէր Պէտէվիները, ու գլխին ունէր պուրնուզին վեղարը։ Պատկառելի հով մը կար վրան, ու անկասկած սեւամորթ ցեղի մը պետն էր։ Հարցուցի.

Ո՞ր երկրէն էք։

Սեւ դէմքին վրայ լուսաւոր ժպիտ մը նկարուեցաւ եւ պատասխանեց.

Անշուշտ, աշխարհագրութիւն գիտէք։ Կը յուսամ, որ գիտէք։

Եթէ յաւակնութիւն չհամարէք, կրնամ ըսել, որ քիչ մը գիտեմ։ Նախընտրած ճիւղերէս մին եղած է եւ աշխարհագրութեան դասատու ալ եղած եմ։

Սեւամորթը հաւանաբար կասկածեցաւ աշխարհագիտութեանս վրայ։

Որովհետեւ Եւրոպայի մէջ քարտէս կը գծեն, սակայն, աշխարհագրութեան ուսուցիչներն անգամ, յաճախ, տգէտ են իրենց… մասնագիտութեան մէջ։ Ես ծնած եմ Նիամ Նիամ, Տիւպանքի եւ Շարի նահանգին մէջ, Մպոմու եւ Ուէլլէ գետերուն մօտ, որոնք Տիւպանքի եւ Սանկօ գետերուն հետ կը թափին Գոնկօ գետին մէջ։ Այրեցեալ գօտիին հինգերորդ աստիճանին վրայ ենք։ Վայրենիներ ենք։ Ես վայրենի մըն եմ։ Պարծանքով կ’ըսեմ վայրենի ըլլալս, որովհետեւ երկու տարի է, որ Եւրոպա եմ ու լիովին ըմբռնած ձեր քաղաքակրթութիւնը։

Շահեկան է լսել ձեր տպաւորութիւններն ու կարծիքները։

Ձեր մօտ ամէն բան սուղ է։ Միակ աժան բանը ամէնէն թանկագինը եղող՝ մարդկային կեանքն է։

Անկախ այդ իրողութենէն՝ կրնա՞ք ուրանալ մեր գիտութիւնը, մեր գեղարուեստը, մեր կրօնքը, որ բարձրագոյնն է։

Սեւամորթը կանգ առաւ, ծոցէն հանեց գիրք մը, բացաւ 166 եւ 167րդ էջերը, ցոյց տուաւ հատուած մը ու ըսաւ.

Կարդացէ՛ք։

Ահաւասիկ կարդացածիս թարգմանութիւնը.

«Հմուտ Չինացի մը, որ դաւանափոխ եղած է` ընդունելով քրիստոնէութիւնը, կ’երթայ Միացեալ Նահանգները` ուսումնասիրելու բողոքական աղանդները։ Կը քննէ նաեւ կաթոլիկութիւնը։ Իբրեւ եզրակացութիւն` կը յայտարարէ. «Կաթոլիկները կ’ատեն բողոքականները, ու բողոքականները նոյնութեամբ կը փոխադարձեն։ Ո՞ւր է սիրոյ վարդապետութիւնը»։ Վերջապէս, տեսնելով քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ընթացքը, այս անկեղծ ու պարկեշտ Չինացին կը նախընտրէ անհաւատ դառնալ` ըսելով. «Անհաւատները աւելի անմեղ են»։ Ու կը վկայէ, որ անհաւատ չինական կայսրութեան մէջ մէկ տարուան ընթացքին այնքան ոճիր չի գործուիր, որքան Շիքակոյի կամ Նիւ Եօրքի նահանգին մէջ։ Ոճրային վիճակագրութիւնները կը հաստատեն Չինացիին խօսքը»։

Գրքին անունն էր «Նոր Աշխարհ, Աւետիս Մարդկութեան», հեղինակ՝ Ֆրէյթակ։

Սեւամորթը ըսաւ.

Քաղաքակրթուած երկրի մը մէջ տարեկան սպանութեանց գումարը հազարապատիկ աւելի է վայրենի երկրի մը մէջ կատարուած սպանութեանց համրանքէն։

Այս «վայրենի»ն լախտի հարուածներ կ’իջեցնէր գլխիս։ Չէի գիտեր, թէ ինչ պատասխանեմ։ Յանկարծ լրագրավաճառ պատանի մը տեսայ։

Ըսի.

Մենք մամուլ ունինք։ Անհամար լրագիրներ…

Ըսաւ.

Ի՞նչի կը ծառայեն լրագիրները։

Լուրեր հաղորդելու։

Ի՞նչ են ձեր «լուր» կոչածները։ Թշուառութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, ոճրագործութիւններ, խաբեբայութիւններ, սուտեր, անձնասպանութիւններ, վախեր, սպառազինութիւններ, հիւանդութիւններ, դժոխային գիւտեր, պատերազմներ ու զանազան կռիւներ։ Մենք ատոնցմէ ոչ մէկը ունինք, որով լրագիր ալ չունինք։ Ո՞րն է լաւը։ Այդ օրինակ լուրեր չունենալով` լրագիր չունենա՞լը, թէ այդ խայտառակ լուրերը ունենալով` լրագիր ունենալը։

Դուք ուր որ էք, հոն կեցած էք։

Մենք ուր որ ենք, հոն կեցած ենք` տեսնելով, որ դուք ուր որ էք, հոն կը դառնաք։

Այս ալ չեղաւ։ «Պէտք է վերջապէս ջախջախեմ սա «վայրենի»ն», - մտածեցի։

Մենք պատմութիւն ունինք, մինչդեռ դուք չունիք։

Պատմութիւնը անցեալի փորձառութենէն օգտուելու համար է։ Երբ մարդ անդադար կը կրկնէ անցեալի սխալները ու բնաւ չօգտուիր փորձառութենէն՝ այն ժամանակ պատմութիւնը կը դառնայ հետաքրքրութիւն յագեցնելու աղբիւր մը։ Մենք մեր հետաքրքրութիւնը կը յագեցնենք հրաշալի հէքեաթներով։

Մենք անթերիներ չենք։ Կը խոստովանինք մեր թերութիւնները, դուք, սակայն, ինչո՞ւ չէք խոսոտվանիր ձեր պակասութիւնները։

Մենք պէտք չունինք խոստովանանքի։ Մեր ամէն տեղը բաց է, ինչպէս մեր հոգին։ Դուք, սակայն, խոստովանելու էք ճիշդ ու ճիշդ… Մոսկուացի համայնավարի մը պէս։

Անուրանալի է, սակայն, որ մենք շինողներ ենք։

Ձեր քանդելու հանճարը կը գերազանցէ ձեր շինելու հանճարը։ Ատկէ զատ` դուք կը շինէք ամէն բանին կեղծը։ Շինած էք ոսկիին կեղծը, մարգրիտին կեղծը, կտաւին կեղծը, մետաքսին կեղծը, գինիին կեղծը, կարագին կեղծը, հացին կեղծը։ Դուք ուրիշ բանի մըն ալ կեղծը շինած էք` առանց անդրադառնալու։

Ո՞րն է այդ բանը։

Մարդը։ Մարդուն կեղծն ալ շինած էք դուք, միլիոններով։ Ձեր շինած կեղծ մարդուն բարեկամութիւնը կեղծ է, արդարութիւնը կեղծ է, ազատութիւնը կեղծ է, վարդապետութիւնները կեղծ են, սիրտը, միտքը, լեզուն ամբողջովին կեղծ են։ Մենք` վայրենիներս, կը զարմանանք ձեր տաղանդին վրայ, սակայն, չենք կրնար զմայլիլ ու շնորհաւորել։ Մենք իրերը ձգած ենք իրենց բնական վիճակին մէջ, քանզի բնութիւնը ոչինչ ունի կեղծ։ Մինչդեռ դուք զբաղած էք կեղծաւորութեամբ։ Օր պիտի գայ, որ ձեր շինած կեղծերուն ալ կեղծերը պիտի շինէք տակաւին։

Չէ՞ք գտներ, սակայն, որ մեր կեանքը աւելի հանգստաւէտ է, աւելի բարձր, քան ձերինը։

Ձեր կեա՞նքը, հուա՛, հուա՛, հուա՛, հիվուա՛…

Ծերունին կը խնդար` իր ձիւթի նման անթերի ատամնաշարը ցուցադրելով։ Անցորդները նոյնպէս կը խնդային։ Փափաք մը ունէի անոնց պոռալու.

Ապուշներ, ի՞նչ կը խնդաք։ Այս «վայրենի»ն մեր քթին կը խնդայ…

Նիամ-Նիամցին շարունակեց.

Ուրեմն շա՞տ կը հաւնիք ձեր կեանքին։ Տարօրինակ։ Տեսնուած բան չէ, որ խաչեցեալ մը հաւնի իր խաչին, մահուան դատապարտուած մը հաւնի իր կիյեոթինին, ելեկտրահարութեան սահմանուած մը հաւնի ելեկտրական աթոռին։ Ձեր կեանքը, եթէ կատակերգութիւն է, շատ ողբերգական է։ Իսկ եթէ ողբերգութիւն է, խիստ կատակերգական է։ Անշուշտ, ձեր հանգստութիւնն ալ, ինչպէս բարձրութիւնը, կեղծ է, եթէ սուտ չէ։

Եւ սակայն, վերջ ի վերջոյ, մենք ենք քաղաքակրթեալները…

Ձեզի ըլլայ ձեր քաղաքակրթութիւնը։ Վրան եթէ ափերով ոսկի դնէք, չենք ընդունիր։ Ձեր քաղաքակրթութիւնը շինուած է ձեր ստամոքսին վրայ։ Ո՜րքան աղտոտ է հիմը։ Ճահիճի վրայ կանգնած է ան։ Ձեր քաղաքակրթութիւնը հոգիով ու մարմինով անօթիի լարախաղացութիւն է։ Դուք ձեր քաղաքակրթութեամբ մենէ հազար անգամ աւելի բարբարոս էք։

Ձեր կողմերը քաղաքակրթուած մարդիկ չե՞ն եկած։

Ես կը բնակիմ Նիամ Նիամի գիւղերէն Թանկայնոշա աւանը, ուր կ’ապրին միմիայն վայրենիներ։

Զիս ալ Թանկայնոշա կը տանի՞ք…

-Կը նախընտրեմ հազար թօն թոյն տանիլ ժողովուրդիս, քան ձեզ եւ կամ ձեր նմաններէն մէկը։ Կրնա՞ք, հրաշքով մը, մերկանալ ձեր քաղաքակրթութենէն։

Հասած էինք Էթուալ։ Ես փափաքեցայ բաժնուիլ իրմէ, սակայն մեկնումէս առաջ ուրիշ իղձ մը ունեցայ. հաւատացէք, եթէ քաղաքակրթութիւնը վարտիկ շապիկ ըլլար, անմիջապէս պիտի հանուէի Էթուալի հրապարակին վրայ ու, Ադամի նման մերկանդամ, պիտի նետուէի Նիամ-Նիամցի «վայրենի»ին վրայ… համբուրելու համար զինքը։ Համբուրելու իր չորս սանթիմ կախ շրթներէն։

Նիամ-Նիամցին առաջարկեց, որ ընկերանամ իրեն մինչեւ սրճարան մը, ուր Եւրոպացիի մը հետ ժամադրուած էր։ Ընկերացայ։

«Վայրենի»ին կապարճը պարպուած չէր։

Եւրոպացիին քով ալ շարունակեց նոյն նիւթը` ի մէջ այլոց յայտարարելով.

Մենք` վայրենիներս, դուրսէն սեւ ենք, սակայն, ներսէն` սպիտակ։ Իսկ դուք դուրսէն ճերմաք էք ու ներսէն սեւ։

Վայրենիներս սատանայի պատկերով հրեշտակներ ենք (անկեալ, եթէ կ’ուզէք), դուք, սակայն, Աստուծոյ պատկերով շինուած սադայէլներ էք։ Գայլեր` գառան մորթով։

Դուք հանճարեղ էք ու տխմարութիւններ կը գործէք, մենք յիմարներ ենք ու իմաստութիւնը կը գործադրենք։

Մենք կ’ուտենք, երբ անօթի ենք, մինչդեռ դուք կ’ուտուիք, երբ անօթի էք ու կ’ուտէք, երբ կուշտ էք։

Ինչ բարբարոս…անկեղծութիւն։

Եւրոպացի բարեկամը ոտքի ելաւ ու պլլուեցաւ «վայրենի»ին` զայն համբուրելով 41 աստիճան ջերմութեամբ։

Եթէ արձանագործ ըլլայի, «վայրենի»ին ու եւրոպացիին գիրկընդխառնումին արձանը պիտի շինէի` տակը գրելով.

Քաղաքակրթութեան զղջումը ։