Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻՏԸՌՈՅԻ ԱՐՁԱՆԸ

Սէն Ժեռմէն պողոտային 139 եւ 147 թիւերուն մէջտեղ խորշացած մասէն կը սկսի Կոզլէն փոքրիկ, շատ փոքրիկ փողոցը, կորսուելու համար անմիջապէս Պոնաբարդ փողոցին մէջ, շինելով անկիւն մը՝ ուրտեղ կը գտնուի լուսանկարչատունը։ Այդ լուսանկարչատան առջեւ ժամանակին յաճախ կանգ առած էր Պետրոս սպասելով որ անկէ ելլէր դուրս Նէնէթ։ Կոզլէն փողոցին քովէն կը սկսի, թեթեւ վայրէջքով մը, Մկրատներու փողոցը, որ ինչպէս անունը կ՚ըսէ, կը պարունակէ երկաթագործի կրպակներ, որոնք իրենց ճակտին կը կրեն երկաթէ նշանակներ՝ խոշոր մկրատ մը կամ բանալի մը ներկայացնող։ Այս հին, բայց խաղաղ փողոցը յանգելով Տիւֆուռ աղմկոտ փողոցին, գրեթէ կը շարունակուի Սրուակներու քիչ մը տօնավաճառ յիշեցնող փողոցով։ Թէ ուրկէ՞ առած էր սրուակներ անունը, շատ զբաղեցուցած էր Մելքոնի միտքը՝ որ նախապատուութիւն տըւած ըլլալով Հայաստանի եւ իր շուրջի ժողովուրդներու պատմութեան, քսան տարի վերջ դեռ այդ հարցականը թաղուած կը մնար մտքին խորքը։ Օրուան ամէն պահերուն աղմկոտ էր Սըրուակներու փողոցը հացագործներով, աժան ճաշարաններով, գինետուններով, սրճարաններով, գարեջրատուններով, լուացարաններով, նպարեղէնի եւ բանջարեղէնի կրպակներով, պանդոկներով։ Այդ պանդոկներէն մէկուն ձեղնայարկը կը բնակէր Մելքոն քսան տարիէ ի վեր ու այդ փողոցը քիչ մը իր հայրենիքն էր եղած։ Կը սիրէր իր փողոցը։ Կը սիրէր մանաւանդ քիչ անդին բացուող Սէն Սիւլբիսի հրապարակը՝ որուն վրայ իր ստուերը կը նետէր նոյնանուն պատկառելի եկեղեցին իր զոյգ կլոր զանգակատուներով։ Հոն էր որ կ՚երթար յաճախ նստիլ ծառերուն հովանիին տակ, նստարանի մը վրայ, դէմքը դարձուցած խոշոր յուշարձանով աղբիւրին ու հացի փշրանքներ կը բաշխէր ընտելացած աղաւնիներուն։

Այդ իրիկուն Մելքոն կանգ առած էր պողոտային կողին վրայ բացուած խորշին մէջ, ինչպէս մակոյկ մը կ՚ապաստանի ծովախորշի մը անդորրը, երբ ծովը յանկարծ կ՚ալեկոծի։ Ընկճուած, տրտում, տաղտուկ վիճակ մը ունէր։ Կանգնած էր Տիտըռոյի յուշարձանին պատուանդանին մօտ։ Դիմացը Սէն Ժէռմէն տէ Բռէ եկեղեցին սկսած էր, արդէն գորշ, բոլորովին գորշանալ իրիկուան իջնող ստուերներուն մէջ եւ մութը կը հաստատուէր զինքը պողոտայէն բաժնող երկաթէ ցանկապատին ետեւ եւ հակառակ սլացող անհամար ինքնաշարժ կառքերուն, գիւղի մը երեւոյթը կը ստանար, անջատուելով աղմուկէն ու շարժումէն։ Բարձր պատուանդանին վրայ, պրոնգէ Տիտըռոն բազմած թիկնաթոռին մէջ, դէմքը փողոցին դարձուցած, արմուկը ծունկին, խորասուզուած մտածումներու մէջ, այդ վայրին կուտար գոց պարտէզի մը տեսքը։ Նոյեմբերի իրիկունը կանուխ մը կ՚իջնէր։ Արձանին չորս դին ցցուած ծառերուն տերեւները, աշունէն դեղնած, ինկեր էին սալայատակին վրայ հաստ ու կակուղ գորգ մը կազմելով անցորդներուն ոտքերուն տակ։ Օդը թաց էր ու արգելք կ՚ըլլար որ տերեւները խշրտային՝ քայլերուն տակ ճզմուած ատեն։ Խուլ շրշիւն մը միայն կ՚ունենային դալկահար տերեւներու դէզերը՝ աճապարող քայլերէն հրմշտկուած։ Գլխահակ ու մսկոտ, Մելքոն նայուածքովը կը հետեւէր մայթին վրայ անցորդներու ոտքերէն հոս հոն շպրտուած տերեւներուն խժալուր աղմուկին, որ կարծես ոտնակոխ համեստ սիրտի մը կսկիծը ըլլար։ Թէեւ Նոյեմբերի օդին թացութեանը կպչող ցուրտը տրտում արտայայտութիւն մը կուտայ մարդուն, բայց Մելքոնի տրտմութեան պատճառը ուրիշ էր։ Ամբողջ օրը դիմեր էր ծանօթներու, փոքրիկ փոխառութեան մը համար բայց ամէն անգամ որ ուզած էր յայտնել իր այցելութեան նպատակը, անմղելի զգացում մը արգելք հանդիսացած էր։ Շրթունքները բացուելու տեղ, աւելի գոցուեր էին, դէմքը ցաւագին արտայայտութիւն մը ստացած՝ իր խօսակցին վրայ այն տպաւորութիւնը ձգելով թէ Մելքոն հիւանդ էր։ Բայց ան հիւանդ չէր, միայն թէ ուրիշէն փոխ դրամ ուզելը հիւընդցնող է։ Ամէնքն ալ գիտէին Մելքոնին ինքնաբաւ ըլլալը։ Արեւելագիտական հազուագիւտ գիրքերու առուծախը միշտ ալ բարեկեցիկ տնտեսութիւն մը ապահոված էր իրեն։ Խանութէ խանութ, Սէնի եզերքներու երկայնքին շարուած գրավաճառները, աճուրդները այցելելով ամէն օր, կոկիկ պահեստ մը ունէր թանկարժէք գիրքերու, որոնք շնորհքով դրամագլուխ մը կը կազմէին։ Բայց վրայ հասաւ պատերազմը ու գիտութեան այս համեստ սիրահարը գրաւման շրջանին իբրեւ դատարկապորտ ձերբակալուած Գերմանիա աքսորուած ըլլալով, մարդիկ կողոպտեր էին սենեակը եւ ահա, առանց իր դրամագլուխը կազմող այդ գիրքերուն, վերադարձէն ի վեր շատ դժուար կ՚ապրէր։

Ամէնէն աւելի մտահոգիչը ապաստանի մը հարցն էր։ Քսան տարուայ բնակութիւնը ինքնին պարկեշտ յաճախորդ մը կ՚ընէր զինք։ Ամիսէ մը աւելի է պարտական էր իր անցեալ եռամսեան եւ արժանապատուութեան վիրաւորանքէ մը կը տառապէր։ Գիտէր, կը ճանչնար պանդոկապետները։ Իրեն կը թուէր թէ ամէն անգամ դռնէն ներս մտնելուն պանդոկապետը անոր ձեռքերուն կը նայէր ու երբ կ՚անցնէր առանց վճարելու յետնեայ եռամսեան, իր ձեռքերուն նայող աչքերուն մէջ շփոթ, անախորժ ժպիտ մը կը տեսնէր։ Այդ ժպիտին յաճախանքէն ազատելու համար առաւօտուն դուրս ելած պահուն խոստացած էր նոյն իրիկունը վճարել, յոյս դնելով բարեկամներու օգնութեան վրայ։ Բայց չէր կրցած իր հպարտութիւնը յաղթահարել։ Դիւրին էր հեռուէն հաշիւ ընել, միայն թէ երբ դէմ դիմաց գտնուեր էր բարեկամի մը, չէր համարձակուած։ Մտքին մէջ նախապէս կազմած նախադասութիւնները փլեր էին մէկէն։ Ի՞նչ հարկ կար նուաստանալու, երբ գիտէր թէ մարդիկ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ ունէին դրամ չտալու համար։ Գործերը գէշ կ՚երթային, պատրաստի դրամ կ՚ուտէին եւ քիչ մնար որ իրենք քեզմէ դրամ ուզէին։ Աւելի լաւ է չնուաստանալ։ Ազատել գոնէ իր արժանապատուութիւնը։

Եղբայր, կ՚ըսէին իրեն, ի՜նչ շուտ կ՚երթաս, եկուր, նստիր, քիչ մը խօսինք։

Խօսքը դրամ չէր բերեր։ Եւ ատիկա իրենք աւելի լաւ գիտէին։ Մելքոն դեռ ուրիշ բարեկամներ ալ ունէր փորձելիք։ Անոնցմէ մէկը, իրեն աւելի մօտիկ բարեկամ մը, պնդեր էր նոյնիսկ կէսօրուայ ճաշին պահել։ Պարտուած՝ հետեւեր էր անոր, կառափնատուն գացող ոչխարի մը պէս։ Ու հիմա, Տիտըռոյի արձանին շուրջ դառնալով չէր կրնար իր զզուանքը պարփակել։ Կը զզուէր ինքզինքէն, իբրեւ տկար մարդ։ Միշտ տեղի տուող։ Կը վախնար մինակութենէն որ կը խորացնէր իր զզուանքը։ Ինքն իր հետ դէմ դիմաց գտնուելու վախը ու այդ վախով հանդիպիլ պանդոկապետին նայուածքին՝ որմէ քրտնող թաց ժպիտը պիտի հալեցնէր զինքը աղի պէս։ Մինչդեռ ինքը այդպէս կը տրորուէր, բարձր պատուանդանին վրայէն պրոնզէ Տիտըռոն իմաստասէրի իր հանդարտ արտայայտութեամբը կը հրաւիրէր Մելքոնը զսպելու իր ալեկոծութիւնը։ Բայց Մելքոն չէր հասկնար իմաստասէրին խրատները, իր խռովքին պատճառաւ։ Իմաստասէրին ներկայութենէն աւելի անոր նուիրուած այդ անդորր անկիւնին վրայ իջնող իրիկուան կիսաստուերին մէջ փաթթուելու պէտքն էր որ զինքը կը պահէր հոն, քանի որ չէր համարձակեր պանդոկ վերադառնալ առանց վճարել կարենալու։ Եւ իր բարկութիւնը կ՚երթար վերջին բարեկամին՝ որ զինքը ժամավաճառ ըրած էր ճաշ հրամցնելով։ Եւ ի՜նչ ճաշ ոչ աղանդերը պակաս էր, ոչ խորտիկը, ոչ պանիրը, ոչ պտուղը եւ ոչ ալ գինին։ Մելքոն հաշիւ կ՚ընէր, կը գումարէր ու կը գտնէր որ այդ գումարը իրեն փոխ տրուելով, կրնար զինքը ազատել անել կացութենէն։ Այդպէս են մարդիկ, կը ծախսեն, բայց դրամ չեն տար, նոյնիսկ՝ փոխ։ Ու յետոյ, ինչպէ՞ս փոխառութեան վրայ խօսիլ աղուոր ճաշի մը անուշ մթնոլորտին մէջ։ Ամէն ինչ խանգարուած էր եւ իր վերջին յոյսն ալ՝ ջուրը ինկած։ Ինչպէ՞ս չընդվըզիլ ինքն իր դէմ, երբ տարրական դիւանագիտութիւնը կը պակսէր իրեն։ Եթէ ճաշը մերժած ըլլար, կրնար յաջորդ օրը վերադառնալ եւ կամացուկ մը հասկցնել որ քանի մը օրէն, թերեւս երկու, թերեւս վաղը

Այդ պահուն աղջիկ մը, անձրեւի վերարկուին մէջ սեղմուած, խոշոր պայուսակ մը ձեռքին, եկաւ Տիտըռոյի արձանին ոտքը, պայուսակը գետին դրաւ ու սեւ աչքերուն կրակը ուղղեց Մելքոնին աչքերուն։

—Պարո՛ն, կրնա՜ք ըսել թէ ուր է Պոնաբարդ փողոցը։

—Հոս, անմիջապէս հոս է, ըսաւ Մելքոն գրեթէ մեքենաբար, անակնկալի եկած։

—Ա՜հ, ըրաւ աղջիկը։

—Ո՞ր թիւը, հարցուց Մելքոն, աւելի ճիշդ տեղեկութիւն մը տալու համար։

—Տասնըեօթը, պատասխանեց աղջիկը անտարբեր։

—Այն ատեն, այս կողմը, Սէն գետի կողմը, պատասխանեց Մելքն մասնաւոր հոգածութեամբ մը։

Աղջիկը ձգեց որ Մելքոն լրացնէ, կտրուկ պատասխանելու համար, միշտ անտարբեր՝

—Գիտեմ։

Մելքոն ապշած մնաց։ Լռեց, ըսելիք չգտնելով այլեւս։

—Գիտեմ, կրկնեց աղջիկը, հիմա անկէ կուգամ, բայց տունը մարդ չկայ։ Ժամը եօթէն վերջ աշխատանքէ կը վերադառնան։

—Ժամը հինգն է, ի՞նչ պիտի ընէք մինչեւ եօթը։

Մելքոնին ձայնին մէջ մտատանջութիւն մը կար։ Երբ կ՚ըսէր «Ի՞նչ պիտի ընէք», մտքին մէջ արկածներու ամբողջ հանգոյց մը քակուեցաւ։ Սիրտը կսկծաց։ Կարծես իր սեփական քոյրն էր որ յանձնուած ըլլար այս հսկայ քաղաքին յորձանքին՝ անախորժ անակնկալներով լեցուն, վտանգաւոր հանդիպումներով վխտացող։ Քայլ մը, ահա, դէպի սա գետի պէս հոսող պողոտան ու պիտի կորսուէր, նախասահմանուած որսի մը պէս։ Մելքոնի սիրտը մէկէն բացուեցաւ աղջկան վրայ, գարնան արեւի նման, զայն իր պաշտպանութեան տակ առնելու համար, մինչեւ ժամը եօթը, մինչեւ որ զայն իր ազգականներուն յանձնէր, աւելի իր սիրտը հանդարտեցնելու համար, քան թէ օգտակար ըլլալու միտքով, քանի որ, մոռցած էր իր իսկ անձկութիւնը, գաւառի խաղաղ մէկ անկիւնէն եկած աղջկան անձկութիւնը ի՜րն էր ըրած ու անոր պաշտպանութիւն խոստացած ինքն իրեն։ Բայց աղջիկը մտիկ չէր ըներ անոր խօսքերուն ու կը շատախօսէր անդադար, մեղմ ձայնով մը, գրեթէ մենախօսութիւն մը որ Նոյեմբերի թաց օդին կպչած, չէր հեռանար, կը մնար կախուած տերեւաթափ ծառերուն մերկ ճիւղերէն Տիտըռոյի մտածկոտ ու անտարբեր դէմքին շուրջ։ Գլուխը թեթեւ մը ծռած, ձեռքերուն հետ խաղալով, աչքերուն մէջ կենդանի մշոյլ մը, վառվռուն՝ ուրկէ բացակայ էր ամենադոյզն վտանգի մը կասկածը։ Ան կը պատմէր, կը պատմէր. «Տարիներէ ի վեր սպասեր եմ այս վայրկեանին։ Քսանըմէկ տարեկան։ Երէկ իրիկուն քսանըմէկ տարեկան եղայ։ Այս առաւօտ ժամը չորսին ճամբայ ելայ, գաղտնի, ետեւի դուռէն, կամացուկ մը փախչելով։ Քսանըհինգ քիլօմէթր քալեցի մեծ ճամբուն վրայ առաջին գնացքը առնելու համար։ Պայուսակս ծանր էր, բայց վրաս այնքան ուժ կար, խորհելով որ շուտով ազատ պիտի ըլլայի։ Քսան մէկ տարեկան հիմա ա՛լ ազատ եմ, ոչ ոք կրնայ խառնուիլ իմ գործերուս, մանաւանդ ան, խորթ մայրս, ջատուն, բայց հայրիկս կը սիրեմ։ Հիմա ան պիտի տխրի ինծի տունը չտեսնելով։ Խեղճ հայրիկս, այդ կնոջ ձեռքը։ Հիմա քսանըմէկ տարեկան եմ, ազատ …» ու աղջիկը գլուխը վերցուց չորս դին նայելով ու Մելքոնի սիրտը դողաց աղջկան վերջին բառէն։

Ազատութիւնը վերահասու վտանգի մը պէս կը սպառնար աղջկան։ Առաջին հանդիպողը պիտի քաշէր զայն ու օգտագործէր անոր ազատութիւնը, քանի որ գինով էր աղջկան հոգին, տրամադրելի՝ բոլոր խօլանքներուն, կուսական հետաքրքրութեամբը պղտորած։ «Քեզի ի՞նչ» կ՚ըսէր Մելքոն մտովին «քո՞ւ վրադ մնացեր է կորստեան մատնուած աղջիկներուն պաշտպանութիւնը։ Դուն Ռոչիլտ ե՞ս, ինչ ես, հազարաւոր աղջիկներ այս պահուս այս համայնակուլ ոստանին մէջ իրենց կուսութիւնը կը զոհաբերեն սիրոյ տաճարներուն մէջ որ սա անհամար պանդոկներն են»։ Ու աչքերը ետ քաշեց աղջկան փարթամ կուրծքէն՝ ուր գացեր էին անոնք ակամայ։ Բայց աղջկան միամիտ, այլ՝ իմաստալից ժպիտը կառչեցաւ անոր խուսափող նայուածքին, ինչ որ քաջալերական մը եղաւ Մելքոնին որ ծռեցաւ, վերցուց պայուսակը եւ առաջարկեց աղջկան երթալ դիմացի սրճարանը, մինչեւ ազգականներուն վերադարձը։

Սրճարանին փոքրիկ սրահը պարապ էր։ Մելքոն պայուսակը տեղաւորեց անկիւն մը ու ամենայն գուրգուրանքով աղջիկը նստեցուց կակուղ նստարանին վրայ ու ինքը նստաւ դիմացը, աթոռի մը վրայ։ Հոգին լեցուն էր քնքոյշ բաներով այդ պահուն։ Զգաց որ ամէն ինչ նուէր էր իր մէջ։ Եթէ տիեզերքը իրեն պատկանէր, անպայման նուէր պիտի ընէր աղջկան։ Ի՜նչ հաճոյքով երկինք պիտի երթար քաղելու աստղեր, փունջեր կապելու աղջկան համար։ Ծռեցաւ սեղանին վրայէն ու հարցուց թէ ի՞նչ կ՚ուզէր խմել.

—Տաք բան մը, ցուրտ է, ըսաւ։

Բայց աղջիկը կը նախընտրէր ախորժաբեր մը։ Օ՜հ, տղայ չէր, վարժուած էր։ Սրճարան մը ունէին մեծ ճամբուն վրայ՝ ուր կանգ կ՚առնէին կառքերը եւ ճամբորդները կը յագեցնէին իրենց ծարաւը, որ մեծ էր ամառուան տօթէն ու փոշիէն։ Ինքն ալ այսպէս կրնար սպասարկել. աչքին ծայրով ցոյց տալով սպասաւորը որ կռնակը դարձուցած էր սեղանին վրայ դնելէ ետք Մարթինի մը եւ հասարակ գարիէ սուրճ մը խորհելով որ դրամը չէր բաւեր, պարզ հինգ ֆրանքնոց զախարինով սուրճ մը ապսպրեր էր իրեն համար, պատճառաբանելով որ ալքոլը արգիլուած էր իրեն, աքսորին ստամոքսը խանգարուած ըլլալուն համար Միայն թէ ինքը անոր, սպասաւորին պէս, չէր կրնար մէկ ձեռքով բռնել ափսէն։ Երկու ձեռքով կը բռնէր։ Պանդոկին բոլոր գործերը ինք կ՚ընէր, սենեակները մաքրելը, յարդարելը։ Միայն ճաշը ինք չէր պատրաստեր։ Ճաշը խորթ մայրը կը պատրաստէր։ Կը ճանչնա՞ր խորթ մայրը, անշուշտ չէր ճանչնար. «Խենթ եմ, ըսաւ խնդուքը զսպելով, հարկաւ չէք ճանչնար, ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայիք»։ Ու ձեռքի պայուսակը դրաւ սեղանին վրայ, բացաւ, երկու ձեռքերը մխրճեց անոր մէջ ու փնտրածը գտնելու համար ստիպուեցաւ դուրս հանել մէջինները, սանտր, շրթունքի կարմիր, բրնձափոշիի տուփ մը, թաշկինակ մը, թուղթի կտորներ, փոքրիկ տետրակներ, մանր դրամ, թղթադրամ, զանազան առարկաներ, ամբողջ շուկայ մը, Կալըռի Լաֆայէթ մը, մինչեւ որ վերջապէս գտաւ փնտռածը՝ լուսանկարներու տրցակ մը։

Ասիկա իրենց պանդոկն է, ահա՛, այս ալ իրեն սենեակն է, սա ճաշասրահն է, ետեւը՝ պարտէզին մէջ հայրն է, «Խե՜ղճ հայրիկս, հիմա այնքան պիտի տխրի» միւսը՝ խոհանոցին դրան առջեւ, խորթ մայրն է, փառաւոր կին մը ու Մելքոն անմիջապէս հասկցաւ, որ միւս նկարին մէջի տխեղծ մարդուկը ուրիշ բան չէր կրնար ընել եթէ ոչ խաղալիկ մը ըլլալ այդ յորդահոսան էգին ձեռքերուն մէջ։ «Չէ՛, միւսները չեմ ցուցըներ» ամչկոտ ծեքծեքումներ ըրաւ, սեղանին վրայ շարելով մէկտեղ երեք չորս լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնէին իր մանկութիւնը։ Աղջնակ մը՝ որ դեռ կին չէ եղած, մարմինը տակաւին ձեւ չէ առած, քիչ մը գունտ ու կլոր, բումբերը հաստկեկ, իրանը կոճղի մը նման՝ որուն վրայ հարուստ, քիչ մը շատ հարուստ կուրծք մը կը բլրանար։ Ո՛չ, ուրիշ պատկեր չունէր, այս ինքն՝ ունէր հատ մը, բայց չէր համարձակեր ցուցնելու, որովհետեւ ահաւասիկ գտաւ։ Պատկերին կէսէն վերէն վար մկրատով կտրուած, անհետացնելու համար այն պատահական երիտասարդը, որ մէջքին վրայ ձգեր էր իր ձեռքը, մատնելու համար արարք մը զոր զղջացած էր յետոյ։ Ինչպէ՞ս ատենին չէր զգացած, որ տգեղ արարք մըն էր ըրածը։ Հիմա կը ցաւէր, շատ կը ցաւէր, որ ըրած էր նման բան մը։ Յանցանքը իրը չէր։ Յանցանքը Ազատագրութենէն ետք Ազգային առաջին տօնինն էր, Յուլիս 14ին, երկու տարի առաջ, երբ տասնըինը տարեկան էր։ Այդ նկարին մէջ արդէն կին էր եղած։ Մարմինը ձգեր էր աղջնակի միակտուր ձեւը եւ ստացեր՝ կնոջական կորութիւններ, որոնք յստակօրէն կը պարզուէին ամառնային թեթեւ շրջազգեստին տակ։ Կուրծքը աւելի դիւթական էր իր ծանրութեամբը ու մէջքը բարակցած. նայուածքին մէջ կնոջական խորամանկութիւն մը կար, ինչ որ՝ միտքէն կուգար, հասունցած միտքէն, որ կ՚ըսէր թէ գիտէր, ինչ որ բան գիտէր, եւ որուն ինք տէրն էր, բացարձակ տէրը՝ ընդունելու կամ մերժելու։ Ինչպէ՞ս այդ օրը ընդունած էր։ Բայց ըսաւ թէ Յուլիս 14ն էր։ Փողոցները պար կար, ոգեւորութիւն, ո՞վ կը նայէր մանրամասնութիւններուն։ Լեցուն զինուորներ կային, ամերիկացի զինուորներ։ Ան որ իր ձեռքը ձգեր էր մկրատով կտրուած պատկերին մէջ, ան ալ ամերիկացի էր, խափշիկ մը, բայց գեղեցիկ, վագրի պէս ճկուն, օձի պէս գալարուն ու սուլող՝ սպիտակ ակռաներուն մէջէն։ Այն օր է, որ ամէնէն աւելի ատած էր խորթ մայրը ու վճռած փախչիլ հասուն տարիքը հասնելուն պէս։ Ո՛չ, օր մը իսկ չպիտի կենար երբ քսանըմէկ տարեկան ըլլար։ Ինչո՞ւ կենար, հէ՞, ինչո՞ւ պիտի կենար ատանկ տփոց մը ուտելէն վերջ, ան ալ ուրիշներու առջեւ։ Հարկաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ, ատանկ բանտապահ մը, հօրը բանտապահը Խեղճ հայրիկ, հիմա ինչքան պիտի տխրի երբ փախած ըլլալս իմանայ։ Դուք ի՞նչ կը հասկնաք որ, հարկաւ, կը խնդաք քթերնուդ տակէն։ Եղբայրս արդէն այդ ջատուին երեսէն փախաւ, բայց ան տղամարդ էր, ան կրնար։ Ե՛ս գիտեմ թէ հայրիկս ինչքան տառապեցաւ, բայց այդ կինը կ՚արգիլէր, որ հայրս ցաւ ունենայ, կ՚արգիլէր որ տրամի, այդ ի՜նչ տեսակ տղայ է, որ տունը կը ձգէ ու կը փախչի։ Այդ ի՜նչ տեսակ հայր է, որ անառակ զաւակի մը համար նստեր կուլայ։ Կուլայ, կը հասկընա՞ք, կնիկի պէս կուլայ։ Հը՛, կնիկի պէս։ Գիտէք ի՞նչ կ՚ընէր հայրիկս. սիրտը պարպելու համար։ Գաղտնի սենեակս կուգար, թեւերուս մէջ կ՚իյնար ու կուլար, աղուոր մը կուլար ու կը մեկնէր։ Խե՜ղճ հայրիկս, հիմակուան պէս կը զգամ գլխուն կուրծքիս վրայ ցնցուիլը լացէն։ Ու ես մխիթարական խօսքերով գլուխը կը շոյէի։ Զարմանալի՜, կարծես թէ ես անոր մայրը ըլլայի եւ ոչ թէ աղջիկը…»։

Մելքոն ափ ի բերան կտրած մտիկ կ՚ընէր։ Աղջիկը լարուած կռամաֆոնի պէս կը խօսէր, կարծես ինքնիրենը կը խօսէր, կարճ ընդհատումներով, որ Մելքոնը աւելի անհամբեր կը դարձնէր։ Իրեն այնպէս կը թուէր թէ հրաշալի ճամբորդութեան մը ելած էր անծանօթ աշխարհի մը մէջ՝ ուրկէ այլեւս վերադարձ չկար։ Ամէն ինչ փոխուած էր իր շուրջը, միջոցն ու ժամանակը։ Ինքն ալ պզտիկցած էր կարծես, պատանի եղած, պատանի մը, որ մայրական գգուանքներու կարօտն ունի։ Զրկուած մանկութեան մը յիշատակը արթնցած էր անոր մէջ։ Մտքով փոխադրուած էր երկիր, մինչեւ 1905ի ջարդերը, որ զինքը որբացուցած էին։ Չարքաշ կեանք մը եղած էր իր կեանքը, ապրելու, սորվելու համար։ Սորվելու ծարաւը շատ բաներէ զրկած էր զինքը ու երբ կրցած էր կեանքին մէջ տեղ մը շինել իրեն, յանկարծ ծերացած գտած էր ինքզինքը։ Այդ զգացումին համաձայն նկարագիրը շինուած, այսինքն՝ խոնարհ, համակերպած մարդ մը եղած էր, ինչ որ ուրիշներուն ըսել կուտար թէ «Մելքոն բարի մարդ էր»։

Ամէն մարդ ակնածանք մը ունէր Մելքոն Մելքոնեանի այդ բարութեան հանդէպ։ Բայց այդ պահուն Մելքոն ինքզինքը պատանեցած զգալով, իր մէջ տեղ բռնած էր պատանեկութեան յատուկ եսասիրութիւնը, որ կ՚ուզէ ամէն ինչ սեփականացնել, իրեն ծառայեցնել։ Եւ սակայն սոսկաց այն մտածումէն թէ սեփական օգուտ մը կ՚ակնկալէր իր օգնութենէն, թէ կ՚ուզէր օգտագործել մինակ աղջիկ մը ու այդ՝ անոր մինակութեանն իսկ պատճառով, քանի որ մինակութիւնը իր մէջ կը պարունակէ տկարութիւն։ Ուրեմն տկարն է, որ կ՚ուզէր օգտագործել եւ ոչ թէ սիրել աղջիկ մը, որ իր մէջ նոր դռներ էր բացեր անսպասելիօրէն, հին ծարաւ մը արթնցուցեր էր սրտին մէջ՝ ուր տարածուելու, յափշտակելու տենչը կը մտրակէր թմրած, որջին մէջ ծուարած կեանքը։ Բայց, ափսո՜ս, մերժեց ներքին մղումը եւ զայն խեղդելու մը կտրեց աղջկան խօսքը եւ պնդեց որ անպայման այդ օրն իսկ հօրը գրէ, զայն տեղեակ պահէ իր կեանքին, ապահովեցնելով անոր անհանգիստ սիրտը։

Մէկէն աղջիկը լուսաճաճանչ դէմք մը վերցուց Մելքոնի վրայ ու երազի մէջ արտայայտուած խօսքի մը պէս, ըսաւ.

—Ի՜նչ բարի էք։

Մելքոն շփոթի մատնուեցաւ։ Չէր գիտեր ի՞նչ պատասխանել, ինչպէ՞ս մերժել իրեն առաջարկուած գովասանքը, որուն արժանի չէր զգար ինքզինքը։ Եթէ բացատրելու ըլլար այն բաները որ տեղի կ՚ունենային իր մէջ, ինչ որ գազանային, չար բարեբախտաբար, ճիշտ այդ պահուն սրճարանին դուռը բացուեցաւ եւ զոյգ մը ներս մտաւ։ Բարձրահասակ մարդ մը, վաթսունի մօտ տեսքով ու երիտասարդ աղջիկ մը, որ կրնար 20էն 25ի շուրջ ըլլալ։ Մարդուն աղջկան տեղ բանալու համար ըրած մեծարանքէն հասկցուեցաւ, որ անոնք հայր ու աղջիկ չէին եւ այդ բանն է, որ ինքնաբերաբար խնդուք մը տուաւ մեր գաւառացի գեղջուկ աղջկան, որ բնազդով կը զգար անմիջականօրէն, ինչպէս զգացած էր ձեռքը վրան դրածի պէս, թէ Մելքոն իրեն համար ամէն զոհողութիւններու պատրաստ էր։ Զոյգը նստաւ իրենցմէ քիչ մը հեռու։ Մարդը կոկոզավիզ, լամբակին վրայ Պատուոյ Լէգէոնականի կարմիր ժապաւէնով, իսկ աղջիկը գլուխը կուրծքին վրայ հակած, ամօթխած արտայայտութեամբ մը։ Երբ սպասաւորը մօտեցաւ, մարդը արժանաւոր շեշտով մը, ըսաւ.

—Սովորականին պէս։

Սպասաւորը, հազիւ թէ կռնակը անոնց դարձուցած էր, դժուարաւ զսպեց երեսին վրայ չարակամ ժպիտ մը, որ շատ անախորժ եկաւ Մելքոնին, երբ, իր կարգին, յանկարծ վերյիշեց նոյն ժպիտը (նշմարուած հայելիին մէջէն) այն ատեն երբ իրենց կռնակ կը դարձնէր պատուէրը առնելէ վերջ։ Մէկէն տխրեցաւ։ Աղջիկը կը խնդար չես գիտեր ինչու համար։ Այդ խնդուքէն ազդուած՝ Մելքոնի դէմքը աղիողորմ արտայայտութիւն մը ստացաւ։

Յոգնած սիրտով մըն է, որ նկատի առնել տուաւ աղջկան թէ ժամը եօթը քառորդ կ՚անցնէր արդէն։ Ատեն էր ազգականներուն երթալու։ Բաժանումի գաղափարը աւելի խորտակեց Մելքոնը՝ որուն անհանդուրժելի կուգար այլեւս մինակութիւնը։ Անոր ամայի կեանքը հիմա մարդկային էակի մը բնակութիւն տուած էր, ինչ որ ալ ըլլար ան, իբրեւ իր աղջիկը, իր բարեկամուհին կամ նոյնիսկ իբրեւ իր կինը։ Ոտքի ելլելու վրայ էին, վճարելէ ետք անհուն գոհունակութեամբ մը թէ դրամը բաւած էր երբ յանկարծ աղջկան ձեռքը առաւ ձեռքին մէջ ու սիրազեղ շեշտով մը խնդրեց, նայուածքը անոր նայուածքին ուղղած.

—Ինծի նայեցէք, հիմա պիտի մեկնիք ու խառնուիք սա քաղաքին չորս միլիոն բնակիչներուն։ Ո՞վ գիտէ, մէյ մըն ալ երբ կը հանդիպինք իրարու։ Կ՚ուզեմ յիշատակ մը պահել այս հանդիպումէն, կ՚ուզէ՞ք ինծի տալ ձեր անունը։

—Ժանէթ, ըսաւ աղջիկը, առանց սպասցնելու, Ժանէթ Վէռտիէ։

—Ժանէ՜թ, կրկնեց Մելքոն ժպտագին նայելով աղջկան եւ այդ պահուն իրեն խորապէս զգալի եղաւ, որ այնուհետեւ բոլոր կիներուն դէմքին վրայ Ժանէթի դէմքն է, որ պիտի տեսնէր, թէ ամբողջ քաղաքը պիտի լեցուէր հազարապատիկ, միլիոնապատիկ Ժանէթներով։

Յետոյ վերցուց անկիւնէն կաշեպատ պայուսակը եւ դուրս ելան։ Հասնելով Տիտըռոյի արձանին առջեւ, Մելքոն Ժանէթին յանձնեց պայուսակը։

—Հիմա դիմաց կ՚անցնիք, բայց ուշադրութիւն դիմաց անցած ատեննիդ։ Այս ժամուն պողոտային այդ անկիւնը ճշմարիտ փոթորիկ մըն է։ Յետոյ կ՚երթաք եկեղեցիին առջեւէն եւ հրապարակին միւս կողմը Պոնաբարդ փողոցին շարունակութիւնն է։

Յիշեց որ աղջկան ծանօթ էր թէ՛ տունը եւ թէ փողոցը, բայց ներքին անզուսպ պահանջ մը իրեն պաշտպանի դեր խաղալ տակաւին։ Երբ ձեռքը երկարեց աղջկան, չկրցաւ չարտայայտել իր զգացումները եւ ըսաւ վիրաւոր ձայնով մը.

—Գիտէ՞ք, զարմանալի զգացում մը կայ մէջս։ Ես ինծի ձեր պաշտպանի դերը տուեր եմ ու կը թուի թէ ուր որ ալ երթաք առանց ինծի, կորսուած էք, թէ անհաճոյ բան մը պիտի պատահի ձեզի, ամէն վայրկեան վտանգ մը ձեզ պիտի հետապնդէ։ Ատոր համար է, որ ներսիդիս ձեզ ամէն տեղ հետեւելու փափաք մը կայ։

—Հի՛, հի՛, ըրաւ Ժանէթ, կլթիկի պէս խնդուք մը, որ անդրադարձաւ Մելքոնին տրտմութեան վրայ եւ քանի որ տխրութիւնը տհաճ բան մը եւ վանողական ուժ մը ունի միայն երջանիկ եւրոպացիին համար, Մելքոն բռնազբոսիկ զուարճութիւն մը տուաւ ինքզինքին եւ ուղղակի հարցուց.

—Ժանէ՛թ, ինծի կ՚առնէի՞ք եթէ երիտասարդ ըլլայի։

Ժանէթին դէմքը լրջացաւ։ Փողոցին լապտերին լոյսը կ՚ողողէր անոր գլուխը, լայն ճակատը, լեցուն կարմրախայծ այտերը, կարճ ու մսուտ կզակը զոր բարձրացուցած էր, սեւ մանրիկ աչքերուն լուսեղ նայուածքը Մելքոնին ուղղելու համար, կը պարզէր փափուկ, ողորկ ու կաթնաթոյր վիզ մը։ Մելքոն անհամբեր կը սպասէր պատասխանին, որ չէր գար, բայց տեսաւ Ժանէթի դէմքին վրայ շրթունքներուն դանդաղ կորացումը, որ յանկարծ ճաթեցաւ շատ հասուն միրգի մը նման, դուրս տալով շշուկ մը, որ կ՚ըսէր «այո՛»։

—Բայց ծեր եմ, չէ՜, շատ ծեր, յիսուն տարեկան։

Այս անգամ պատասխանը անմիջական եղաւ, առանց վարանումի, միեւնոյն բառով.

—Այո՛։

Ինչքա՜ն անգութ է երիտասարդութիւնը, որ ստել չի գիտեր, որ չունի կեանքի փորձառութիւնը, մտածումը փափկութեամբ արտայայտելու գաղտնիքը։

—Գացէ՛ք, գացէ՛ք, ըսաւ աղջկան ձեռքերը սեղմելով ձեռքերուն մէջ, հիմա ձեզի կը սպասեն ձեր ազգականները։

—Բայց անոնք ազգականներ չեն։ Ես Փարիզ ազգական չունիմ։

Ո՛չ, չէր կրնար ուրեմն թող տալ, որ երթայ։

Այս ի՜նչ փորձութիւն էր խեղճ Մելքոնի գլխուն։ Նորէն պաշտպանի դերը առաջին գծի վրայ եկաւ, իր կեանքը պատնէշ ըրաւ աղջկան կեանքին առջեւ, որոշ իրաւունքներ տալով ինքզինքին։

—Այն ատեն պէտք չունիք անոնց երթալու։ Ըսիք, որ նամակատան պաշտօնեայ են ու փոքրիկ բնակարան մը ունին։ Ես խոշոր սենեակ մը ունիմ, ձեղնայարկի վրայ։ Քանի մը օր բարեկամներու մօտ կը մնամ, մինչեւ որ ձեզի գործ մը գտնենք։ Անկէ վերջ պանդոկի մէջ սենեակ մը կը վարձենք ձեզի։ Կը տեսնէք, շուտով փարիզուհի կ՚ըլլաք ու մեզի ալ չէք հաւնիր։

—Հի՛, հի՛, ըրաւ Ժանէթ։ Գոհ խնդուք մը, որ դողդղաց հրեշտակային վզին մէջ։

—Բայց շուտ մը գացէք լուր տալու, որ եկած էք։ Ես ձեզի կը սպասեմ հոս։ Ձգեցէք պայուսակը։

Ժանէթ ցատկեց տեղէն։ Քանի մը ոստումով անցաւ դիմացի մայթին վրայ, ուր այդ պահուն մէթրոյէն ելլող բազմութենէն կլանուեցաւ։ Երբ ալ չտեսաւ զայն, Մելքոն տեղէն շարժեցաւ, դարձաւ Տիտըռոյի արձանին շուրջը, նայեցաւ անոր ձեռքին մէջ գտնուող առարկային, սրունքներուն գեղեցկութեան, կարծես այս բոլորը կ՚ընէր չմտածելու համար։ Չէր ուզեր անդրադառնալ իր անսպասելի երջանկութեան, որ կրնար թռչնիկի մը պէս փախչիլ։ Առ այժմ կարեւորը այն էր, որ Ժանէթ իրեն պէտք ունէր։ Այնքան ատեն, որ ան իրեն պէտք ունէր, ինք պիտի կրնար անով զբաղուիլ եւ իմաստ մը տալ իր կեանքին, ապրելու նպատակ մը դնելով անոր մէջ։

Մինչ այդ, վազելով վերադարձած էր Ժանէթ։ Երեկոյեան զովութիւնը իր վազքին հետ աւելի կարմրցուցեր էր անոր այտերը։ Առանց այլեւայլի Մելքոն վերցուց պայուսակը, թեւը անցուց Ժանէթի թեւին ու միասին մտան Սրուակներու փողոցը։

—Կը հասկնա՞ք, կ՚ըսէր Ժանէթ սեղմուելով Մելքոնին, մեզի յաճախորդ էին։ Ազատագրութենէն յետոյ երկու ամառէ ի վեր արձակուրդին մեզի կ՚անցընեն։ Ես կը յարդարէի անոնց սենեակը, ճաշը կը սպասարկէի եւ շատ բարեկամ եղած էինք։ Յաճախ կը թղթակցէինք, ուտեստեղէնի ծրարներ կը ղրկէի իրենց, անշուշտ վճարովի, չէ՛, ատ էր պակաս, թէ՛ ղրկել, թէ վճարել։ Կինը շատ լաւ բարեկամուհիս է։ Իրիկունները միասին կը պտըտէինք, իր ամուսինը հօրս եւ ուրիշ բարեկամներու հետ պըլոթ կը խաղար։ Հի՛, հի՛…»։ Պահ մը լռեց։ Ապա նորէն «հի՛, հի՛» ըրաւ։ Գաղտնիք մը կար, որ չէր կրնար իրեն պահել։ Բայց որովհետեւ դիւրին դուրս չէր գար այդ գաղտնիքը, որ բացայայտօրէն զուարճութիւն կը պատճառէր իրեն, Ժանէթ նորէն «հի՛, հի՛» կ՚ընէր մինչեւ որ դժուարութիւնը քակուեցաւ կամաց կամաց։

—Գիտէ՞ք, ըսաւ վերջապէս, օր մը ամուսինը ինծի աչք ըրաւ։ Կինը տեսաւ եւ անանկ ապտակ մը իջեցուց երեսին, որ ինքն ալ զարմացաւ թէ ինչպէս կրցած էր ապտակել։ Յետոյ, գլուխը տնկած, խիստ ձայնով մը ըսաւ. «Մէյ մըն ալ ասանկ պզտիկ աղջիկ մը գլխէ չհանես»։ Բայց երկու օր վերջ, սանդուխներուն վրայ, ծիծիս ծայրը անանկ մը կսմթեց որ …։

Մելքոն ցնցուեցաւ։ Արդեօ՞ք Ժանէթ դիտմամբ անոր մտածումը կ՚ուզէր քաշել այդ բաներուն շուրջ։ Ուզեց աւելի աղջկան միամտութեանը վերագրել այդ։ Այսպէսով միտքը կը ձերբազատուէր անկէ եւ կը զբաղուէր իր պաշտպանի պարտականութիւնով։

Անցեր էին փողոցէն ու արդէն, ահաւասիկ, սա էր պանդոկը։ Պանդոկին վրայ խոշոր ու մաշած գիրերով գրուած էր Օթէլ։ Ներս մտնելով՝ երկար նրբանցք մըն է ու ձախին, ապակեդարանի մը ետեւ՝ գրասենեակը՝ որուն խորքին մէջ կ՚երեւէր ճաշասենեակը։ Պանդոկապետը իր ամբողջ ընտանիքով եւ երկու սպասուհիներով սեղան նստած էին։ Մելքոն ու Ժանէթ անարգել անցան եւ բարձրացան չորս յարկի նեղ սանդուխներէն։

Երբ սենեակ մտան, Ժանէթ ուղղակի նետուեցաւ անկողնին վրայ, ձեռքերը գլխուն տակ, սկսաւ պիշ֊պիշ նայիլ չորս դին եւ մերթ ընդ մերթ շարժում մը կ՚ընէր, որ անկողնին մէջ կը մխրճէր զինքը, կարծես հոն արմատ նետելու համար։

—Շատ լաւ է այստեղ, ըսաւ լռութիւնը խզելով, մինչդեռ Մելքոն, կազը վառած, վրան ջուր դրած էր, որպէսզի նախ եւ առաջ Ժանէթ լաւ մը լուացուէր։ Անդադար շարժման մէջ էր, բան մը ընելու վրայ էր, վախնալով անշարժութեան մէջ աղջկան հետ դէմ դիմաց գտնուելէ։

Երբ ջուրը եփ ելաւ ու սենեակը քիչ մը կարգ ու կանոնի դրաւ, գնաց նստեցաւ մաշած թաւիշէ թիկնաթոռին մէջ։ Ժանէթ, տեղէն ցատկելով, լուացարանին առջեւ անցաւ։ Տաք ու պաղ ջուր իրար խառնեց, ձեռքը բարեխառնուած ջուրին մէջ խօթեց հանեց, գոհունակ շարժումով մը գօտին քակեց ու մէկ անգամէն շրջազգեստին քղանցքը գլխուն վրայէն անցընելով, հանեց շրջազգեստը ու զայն հեռուէն շպրտեց անկողնին վրայ։ Զուարթ տրամադրութիւն կար վրան։ Արդէն իր տան մէջ էր։ Բնաւ նորեկի երեւոյթ չկար վրան ու չէր քաշուեր Մելքոնէն, որ անտարբերութիւն կը ձեւացնէր, իբրեւ թէ չէր նայեր կիսամերկ աղջկան, բայց արդէն իր անօթի աչքը ամէն մէկ մանրամասնութիւն չափած էր։ Աղջկան անտարբերութեան մէջ ձեւականութիւն չկար, բնական պարզութիւն մը, որ այրին ծերութենէն կուգար թերեւս, անոր անվտանգութենէն։ Լուացքի պահուն թեւերուն տակէն ուրուագծուող փափուկ մսի կորութիւնները, յորդող կաթին պատճառած աճապարանքովը կը լեցնէին Մելքոնին սիրտը։ Ու Մելքոն, քաղաքավարութեան տուրքը վճարելու համար, նայուածքը կը քաշէր լուացքի տեղէն, կը թափառեցնէր զայն հոս հոն, սենեակին մէկ անկիւնէն միւսը, առանց կարենալ հետը տանելու սիրտը, որ կը մնար աղջկան մօտ, դողդոջուն եւ հեւասպառ։ Բայց այս խաղը չէր կրնար տեւել այսպէս։ Լուռ էր Մելքոն, մեղքը իր հոգիին մէջ ումպ ումպ ըմբոշխնելով, մինչդեռ աղջիկը լեզուանի, կաչաղակի մը պէս կը ճախրէր, պատմելով հինէն ու նորէն, չնչին բաներու մէջ ծանրակշիռ շեշտ մը դնելով, երբ անգամ մըն ալ, շապիկին ուսակապերը վար իջեցուցած, կուրծքը լուալու վրայ էր, անոնց նայուածքները իրար հանդիպեցան եւ ատկէ յառաջ եկաւ շատ պղտոր ու խռովեցուցիչ կացութիւն մը։ Ժանէթ մէկէն դադրեցաւ խօսելէ, բերանը բաց մնաց ու ձախ թեւը կայծակի արագութեամբ գնաց կուրծքին վրայ, ծածկելու համար ինչ որ հաւանաբար բնաւ պէտք չէր ցուցնել։

Մելքոն տեղէն ելաւ, գնաց պատուհանին առջեւ, ուրկէ փողոցը չէր տեսնուեր, որովհետեւ փոքրիկ քառակուսի պատուհանը բացուած էր տանիքին ծուռ մասին վրայ եւ տանիքին քիւը կը յառաջանար ծածկելով իրմէ փողոցին տեսարանը, բայց ոչ աղմուկը, որ նեղ փողոցին պատերուն զարնուելով, արձագանգ տալով, կը բարձրանար ազատ օդին մէջ։ Մելքոն կը սիրէր տանիքներու տեսարանը եւ անոնցմէ վեր, Սէն Սիւլբիսի զոյգ թագաձեւ զանգակատուներուն զանգուածը, որ լուռ ու խոժոռ է իրիկուան, երբ աղմուկը քիչ կը պակսի քաղաքին մէջ ու կը նաւէ դէպի գիշերային խաղաղութիւնը։

Պատուհանին առջեւ, Մելքոն իր մտածումներուն անձնատուր, կը ճգնէր մոռացութեան տալ ետեւը երկու երեք մէթր անդին, սանին մէջ գաղջ եւ օճառոտ ջուրը ճողփացնող աղջիկը՝ որուն թեւերուն տակէն ստինքներու ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն յանկուցիչ տեսարանը յայտնուեր էր իրեն եւ թարթիչներուն ծայրը կպած, ա՛լ չէր ուզեր հեռանալ։ Հիմա, գգուանքներու, ցանկութիւններու ամբողջ աշխարհի մը հանգոյցը քակուեր էր ու կը գլորէր Մելքոնեանը, կը գլորէր հեշտանքներու զառիթափն ի վար։ Չէր հասկնար թէ ինչո՞ւ համար աղջկան հեռացումը տաղտուկ մը կը բերէր մտքին մէջ։ Չտեսնել այլեւս Ժանէթը, գիտնալ թէ իր անտարբեր երիտասարդութիւնը կը պտտցնէ իրմէ հեռու, իր տեսողութենէն դուրս ու ինք չպիտի կրնայ հսկել անոր վրան, խորհիլ այն բոլոր փորձանքներուն ի՞նչ փորձանք ո՞վ է այս հարցը տուողը։ Մելքոն շշմեցաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ինքնիրե՞ն հարց կուտար։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ փորձանքը։ Աղջիկ մը երբեք անպատսպար չի մնար, միշտ, ամենուրեք, ամէն պահուն մէկը, ծեր կամ երիտասարդ, անոր տրամադրութեան տակ է։ Ալ ի՞նչ վախ կար։ Հաւանաբար աւելի լաւ պայմաններու տակ, քան թէ իր նուիրածը։ Ի՞նչ պիտի կերցնէր, օրինակի համար, այս իրիկուն, վաղը։ Սենեակ մը ունի։ Ի՜նչ մեծ բան։ Կարծես միայն ինք սենեակ ունէր։ Ժանէթին մանկամարդ անձը աւելիին արժանի էր։ Ձգել, աւելի լաւ է ձգել, որ երթայ։ Երթայ իր լաւագոյն բախտին ետեւէն։ Ո՛չ, բան մը կար, որ կ՚արգիլէր իրեն ըսելու, իսկոյն, ետեւը դառնալով.

—Ժանէթ, հիմա որ լուացուեցար, մաքրուեցար, եթէ կ՚ուզես միասին կ՚երթանք Պոնաբարդ փողոց եւ ձեռքերովս քեզի կը յանձնեմ բարեկամներուդ։ Այո՛, պէտք է որ ձեռքովս յանձնեմ, պէտք է որ ստոյգ ըլլայ ինծի համար, գիտնամ թէ ապահով ձեռքերու մէջ ես։

«Ապահով ձեռքերու մէջ» կրկնեց ինքնիրեն, հեգնանքով։ Բայց ինչքա՞ն ատեն, մինչեւ ե՞րբ բարեկամներուն խնամատարութեան տակ պիտի մնար։ Երախայ չէր։ Մինչեւ գործ մը գտնելը, մինչեւ սիրուն երիտասարդի մը հանդիպիլը։ Տարօրինակ բան մը տեղի ունեցաւ Մելքոնի հոգիին մէջ։ Մէկէն ի մէկ նստած տեղէն ցատկողի մը նման եղաւ, ոտքը գետինը զարնելը եւ «ո՛չ» աղաղակելը մէկ եղաւ։ Երկուքն ալ իրենց ետեւը դարձան ու ապշահար իրար նայեցան։ Աղջկան դէմքին վրայ զարմանքը երկնային լոյս մը իջեցուցած էր ու այնքան գեղեցկացուցած, որ Մելքոն զգաց թէ Ժանէթէն զրկուելով կեանքը կը խուսափէր իրմէ, կաթիլ կաթիլ արիւնը կը պարպուէր երակներէն։ Եւ ունեցաւ հանճարեղ գաղափար մը։

Այո՛, քանի որ անկարելի էր իր կեանքը օրինական կապերով միացնել անոր կեանքին, կարելի էր իրեն ծանօթ տղու մը կապել, այսպէսով ամէն օր կրնար զայն տեսնել, խօսիլ անոր հետ, գրեթէ հայրը ըլլալ։ Երբեմն երբեմն հայրական ձեռք մըն ալ կ՚երկարէր անոր, թաքուն կերպով զգալու համար արգիլուած հպումներու զգլխիչ յուզումները։ Եւ այդ տղան գտաւ, ահա, անոր պատկերը աչքերուն մէջ էր եւ ծափ կը զարնէր մտիկ ընելով Մելքոնեանի առաջարկը։ Տիգրան սեւ աչքերով, սեւ յօնքերով թուխ տղայ մըն էր։ Հեռու չէր։ Եւ ահա կ՚իջնէր սանդուխներէն, արագ արագ, երթալ կանչելու համար Տիգրանը, որ Ֆլորիա ճաշարանը կը սպասարկէր։ Նոյնիսկ կրնար ըսել ճաշարանապետին, հին բարեկամ մը, սանկ կէս ժամ մը առաջ գործը ձգել տալու համար։

Բայց հազիւ թէ փողոց էր ելած, յիշեց թէ Տիգրան անպայման հայ աղջկան մը հետ կ՚ուզէր ամուսնանալ, որովհետեւ ներգաղթի արձանագրուած էր եւ կը փափաքէր անպայման առաջին կարաւանով մեկնիլ։ Չեղաւ։ Չգիտցաւ ուր տանիլ քայլերը։ Չհամարձակեցաւ սենեակ վերադառնալ, քանի որ ուտելիք գնելու համար դուրս ելած էր եւ այդքան շուտ առանց պաշարի վերադառնալը անպատուաբեր կը գտնէր։ Ուստի, դանդաղաքայլ, երազկոտ, եկաւ մեծ պողոտային վրայ ու սալայատակին վրայ դիզուած աշնան տերեւներուն հետ ոտքերուն խաղը հոգեկան խաղաղութիւն մը կը բերէր իրեն եւ մասնաւոր հաճոյք մը ունէր խառնուելով ամբոխին, քալելով անոր կշռոյթովը, մինչեւ որ նորէն եկաւ այն փոքրիկ խորշին մէջ՝ ուր կը գտնուէր Տիտըռոյի արձանը։ Բայց ընդվզեցաւ անոր դէմ։ Բարկութիւնը անկէ պիտի առնէր ու երբ իր արհամարհոտ դէմքը վերցուց իմաստասէր֊գրագէտին անհունօրէն խաղաղ նայուածքին, զինաթափ եղաւ։ Նոյն պահուն նոր գաղափար մը յղացաւ։ Անպայման ամուսնանալու հարկ չկար։ Տիգրան կրնար Ժանէթը պահել իբրեւ հոմանուհի։ Չէ՞ որ կարեւորը իրեն համար Ժանէթը ապահով ձեռքերու մէջ տեսնելն էր, փոխանակ թափառելու անպաշտպան, առանց աշխատանքի։ Բայց յանկարծ «մեղա՜յ, մեղա՜յ» բացագանչելով հեռացաւ։ «Ծօ, ատ էր պակաս, եթէ ուղղակի տուն երթալու քաջութիւնը ունեցած ըլլայի, այս բանը պիտի չպատահէր եւ ես… մեղա՜յ, մեղա՜յ… ի՞նչ պիտի ըսեն մարդիկ, Մելքոն, արհեստդ փոխե՞ր ես… մեղա՜յ, Աստուած իմ, մեղա՜յ, սատանան փորս է մտեր»։

Եւ Մելքոն, գլուխը ծուռ, հեռացաւ Տիտըռոյի արձանէն, մտաւ նորէն Սրուակներու փողոցը, որ իրեն հորի մը պէս եկաւ թաց մութին մէջ եւ արագ քայլերով անցաւ իր փողոցին երկայնքէն ու հասաւ եկեղեցիին հրապարակը, դարձաւ աւազանին շուրջ, սուր նայուածքը պտտցնելով չորս հսկայ երախաբաց առիւծներուն վրայ, որոնցմէ վեր կանգնած է սուրբին յուշարձանը։

Ժամ մը անցաւ, երբ նորէն ինքզինքը գտաւ իր պանդոկին դրան առջեւ։

Սանդուխներուն վրայ հանդիպեցաւ պանդոկապանին.

Պանդոկապանը բերանն անգամ չբացաւ. միայն գոհացաւ ժպիտով մը, որ կարծես ըսել կ՚ուզէր թէ վարժ էր խուսափողական խօսքեր լսելու։ Այս հանդիպումը պահ մը ընդմիջեց Մելքոնի մտածումները, որ վերին աստիճանի բորբոքած վիճակի մը մէջ էին։ Բանաստեղծական թռիչք մըն էր անոր հոգին ամբողջութեամբ այդ պահուն, ուր ներքին մենախօսութիւնը դադար չունէր։ Այո՛, պարզապէս անխոհեմութիւն էր զայն իրմէ հեռացնելու մասին խորհիլը։ Թռչուն մը երջանիկ է իր վանդակին մէջ։ Կ՚երազէր իր մեծ սենեակին մէջ փոփոխութիւններ ընել, լոյս ու երանգ դնել եւ ականջ տալ աղջկան ամենափոքրիկ փափաքներուն եւ գոհացում տալ անոնց։ Ողողել սիրածը բարիքներով, անոր քմայքներուն գերին դառնալ։ Պէտք է, որ Ժանէթ ինքզինքը այնքան երջանիկ զգայ որքան կարելի չէ ըլլալ ուրիշ տեղ։

«Կը տեսնես, կը տեսնես, կը կրկնէր ինքնիրեն, այս ձեղնայարկը անոր արքայութիւնը պիտի ըլլայ»։

Թերեւս արքայութեան տեսիլքը աւելի բորբոքած վիճակներու հասնէր իր ուղեղին մէջ, եթէ չորրորդ յարկի սանդուխին վրայ զիլ աղմուկ մը չընդհատէր զայն։ Ժանէթին ձայնն էր, խիստ ու քմայական, չար անասունի մը խրատ տալու շեշտով։ Մելքոն քայլերը դանդաղեցուց եւ սրեց լսողութիւնը։ Վիզը երկարած ու աջ ձեռքը բազրիքին վրայէն սահեցնելով կը բարձրանար։ Իր սենեակը ձախ կողմի նրբանցքին խորն էր։ Երբ սանդուխին գլուխը հասաւ, տեղն ու տեղը մնաց։ Դուռը բաց ըլլալու էր։ Ձայնը նրբանցքին մէջ ուռելով իրեն կը հասնէր, խառնուած արու ձայնի մը, որ երկչոտ էր, որ համարձակ չէր, հնազանդ էր, փոխանակ տիրական ըլլալու։

Մելքոն թեւերը կոտրած զգաց, սաստիկ ընկճուած էր, քայլ մը աւելի նետելու անկարող։ Բայց ժողվեց ուժերը եւ սկսան քալել ոտքերը տախտակամածին քսքսելով, հասաւ սենեակին առջեւ, կանգ առաւ բաց դրան մէջ։

Ժանէթ զայն տեսնելով աղաղակեց.

—Ո՜ւհ, եկաք։

—Ո՛չ, ո՛չ, ըսաւ Մելքոն, շարունակեցէք, շարունակեցէք, ինծի կարեւորութիւն մի տաք։

Ու դառնալով փախաւ։

Ժանէթ ետեւէն պոռաց, բայց ան իջաւ սանդուխներէն արագ արագ։ Հասնելով երրորդ յարկը, չկրցաւ շարունակել։ Նստաւ վերջին սանդխամատին վրայ եւ ջանաց չմտածել, միտքը պարպել, պարպել որովհետեւ մտածումները սրածայր դանակներու պէս կը ծակծկէին անոր ուղեղը։ Չէր գիտեր թէ ինչքան կեցաւ հոն։ Ժամանակը անցած ըլլալուն մարդ չէր անցներ, մինչեւ որ վերջապէս մէկը վեր կ՚ելլէր։ Ելաւ տեղէն ու վերադարձաւ սենեակ, վճռելով որ միայն ներգաղթը կրնար լուծել այս հանգոյցը։ Տիգրան ամենախելացի որոշումը առած էր։ Ինք ալ տուաւ այդ որոշումը եւ կարծես վրայէն ծանր բեռ մը վար ինկաւ։

Երիտասարդը, որ իր դրացին էր, վարի հացագործին աշկերտը, գացեր էր։ Սենեակը մաքուր էր, կարասիները փոխեր էին իրենց տեղերը, կարգ ու կանոն մտեր էր ամէն տեղ, սեղանը դրուած էր, նոյնիսկ շիշ մըն ալ գինի վրան եւ առատ չոր ուտելիք։ Ժանէթի ճամբու պաշարն էր։ Սենեակը աղուոր մը սարքաւորելէ ետք, իր ուզածին պէս, վերջնականապէս տեղաւորուեր էր եւ Մելքոնի ներս մտած ատեն իր հանդերձանքը կը զետեղէր պահարանին մէջ։ Երբ Մելքոն ներս մտաւ կատուի քայլերով, Ժանէթ անակնկալի եկած.

—Ա՛, ըրաւ։

Պահ մը լռելէ վերջ, կարծես Մելքոնը հանդարտեցնելու համար.

—Գնաց, ըսաւ։

Մելքոն նստաւ մաշած թիկնաթոռին մէջ, անխօս եւ ընկճուած, անկարող գրեթէ բերանը բանալու։

—Հոգ մի ըներ, նորէն կուգայ, ըսաւ շրթները թեթեւ մը բանալով։

Յետոյ ուզեց բացատրել թէ ինչո՞ւ ձեռքերը պարապ վերադարձած էր, բայց ուժ չկար վրան։ Վերջապէս արտայայտուեցաւ, անոր համար, որ սուտը միշտ դիւրին է արտաբերել։

—Ներողութիւն, Ժանէթ, սպասցուցի քեզի։ Ժամանակը ուշ էր, խանութները գոց էին երբ վերադարձայ բարեկամներուս տունէն եւ անոնք ալ բացակայ էին։

Ժանէթ լմնցուց հանդերձանքը զետեղելը, պայուսակը քշեց մահճակալին տակ, քաշեց վարագոյրը, որ մահճակալը կը զատէր սենեակին միւս մասէն։ Լայն շունչ մը քաշելով եկաւ նստաւ սեղանին առջեւ։

Ախորժակ չունէր։ Հակառակ աղջկան փաղաքշական պնդումներուն, անդրդուելի մնաց։ Մանկական հպարտութիւն մըն էր այդ մերժումը, ձանձրացուցիչ իր տարիքին համար եւ զգալով հանդերձ անոր ծիծաղելիութիւնը, չկրցաւ շարժում մը ընել, մօտենալ սեղանին ու ճաշակել գրեթէ անասունի ախորժակով ճաշող աղջկան հետ եւ միասին վայելել ճաշին հաճոյքը։ Մելքոն ինքն ալ դժգոհ էր այդ կացութենէն, ինքն իրեն անճանաչելի էր դարձեր, զզուելի։ Կ՚ուզէր փախչիլ, փախչիլ ու գիշերուան մութին մէջ պարտկել իր դէմքը։ Կարծես աւելի ծերացած էր մէկ երկու ժամուան ընթացքին։ Նախապէս հաշտուած էր ամբողջ գիշերը փողոցը անցնելու գաղափարին հետ, քանի որ պանդոկի մը մէջ սենեակ վարձելու դրամ չունէր։ Հիմա չէր կրնար նոյնիսկ խորհիլ այդ մասին։ Չէր կրնար հեռանալ Ժանէթէն։ Ժանէթ մինակ պիտի չըլլար եւ մինակ չըլլալով իր վրայ պիտի չկրնար մտածել, աւելին՝ ծիծաղելի առարկայ մը պիտի ըլլար եւ այն ալ ստահակի մը կողմէ։ Ո՛չ, անկարելի էր. նախանձը գամեր էր Մելքոնը թիկնաթոռին։ Ծեր ըլլալը չէր նշանակեր հրաժարիլ իր տարրական իրաւունքներէն եւ ծիծաղելի դառնալ ատոր համար։ Աչքին տակէն կը դիտէր աղջկան ախորժակով ուտելը եւ սիրտը կը տրորուէր խորհելով, որ վաղը անոր մեկնելովը իր օճախը պիտի մարէր ու անապատ դառնար կեանքը։ Անհանդուրժելի բան մը կար կուրծքին տակ, բան մը որ փղձկեցուց Մելքոնը եւ յանկարծ չկրնալով կեցնել աչքերուն մէջ կուտակուող արցունքները, նստած տեղը, անշարժ ու լռին, սկսաւ լալ։

Արցունքները կը թափէին խոշոր կայլակներով ու կը զովացնէին սրտին երաշտը։ Այդ անսովոր երեւոյթը տարիքոտ մարդու մը քով, լալ ու լացը արգիլող ծամածռութիւնը յուզեց աղջիկը։ Ժանէթ չկրցաւ կլլել պատառները։ Նայեցաւ Մելքոնին, սիրտը մռայլեցաւ ու թերեւս յիշելով հօրը լացերը եւ իր մխիթարողի պարտականութիւնը, գնաց Մելքոնին մօտ, նստաւ անոր ծունկերուն վրայ ու մխիթարական խօսքեր շռայլելով սրբեց անոր աչքերը։ Յետոյ առաւ Մելքոնին գլուխը իր սպիտակ ու կլոր թեւերուն մէջ, մինչեւ որ Մելքոնին փղձկած սիրտը դադրեցաւ ուժգին բաբախելէ ու սենեակին մէջ արտասովոր լռութիւն մը հաստատուեցաւ։

Լռութեան հետ վերադարձաւ Մելքոնի սովորական բարութիւնը եւ դիտելով Ժանէթին ժպտուն դէմքը, երախտագիտական զգացումներ արտայայտեց, ըսելով որ իրաւունք ունէր Ժանէթ, քիչ առաջուան տղան, հացագործին աշկերտը կը ճանչնար, ազնիւ, աշխատասէր տղայ էր, ինչո՞ւ չէ Ժանէթ չձգեց, որ վերջացնէ խօսքը, ձեռքը դրաւ Մելքոնին բերնին վրայ, սաստելով.

—Ո՛չ, ո՛չ, ես չեմ սիրեր երիտասարդ տղաքը, ապուշ են։

Յոգնած՝ յուզումներուն դէմ տարած պայքարէն, Մելքոնի քունը տարաւ թիկնաթոռին մէջ։

Ժանէթ սեղանը վերցուց, մաքրեց, ման եկաւ հոս հոն սենեակին մէջ։ Արդէն տեղացի էր, կարծես երկար ատենէ ի վեր հաստատուած հոն։ Նոր դէպքի մը տպաւորութեան տակ չէր, իր սովորական առօրեան էր։ Երբ ամէն բան կարգին էր, բացաւ վարագոյրը, անկողինը երկուքի բաժնեց, կէսը գետինը փռեց, օգնեց Մելքոնին, որ մտաւ անկողին, միշտ լուռ, սրդողած տղու մը պէս եւ երբ լոյսը մարեցաւ, լսողութիւնը այնքան սրուած էր, որ հանուող աղջկան շշուկներէն կ՚երեւակայէր անոր շարժումները, ձեւերը ու նորէն թմրած սիրտը արթնցաւ ու հառաչեց։ Բայց յանկարծ արդեօ՞ք պատրանք էր զգաց որ սենեակին մութին մէջ կանգնած աղջիկը մերկ էր։ Մելքոնի մարմինէն զօրաւոր ցնցում մը անցաւ, եւ շուտ, վերմակը գլխուն քաշելով ուզեց մերժել, ուրանալ իր զգայնութիւնները, իրականութիւնը՝ թէ այդ պահուն զինքը խռովող փորձութիւններ կը թափառէին իր շուրջը, ճանկերը բացած։ Բայց ահա բոպիկ ոտքերու աղմուկը տախտակամածին վրայ, մինչ Մելքոնի ականջները կը հետեւէին, մրափող շան մը զգուշաւորութեամբ, այդ աղմուկին, որ զարմանալի՜, չէր մօտենար մահճակալին, որուն ուղղուած էին Մելքոնի ականջները։ Անակնկալի եկած, չէր կրնար հաւատալ իր զգացածին։ Գետինը փռուած անկողնին վերմակին ծայրը բացուած էր կամաց կամաց, զգոյշ, Ժանէթ կը սահէր անոր մէջ, ծով վերադարձող ջրանոյշի մը պէս, եւ ահա կ՚երկննար անոր մարմնին երկայնքին։ Մելքոն չէր ուզեր հաւատալ եղածին, չէր ուզեր գիտնալ նոյնիսկ թէ Ժանէթ ընդուներ էր, ընտրեր էր զինքը, այնքան կը սոսկար պատրանքէն, բախտի չար խաղերուն վարժուած, բայց ստիպուեցաւ հաւատալու երբ զգաց, որ թեւ մը կը սպրդէր գլխուն տակէն եւ կռնակին վրայ զոյգ մը գաղջ ստինքներու կորութիւնը կը ճզմուէր։ Այս իրողութեան հետ հազիւ հաշտուած, Մելքոնի սիրտը ուռեցաւ, ուռեցաւ եւ յանկարծ սկսաւ դանդաղ, շատ դանդաղ հոսիլը աչքերէն առատ արցունքներու։

Միշտ լուռ, Ժանէթ ձեռքերովը սրբեց հոսող արցունքները, որ քաջալերուած այդ անսպասելի գուրգուրանքէն, սկսան աւելի առատ հոսիլ։

Բայց ատոնք երջանկութեան արցունքներ էին։