Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԱՓՐԻՉԻ ԿՐՊԱԿԻՆ ՄԷՋ

Բիւզանդին

Դրան կապոյտ ուլունքներով հիւսուած վարագոյրէն ներս նետեցի գլուխս։ Վարագոյրը հնչիւն խշրտուք մը հանեց։ Քեռի Արշակ մինակ էր եւ զբաղուած՝ ածելի սրելով, միշտ նոյն հալած ժպիտը դէմքին ուռածի ձեւ առած միսերուն մէջ։

—Ա՛հ, ըսի, առիթէն օգուտ քաղենք, քեռի, քանի մարդ չկայ։

—Մտի՛ր, մտի՛ր, ըսաւ քեռին, որ ալ ծերացեր էր։ Այդ օրէն ինծի յայտնուեցաւ իսկապէս անոր ծերութեան խորութիւնը։

Արշակ քեռին, առանց ատոր ալ, միշտ ծեր էր եղած, բայց իրա՛պէս ի՞նչ է ծերը, ես այդ օր միայն հասկցայ։

Քսանըհինգ տարուան մէջ գնդասեղի մը չափ բան չէր փոխուած անոր Սալօնին մէջ, ոչ աւելի մգլոտած՝ քան ինչ որ էր եւ ոչ ալ քիչ մը աւելի բարելաւուած, բայց միշտ նոյն մտերիմ, խոհանոցին մէջ հիւր ընդունող տան մը մթնոլորտը։ Իսկապէս ալ մուտքի դրան դիմացն էր խոհանոցին դուռը՝ ուրկէ երբեմն կը յայտնուէր քեռիին կնոջ թուխ ու չոր դէմքը՝ հարց տալով.

—Բաթլըճանին աղը չդրի՞ր եա՜…

Ճիշտ այդ գլխուն տեսնուած տեղին վերեւը, անփոփոխ, մնացած էր Շէռամի անուշահոտութեան ռէքլամը՝ որ նորաբաց վարդագոյն արշալոյսի մը վրայ ցիրուցան վարդերուն քովնտի մանկամարդ աղջկայ մը առինքնող ժպիտով դէմքն է։ Այս էր քեռի Արշակին վարսավիրատան միակ լուսաւոր մասը։ Մնացեալը համատարած գորշութիւն էր։ Թաղին ծերերն ու պզտիկներն էին անոր յաճախորդները։ Երբ մեծցայ ու երիտասարդի հովեր առի, գլուխս ծռելով սկսայ անցնիլ անոր Սալօնին առջեւէն, երբ, նոյնիսկ, յետագային տղան ալ եկաւ գրաւել հօրը հայելիին քովինը։ Հայր ու տղայ միեւնոյն ճաշակի տէր էին եւ հետեւաբար անկարող՝ գոհացնելու իմ աղջիկներուն ժպտիլ սկսող երիտասարդութիւնս։ Այսպէս էր նաեւ եմ բոլոր տարեկիցներուս համար։ Բայց երկար տարիներու հեռացումէ ետք, երբ նոր պատերազմ մըն ալ նետեր էինք մեր տարիքին վրան, յոգնած էի սափրիչներու կրպակներուն մէջ աքլորի ձեւեր առնելէն։ Հաճոյք մըն էր այլեւս շուտ եւ արագ սափրուիլն ու մազերը կտրել տալը քեռի Արշակին անպաճոյճ կրպակին մէջ, առանց երկար բարակ ձեւականութեան։ «Բարեւ, ասծու բարին» ըսելու պէս դիւրացած էր խնդիրը։ Բայց կար բան մը, որ երբեմն զիս անկէ կը հեռացնէր, երբեմն ալ անոր կը տանէր։

Քեռի Արշակ մինակ էր հիմա իր տան եւ Սալօնին մէջ, քեռիին տղան՝ Աբգարը մեռեր էր ճակատը, պատերազմի առաջին օրերուն իսկ։ Տըղուն ցաւին չդիմանալով, մեռեր էր նաեւ մայրը։ Ու հիմա սմբուկներու այս եղանակին չէր լսուեր անոր ձայնը խոհանոցին դրան մէջ.

—Բաթլըճանին աղ չդրի՞ր եա՜…

Սրտաբեկ բան մը կար Քեռի Արշակին վարսավիրատան մէջ։ Անոր մինակութիւնը տրտմաթախիծ շեշտ մը դրեր էր կռնակին կուզին մէջ, իր հողին քսքուող քայլափոխին մէջ, ծռած վզին շուրջ թռչունի վիրաւոր թեւերու պէս շարժտկող ձեռքերուն մէջ, որոնք ածելին կը մօտեցնէին դէմքիդ, քեզի վախ պատճառելով։ Բարեբախտաբար այս դժնդակ տպաւորութիւնները կը կորսուէին կլոր եւ ուռ դէմքին վրայ արհեստին քառասուն տարիէ ի վեր կազմած ժպիտին մէջ, որ զինաթափ ընող գրաւչութիւն մը ունէր։ Ու յետոյ, ինչպէս կ՚ըսէր Պրն. Ժավըլօ, իր դրացին, «ամէն մարդ ապրելու իրաւունք ունի»։

Հակառակ իր սովորութեան, քեռի Արշակ լուռ էր այսօր։ Կարծես քէն ըրած էր։ Շրթունքները կախ, աչքին բիբը մտածկոտ, կը գործէր։ Լռութեան մէջ, իմ միտքս ալ կը նաւարկէր, ուշադիր՝ այսուհանդերձ՝ մկրատին երգին, որ հաճելի է երբ լռութիւնը խզող չկայ։ Նայուածքս ազատօրէն կը պտտէր անոր դէմքին շուրջ, որ լուսինին պէս կլոր էր, քիչ անգամ ածիլուած, գլխուն մազերը սպիտակ, ոչ աւելի ոչ պակաս, այնպէս ինչպէս որ միշտ ճանչցած էի։ Սա տարբերութեամբ սակայն, որ չեմ գիտեր ինչ մը եկաւ սիրտըս ճմլել։ Անոր պեխին թելերը, գլխուն ցանցառ ու երեսներուն առատ մազերը, քիչ անգամ ածիլուած, սպիտակ չէին ուրիշ ծերերու մազերուն պէս, տարբեր տեսակի ճերմակութիւն մը ունէին անոնք, ճերմակութիւն մը, որ մազին արմատին վրայ մեռելային գոյն մը գրեր էր։

Այդ սրտաճմլիկ տեսարանը մտքէ հեռացնելու համար, լռութիւնը խզեցի.

—Ի՞նչ, քեռի՛, մեկնեցա՞ն ձեր հիւրերը։

Քեռի Արշակին դէմքին վրայ լոյս ծագեցաւ։

—Հա՛, գացին, ըսաւ, առջի օր գացին։

Ու պահ մը կանգ առաւ ածելին ձեռքին մէջ բարձր բռնած։ Տեսայ թէ ինչպէս այտերուն ժպիտը կարագի պէս հալեցաւ, իջաւ քթին եզերքներէն դէպի բերնին անկիւնները, կոպերուն ծայրը աղօտ լոյս մը վառելով։ Այդ աղօտ լոյսին մէջ ալ զարմանալի հարցական շեշտ մը կար։ Գլուխը նորէն փարտեց ու աւելցուց.

—Հա՛, գացին բայց չորս շաբաթ աղուոր մը վայելեցին։

—Ազգակա՞ն են ձեզի։

—Ո՛չ, մեզի գեղացի են, լաւ բարեկամներ, ազգականէ աւելի լաւ։ Շատ անգամ բարեկամները իրարու աւելի կը սիրեն քան թէ ընտանիքի մը անդամները։ Ան մեծ գործադուլին տարին էր։ Գիշեր մը հոս բարեկամներու գացեր էինք, ի՞նչ տեսնեմ, այս մեր գեղացիին տղան, փաթթուեցանք իրար, պագինք։ Կարծես մէկէն մեր գիւղն էինք։ Միւս տարին նորէն եկաւ, հարսն ալ հետը բերաւ։ Անկէ վերջ պատերազմը եկաւ, բայց պատերազմէն անմիջապէս վերջը եկան։ Միւս բարեկամները Ամերիկա, Առճանթինա գացած ըլլալնուն, բռնեցի մեզի բերի, է՜հ, փառք Ասծու, տեղ ունինք։ Ա՛հ, տեսնէիք, ի՜նչ աղուոր բաներ եփեցի, կերցուցի, պտտցուցի։ Հարկաւ, ամէն ծախսերը չըրի, ան ի՛նչ կնիկ ունի, գիտե՞ս, աչքին ծայրովը կը տեսնէր թէ շուկայ կ՚երթայի, անմիջապէս ետեւէս կը վազէր հա՛, փարան կուտային ես ալ ծախսեցի, բայց անոնք աւելի ծախսեցին, ունին, կը բռնեն, մարդը շօֆէօռութիւն կ՚ընէ իր հաշուոյն. բայց աղուոր մարդ է, կնիկն ալ աղուոր յարմարած է իրեն։

—Իսկ աղջի՞կը, կատարեալ փարիզուհի մը։

Քեռի Արշակ բերանը բաց կը հրճուէր, օդին մէջ ձեռքի պզտիկ հարուածներ կուտար, իբրեւ խօսքերուն հաւանութիւն, բայց ոչ ամբողջովին, քանի որ գաղտնիք մը վրայ տուողի պէս այլայլած երեւոյթ մը ունէր։

—Այնպէս չէ՞, ըսաւ, կամաց կամաց յարմարուելով եղելութեան, կատարեալ փարիզուհի մը, խելացի, ամէն բան գիտցող, եւ տասը տարեկանին, պարո՛ն, տասը…

—Տասը՞… ես նոյնիսկ տասնըհինգ պիտի տայի։

—Ո՛չ, ո՛չ, տասը տարեկան է, տասը տարեկան եւ երեք ամիս։ Ան ի՜նչ աղջիկ էր, կեանք կը ցանէր ամէն կողմը։ Եւ հպարտ ալ չէր։ Դիր առջեւը ինչ որ կ՚ուզես, կ՚ուտէ, անանկ ձեւեր չունի։ Մասնաւոր, Մարսիլիական կերակուրներ եփեցի, ըհ չըրաւ, կերաւ ու գովել ալ գիտէր, չարաճճին։ Գիտէ՞ք, առջի իրիկուն, ծառաստանն էինք, ըսինք, քիչ մը զովանանք, սանկ պզտիկ պտոյտ մը. Թագուհիս միշտ առջեւէն կը քալէր, առաջնորդի պէս, մեզի ուզած տեղը կը տանէր, մէյ մըն ալ ետ դառնալով, սանկ հասուն կնիկի ձեւեր առած, ըսաւ. «Արշա՛կ, այեօլիդ շատ լաւ էր, գալ անգամուն նորէն կրնաս պատրաստել…»։ Հը՛, հը՛, ըրաւ ծերունի սափրիչը քթին տակէն, ինքնիրեն խնդաց, մռլտալով. «Արշակ… Արշակ»։

Երազկոտ դէմք մը կախեց քեռի Արշակ գլխուս վերեւ ու երբ կը պատրաստուէր վերջապէս ածելին երեսներուս մօտեցնելու, միտք մը յղացաւ, ներս գնաց արտորանքով վերադարձաւ, ձեռքին մէջ բռնած լուսանկարները ինծի երկնցընելով.

—Քանըպիէռին վրայ քաշուեցանք, ըսաւ, առանց կարենալ բաժնուելու անոնցմէ։ Ձեռքը կը դողար։ Արեւով ողողուած պողոտային վրայ իրենց բնական քայլուածքին մէջ քով քովի լուսանկարուած, քեռի Արշակ թեթեւ մը աղջկան վրայ ծռած, զայն սեփականացնելու ճիգով մը, մինչդեռ աղջնակը, իր արքենի կեցուածքին մէջ, գլուխը վեր բռնած, հաստատ ու ինքնավստահ քայլ մը առաջ նետելու վրայ՝ որուն շարժումը անդրադարձած էր անոր մերկ սրունքին պրոնզացած մկանունքին վրայ, պիրկ, ողորկ ու պսպղուն, սլացիկ՝ նորափթիթ լոյսի մը նման ու գիտակից արդէն՝ պաշտամունքի առարկայ ըլլալուն։ Լուսանկարիչը գտեր էր ճիշտ լուսանկարելու պահը, հաւանաբար այն ատեն երբ աղջնակը կ՚ըսէր քեռի Արշակին. «Արշա՛կ, այեօլիդ շատ լաւ էր …»։ Կոկորդին վրայ ըրած ճիգէն յայտնի էր, որ սխտորին պատճառած կազերը բաւական մը վեր ելեր էին։ Գիտեմ, մինչդեռ ես կը նայէի լուսանկարին վառվրուն աղջնակին, անոր պիրկ ու արեւէն թխացած մերկ սրունքներուն, իրանը սեղմող անթեւ թրիքոյին՝ որուն տակէն կաղինի մեծութեամբ երկու ծիլեր բուսեր էին, իրարմէ հեռու կտուց տալով ներսէն դուրս, ան, քեռի Արշակը կը հետեւէր մտքին մէջ թաւալող ժապաւէնին՝ որուն վրայ կը տեսնէր Ռէնը («ահ, ոչ, թագուհին, Ռէնը գաղիացիներուն համար է») բայց եթէ Ռէնը կուգար միտքը, անոր համար էր որ այդ պահուն զինքը կը տեսնէր յաճախորդներուն հետ, մէկէն միւսին երթալով, խնդացնելով զանոնք իր միամիտ պատմութիւններովը՝ որոնց միամտութիւնը կը կայանար կարծիքներուն սանձարձակ ազատութեանը մէջ եւ կամ թէ բարձր աթոռին վրայ բազմած, դրամարկղի գզրոցին առջեւ, կը գանձէր երջանկաժպիտ, քթթուած աչքերով, երբ քեռի Արշակ ուժ տալով մերթ ընդ մերթ ձեռքին օճառուած վրձինին, կը յայտարարէր. «Ռէ՛ն, Պ. Վալէթէն 95 ֆրանք, 30 ֆրանք Պ. Բոնսէն, 60 ֆրանք Պէռնառտիէն…»։ Ռէնի ոչ, Թագուհիին փոքրիկ ձեռքերը կը լողային գզրոցին մանր դրամներուն մէջ։ Յաճախորդը ժամավաճառ կ՚ըլլար, բայց՝ համբերատար, նոյնիսկ աւելորդ նկատելով սափրիչին ներողութեան խօսքերը, քանի որ Թագուհին ամէնուն ալ զբօսանքն էր։ Հպարտ էր քեռի Արշակ երեւակայութեանը առջեւէն անցնող այդ պատկերներէն։ Երկարաձիգ հառաչ մը հանելով պարպեց կուրծքը, որ սաստիկ ուռած էր մեծցող զեղումով մը եւ տրտում շեշտ մը տալով ձայնին, խզեց լռութիւնը.

—Առջի իրիկուն կայարանը, տեսնելու բան էր, այնքան մինեօն, այնքան խելացի էր Թագուհին, հասկցաւ, որ տխուր էի, լեզուս պապանձած էր, Թագուհիս վար իջաւ կառքէն, եկաւ, ինծի համբուրեց, ըսաւ. «Քեռի Արշակ, պէտք չէ որ տխուր ըլլաս, ես նորէն պիտի գամ, Ծնունդին պիտի գամ նորէն …»։ Կը տեսնե՞ս, ի՜նչ ոսկիի պէս աղջիկ է, բայց չեմ գիտեր, ուրախութենէ՞ս էր թէ ինչէն, աչքերս թրջուեցան։

Սափրիչը գլուխը ծռեց դէպի ականջս, ձայնին միջանկեալ խօսքի մը շեշտը տալով, ըսաւ.

—Ինչ մեղքս պահեմ, ես շատ զգայուն մարդ եմ, շուտ մը կուլամ։

—Շուտ մը կուտաք սիրտերնիդ ու դժուար ետ կ՚առնէք, ընդմիջեցի։

—Հա՛, ատա՛նկ է, բացագանչեց ան եւ աւելի քաջալերուած՝ շարունակեց.

—Ինչպէ՞ս ըսեմ, սիրտս չէր կրնար կենալ, լացի, լացի, ու ան աղուոր կնիկն անգամ չդիմացաւ, այսինքն Թագուհիիս մայրը, կառքին պատուհանէն պոռաց. «Արշակ քեռի, տխրելու պէտք չկայ, արդէն մեր մէկ ոտքը հոս է, Ռէնը պիտի գայ Ծնունդին, Նոր Տարին ալ ձեզի հետ կ՚անցնէ …»։

Ու երկվայրկեան մը քեռի Արշակ ինքզինքին մտիկ տալէ վերջ, աւելցուց խորհրդաւոր ձայնով մը, աւելի համոզուելու համար որ, այո, պիտի գայ.

—Ի՞նչ կը խորհիք, կուգայ, հէ՞…

Բայց յանկարծ կեցաւ։ Սոսկաց քիչ մը չափէն աւելի առաջ գացած ըլլալուն։ Սիրտը շատ բացած էր օտարի մը առջեւ եւ իսկոյն, ետ֊դարձ մը փորձելով, ուզեց աւրել իր խօսքերը.

—Ա՛հ, եթէ գալու բախտը ունենայ …»։

Հոս, ի հարկէ, կեղծեց քեռի Արշակ, ինքն ալ անհանգիստ կը թուէր իր սուտէն, աչքին մէկը վար, միւսը՝ վեր, արտայայտութիւն մը որ կը չափէր սուտին տարողութիւնը ու այնքան ալ մեծ չէր գտներ, հազիւ թէ գիրէ մը աւելի տարբերութիւն՝ «ա՜հ, եթէ բախտը ունենամ, որ գայ …» ու մէկէն.

—Ի՞նչ խորհուրդ կուտաք ինծի, ամսեգլխուն անոր ծննդեան տարեդարձն է, կ՚ուզեմ աղուոր նուէր մը ղրկել։

—Տեղական յիշատակ մը, ըսի, բան մը, որ միեւնոյն ժամանակ քեզի յիշեցնել տայ։

Անշուշտ խօսք չըրի իր ինն ամսուան սուտին շուրջ, որովհետեւ անիկա պարզապէս քեռի Արշակին սիրոյն ճշմարտութիւնն ու զօրութիւնը կ՚ապացուցանէր։ Աղջնակին տարիքը իննը ամիս պզտիկցնելով, անոր խելացիութիւնը կը մեծցնէր։

—Անանկ նուէր մը ըրի, ըսաւ, գացած ատեննին, ոստրէի կեղեւներով շինուած գեղեցիկ կաղամար մը, գիտէ՞ք, սա՛նկ, լայն ճեղքով եւ վրան Նոթր֊Տամի ոսկիէ Աստուածամայրը։ Աժան բան չէ, վեց հարիւր ֆրանք վճարեցի։ Ծնունդին ալ միտքս դրած եմ տօնավաճառէն մսուր մը նուիրել, երկու կամ երեք հազար ֆրանք։ Փարիզ ասանկ բան չկայ։ Սանդոններու տօնավաճառը միայն հարաւային Ֆրանսայի մէջ է։ Փարիզ Կաղանդը կը տօնեն, հոս ալ աւելի ծնունդին կարեւորութիւն կուտան։ Օ՜հ, ըրաւ ձայնին շեշտը փոխելով եւ գոհ՝ ինքնիրմէն, քանի որ ատեն չկայ, այս անգամ պզտիկ բան մը ղրկեմ։

Աւարտած էր վերջապէս թէ՛ մազերուս կտրելը թէ սափրելը եւ թէ խօսակցութիւնը։ Բացաւ դուռը զոր ժամը տասներկուքէն ի վեր գոցած էր։ Դուրս գալու ատենս յաճախորդ մը ներս խուժեց.

—Չեմ կրնար, ըսաւ քեռի Արշակ, գլուխը քովնտի ծռած, ճաշի ատեն է, ալ կէսօրէն վերջ։

—Կէսօրէն ետք ժամանակ չունիմ, հոգ չէ, ուրիշ անգամ, ըսաւ յաճախորդը որ, յուսաբեկ, մեկնելու վրայ էր, երբ ծերունի սափրիչը, թերեւս խորհելով սանդոններու տօնավաճառէն գնելիք երեք հազարանոց մսուրին, համակերպեցաւ.

—Է՛հ, ի՞նչ ընենք, նստեցէ՛ք, այս կէսօր ալ չենք ճաշեր, յաճախորդին խաթերն համար։