Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Դեռ երէկ ձիւնը ծածկեր էր ամէն ինչ իր սպիտակ սաւանին տակ։ Այսօր սկսեր է հալքը։ Արձրեւը իր կաթիլներով կը ծածկէ ձիւնը։ Դաշտերն ու բլուրները կը նմանին կիսովին փետտուած հաւի։

Զէնքը ուսիս կը չափչփեմ բլուրին կատարը։ Պահակ կենալու ժամն է։ Կը քալեմ հանդարտ քայլերով։ Կը խորհիմ թէ իրապէս կրնայ պատահիլ, որ օդանաւ մը գայ մէկ երկու անկարգել իջեցնէ։ Ինքզինքս կը տեսնեմ զանազան պայմաններու տակ։ Առաջին պարտականութիւնս՝ իմաց տալ անմիջապէս պահակախումբին, որ վարն է, գիւղը։ Բայց կարելի է նաեւ նախաձեռնարկ ըլլալ անձնական միջոցներով փորձել գերի բռնել թշնամին։ Միտքս ենթադրութիւններու կռուան մըն է։ Ի հարկէ քիչ անդին հակասաւառնակային պահակը կը հսկէ մացառուտին մէջ։ Ի՞նչ պէտք է ըլլայ դերս այդ կռիւին մէջ։

Կը շարունակեմ քալել դանդաղ։ Զէնքիս ուսնոցը կը սահի ուսէս։ Չոր շարժումով մը զայն կը վերցնեմ ու կը խորհիմ թէ ես զինուոր եմ։ Հպարտ չեմ, բայց գիտակից եմ։ Պատասխանատուութեան զգացումը զիս կը լեցնէ։

Ճամբուն եզերքին ճմլուած թուղթի կտորներ կը նշմարեմ։ Կը խորհիմ թէ այդ թղթիկները կրնան ինծի որոշ ծանօթութիւններ տալ։ Ահաւասիկ ճերմակ թուղթ մը։ Կը ծռիմ ու կը վերցնեմ զայն։ Նամակի մը կտորն է, գերմաներէն լեզուով։ Մեր շրջանի զինուորներուն մեծամասնութիւնը ալզասցիներ են։ «Մայն լիպըր ման, իհ էրհալդէ տայնըն լիպըն պրիֆ …», «սիրելի ամուսինս, ստացայ սիրելի նամակդ …»։ Թուղթը ձեռքիս, կը կրկնեմ նախադասութիւնը քանի մը անգամ։ Կը վերսկսիմ քայլս։ Ճամբան արահետ մըն է։ Կոխոտուած ցեխը ոտքերուս տակ ճզմուելով կը ցայտի աջ ու ձախ։ Մեքենաբար նամակին տողը մտքիս մէջ կրկնուելով՝ քայլերս զիս կը տանին աւելի հեռու։ Ճամբան կորանալով կ՚երկարի դաշտերուն մէջ։ «Իհ էրհալդէ տայնըն լիպըն պրիֆ …» նախադասութիւնը կը պեղէ միտքս, կը բանայ մոռցուած անկիւններ, որ կը լայննան ու տեղ կուտան արեւոտ կեանքի մը յիշատակներուն։

Երկինքը թուխ է։ Կ՚անձրեւէ անընդհատ։

Արդէն քայլերս զիս շատ հեռուները տարած են։ Պարտականութեան թերացում։ Որոշ պայմաններու մէջ՝ կեանքի վտանգ։ Կրնայ պատահիլ, որ օդէն սաւառնակ մը իջեցնէ մէկ երկու անկարգելներ՝ որոնց դէմ ես պահակ կեցած եմ։ Քայլերս ետ կը բերեմ, արագ ու շրջահայեաց։ Անձրեւը կուգայ շարունակ։ Ո՞վ կրնայ պտտիլ այդ պահուն եթէ ոչ պահակ մը։ Մինակ եմ։ Մտածումս կ՚ընդվզի նամակին դէմ։ Թիկունքէն եկած այդ հին ձայնը զինուորին մէջ կը բանայ հանգիստ կեանքի մը վարագոյրը։ Երկու կեանքերու բախումը կը բեկանէ զինուորին քիչ քիչ կազմուած նոր հոգին՝ որուն ան պիտի պարտի իր դիմադրութիւնը։ Կարծես հոգիէս բան մը կորսնցուցած ըլլայի, բան մը, որ կրնար նաեւ զիս կորսնցնել։ Կը նայիմ քայլերուս, որ աւելի արագ են հիմա։ Զինուորի քայլերս ինձմէ աւելի գիտակից են։ Անոնք կ՚իջնեն բլուրէն կարծես փախչելով մոլորանքէ մը. «Մայն լիպըր ման, իհ էրհալդէ տայնըն լիպըն պրիֆ»։ Կնոջ խարտեաշ գլուխ մը կ՚ընկերանայ քայլերուս, որ կը փախչին։ Բայց, ահա, վարը՝ պահակատեղին, զէնքերու խուրձերուն վրայ պահակ ընկերս, իր ծոյլ քայլովը։ Կը մօտենամ իրեն, գէշ երազէ արթնցողի պէս չեմ գտներ բառերս։ Բայց ձեռքս կ՚երթայ գրպանս։ Կը հանեմ երկու շաքար, մէկը իրեն կ՚երկարեմ։

—Ա՛ռ, շաքար ծամելով ժամանակը կը կարճնայ։