Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ

Հանս իրապէս ընկերս եղած էր։ Երբ ամսուան մը արձակուրդի գնաց, ամէն օր անոր վերադարձին վրայ կը խորհէի։ Վերջապէս օր մըն ալ եկաւ։ Առաջին տպաւորութիւնս եղաւ իր խանդավառութեան նուազումը։

—Հա՛նս, ըսի, ի՞նչպէս են տունը։

—Լա՛ւ. տղայ մը ունեցայ։

—Ըսել է հայր եղաք, Հա՛նս, մա՞նչ է թէ աղջիկ։

—Մանչ։

Բայց ինչո՞ւ նայուածքը պղտոր էր։ Տեսակ մը բեկում կար իր ամբողջ անձին մէջ։

Հաուբդշդապվախմայսթրը եկաւ։ Զինուորները եւ գերիները իսկոյն կարծրացան իրենց դիրքերուն մէջ։ Հանս օրուան պահակապետն էր.

—Եա վոլ, հէր հաուբդշդապվախմայսթեր, նայն, հէր հաուբդշդապվախմայսթեր, կը պատասխանէր ան իր պետին հարցումներուն։

Երկար հասակին վերեւ կ՚երկարէր իր խարտեաշ սիրուն դէմքը։ Երբ աշխատանքի բաժանումները լրացան, Հանս նշան ըրաւ ինծի։ Հետեւեցայ իրեն, ու մտանք պահակասենեակը։

—Հանս, չէք գիտեր թէ ի՛նչքան ուրախ եմ, որ հայր էք եղած։

Անոր զսպուած տրտմութիւնը փարատելու համար որոշ ճիգի մը կարօտ չէի։ Ինքը տուած էր այդ առիթը։ Հետեւաբար, շարունակ կը կրկնէի իր հայրութեան ուրախառիթ լուրը։ Բայց երբ ես ինքս նշմարեցի մտքիս թագուն հետաքրքրութիւնը զոր հաւանաբար ինքն ալ կռահած էր, բերանս մէկէն փակուեցաւ։ Տեսայ որ յաճախակի հարցումներս «Ի՞նչպէս են տունը» անխոհեմութիւն մըն էր, թէպէտ եւ համեմուած ու ծածկուած «Երանելի Հանս, հայր եղաք»ի նման բացագանչութիւններով, քանի որ այդ ըսել կ՚ուզէր նաեւ՝ «Իրա՞ւ է, որ Գերմանիոյ բոլոր քաղաքները քանդուած են»։ Հարկաւ հասկցած ըլլալու էր, որ հարցումներս եւ զարմանքս այս վերջին դիտաւորութեան կը դիմէին եւ որուն հաստատական պատասխանը պիտի կրնար ինծի անձնական եւ խորունկ հաճոյք մը պատճառել։ Պէտք չէի այդ ձեւով վարուիլ մէկու մը հետ, որ ինծի կուտար ընկերական բոլոր հաճոյքները, հակառակ իմ ստորադաս դիրքիս։ Ու այդ հաճոյքներէն կարեւորագոյնն էր խօսքի ազատութեան պատճառած հոգեկան երջանկութիւնը, վասնզի ծանր յոգնութիւն մը կը ճնշէր վրաս, ստիպուած ըլլալով շարունակ մտիկ ընել գերման զինուորներու կարծիքը։ Հանս ովասիս մըն էր՝ ուր ես բեռը կը նետէի ու կը հանգչէի։

Հանս գեղեցիկ երիտասարդ մըն էր, սլացիկ ու նրբակազմ, եւ բանաստեղծութեան մեծ սիրահար։ Ատեն ատեն կը լսէի անոր ձայնը, որ զիս կը կանչէր՝ «քամառա՛տ Արմենիա», ու յանձնարարութեան պատրուակով մը քաղաք կ՚երթայինք եւ կամ կը քաշուէինք ծառուղիին սօսիներուն տակ, անկիւն մը։ Հանս գոց կ՚արտասանէր Հոմերոսը բնագրին մէջ։ Ես կը խօսէի իրեն գերման ժամանակակից բանաստեղծութեան վրայ, որ շատ աւելի անծանօթ էր իրեն։ Բոցավառ բառերս կը խանդավառէին զինքը երբ խօսակցութիւնը կը բերէի շարունակ, յանկերգի մը նման, պարտուած Գերմանիոյ տառապանքին ու ընկերային պայքարէն բխած քերթողութեան։

Հանս մտիկ կ՚ընէր, աչքերը կը քթթէր ու նայուածքը կ՚երկարէր հեռուները։ Յետոյ շրթունքները թեթեւ մը կը մրմնջէին։

—Այդ բոլորը հիմա անցեալին կը պատկանի։ Մենք նոր ժամանակներու մարդն ենք։

—Բայց պէտք է վախնալ անցեալի վրէժխնդրութենէն։ Ժողովուրդ մը իր տառապանքէն է, որ կը ստանայ իր զարմանալի կենդանութիւնը։ Նորը նոր չէ այնքան ատեն, որ համադրութիւն չէ։

—Գերմանիոյ համար այլեւս տառապանք չկայ։

Հետը նոր սկաւառակներ բերած էր։ Թեւէս քաշելով զիս պահակատեղին առաջնորդեց։ Ես կարծեցի թէ կ՚ուզէր խօսակցութենէն խուսափիլ, երբ նշմարեցի զարմանալի տրտմութիւն մը թէ նայուածքին եւ թէ ձայնին մէջ։ Այն ատեն դրաւ մեքենային վրայ սկաւառակը, եւ կնոջ թաւ, հաճելի ձայն մը սկսաւ երգել գերմաներէն մեղեդի մը։

Գլուխնիս կախ, լռելեայն մտիկ կ՚ընէինք։

Երբ մեղեդին դադրեցաւ, անոր ստեղծած յուզական մթնոլորտին մէջէն Հանս մեղմօրէն ըսաւ.

—Ցաւալի է որ վաղը կը մեկնիմ։

—Բայց, Հա՛նս… աղաղակեցի գրեթէ չըկրնալով ինքզինքս զսպել։

Գերմաններու Անգլիա ցամաք ելլելու առաջին փորձերուն շրջանն էր։ Խորունկ տխրութիւն մըն է, որ կը պատէր ընդհանրապէս գերման զինուորները, որոնցմէ շատերը կիսախանձ կը վերադառնային եւ բազմաթիւ էին բոլորովին խանձուած դիակները զորս ովկիանոսին ալիքները կը նետէին ծովափին աւազներուն վրայ։ Հանսի մտմտուքը նետեց կասկածը մտքիս մէջ, եւ հակառակ անոր կեանքին սպառնացող վտանգին, որ սիրտս փղձկեցուց, ներքին հաճոյք մը ամբաստանող նոր անխոհեմութիւն մը պիտի գործէի, երբ, բարեբախտաբար, Հանս տուաւ բացատրութիւնը, կարծես զգացած ըլլար յանկարծական լռութեանս մէջ խեղդուած հարցումս։

—Այո, կրկնեց, կը մեկնիմ… Շէրպուրկի եւ Հավրի կողմերը։

Ես ուզեցի իր ճիգով արտասանած այդ բառերուն մէջ փնտռել ընկերոջ մը խռոված սիրտը խաղաղեցնող կամքը, եթէ չըլլար այն աննշմար բանը, որ իր թշնամի բանակի մը զինուորի հանգամանքը մեզ կը բերէր, եւ սառն տպաւորութիւն մը կը նետէր երկու մարդերու միջեւ հաստատուած բարեկամութեան վրայ, անմիջապէս, որ կռուի պահանջքները մտքին մէջ առաջին տեղը գրաւեն։ Բարեկամական զգացումներու այդ տեղատուութիւնը ինծի կսկծալի եղաւ։ Ու հակազդելու համար մարդկային զգացումներու կորուստին՝ սկսայ խորհրդածել թէ Հանս բնաւ պէտք չունէր այդ խուսափողականին, քանի որ ան կը պատկանէր քարոզչութեան վաշտին, որ միայն գրաւումէն ետք ոտք կը կոխէ կրակի վայրերը, թէեւ վաշտին պատկանող կառքերուն վրայ կային փամփուշտի հետքեր եւ հարիւրապետին յիշատակը՝ ինկած «պատուոյ» դաշտին վրայ։

Այդ պահուն դպրոցին բակէն լսուեցաւ.

—Ունթըօֆիցիըր Հանս

Հանս տեղէն ցատկելով կորսուեցաւ սանդուխներէն վեր։

***

Հոկտեմբերի առաւօտները ցուրտ էին։ Այդ օր համեստ արեւ մը թափեր էր արեւմտեան Ֆրանսայի այդ քաղաքին վրայ։

Դպրոցին բակին մէջ, տնօրէնը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ.

—Կ՚ուզէք ըսել ֆէլտվէպէլին թէ կրնա՞յ ինծի ձեր ընկերներէն քանի մը հոգի տրամադրել։

—Հաճոյքով։ Ըսել է որ վերջապէս կը փոխադրուի՞ք։

—Անկարելի եղաւ համոզել, հակառակ տրուած խոստումին։ Բայց Գերմանացիին խոստումը կ՚ըլլա՞յ։

Այդ միջոցին ինքնաշարժ մը բակին մեծ դուռնէն ներս մտաւ, կեցաւ վայրկեան մը։ Հանս գլուխը դուրս հանեց պատուհանէն եւ զիս կանչեց։

Հետեւեցայ կառքին, որ դպրոցին ետեւի բակը անցաւ։ Միասին աւլեցինք կառքը, մաքրեցինք ապակիները։ Հանս սկսաւ կարգ ու սարք դնել իր գոյքերուն մէջ։ Այդ զբաղումը կը ստիպէր զինքը շարունակ տեղափոխել առարկաները, որոնց մէջ կար նաեւ ձեռքի փոքրիկ գնդացիր մը։ Զուարճութեամբ կը հետեւէի Հանսի աշխոյժ շարժումներուն։ Ձեռքերը կ՚երթային մէկ առարկայէն միւսը, փոխելով յաճախակի անոնց տեղը՝ մինչեւ որ գոհացուցիչ կարգադրութեան մը յանգէր։ Յարաճուն այդ տեսարանին վերեւ Հանսի դիմաստուերը կը թուէր բոլորովին անտարբեր ձեռքերու աշխատանքին։ Իսկ իմ միտքս գնաց կառչեցաւ Հանսի զէնքին։ Նայուածքիս յամառութիւնը քիչ քիչ կը չքացնէր, կը հալեցնէր ամէն բան, կը պղտորէր մտածումս, ջիղերս կը դառնային դիւրազգած։ Մէկէն ոխը արթնցաւ սրտիս մէջ։

Հանսի ձեռքերը տեղ չէին գտներ զետեղելու համար սիրուն, փոքրիկ գնդացիրը՝ որուն վրայ կը գուրգուրար ինք, կարծես թէ անիկա գոհարեղէն մը եղած ըլլար, մինչդեռ իմ նայուածքիս առջեւէն կ՚երթար ու կուգար, հլու ու յափշտակուած։

Աչքերս պաղեցան։ Սեւեռուն եւ ծանր կապարէ գնդիկներու նման կախուեցան ուղեղէս։ Ու չորս դիս յամրաբար կերպարանափոխուեցաւ

***

Արեւոտ բլրակ մըն էր։ Գիւղին տուները կարգով, մեծ ճամբայէն սկսած՝ կը բարձրանային բլրակին կատարը։ Կէս գիշերին կրակէն քաշուեր էինք։ Ախոռին մէջ յոգնաբեկ զինուորները չորս օրուան քունը գուլայ֊գուլայ կը բարձրացնէին՝ խռմբոցներու համերգ մը սարքելով։ Հիւսիսային աղջամղջոտ արշալոյսը սկսեր էր ճերմկնալ։ Հորիզոնին ետեւէն արեւը քանի մը ոսկի թելեր էր նետած՝ տեսարանին տալով համատարած ու շքեղ ոստայնի մը երեւոյթը։

Լռութիւնը դեռ ամէն բանի վրայ տիրական էր, դատելով պահակին ցանցառ քայլերուն հանած դողդոջուն աղմուկէն։ Յանկարծ փամփուշտ մը սուլելով անցաւ վերէն վար։ Յետոյ երկրորդ մը՝ ճիշդ ագռաւի ճիչի նման։ Երրորդը չէր արձակուած՝ երբ հազարապետը բուռն ճիգ կը վատնէր կարգապահութիւնը վերահաստատելու համար։ Բայց երրորդ փամփուշտը եկաւ ու տապալեց պահակը, որ հազարապետէն հրահանգներ կ՚ընդունէր։

«Պաշարուած ենք, պաշարուած», կը պոռային աջ ու ձախէն, ու չարաբաստիկ աղաղակը ամբողջացուց խուճապը։ Արդէն դաշտերը, զարտուղի ճամբաները նահանջողներով կը վխտային։ Դիմադրութիւնը սակայն սկսաւ կազմակերպուիլ ու խրամներուն եզերքները կը տեսնուէին սաղաւարտները՝ հրացաններուն խողովակներուն վրայ։

Տեղակալ Լամպէռ հաւաքեց իր խումբը։

—Գլուխնիդ մի՛ կորսնցնէք, եղածը ափ մը անկարգելաւորներ են։

Ամբողջ ժամ մը հրացանազարկ տեղաց գիւղին չորս կողմէն։ Բայց բլուրին վրայի խորհրդաւոր տունը կը մնար անառիկ։ Հարուածին չոր սոյլը, կասկած չկար, մեզ ի ներկայութեան կը դնէր ձեռնագնդացիրներու որոնք անկարգելաւորներու կամ յառաջագնաց հեծելազօրքերու զէնքն են։

Մերթ ընդ մերթ խորունկ լռութիւնը կը հետեւէր բուռն հրացանաձգութեան մը։ Քանի մը տարրեր այն ատեն կը փորձէին խրամներէն դուրս ելլել ու բարձրանալ դէպի մենաւոր՝ բայց գիւղին փողոցներուն վրայ տիրող տունը։

Ի բնէ պաղարիւն, տեղակալ Լամպէռ, այդ օրը վերջին ծայր խռով էր։ Ան չէր կրնար հանդուրժել, որ ամբողջ գումարտակ մը՝ քանի մը փոքրիկ ձեռնագնդացիրներու խաղալիք դառնար։ Առանց սպասելու, որ լռութիւնը վերադառնայ ընդհանուր զարկին, ատրճանակը ձեռքը առաւ եւ պոռաց.

—Տղա՛ք, ամէնքդ ալ ետեւէս, յառա՜ջ։

Քսան հոգի էինք։ Ելանք խրամէն դուրս, սողալով։ Մայիսի արեւը տակաւ կը դիմէր դէպի միջօրէ։ Կարծես բնութիւնը շունչը բռնած ըլլար՝ լռելու համար։ Հոս հոն մէկ քանի սալորենիներ երկինքին բաց կապոյտին վրայ կը պարզէին իրենց մատղաշ ծիլերը։ Թռչուն մը կ՚երգէր ճիւղի մը վրայ։ Սալորենիներու ստուերին, իրարմէ հեռու, կը սպասէինք։ Առտուընէ ի վեր բոլոր տուները այցելած, քանի մը զոհեր տուած էինք։ իսկ թշնամին միշտ կը մնար անտեսանելի։

Տեղակալ Լամպէռ ձեռքով մեզի նշան ըրաւ, որ տեղերնիս մնանք։ Ինք շարունակեց սողալ, բայց փոխանակ դէպի հին, մենաւոր տնակը դիմելու, շեղեց ուղղութիւնը եւ հասաւ ձախ, գիւղին առաջին տուները՝ վերէն սկսելով։ Ձեռքի մէկ նոր նշանին վրայ շարժեցանք մեր տեղերէն, ենթասպայ Առման մեր առջեւէն։ Երբ հասանք տեղակալին դիրքը, ան մատը ուղղելով փողոցն ի վար գիւղական փոքրիկ հրապարակի մը վրայ գտնուող եկեղեցիին զանգակատունը, ըսաւ.

—Հո՛ն են։

—Եկեղեցին վերէն վար խուզարկուած է ենթասպայ Քռէփէնի առաջնորդութեամբ։ Ո՛չ ոք, տեղակա՛լ, պատասխանեց Առման։

—Գիտե՛մ, ըսաւ սպան կտրուկ։

Եւ վայրկեան մը լռութենէ ետք, հարցուց.

—Բան մը կը տեսնէ՞ք հոն՝ զանգակատան վրայ։

—Ոչի՛նչ, պատասխանեցինք միաբերան։

—Ի՞նչպէս թէ ոչինչ, հապա արեւէն փալփլող այն հայելիի կտո՞րը։

Արդարեւ, հայելիի նման բան մը կը պսպղար զանգակատան ճիշդ կատարին վրայ։

—Քանի՞ հատ ձեռնառումբ կայ, համրեցէ՛ք, հարցուց տեղակալը։

—Հինգ, պատասխանեց Առման։

—Կամաւո՛ր մը։

—Ե՛ս, պոռաց տասնապետ Մուռօն։

Մուռօ գնաց պատերուն տակէն, սողալով ու մերթ ոստոստելով։ Մօտեցած էր արդէն եկեղեցիին, ու թեւը վերցուց արձակելու համար ռումբը։ Պէտք է անպայման ջնջել նշանը եւ մեկուսացնել թշնամին զանգակատան մէջ, բայց վերէն փամփուշտները ճչացին իրարու ետեւէ, մայիսեան կապոյտ օդին մէջ թեւածող խօլական ծիծեռնակներու պէս, եւ Մուռօն ինկաւ ռումբը ձեռքին մէջ պայթեցնելով։ Այն ատեն խմբովին վազեցինք։ Թշնամին ինքզինքը մատնած էր, ու բարկութիւնը թոյնի պէս թափած մեր երակներուն մէջ։ Մուռօյին մահը սաստիկ զայրացուցած էր մեզ։

Խումբը իջաւ եկեղեցիին փոքրիկ հրապարակը։ Կասկած չկար որ Մուռօն տապալող փամփուշտները արձակուած էին զանգակատունէն։ Առման, հարաւցի Պիտաս եւ ես մտանք եկեղեցին։ Ելանք զանգակատունը, ծակ ու ծուկ քննելով։ Ո՛չ ոք։

—Նօն տը Տիէօ, մրթմրթաց Առման, երբ կ՚ըսեն թէ զանգակատուներուն մէջ սատանայ պահուած կ՚ըլլայ …։

Առման խօսքը կը լմնցնէր, աչքերը դարձնելով չորս դին, ձեղնայարկի անկիւնները, երբ մեզ յանկարծակիի բերաւ հրացանաձգութեան գոռգոռոցը։

Մեր առաջին շարժումը եղաւ գամուիլ մեր կեցած տեղը։ Յետոյ քիչ քիչ արթնցանք անակնկալին պատճառած թմբիրէն ու տեսանք մեր աչքերուն առջեւ երկինքի խոշոր կտոր մը՝ որ լիւղ կուգար արեւին պայծառ լոյսին մէջ։ Ռումբը տարեր էր զանգակատան գմբէթը։ Առման հրաման տուաւ դուրս ելլելու, բայց Պիտաս նկատել տուաւ, որ եկեղեցին այլեւս լաւագոյն թաքստոցն էր, քանի որ ստացած էր իր բաժինը։

—Պէտք է երթալ միւսներուն քով, պոռաց Առման։

Թնդանօթը անդադար իր փսխուքը կը թափէր գիւղին վրայ։ Պիտասի ցեխոտ դէմքին վրայ աչքերուն ճերմկուցը կը պճլտար։ Մտածկոտ էր։ Ու զարմանալի ծուլութեամբ մը, քթին տակէն, մըռըլտաց.

—Ալոռ, օն նը լէ զ՚օրա բա

Եկեղեցիին առջեւ քանի մը վիրաւորներ կը տքային։ Բայց մենք ապուշ կտրեցանք տեղակալ Լամպէռի դիակին առջեւ։ Աջ կողը թռեր էր, աղիքները դուրս թափեր էին, ու ամչնալով ինքնիրմէ, դառն արտայայտութեամբ մը դէմքը հակառակ կողմը դարձուցեր էր։

Քանի մը քայլ անդին նորէն կանգ առինք։ Գերման զինուոր մը, որ տանիքէն գլորած ըլլալ կը թուէր, որովհետեւ սրունքներն ու թեւերը տարածուած էին անկման ուժէն։ Օձիքին վրայ թռչնաձեւ նշանը ու քովը՝ ճիշդ ուսին տակ՝ փոքրիկ ձեռնագնդացիրը։ Մեր նայուածքները իրարու խառնուեցան զէնքին վրայ, որ առտուընէ ի վեր մեզ խուճապի մատնած էր ու մեր կեանքին հեւքը բռնած։ Դէմքը թեթեւ մը ծռած էր զէնքին վրայ։ Մահուան անհուն դաշտերէն ան կը թուէր օգնութիւն հայցել իր թռչնաձայն ընկերէն, որ այլեւս լռած էր։ Արիւնի եւ ուղեղի խառնուրդէ նեղ ժապաւէն մը՝ ակօս ձգելով, գանկէն երեսին վրայ հոսեր էր։

***

Աշնան քամի մը փչեց։ Սօսիներու դեղնած տերեւները՝ խօլաբար, հոս հոն քշուելով, անկիւնէ անկիւն, գացին դիզուիլ ինքնաշարժերուն տակ։

Անձրեւի կաթիլ մը ինկաւ ձեռքիս վրայ։

***

Հանս տակաւին չէր լրացուցած զետեղել իր գոյքերը, ու գնդացիրը կը շարունակէր իր երթեւեկը աչքերուս առջեւ։

—Ա՜հ, ըսի, անձրեւ պիտի գայ։

Հանս նայեցաւ ինծի։ Նայուածքիս պաղութիւնը՝ զարմանքով լեցուն ժպիտ մը առթեց անոր։ Ոչի՛նչ, ոչինչ մնացած էր սրտիս մէջ մեր բարեկամութենէն։ Դէպի բլուրին գիւղը ըրած մտային ճամբորդութիւնս ամէն ինչ աւրած, մոռացութեան տուած էր։

Ու ես իր զարմանքոտ ժպիտին վրայ ժպտեցայ կեղծ ու վշտակիր ժպիտով մը։

Գերմանիա 1941