Անձրեւոտ օրեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԻԿԻՆ ԲԵԲՐՈՆԷԻ ԴԵՂՁԱՆԻԿՆԵՐԸ

Այրի տիկին Բեբրոնէ ունէր երկու դեղձանիկներ, որոնք առտու իրիկուն կ՚երգէին իրենց վանդակին մէջ։ Այդ դեղին, մանրիկ, անխելք թռչունները չէին հասկնար, որ տիկին Բեբրոնէ տխուր էր երկու տարիէ ի վեր, որ իր ամուսինը վախճանած էր։ Անոնք անդադար կ՚երգէին, կտուց կտուցի զարնելով կը խաղային, կը թռչկոտէին։ Անմիջապէս որ յաճախորդները մեկնէին ու դրան զանգակիկը զընգար անոնց ետեւէն, տիկին Բեբրոնէ կը վազէր ետեւի սենեակը, որ միաժամանակ խոհանոց, ճաշասենեակ ու ննջասենեակ էր եւ կը սկսէր սիրազեղ խօսակցութեան մը թռչուններուն հետ։ Դեղձանիկները փոխանակ կենալ մտիկ ընելու տիրուհիին խօսքերը, աւելի մեծ թափով մը կը շարունակէին իրենց սնամէջ ճռվողիւնը։ Տիկին Բեբրոնէ անոնց կը խօսէր «ողորմած հոգիին» վրայ։

—Ա՜խ, ձագուկներս, գիտեմ, վանդակնիդ կեղտոտ է, ջուրը աղտոտ է, կուտը պակաս է, բայց ի՞նչ ընեմ, անուշիկներս, այս յաճախորդներուն հետ գլուխ ելլելիք չկայ։ Ողորմած հոգիին ողջութեան տարբեր էր, ամէն բան իր ժամանակին կ՚ըլլար։ Հէյ, ողորմած հոգին աչքերը բանար ու տեսնէր մէյ մը, մեզի անտէր ձգեց ու գնաց։

Ու տիկին Բեբրոնէի կուրծքէն երկար հառաչ մը կը բրդէր ու ծանր, կապարի պէս բերնէն դուրս կը թափէր։ Այն ատեն, սիրտը թեթեւցած, ցուցամատը կը պտըտցնէր վանդակին թելերուն վրայ, ինչպէս տաւիղի մը վրայ, ճիւ֊ճիւ ընելով, համակ սէր ու ժպիտ կ՚ըլլար դէմքը, աչքերը կայծկըլտուն։ Կը պատահէր, որ ճիշդ այդ պահուն միւս կողմը, խանութին դրան զանգակիկը հնչէր։ Տիկին Բեբրոնէ անէծք մըն է, որ կը փախցնէր բերնէն յաճախորդին հասցէին, բայց դեռ պահ մը կը մնար հոն, սիրաբանութեան ուժեղ մակընթացութենէն վերջ տեղատուութիւնը կ՚ըլլար դանդաղ, մինչեւ որ առեւտրականի ժպիտը գար ու տեղաւորուէր դէմքին վրայ։

Առաւօտուն արեւին առաջին ճառագայթներուն հետ կ՚արթննար դեղձանիկներու զոյգը։ Ու կը սկսէր երգեցողութիւնը, ճիւղէ ճիւղ ցատկռտուքը։ Ամբողջ գիշերը կտուց կտուցի քնանալէ ետք, հիմա արուն հալածանք կուտար էգին ու յանկարծ կենալով, ճռուողիւններուն ամէնէն սրտառուչը կը թողուր առտուան պայծառ օդին մէջ։

Ա՛լ չէր կրնար մնալ տաքուկ անկողնին մէջ։ Տիկին Բեբրոնէ բոպիկ ոտքերով կը ցատկէր անկողնէն, կը մօտենար վանդակին։ Տիկին Բեբրոնէ կարճահասակ եւ բաւականին գիրուկ էր։ «Ողորմած հոգին» բարձրահասակ ըլլալով եւ վանդակը քիչ մը բարձր կախած ըլլալուն, Տիկին Բեբրոնէ ոտքի մատներուն վրայ կը ցցուէր, թեւը բարձրացնելով ձեռքը կ՚երկարէր դեղին թռչուններուն։ Ամէն ինչ մնացած էր նոյն վիճակին մէջ, իրերն ու սովորութիւնները, միայն մէկ բացառութեամբ. Տիկին Բեբրոնէ թռչուններուն սիրոյն վրայ աւելցուցած էր ամուսնոյն սէրը եւ այդ սէրը, անոր մեռնելէն ի վեր զարմանալի համեմատութիւններու հասած էր։ Աթոռի մը վրայ ելլելով վանդակը վար կ՚առնէր կախուած տեղէն ու կը դնէր բաց պատուհանին առջեւ՝ ուր խիտ ծառերէն մաղուած արեւը կ՚ողջունէր ոսկեգոյն թռչունները։

Պատուհանը կը բացուէր փոքրիկ կլոր հրապարակի մը վրայ, որ խաղաղութեան ու լռութեան կղզի մըն է։ Փարիզի համատարած աղմուկէն անթափանցելի, պատահաբար հոն հասնող անցորդը իր քայլը կը կեցնէ տեսնելու համար թէ արդեօք մէկէն ոտքը Փարիզէն կամ ժամանակէն դուրս չէ՞ նետած։ Այո, փոքրիկ է հրապարակը եւ զինքը շրջապատող տուները ոչ այնքան բարձր, բայց հաստիրան ու սաղարթախիտ կաղամախիները զայն կը հովանաւորեն իրենց թանձր թեւերուն տակ մաքրելով օդը, մաղելով արեւն ու աղմուկը։ Հոս է որ ամբողջ օրը կ՚երգէին ու կը ճռուողէին Տիկին Բեբրոնէի ոսկեփայլ դեղձանիկները։

—Հիմա պիտի մաքրեմ ձեր վանդակը, թարմ ջուր պիտի տամ ու կուտ տամ պիտի, աղուոր ձագուկներս, ճիւ ճիւ, կը սկսէր Տիկին Բեբրոնէ առտուն կանուխ ու ցուցամատը կը պտըտցնէր վանդակին թելերուն վրայ, ինչպէս տաւիղի մը վրայ ու շարունակելով իր սիրաբանութիւնը կը մոռնար իր խոստումները, կը մոռնար յաճախ սուրճն անգամ, երբ մանաւանդ կը սկսէր «ողորմած հոգի»ին յիշատակները պատմել թռչուններուն։

Ամրան զով առաւօտ մըն էր փոքրիկ հրապարակին վրայ՝ ուր չէր թափանցեր հեռուն արթընցող քաղաքին խժալուր աղմուկը։ Զովութիւնը այնպէս էր որ մարդուս անդամներուն մէջ կը դնէր շարժելու, վազելու, հեռուները թռչելու ցանկութիւն մը։ Ծառերուն թանձր սաղարթէն մաղուած արեւը գերբնական լոյսի մը պէս ինկեր էր վանդակին վրայ։ Երբ Տիկին Բեբրոնէ վերջացուց իր արշալուսային ճառը՝ ցուցամատը պտտցուց, ըստ իր սովորութեան, վանդակին թելերուն վրայ՝ ուրկէ տաւիղի հնչիւն մը դուրս ելաւ, սրտին մէջ հոսեցաւ անհուն տխրութիւն մը։ Պահ մը խորհեցաւ թէ ուրկէ՞ կուգար այդ զարմանալի տխրութիւնը։ Բան չգիտցաւ։ Բայց տրտմութիւնը խորացաւ, պեղեց իր ներսիդին ու մէկէն այդ բացուածքին մէջ գտաւ գթութեան խորունկ զգացում մը։ Տիկին Բեբրոնէ դառնացաւ վանդակապատ թռչուններուն ճակատագրին վրայ։ Մեղքցաւ անոնց, որ ստիպուած էին ոստոստել գրեթէ երեւակայական ճիւղերու վրայ, երբ ծառերը իրենց ազատութեան դրախտավայրը կրնային ըլլալ, փոխանակ պառաւի մը ճառերուն, կրնային երկինքի կապոյտին նուագը ունկնդրել ու արբշիռ, թեւ տալ, թեւ զարնել եւ անհուն եթերին մէջ գլորտկիլ, մէկէն գլուխնին մխրճելով երկնակամարին մէջ, կրկին իջնելու համար դէպի երկիր՝ խառնուած արեգակին ճառագայթներուն։ Տիկին Բեբրոնէ չգոհացաւ միայն գթութեան զգացումովը, որ, պահ մը, փարատեց իր մէջ դառնութիւնը, լուսաւորեց հոգին ու երջանկութիւնը, երանութիւնը գրկեց զայն ու օրօրեց։ Բայց երկար չտեւեց, քանի որ ան մեղապարտի զգացումով մը սկսաւ ինքզինքը ատել, խորշիլ ինքնիրմէն եւ քթին տակէն մռլտալով՝ մեղադրել ինքզինքը։

—Ա՜հ, քա անիծուի՜մ, մեղայ, գիտեմ քի մեղքը իմս է, կուրանամ, ինչպէս չտեսայ, որ դուք ալ ողորմած հոգիին պէս ազատիլ կ՚ուզէք, երկինքին մէջ խաղալ կ՚ուզէք ազատ համարձակ, թեւերնիդ յոգնեցան այս վանդակին մէջ չաշխատելէն։ Անիծուիմ, անուշիկներս, չգիտցայ, ա՜խ պառուըցայ, երկու տարուան մէջ աւելի պառուըցայ, կուրանամ ես…

Ու Տիկին Բեբրոնէ իր մեղքերէն ազատելու համար, ցատկեց վանդակին վրայ, բացաւ դուռը։ Թռչունները ոչ մէկ վարանում ունեցան, հազիւ դուռը բացուած՝ անոնք անհետացած էին։ Տիկին Բեբրոնէ աչքերը մեծ մեծ բացաւ ու նայեցաւ վանդակին։ Վանդակը պարապ էր, լքուած ու Տիկին Բեբրոնէ զգաց, որ աշխարհը կը դառնար իր շուրջ, ու երբ կեցաւ, ամէն կողմ պարապ էր, վանդակին պէս, պարապ էր եւ իր հոգին, սիրտը, գլուխը, չորս դին, ամէն կողմ պարապ ու լուռ։ Հրացանաձգութեան յաջորդող լռութիւն մը կար իր մէջ, աւերակներու լռութիւնը։ Չիմացաւ, երբ միւս կողմը խանութին դրան զանգակիկը հնչեց։ Յաճախորդները իրեն օտար կը թուէին, կարծես զանոնք բնաւ տեսած չըլլար կամ ուրիշ աշխարհէ մը եկած ըլլային անոնք եւ թերեւս ուրուականներ էին։

Այսպէս անցաւ ամբողջ օրը։ Մինակութիւնը ահաւոր եղաւ։ Ա՜հ, եթէ կարենար օր մը սիրաբանիլ գոնէ աթոռի մը հետ, դգալի մը կամ սեղանի մը հետ։ Տալ անոնց քչիկ մը իր հոգիէն։

Իրիկունը, խանութը գոցելուն պէս, գնաց նետուեցաւ անկողնին վրայ առանց հանուելու, առանց գոցելու պատուհանը ուր մնացած էր բաց դուռով վանդակը։ Առանց վերմակը վրան քաշելու երկնցած մնաց անկողնին վրայ, կէս մեռելի պէս։ Միայն երեւակայութիւնն է, որ կ՚աշխատէր հետեւելու համար իր հոգեհատոր դեղձանիկներուն դէպի տարածութիւնները, դեռ աւելի անդին, միշտ նոր երկիր մը, նոր հորիզոն մը, գիշերները կտուց կտուցի քնանալով հոտաւէտ ճիւղերու վրայ։ Անոր երեւակայութեանը մէջ անոնք արդէն ովկիանոս հասած էին ու կը պատրաստուէին գիշերէ մը վերջ անցնիլ միւս կողմը։ Եւ երբ ա՛լ երեւակայութիւնը չկրցաւ հետեւիլ անոնց, Տիկին Բեբրոնէ սկսաւ սաւառնիլ իր մանկութեան օրերուն վրայ, կարծես թէ ան իր սեփական վանդակին դուռը բացած ըլլար, որովհետեւ իրեն այնպէս կուգար թէ մէկէն ի մէկ իր ետեւէն գոցուած դուռն է, որ բացուած էր ու իր իսկ ազատութիւնն է որ կը վայելէր։ Չկրցաւ քնանալ։ Ամբողջ գիշերը աչքերը բաց երազեց։ Գիշերը տժգունեցաւ ու սկսաւ ներս թափանցել դուրսի զովութիւնը։ Չուշացաւ նաեւ արեւը, որ ահա հորիզոնին ետեւէն կը նետէր իր առաջին ճառագայթները։

Այդ պահուն, ճիշդ այդ պահուն ահա ինչ որ անբնական թուեցաւ Տիկին Բեբրոնէի, երբ ան մեռել կը ձեւացնէր չլսելու համար պարապ վանդակին լռութիւնը, անոր ականջները լցուեցան, ամէն առտուան պէս, իր թռչուններուն երգեցողութեամբը։ Տիկին Բեբրոնէ ակամայ աչքերը դարձուց դէպի պատուհանը որ բաց մնացած էր ու վանդակը՝ պատուհանին մէջ։ Մեծ եղաւ զարմանքը, երբ տեսաւ որ իրապէս իր դեղձանիկներն էին երգողները։ Խելագարի պէս ցատկեց անկողինէն ու բոպիկ ոտքով վազեց դէպի վանդակը եւ ուժգին գոցեց անոր դռնակը։ Ձեռքը վար չառաւ։ Գլուխը դրաւ ձեռքին վրայ ու մնաց այդպէս, այդպէս, շունչը կտրած։

Պահ մը զարմանքէն ընդհատելէ վերջ, դեղձանիկները վերսկսան իրենց սրտառուչ ճռուողիւնը, ամենայն անտարբերութեամբ։