ԵՐԵՒԱՆՑԻԻՆ
ԼԱՑԸ
—Բարե՛ւ,
հայրենակից,
ըսի։
Մարդը
ապշած
երեսս
նայեցաւ։
—Հրամանքնիդ,
ըսաւ,
դուք
հա՞յ
էք։
—Է՜,
ինչպէս
հայերէն
կրնայի
խօսիլ
եթէ
հայ
չըլլայի։
—Ես
ձեզի
ճանչնալու
պատիւը
չունիմ,
դուք
ինծի
կը
ճանչնա՞ք։
—Ո՛չ,
ըսի,
բայց
հայ
էք,
չէ՞,
ուրեմն
իրար
կը
ճանչնանք,
իրար
կը
հասկնանք։
—Ինչէ՞ն
գիտէք,
որ
ես
հայ
եմ։
—Երեսնիդ
նայեցէք,
ըսի,
իշու
պէս
կը
զռայ։
Եւ
յետոյ
ձեր
ծախած
ապրանքները
վկայ,
պիստակ,
կաղին
եւ
շաքարեղէն։
Երեւանի
շուկան
ալ
ատանկ
շաքարեղէն
կը
ծախեն։
—Երեւան
եղած
է՞ք։
—Հարկաւ,
ըսի,
նոր
եկած
եմ։
—Է՜,
ըսաւ
մարդը
եւ
անշարժացաւ,
աչքերը
պաղեցան։
Մէկէն
արթննալով,
աղաղակեց.
—Սպասեցէք,
հայրենակից,
այստեղ
երեւանցի
մը
կայ,
հիմայ
կուգայ,
ինչքան
ուրախ
պիտի
ըլլայ։
Հիմայ
կուգայ։
Ամէն
օր
ժամը
12ին
հոս
է։
Հայու
կարօտ
ունի։
Ամէն
օր
կուգայ։
Հոս
մեր
երկուքէն
զատ
հայ
չկայ։
Սպասեցի։
Աւելի
իմ
հետաքրքրութեանս
յագուրդ
տալու
համար
եւ
յանկարծ
զգացի,
որ
մէջս
հետաքրքրութենէն
աւելի
բան
մը
կար,
բուռն
փափաք
մը
վերապրելու
Երեւանի
մէջ
անցուցած
օրերս։
Մինչդեռ
ես
թաղուած
մնացեր
էի
ներքին
երազանքիս
անձնատուր՝
մեր
հայրենակիցը
վերադարձեր
էր
իր
առեւտուրին
եւ
կը
պոռար
անդադար.
—Քաքաուէ՜թ,
քաքաուէ՜թ…
Կռնակս
դարձուցեր
էի
աղմկոտ
շուկային։
Առջեւս
կը
տարածուէր
արեւոտ
լռութիւնը,
որ
կ՚իջնէր
կապոյտ
երկինքէն
սպիտակ
վիլլաներուն
վրայ,
որոնք
կիսովին
ծածկուած
էին
արմաւենիներուն,
քաքդիւսներուն
եւ
հալուէներուն
թանձր
տերեւուտքին
ետեւ։
Հեռուն
կը
փայլփլէին
Միջերկրականի
կապոյտ
եւ
խաղաղ
ջուրերը։
Բարակ
սիւք
մը
կուգար
այդ
ջուրերէն,
պարզապէս
յիշեցնելու
համար,
որ
ձմեռ
էր։
Օդը
յստակ
թափանցկութիւն
մը
ունէր,
զուրկ
ըլլալով
ջուրերուն
ամառային
շոգիներէն։
Կռնակէս
կուգար
հայուն
կոտրած
ձայնը.
—Քաքաուէ՜թ,
քաքաուէ՜թ…
Կէս
օրը
հազիւ
անցած՝
եկաւ
երեւանցին։
Ամբողջ
մարմինը
կը
յայտնէր
հիւանդագին
աճապարանք
մը.
կսկծալի
հապճեպի
մը
վերջ
տալու
ճիգը
կար
անոր
մէջ։
Հագած
էր
ցնցոտիներ
եւ
անոնց
տակ
կար
վերջին
ծայր
կիրթ
մարդ
մը։
Փոթորիկէն
ազատածի
մը
երեւոյթը
ունէր,
բայց
դեռ
կը
լողար
խաղաղած
ծովուն
վրայ
աչքերը
ուղղած
հեռաւոր
ցամաքին։
—Արշաւիրը
չեկա՞ւ,
հարցուց
անձկութեամբ
լի։
—Չտեսայ,
պատասխանեց
քաքաուէթ
ծախողը։
Բայց
հո՛ս
հայրենակից
մը
կայ,
որ
Երեւանէն
եկած
է։
Մարդը
կայծակի
արագութեամբ
դարձաւ
ինծի։
—Երեւանի՞ց
էք։
—Ո՛չ,
պատասխանեցի,
բայց
Երեւանէն
նոր
եկայ։
—Ինչպէ՞ս
կարողացաք
դուրս
գալ,
ըսաւ
անպատում
զարմանքով
մը,
որ
խնդուքս
բռնել
տուաւ
եւ
որպէսզի
աւելի
համոզիչ
ըլլայ,
շէնշող
ժպիտով
մը
պատասխանեցի.
—Փախա՜յ…։
—Էդ
ո՞նց
կարելի
է։
—Ինչպէ՞ս
թէ
կարելի
չէ,
Արաքսը
ողջ
մնայ,
մեր
«հին
հին
դարուց
յիշատակ»
Արաքսը
իր
«քայլամոլոր»
գնացքով։
Կը
հասնիք
ուրեմն,
Արաքսի
եզերքը
եւ
կը
նետուիք
մէջը,
հայ
զինուորները
ձեր
ետեւէն
փամփուշտ
կ՚արձակեն,
բայց
դուք
կը
թաղուիք
օրհնեալ
ջուրին
մէջ,
որ
ձեզ
կը
պաշտպանէ։
Երբ
փամփուշտը
ջուրին
կը
դպչի,
կը
ծռի,
իր
ուժը
կը
կորսնցնէ
եւ
մեռած
քարի
պէս
կ՚իյնայ
ջուրին
յատակը։
Անկէ
ետք
գետին
տակէն
լողալով
կը
հասնիք
միւս
եզերքը՝
ուր
թուրք
զինուորները
բազկատարած
ձեզի
կը
սպասեն։
«Ալէքիւմ
սէլամ,
սէլամ
ալէքիւմ»,
եւ
ձեզի
կը
դնեն
ամերիկեան
գեղեցիկ
կառքի
մը
մէջ
ու
կ՚առաջնորդեն
Անգարա։
Հոն՝
տօն,
խնջոյք
եւ
ճառ
ռատիոկայանէն։
Անկէ
վերջ
ազատ
էք,
ուր
կ՚ուզէք
կ՚երթաք,
առանց
սանթիմ
մը
ծախսելու
եւ
կը
հասնիք
ձեր
տունը
բեռցուած
դժոխային
պատկերներով,
որոնցմէ
կը
ձերբազատուիք
զանոնք
ցանցընելով
ձեր
շուրջը,
այս
«ազատ
եւ
հիւրընկալ
ափերուն
վրայ»։
Երեւանցին
պահ
մը
շշմած
մնաց,
բայց
դէմքին
վրայէն
մեր
հանդիպումին
պատճառած
ժպիտը
չմարեցաւ։
—Կատակ
էք
անում,
էլի,
բայց
էստեղ
չը
մնանք,
գնանք
սրճարան,
մի
մի
բան
խմենք
եւ
կը
խօսենք։
Գացինք
սրճարան
մի
մի
բան
խմելու։
Սրճարանը
անտուն
անտէր
մարդոց
ամէն
բանն
է,
թէ
հիւրասրահը,
թէ
տունը
եւ
թէ
ընտանիքը։
Հոն
է
որ
անոնք
կ՚ունենան
մարդկային
ջերմութեան
պատրանքը։
Այսպէսով
ճակտի
քրտինքով
վաստկուած
լուման
անոնց
գրպանէն
կ՚անցնի
սրճարանատիրոջ
սնտուկը։
Եւ
դեռ
մարդիկ
կը
զարմանան
թէ
ինչպէ՞ս
կը
դիմանան
այս
անհամար
սրճարանները։
Չեն
գիտեր
թէ
զանոնք
ապրեցնողը
թշուառութիւնն
է,
անյատակ
թշուառութիւնը։
Բասդիսի
առաջին
գաւաթները
պարպեցինք։
Ի՜նչ
ծեքծեքանքով
ապսպրեց
երկրորդ
գաւաթները։
Երբ
դեղնորակ
ջուրը
առջեւնիս
էր,
ան
արմուկները
սեղանին
վրայ
դրաւ,
դէմքին
տուաւ
հրճուալից
ժպիտ
մը
եւ
ըսաւ.
—Է՛,
հիմայ
պատմեցէք։
Ի՞նչ
տեսաք։
Ինչպէ՞ս
է
մեր
Երեւանը։
—Հրաշալի՜,
հրաշալի,
ըսի։
Բայց
ան
նորէն
ոտքի
ելաւ
եւ
ըսաւ.
—Հիմայ
կը
գամ,
տեսնեմ
թէ
Արշաւիրը
եկել
է։
Հինգ
վայրկեան
ետք
վերադարձաւ
երկու
խոշոր
հաց
բերելով
հետը։
Հացերը
սեղանին
վրայ
դրաւ,
բայց
չնստեցաւ։
Անհանդարտ
էր։
Կ՚երթար
կուգար
սրճարանին
մէջ,
իր
կցկտուր
ֆրանսէրէնով
կը
պատմէր
սրճարանատիրոջ
թէ
ես
իր
ծննդավայրէն
կուգայի
եւ
թէ
ինչ
հրաշք
էր
այդ
ծննդավայրը,
վկայ՝
ահա
մարդը
որ
անկէ
եկած
է։
—Հիմայ
կը
գամ,
ըսաւ
նորէն
եւ
դուրս
ելաւ։
Քիչ
ետքը
եկաւ՝
բեռցուած
քամամպէռ
եւ
քանթալի
պանիրով։
Զանոնք
դրաւ
սեղանին
վրայ՝
հացերուն
քով։
Յետոյ
նստաւ
եւ
գաւաթը
վերցնելով.
—Խմենք
Երեւանի
կենացը։
Էլի՛,
չեմ
կարող
մոռանալ
Երեւանը,
ամէն
մի
րոպէ
աչքիս
առջեւն
է,
մի
սիրահարուած
տղու
նման,
որ
չի
մոռանում
իր
սիրուհուն։
—Դուք
ուղղակի
Երեւանէ՞ն
էք,
հարցուցի։
—Ի
հարկէ,
ծնուել
եմ
Ազատութեան
փողոցում
եւ
ապրում
էի
նոյն
փողոցում։
—Այսինքն,
ըսի,
Չայքովսքի
փողո՞ցը։
—Ինչպէ՞ս
թէ
Չայքովսքի։
—Ազատութեան
փողոցը
հիմայ
Չայքովսքի
կը
կոչուի։
Գիտեմ,
գիտեմ,
ըսի
տեսնելով,
որ
կը
պատրաստուէր
ըսելու
թէ
սխալմունք
մը
չըլլայ։
Աբովեանէն
կը
մտնէք
Գնունի
փողոցը
եւ
շիփ֊շիտակ
մինչեւ
այգիները
կը
քալէք։
—Ինձանից
լաւ
էք
իմանում,
ըսաւ
ուրախութենէն
աթոռին
վրայ
ցատկելով։
Արշաւիրը
հիմայ
կը
գայ,
նա
էլ
կ՚ուրախանայ
ձեզ
տեսնելով։
—Ո՞վ
է
Արշաւիրը,
հարցուցի։
—Արշաւիրը
իմ
ընկերն
է,
միասին
զինուոր
էինք։
Նա
ուզում
էր
անպայման
բուրժուա
դառնալ
եւ
յաջողեցաւ։
Մի
հայ
աղջկայ
հետ
ամուսնացաւ
եւ
գնաց
Լիոն։
Այնտեղ
լաւ
խանութ
ունի,
Բէօժէօ
մեքենայ,
հէնց
էդ
մեքենայով
էլ
կը
գայ
ինձ
կը
տանի
Լիոն
եւ
մի
լաւ
աշխատանք
կը
տայ։
Տեսնում
էք,
էլի,
վատ
է
իմ
դրութիւնը,
շորերս
պատառոտած
են,
հազիւ
տարին
չորս
ամիս
աշխատում
եմ
արտերում։
Էս
կապիտալիստական
աշխարհում
գործ
չեն
տայ։
—Ինքնութեան
թուղթ
տուի՞ն,
հարցուցի։
—Տուին,
էլի,
թուղթ
տուին,
բայց
գործ
չեն
տալիս։
Եւ
կտրուկ՝
աւելցուց.
—Ներողութիւն
եմ
խնդրում
ձեզանից,
ընկեր,
հիմայ
կը
գամ։
Արդարեւ,
անմիջապէս
վերադարձաւ,
երկու
ձեռքերով
վեր
բռնած
կաւէ
աման
մը՝
զոր
դրաւ
սեղանին
մէջտեղը։
—Մուսիէօ
Տիւրան,
աղաղակեց,
երկու
պնակ,
դգալ,
պատառաքաղ
եւ
մի
շիշ
գինի։
Շատ
անհանգիստ
էր
իր
աթոռին
վրայ։
Շարունակ
կը
շարժէր։
Հրամաններ
կուտար
«մուսիէօ
Տիւրան»ին,
որ
անյապաղ
կը
կատարէր
ապսպրանքները։
—Մուսիօ
Տիւրան,
կ՚ըսէր,
այս
պարոնը
իմ
հայրենիքէն
է
եկել,
այսօր
տօն
է։
Եւ
սկսաւ
լեցնել
պնակները
փուռը
եփած
միսով
եւ
գետնախնձորով։
Երբ
գաւաթները
լեցուց
կարմիր
գինիով,
ես
գաւաթս
վերցուցի.
—Խմե՛նք,
ընկեր,
մեր
հայրենիքի
կենացը։
—Խմենք,
ըսաւ,
եւ
վերցուց
գաւաթը,
գլուխը
վերցնելով
գաւաթին
հետ։
Զարմանալի
ոգեւորութիւն
մը
տեղ
բռնած
էր
ուղեղիս
մէջ։
Չեմ
գիտեր
թէ
ջերմութիւնն
էր
արեւին,
որ
տաք
էր
սրճարանին
ապակեփեղկին
ետեւ,
թէ
ալքօլն
էր,
թէ
այն
տեսիլքը,
որ
հիմայ
ծնունդ
առած
էր
աչքերուս
մէջ,
զիս
փոխադրելով
Արարատեան
դաշտին
մէջ
փէշերը
փռած
խնդում
Երեւանը,
որ
ինծի
մոռցնել
կուտար
սրճարանի
մը
մէջ
ըլլալս։
—Խմե՛նք,
ընկեր,
խմենք,
պոռացի,
ընկե՛ր,
անունդ
ի՞նչ
է։
—Անո՞ւնս,
Անուշաւան։
—Ա՜հ,
ի՜նչ
անուշ
աւան,
Երեւան։
Սեղանն
է
առատ,
Դիմացն
Արարատ
…
Լցրէ՛ք,
ընկերներ,
բաժակները
լի,
Թող
Հայոց
գինին
մեզ
անո՜ւշ
լինի։
Անուշաւան
լեցուց
գաւաթները
եւ
երգէն
զգալիօրէն
յուզուած,
գաւաթը
ձեռքին՝
մնաց
անշարժ։
Իմ
գաւաթս
ալ
ձեռքիս
ծայրը
կը
սպասէր։
Երկուքս
դէմ
դիմաց
ուղիղ
կեցած
էինք
եւ
մեր
աչքերը
իրար
կը
խաչէին
առանց
թարթելու,
երբ
Անուշաւանին
աչքերը
սկսան
փայլփլիլ։
Արցունքով
լեցուեր
էին
անոնք
եւ
ապակիի
գոյն
առած
էին։
Բաներ
մը
ըսել
կ՚ուզէր,
բայց
բառերը
կը
ճզմուէին
կոկորդին
մէջ։
Ադամախնձորը
վեր
վար
կ՚ելլէր
կ՚իջնէր։
Ան
ալ
իր
աչքերուն
ապակիին
ետեւ
կը
տեսնէր
Երեւանը,
արեւախանձ
ու
ծիւնածածկ,
ու
ինք
կը
քալէր
անոր
նորակառոյց
պողոտաներէն
եւ
տունը՝
ուր
իր
մայրը
կը
սպասէր
իրեն։
—Խմե՛նք,
ընկեր,
ըսաւ
յանկարծ,
ի՜նչ
լաւն
էք
երգում
եւ
ես
այդ
երգերը
չեմ
իմանում։
Ինձ
թւում
է
թէ
ես
մի
անկենդան
մարդ
եմ,
որ
հոգի
է
առնում
այդ
երգը
լսելիս։
—Եւ
դեռ
ինչ
երգե՜ր,
սիրելի
ընկեր,
ի՜նչ
երգեր,
ինքնին
երգ
է
մեր
հայրենիքը։
Մեր
ժողովուրդը
կ՚երգէ
աշխատանքի
մէջ,
ցաւի
մէջ,
ուրախութեան
մէջ
ու
հիմայ
լայն
թեւեր
է
առեր
եւ
կը
ճախրէ։
Կը
ճախրէ
մարդերու
ողկոյզներով
բեռցուած
հանրակառքը,
որ
կ՚իջնէ
Աբովեանէն,
կ՚անցնի
Մարքսի
փողոցէն
մինչեւ
Բիւթանիա։
Ահա
մեքենան,
որ
կը
սահի
Սթալինեանի
ասֆալտի
վրայէն,
կը
հասնի
Յաղթութեան
վարդագոյն
կամուրջը
ու
կը
բռնէ
Էջմիածնի
ճամբան,
եզերուած
մէկ
կողմէն
ծիրանիներու
եւ
միւս
կողմէն
անվերջ
այգեստանի
համերգով,
ահա
Շողակաթը,
Գայեանէն
եւ
ահա
Զուարթնոցի
աւերակները։
Մեքենան
կը
շարունակէ
երգել
եւ
կ՚ըլլայ
Վաղարշապատ,
եւ
կ՚ըլլայ
վանք,
վանք
Էջմիածնայ,
այսինքն
հո՛ն՝
ուր
իջաւ
Աստուած…
Աստուած
իջեր
ի
Հայաստան,
ի
Հայաստան
…
Այո՛,
Աստուած
իջաւ
ի
Հայաստան,
իսկ
այս
երկիրները
իջան
սատանաները։
Դէպի
Երեւան,
սիրելի
ընկեր,
դէպի
Երեւան.
Հէ՜յ
կարաւան,
ջան
կարաւա՜ն,
Դէպի
Երեւան
…
Կարծեմ
թէ
իմ
փորս
ալ
մտած
էր
յիշած
սատանաներէս
մէկը։
Լեզուս
դադար
չունէր
բերնիս
մէջ։
Լեզուս
ինձմէ
աւելի
գինովցած
էր
եւ
յանկարծ
գինովութիւնս
ցնդեցաւ։
Այլեւս
Անուշաւանի
աչքերուն
մէջի
ապակին
հալած
էր
ու
կը
հոսէր։
Կը
հոսէր
առատ
եւ
խոշոր
կաթիլներով։
Սիրտս
փղձկեցաւ։
Անիծեցի
գինովութիւնս։
Ուզեր
էի
քիչ
մը
ուրախութիւն
բերել
հայրենաբաղձ
Անուշաւանին
ու
ես
միայն
արցունք
կրցած
էի
տալ
անոր։
Շփոթած
ու
այլայլած
էի։
Ի՞նչ
ձեւով
պիտի
կարենայի
ժպիտը
վերադարձնել
Անուշաւանի
այտերուն։
Բայց,
ըսի,
չէ՞
թէ
սատանան
փորս
էր
մտեր
եւ
քակեր՝
լեզուիս
կապերը։
Լեզուս
կը
ճախրէր
սանձարձակ,
բերնիս
մէջ,
տարօրինակ
ուժգնութեամբ
մը
ոգեկոչելով
Սեւանն
ու
Ալագեազը,
Արարատն
ու
Արաքսը,
Մանթաշն
ու
Լոռին,
բամպակ
հաւաքողները,
այգիները
կթողները,
քարակոփները,
որոնք
կը
կերպարանափոխեն
մեր
նախնական
երկիրը
եւ
կը
կերպարանափոխուին
նաեւ
իրենք՝
հայեացքնին
լեցուն
ապագայ
գեղեցկութիւններով։
Չեղաւ։
Ես
մէկէն
դադրեցայ
լեզուիս
տալէ։
Տեսայ
որ
քնարերգական
փորձս
Անուշաւանի
արցունքներուն
վրայ
աւելցուցեր
էր
նաեւ
հեծկլտանք
մը։
Ի՞նչպէս
վերջ
տալ
այս
տխրութեան,
այս
աղեկէ՜զ
տխրութեան…
«Triste,
friste
était
mon
ame
A
cause,
à
cause…».
Գտա՛յ։
Պէտք
էր
ետ
առնել
տուածս։
Պարզապէս
ետ
առնել
անոր
տուած
«արեւահամ»
պատկերներս,
անոր՝
որուն
անունը
իր
ծննդավայրին
ածականն
էր։
Ու
նոյնիսկ
փոխել
այդ
ածականը
որ
իր
անունն
էր,
չորցնելու
համար
անոր
աչքերուն
արցունքը։
—Գիտէ՞ք,
ըսի,
ընկեր
աւանակ։
—Ի՞նչ
էք
ասում…
Ի
հարկէ
ներելի
չէր
կոպտութիւնս։
Գիտէի,
որ
պիտի
վշտացնէի
զինքը,
բայց
վիրաբոյժը
վէրք
մը
աղէկցնելու
համար
կը
տատամսի՞
իր
գործողութեան
պատճառած
ցաւերուն
մէջ։
Ի
հարկէ
ո՛չ։
Մանաւանդ,
որ
արդէն
արցունքները
ցամքելու
սկսեր
էին
եւ
աւելին
դեռ՝
երբ
վիրաւորանքը
շեշտելով,
կրկնեց.
—Ի՞նչ
էք
ասում։
Զգացի,
որ
տուած
դեղիս
պարունակը
քիչ
մը
մեծ
էր։
Պէտք
եղաւ
պակսեցնել
եւ
ըսի.
—Սիրելի
ընկեր
Անուշաւանակ։
—Չեմ
հասկնար,
ըսաւ
չոր
եւ
կտրուկ,
յօնքերը
պռստելով։
—Հարկաւ
չէք
հասկնար,
ըսի։
Գիտէ՞ք
ինչ
է
ձեր
ձախորդութեան
պատճառը։
Ձեր
ձախորդութեան
պատճառը
երկու
է։
Նախ
պէտք
է
փոխէք
ձեր
անունը։
Հայութեան
ոչ
մէկ
հետք,
ոչ
ալ
հոտ։
Այստեղները
դիմանալու
համար
պէտք
է
փոխէք
ձեր
անունը,
իսկ
ես
փորձ
մըն
էր
որ
կատարեցի։
Տեսէք
ձեր
ընկերը
ինչպէս
յաջողեցաւ։
Որովհետեւ
անոր
անունը
այստեղին
յարմար
է։
Հոս
կայ
Վիր
քաղաքը,
որ
նշանաւոր
է
իր
երշիկով։
Արշաւիր
կամ
Վիր։
Կ՚երթայ։
Այս
մէկ։
Իսկ
երկրորդ,
ձեր
յանցանքը
իմ
խօսքերուս
առանց
խտրութեան
հաւատք
ընծայելն
է։
Դուք
գիտէք,
որ
իմ
խօսքերս
հայուն
դարաւոր
երազանքին
միրաժներն
են։
Հսկայական
պատրանք
մը։
Հիմայ
վերադառնանք
իրականութեան։
Իսկ
իրականութիւնը
բոլորովին
տարբեր
է։
Ջարդ,
հալածանք
եւ
աքսոր,
ահա
պատկերը։
Հողը
սեւ,
ջուրը
լեղի։
—Ի՞նչ
էք
ասում,
ընկեր,
կատա՞կ
էք
անում։
Նպատակիս
հասեր
էի։
Անուշաւանին
աչքերուն
մէջէն
ամբողջովին
անհետացած
էր
արցունքի
վերջին
հետքը։
Բայց
անոր
տեղ
չէր
վերադարձած
հին
ժպիտը։
Անոր
ըմբոստ
շեշտը
սակայն,
հիմայ
վայրագ
գեղեցկութիւն
մը
դրած
էր
անոր
անարցունք
աչքերուն
մէջ։
Վայրկեանէ
մը
ի
վեր
կը
խորհէի
թէ
որո՞ւն
կը
նմանէր
ան։
Մէկու
մը
կը
նմանէր։
Իր
ցնցոտիներուն
տակ
անպարտելի
հաւատքի
մը
գեղեցկութիւնը
կար։
Շատ
փնտռեցի
ու
վերջ
ի
վերջոյ
գտայ։
Գտայ
որ
անոր
նիհար
դէմքը,
մազոտ,
շաբաթէ
մը
ի
վեր
ածելի
չտեսած
դէմքը,
մացառուտային
սեւ
յօնքերը
կը
յիշեցնէին
Յովհաննէս
Մկրտիչը։
Ո՞ւր
տեսած
եմ
Յովհաննէս
Մկրտիչին
պատկերը։
Չեմ
յիշեր.
թերեւս
բնաւ
տեսած
չեմ։
Բայց
ինծի
այնպէս
կը
թուէր
այդ
պահուն
թէ
Յովհաննէս
Մկրտիչին
դէմքը
այդպէս
ըլլալու
էր,
Անուշաւանին
դէմքին
պէս,
անէծքի
եւ
ամեհի
հայհոյանքի
մարմնացումը։
—Ի՜նչ
կատակ,
ընկեր,
ըսի,
իր
խստութիւնը
մեղմելու
ճիգով
մը,
կ՚երեւայ
դուք
չէք
կարդար
թերթերը,
որոնք
ամէն
օր
մեզի
կը
հրամցընեն
մեր
հայրենիքին
արիւնաքամ
պատկերը։
Անուշաւան
ընդոստ
շտկուեցաւ
իր
աթոռին
վրայ,
կարծես
զինուորական
հրամանի
մը
ենթակայ՝
«պատրաստ»
եւ
Յովհաննէս
Մկրտիչեան
անէծքը
արտասանեց.
—Դրանք
սրիկաներ
են…
—Ահ,
ըսի
խնդալով,
ատիկա
իրենք
ալ
գիտեն։
Եւ
իմ
խնդուքս
Անուշաւանին
վերադարձուց
իր
հին,
աղուոր
ժպիտը։