Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաւօտուն պարզեղ հովուն,
Շատ բարեւ տարէք իմ եարուն,
Թող տայիմ կենայ ի մէջ բարուն.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն կանուխ, կանուխ,
Եարս ի պաղչան քաղէր անուխ,
Ինքն սպիտակ, աչվին է թուխ.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն դիպէր արեւ,
Իջնամ ի տամ եարիս բարեւ,
Ինքն կըլմնի վարդի տերեւ.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն էս ինչ չախ է,
Եարս ի պաղչան վարդ կու քաղէ,
Ինք սպիտակ, աղվոր խաղէ.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն դռան դիմաց,
Եկաւ անցաւ, չերաւ իմաց,
Աչքս տեսաւ, խելքս գնաց.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն դէմ ղազերուն,
Ծառայ մեռնիմ քո մազերուն,
Չեմ դիմանար քո նազերուն.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Առաւօտուն դիմաց լուսոյն,
Կօճկիկ շարեր հարիւր ՚ւ իսուն,
Ծառայ մեռնիմ ես քո տեսուն.
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն:

Եարս ի կանգներ ազատն ի վեր
Եւ կաղաչէր զաստուած ի վեր,
Թէ ե՞րբ տի տաս ծոցուս ընկեր,
Իմ տուն, խօրօտիկ, պապու տուն: