Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՃՈՅՔԸ

Պիկինին մէջ, երբ դէմ դէմի, այր ու կին,

Ցեխէն իրենց ոտքերը դուրս կը քաշեն,

Ու թուփերու պէս դողալով, խաշխաշէն

Գինով կարծէք, կը բռընկին, կը ծաղկին.

 

Երբ կոտրելէ, նետելէ վերջ մէկ առ մէկ՝

Գըլուխ, թեւ, ոտք, կախարդանքով մը իրար

Կ’ընդելուզեն զանոնք կրկին, յոգնաբեկ՝

Բայց կը ժպտին եւ մերթ կ’երգեն խանդավառ,

 

Մանոցներու պէս, դառնալով, կախուած սեւ

Թելէն իրենց երազին, որ կը մանեն.

Երբ անարդիւնի կ’ալեկոծին ու տռիփէն

Խաբուած՝ խաբել զայն կ’աշխատին հեւ ի հեւ.

 

Կը մըտածեմ ես այն հըրէշ-հրեշտակին

-Որուն հետ, կաղ՝ Յակոբ օր մը կռուեցաւ,

Երազներու սանդուխէն վերջ, իր դարձին-,

Որ հաճոյքի թոյնով կ’օծէ ամէն ցաւ։

 

Մէջն ըլլալով մեր այս պայքարն ստեղծման

Եւ Աստուծոյ սուտին հրաշքն անսահման։