Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՇԻՆՔ

Պայքարելով լոյսին դէմ, Միհըր, առոյգ պատանին՝

Անոր սիրոյն տիրացաւ եւ զայն սիրեց իր կարգին։

Այդպէս կըռիւըս եղաւ զիս հալածող լոյսին դէմ.

Եւ պայքարէն վերջ այդպէս ես հիմա զայն կը սիրեմ։

Դաշնակցելով լոյսին հետ, Միհըր՝ զաւակն Արեւին,

Զոհեց անոր ցուլն իր յաղթ, որ կը սիրէր հոգեւին։

Ան զայն սանձած էր երկար վազքերէ վերջ լեռնէ լեռ։

Անոր մահովը Միհըր զոհած իր սէրը կ’ըլլար,

Ու լըրումին հասցուցած հոգին՝ փառքի մը արդար։

Անոր միսէն, արիւնէն պիտի նոր կեանք մը ելլէր։

Մահուան մէջ կեանքն է գալիք որ կը սիրեմ հիմա ես,

Նոր, կատարեալ ձեւերու յոյսէն տարուած՝ Միհրի պէս։

Ասորական ցուլն ունէր մարդու գըլուխ ու թեւեր.

Մարմինս իր կեանքն երկրային ու հոգիս իր երկնքէն,

Այսպէս պիտի յաւիտեան գալիք դարերը ճեղքեն։