Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋ

Իրիկունն երբ՝ սըլացման թեւթափներով, ծառերուն

Կատարներէն անտառին՝

Կը բարձրանան խարշափներ եւ լըռութեան մէջ՝ հեռուն,

Հուրերուն մէջ կը սպառին,

 

Ես կը լըսեմ - պատգամի պէս, որ կու գայ մանկութեան

Աշխարհէս վեր միշտ ինծի -

Ծառն հեռաւոր, որ ծովին դէմ, արտին մէջ հայրական

Օր մը նըստած՝ լըսեցի։

 

Երազիս մէջ էր կարծես եւ կը խօսէր։ Անհունէն

Կու գար իր ձայնն։ Իր լեզուն

Թրթըռացում լոյսերու, տերեւներու հըրեղէն՝

Հեղեղ, խորհուրդ էր խօսուն։

 

Կը խօսէր մերթ կը լըռէր։ Կը յորդէր մերթ կը ծըփար,

Կու գար ներքին անհունէս,

Կը տանէր զիս։ Եւ բերկրանք, լինելութիւն անսպառ,

Յաւերժութիւն էր կարծես։

 

Կը լըսեմ զայն, կ’առնեմ կանգ, կը յիշեմ կեանք մ’անվրդով,

Հայրենի տուն, մանկութիւն,

Երանութիւն կը յիշեմ, ականջ կու տամ կարօտով,

Կարօտով մեծ ու տրտում։

 

Լոյս է, տեսիլ գերբնական, յաւերժութիւն անսահման՝

Հեռաւոր կեանքն այդ բարի,

Անտառին մէջ, եւ պատրանք՝ սին լռութիւն է նըման

Մեռելներու աշխարհի։

 

Կարօտով կանգ կ’առնեմ ես, եւ կը տխրիմ։ Բայց քամին

Կու գայ, կ’անցնին խարշափներ՝

Ծովերու պէս, եւ ես միշտ ականջ կու տամ ծովափին

Ծառին՝ որ զիս կը տանէր։

 

Քանզի երբ ես կը լըսեմ ձայնն այդ կախարդ, հեռաւոր,

Եւ խաղաղ կեանք մը կ’ուզեմ,

Կը մըտածեմ միշտ ճամբուս։ Ես՝ անհունի ուղեւոր՝

Կը մտածեմ, թէ վըսեմ

 

Երանութեան մէջ անգամ՝ մենք մեզ կը զգանք աքսորեալ։

Պէտք է քալել։ Քալել մեր

Ճակատագիրն է, քալել, ըլլալ։ Աշխարհն է՝ ըլլալ,

Դառնալ աշխարհ մը տարբեր։

 

Քանզի խարշափն այդ՝ յորդումն, ըսպառելէ վերջ՝ կրկին

Ժայթքն է հըզօր սըլացման

Մեր հոգիին անըսպառ։ Գանձերու ձայն է, ուժգին

Խոյանք նաւի. անսահման

 

Ճամբու բերկրանք՝ անտառին մէջ, ուր շուքեր կը շրջին։