Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՍՆԻ ԼՈՅՍ

Նոր ծաղկած ծառ՝ ծովն ի վեր կ’ալեկոծի ու կ’աճի

Լուսինին լոյսն անսահման։

Փսփըսալով կը ծըփան

Ծաղիկներն իր՝ որ ունին գոյնը մեղրի եւ գաճի։

 

Կատարն իր վէս կը քսուի հորիզոնին փայլփլուն,

Ուր յորդում մ’է աւիշի։

Եւ շարունակ կը վիժի

Իր վազքին մէջ՝ խորհուրդին, գաղտնիքներուն հասնելու։

 

Չար ու բարի ուժերու կըռիւ մըն է անընդհատ՝

Լըռութեան մէջ գիշերուան։

Հակառակորդ մ’ափին վրան՝

Կը փրցընէ մէկ առ մէկ աճող ամէն մէկ արմատ։

 

Ես կը նայիմ յոյսիս խօլ, որ անըսպառ կը սպառի,

Կ’աճի՝ առանց աճելու։

Կը նորոգուի միշտ՝ հըլու՝

Կեանքին, որմէ ան կ’առնէ գիծերը չար մերթ բարի։

 

Օրերը զայն կը հիւսեն ու կը քակեն շարունակ,

Անյայտ սիրոյ մը համար։

Եւ ես կ’օրհնեմ գաղտնաբար

Զոհաբերումն անարդիւնք՝ խունկի այս ծուխը բարակ։

 

Լուսինին լոյսը հեղուկ՝ ճերմակ ճամբայ մ’է յըղի,

Ուրկէ աստղերը կարծես

Պիտի երթամ անդարձ՝ ես…

Ան ապագան է, բիւրեղ՝ որ անհունէն կը բըխի։

 

Եւ ես արբշիռ՝ կը նայիմ պատրանքներուս։ Կը ծըփան

Յուշերս, կ’իյնան քարափին։

Կը դիտեմ խաղը նրբին

Ինէ բըխող հոգիիս, որ կ’երկարի անսահման։

* * *

Օ հոգի, ո՞ւր այսպէս՝ երբ, ըզգալով քեզ երկնահաս,

Հոն՝ ուր կարծես կ’անհետին

Չարիքներն ու բարիքներն, անդորրութեամբ կ’անհուննաս

Անսահմանին մէջ մըթին։

 

Մինչ ծաւալած ես՝ կ’ըլլաս դուն՝ ցանուցիր, լուսեղէն

Զոհի մը պէս ողջակէզ։

Եւ եթէ կաս դեռ՝ կ’ապրիս անդին ծովուն աղեղէն.

Ես չեմ կրնար տեսնել քեզ։

 

Եւ ո՞ւր՝ երբ այդ անհունէդ կու գաս միշտ ետ, մինչեւ ափ,

Կարօտ՝ անոր, մինչ աւազ,

Ալիք, փրփուր, ժայռ կ’ընեն քեզ տակ-վըրայ, ձեռընթափ։

Բաժան­բաժան դուն կ’ըլլաս։

 

Ձուկերու պէս մահամերձ կը ցնցըւին ու կ’իյնան

Լոյսերդ արծաթ, կը լըսուին

Մէջէդ ձայներ խըռովիչ, յուզիչ՝ բեկման եւ կիզման,

Մինչ կը փայլիս տակաւին։

 

Ազատ ես, չես, պատէ պատ՝ լոյսերդ աջ­ձախ կը բախին

Երամի պէս բանտարկեալ։

Միշտ կը փոխուիս։ Նոյնն ես միշտ։ Կ’ուզես արդար, ճիշդ ուղին։

Չես կրնար զայն ունենալ։

 

Ո՞ւր, երբ քալողը դուն չես, այլ ծովն՝ որուն վրայ դուն

Հըլու երազն ես անոր։

Խօսողն ան է, ծովն այդ՝ քեզ ոգեւորող կենսատուն,

Որ դուն կ’ընես լուսաւոր։

 

Ի՞նչ խորհուրդ ես, մշտահոս, անդադար զուր որոնման

Դատապարտուած, մերթ պատրանք

Եւ վաղանցիկ՝ կարծես, մերթ յաւերժական, անսահման,

Միշտ յուսավառ, բազմաջանք։

 

Փայլատակող օձեր մերթ, գալով խորէն անդունդին,

Կը փաթթըւին քեզի, քեզ

Կը քաշեն վար։ Կ’անհետիս։ Կը յայտնըւիս վերըստին։

Ադամանդներ կ’արձակես։

 

Չեմ գիտեր՝ ո՛ւր, բայց կ’երթաս, հասակ կ’առնես դէպի վեր

Եւ վերացմամբ ջերմեռանդ։

Կ’ոգեւորուիմ քեզմով, մինչ քեզմով տխրեր եմ, բեկուեր, -

Կ’առնեմ դարձեալ հաւատք, խանդ։

1939-1970