Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱԿԸՆԹԱՑՈՒԹԻՒՆ

Գիշեր էր՝ գործէս երբ պանդոկ դարձայ։

Փողոցներուն մէջ հովը սանձարձակ՝

Կը փչէր խոնաւ։

Ծուխ, մառախուղ։

Սէնի ափերուն մինչեւ, նաւէ նաւ

Հովը կը ճզմէր

Գոյնզգոյն լոյսեր։

Կ’ոլորէր զանոնք հրաշէկ ու կակուղ

Երկաթներու պէս։

Ջուրերուն խրած ժանիքներն անտես։

Հովը կը քաշէր, կը զարնէր քարին

Գետը՝ որ վայրի

Հոգեվարքի մէջ

Կո՛ւռէր, թափ կուտար,

Վիրաւոր, կատղած վարազի նման։

 

Կարօտ մը հուժկու՝ թախիծ մ’ամեհի

Հովը կը բերէր։

Սիրահար մը ջերմ՝

Կուլար, կը կանչէր սիրուհի մը հին՝

Որ միշտ կը փախչէր

Ու կ’երգէր հեռուն։

Աշխոյժ, մռնչող ձիեր կը ձգէր

Հովը՝ իմ առջիս,

Որպէսզի քշէր ծուլացած կամ ծեր

Ձիու մը պէս զիս՝

Կռիւներուն մէջ աւերուած մտքիս,

Որուն խեղճութեան,

Մերկութեան առջեւ կը խրտչիմ ես իսկ,

Կ’այրիմ ամօթէս։

Ես մեծցայ

Անտանելի

Պատուհասի մը նման։

Ես մեծցայ ծեր։

Մաղձ կը թափէր մառախուղուած աչքերէ դուրս

Ու գուրգուրանք

Հեգնական։

Ես դարձայ գէշ եւ ապերախտ։

Ես դարձայ մութ։

Ես սկսայ այնտեղէն՝ ուր ուրիշ մը պիտի մեռնէր անձնասպան։

Հողը խաւ-խաւ՝

Ոտքերուս տակ

Զիս կ’երազէր շարունակ

Ու իմ սիրտս կը սարսռար

Խայծին կառչող ձուկին պէս։

Կարելի չէր մեռնիլ։

Կարելի չէր ըլլալ մարդ՝ մարդերուն պէս։

Եւ սուրացի տեսիլներու եւ բոյրերու մէջէն կոյս՝

Լեցուած, տարուած՝ անմարդկային բաներով։

Ես փորձեցի աճիլ, ծաղկիլ

Ժամանակ մը՝ քիչ առ քիչ,

Ինչպէս երգը պարզ,

Միալար

Ու գրաւիչ՝

Հովիւին՝

Ուղեղին մէջ երաժիշտի մը հուժկու,

Եղբայրութեան ու բարութեան սարսուռներով առլցուն։

Ես զոհեցի կեանք մը ամբողջ։

 

Պէտք էր դառնալ ու կը դառնամ յաւիտեան՝

Առասպելին մանկութեան,

Ուր դիւթական,

Գերիրական

Շարժանկար մը կը նետէ յոյս,

Հրեշտակներ՝ որ կը նային

Ու կուտան խոյս

Մարդերէն

Եւ հեշտանքներ անհունի,

Որ մանուկն իրեն հետ առատօրէն կը բերէ։

 

Պէտք էր հասնիլ առանձնութեան մը խորունկ։

Ու կը հասնիմ։

 

Կը զարնուի թեւս մոլար՝

Մոլորակի մը հնչուն,

Կը թափէ վար՝

Հեղեղ մ’անհուն՝ հոգիներու

Թրթռուն

Փոշի, մշուշ՝ առհաւական, տարրերու։

 

Կորկոններու իժեր կուտայ

Հովը բակին ծառերուն։

Վիժած երկինք մը կ’օրօրէ

Գետը՝ հեռուն,

Հովին տակ։

Սալ։

Խլրտում։ Աշուն։

Ու շղթաներ։ Ծառերւ դող…

Թաղեր, խաղեր ծովածաւալ՝ կաղի, դեւի մըռըլտուքով։

Հեռուն մարդեր՝ իրար ոտքի տակ փորող

Եւ անուններ՝ կայծակնացայտ գիծերով։

Բո՜ւք։ Խռով պտուտակ մը՝ օդանաւի։

Երեկոյեան լոյսով օծուած

Զառիթափ մը՝ հնչուն, փայլուն։

Ես կը սահիմ։

 

Անգիտակից

Շարժում մ’ուսի.

Փերի մը կից

Կուտայ ինծի

Ու սկիզբը հրդեհներու՝

Որ կը ցատկեն փեղկերէ դուրս

Դղեակներու,

Կը ծաւալին, կը հոսին

Ու կը փլչին,

Բանալով խելակորոյս

Վիհ մը խղճի՝

Կրօնքներու ճամբուն վրայ։

Վախցած՝

Ուրախ նոյն ատեն,

Ծունկերս վար,

Չոքած, փլած խոնարհաբար՝

Առասպելի մը դիմաց

Անշարժացած տղայութեանս նման,

Ես կը դիտեմ հեռաւոր

Աշխարհներու, բլուրներու ծայրէն ցցուած

Խուրձ-խուրձ՝

Դէմքերը մութ ու անողոք

Ու վիրաւոր վհուկներու՝

Որ աւելի ծուծը կեանքին
Տեսան, ըսին

Եւ երազել գիտցան անոնք՝

Քան թէ բոլոր

Նոր, հնաւուրց

Գիտուններն ու սուրբերը մեր։

 

Ես կը սահիմ,

Կը քայքայեմ անհունները` ոտքիս տակ։

 

Ձագ է ձգներ ծակերուն մէջ ցուիքներուն՝

Հովը աշնան՝

Դողդողագին, հեծկլտող շուն։

Հովը աշնան փայտերուն տակ փոշոտ, խաւար

Ձեղնայարկին

Օրօրան է կապեր, կախեր,

Ճիւաղակերպ տղոց համար։

Փտած, մգլած գերաններուն՝

Կարկահի

Հովը լարեր՝

Ճռճռացող, փրփրուն թելեր

Պատերն ի վար, պատերն ի վեր,

Խաւարին մէջ խարխափելէն

Գորգ կը բանի։

Կ’ելլէ, կ’իյնայ սաւառնատենչ՝

Խենթի նման

Ու սագի՝

Սնտուկներուն, քուրջերուն մէջ

Ամայի տան

Ու գիրքերուն փոշեթաթախ՝

Որոնք յուշեր կը բուրեն դեռ

Մեռելներու

Եւ կարօտախտ՝ տրտմագին։

Սանդուխներէն

Յարկէ յարկ՝

Կը թաւալէ հովը յանկարծ

Ուրուականներ՝

Ոչխարներու, այծերու պէս,

Եղնիկներու հալածուած՝

Կատուներու տառապակոծ ու սիրահար՝

Հեղեղին պէս անտես վայրագ,

Կապիկներու՝ որ կը խուժեն,

Կ’ալեկոծեն

Մութ անտառներ իրենց տակ։

 

Ձեղնայարկին սանդուխներէն

Կ’իջնեն մէկ-մէկ՝

Քրմուհիներ ճերմակ ու մերկ,

Ափրիկեան սեւ, արեւավառ

Հմայիչ մը օձերու,

Ֆաքիր մը քուն՝ ստորերկրեայ աշխարհներէն

Տաք հացի պէս ճամբուած։

Երանութիւն մը խորունկ՝

Լոյս կը լզէ

Աչքերուն մէջ՝ մեռելադէմ տերվիշներու՝

Որ կը դառնան

Հոլերու պէս,

Աստղերու պէս սպառած՝

Միւզիք-հոլի սանդուխներէն

Իջնող կնոջ՝ պարիկներու ու պայերու օրօրումով։

 

Հնադարեան

Գանձերու շուրջ

Պահակ կեցող դեւ մը կ’անցնի հսկայաքայլ՝

Կը տրորէ մրրկաշունչ

Երախն իրեն՝

Կը սուլէ,

Մխրճելով աչքը եռուն՝

Տախտակներու

Ճեղքին մէջ։

Ես կը սահիմ։

 

Դէմք մը ահա՝

Լուռ, ընտանի՝

Կը տատանի

Դուռիս ետին թափանցիկ՝

Երկարելով խաշխաշի թաց

Ու մածուցիկ

Դաշտին մէջէն ստուերներու՝

Որ կը յուզեն զիս՝ խորունկ

Սարսուռներով եւ քաղցրութեամբ

Մը տարտամ։

 

Աղբիւրներու գլխուն կեցած

Ահա՝ հրէշն եօթ-գլխանի՝

Սպասելով իր նոր զոհին…

Կը մտմտան

Արքան

Եւ ամբոխը ստուերներու աշխարհին։

Հովը թմբուկ կը զարնէ.

Ո՞վ, ո՞վ, ո՞վ

Պիտի տայ աղջիկ մը կոյս։

Ես կը սահիմ։

 

Խաւարին մէջ կը ծաղկի

Ծառը վախին դիւթական

Ու մառանէն,

Յարկէ յարկ,

Կը տարածուի,

Կը գալարուի օձապտոյտ

Ճիւաղային թեւերով

Վախը՝ մայրը ստեղծումի,

Ծառը՝ խորան վհուկի։

Ո՞վ, ո՞վ, ո՞վ պիտի տայ։

Հովը թմբուկ կը զարնէա

Ու վշտի փող։

Որքան վհատ, խուսափող

Նայուածք մ’ունի.

Կարգը իրն է,

Իր աղջկան՝ ադամանդէ ու ձիւնէ,

Որ քերթողները յաւէտ

Երազեցին ու տեսան,

Ծփանուտ, զմայլելի գիծերով՝

Ամպերուն վրայ տարագիր՝

Խորհրդանիշ մը իբրեւ։

Արքան

Հսկայ խոստումներով մունետիկներ է հաներ։

Հովը կուլայ աղիողորմ։

Հովը կուլայ, կը զարնուի որմէ որմ.

Մինչ թռչուն մը կը թօթափէ

Վայրագ, մթին նայուածքներ՝

Լուսնի լոյսեր սատափէ

Ու կը ճչայ բուխերիկիին ճռոցին հետ՝

Կատաղօրէն։

Ես կը սահիմ։

 

Տամ, տամ

Սուրի հարուած մը՝ ճիւաղին,

Որ ինծի տան

Սմուռք հաւը՝ ոսկի, անգին՝

Փրկութեան։

Տամ, միսերս տամ

Ոտքերէս վեր

Միրտս մինչեւ՝

Բաւական է որ գզգզուած

Ոսկորներս հպին փարթամ

Եզերքներուն

Լոյս աշխարհին

Սկզբնական։

 

Եւ երկարիմ առաձգական ու վառվռուն ձիւթի պէս՝

Անջրպետէ անջրպետ՝

Հեռանալով,

Մոռնալով ձեզ

Ու ձեր քով կեանքս՝ անսկիզբ եւ անվախճան՝

Սահանքներու ետին աճող ջուրի նման

Բարձրանալով մեղմօրէն,

Հաւասարիլ ձգտելով

Պահ մը՝ մահուան,

Անմահութեան՝

Որ գետին պէս կամ ջրմուղին

Կը տարածուի անսահման՝

Մեր աննշան կեանքէն վերջ։

 

Հոս,

Այս շեմին

Վրայ սակայն ճգնական՝

Կը տատանիմ,

Կ’առնեմ կանգ։

Օ՜ կեանք…

Հոս կը փրթի

Կախարդանքը պապերուս՝

Որ դեռ կ’ապրին, կը ծփան

Ժառանգաբար՝

Արեանս մէջ այս մռայլ։

Հոս կը փրթի ֆիլմը խրթին՝

Որ թափելով աչքերէս դուրս՝

Բռնկեցուց քայլ առ քայլ

Ստուերներով մշտահոս

Ունայնութիւն մը գձուձ։

Կը ծալլուի, կը ծրարուի

Թռչունը հոս՝

Ինչպէս օրը որ կը մթնէ

Ու ծրարը չարչի, ճճու հրեային՝

Ինչպէս երազ մ’որ կը փախչի,

Կը նուաղի

Մութերու մէջ մթնշաղի։

 

Ես մեծցայ՝ կաշիիս վախը վրաս։

Արկածասէր ու մեծ

Մարդերու բեռ մը երազ՝

Կուրծքիս տակ։

 

Ես մեծցայ կեղծ,

Ոչ մէկ սէր, ոչ մէկ հաւատք,

Ես մեծցայ գերի, գերի, գերի՝

Իմ ահաւոր եւ անհանգիստ

Ինքզինքիս։

 

Կարելի ըլլար գոնէ հրաժարիլ,

Խաղաղիլ՝ հոս,

Մարել տենդս հեղեղներով հեռաւոր՝

Ինչպէս մարդը մաշած, անխօս՝

Օգոստոսի

Ծանր, երկար օրերուն

Կը զովանայ

Նայելով հորիզոնին՝ ուր կը հոսին

Անձրեւները բարեբեր

Կապարագոյն երկնքէն վար։

Կարելի ըլլար գոնէ

Խմել՝ իյնալ ու հեգնել,

Ինչպէս թռչունը հիբնոսացած՝

Պիտի իջնէր գիշերուան մէջ ծովն ի վար,

Ինչպէս ջայլամը, որ կը թաղէ

Աչքերը՝ տաք

Փետուրին տակ,

Ուր կը բացուի երանութեամբ՝

Իր վախէն,

Ծառուղի մը տերեւաթափ

Ու պսպղուն լոյսերով։

 

Աւելի մօտ կ’երեւայ արցունքներուն մէջէն մեր՝

Հորիզոնը՝ որ կը լքենք,

Աւելի մեղմ։

Կոպերուն տակ մեր թրջած կը պահենք մենք

Մեր սրտին դէմ

Աշխարհը՝ որ կը խուսափէր

Քիչ առաջ։

Հարիւր անգամ

Աւելի կը զօրանայ մեր կարօտը չգիտցուած բանի դէմ։

Կը յամառիմ, կը մնամ

Հոս, այս շեմին առջեւ վերջին։

Եթէ կ’ուզեմ

Փրկուիլ,

Եթէ կ’ուզեմ անցնիլ գետէն՝ տառապագին ու վսեմ՝

Պէտք է շինեմ ես՝ այսօր,

Նաւ մը՝ ցաւի, մտածումի այս բոլոր

Բեկորներովս ճղճիմ։

Եթէ կ’ուզեմ չմոլորիլ յաւիտեան՝

Լացերու մէջ ռոմանթիք,

Պէտք է զարնեմ ցից մը՝ հոս,

Բեւեռախոյզ զորավարի մը նման

Ու դառնամ յետոյ միայն՝

Կեանքին,

Քաղելու համար անկէ՝ նկարագիր մը հերոս

Ու միջոցներ կրկնակի՝

Իմ արշաւիս ապագայ։

 

Հոս կը լքեն զիս՝ իմ ուժերս սակայն։

Մուրճէս առաջ իմ յամառ,

Կամքի՝

Պատերս վար, վար,

Գլխուս վրայ կը հակին

Ու կ’առնեն զիս՝ թեւերու մէջ սեւ, երկայն,

Օրօրելով կը նետեն

Զիս՝ միջոցներու մէջ, արդէն
Մշուշապատ, ալեկոծ։

Միսերուս վրայ հուր մը խոց

Կը բանայ, այրող, չորցող դիակներու բոյրերով։

Միսերէս վար կը վազէ

Հեղուկ մը պաղ, գիշատիչ.

Նման ջուրին ալքոլախառն՝ սափրիչին՝

Մեր այտերուն վրայ թարմ,

Մինչ

Խորերէս, աւազէ

Քարայրներու մէջ՝ քիչ-քիչ

Կը կազմուի բիւրեղացում մը պայծառ

Ու կը դիզուին մեղմօրէն

Տալով խոյս,

Խումբ-խումբ

Բջիջներս, ցաւերս նոր՝ հիներուն վրայ,

Շուրջը հուժկու ոսկորներուս՝

Որպէս մթին կալվանում։

 

Կը լքեն զիս՝ ուժերս հոս

Ու կը մտնեմ ես այսպէս

Գլորելով փոսէ փոս

Քուն մը ներս,

Ակամայ, ջարդուփշուր, խելակորոյս՝

Ցնցուելով, աղակուելով մինչեւ լոյս,

Ինչպէս նաւը՝ այս հովին

Թեւերուն տակ կատաղի

Ու քաղաքի մը դիմաց՝

Ճռնչալով, կրծելով լաստերը թաց՝

Քարափներուն կը բախի [1] ։



[1] « Մակընթացութիւն » քերթուածին մէկ տարբերակը տեսնել « Տեսիլք »ի մէջ Տեղատուութիւն եւ Մակընթացութիւն »): Վերցուած է « Հայրենիք » ամսագրէն, Յունուար 1932: