Միջերկրական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԸ

Հալածական՝

Եկանք, հասանք ծովու մ’ափին,

Դիրք բռնեցինք, սպասեցինք՝

Որ բարեկամ նաւերը գան ու մեզ տանին։

 

Նաւերն եկան

Ու հեռացան, չտեսան մեզ։

Չտեսան մեր դիակներուն վըրայ նստած մեր թշնամին,

Ձեռքերը մեր, դրօշները մեր հողմածածան՝ մեր սրտին պէս։

Մենք պոռացինք, աղաղակներ արձակեցինք եւ լռեցինք։

Մենք նայեցանք

Երկար ատեն դէպի երկինք՝

Մեր յոյսերուն ցնդող ծուխին։

 

Սերտեր էինք մենք սուրբ գիրքեր Նարեկի պէս, Հիւկոյի պէս։

Կռուեր էինք, մենք ունէինք արդար պարծանք։

Զոհուեր էինք, կը յուսայինք ազատութիւն, սէր ու կորով,

Բերկրանք ու հաց

Հոգիներէ մեծ, մարդասէր…

Բայց ծովն հեռուն՝ կախարդական բիւրեղներով

Շողալէ վերջ, մեզ կը յուզէր։

Կ’երգէր մեզի իր երգը սին,

Ծովն ամայի միշտ մեր դիմաց։

Կ’անհետանար ծուխն հողմավար մեր երազին։

 

Ու խաչակիր նաւերն եկան, գացին, եկան,

Վերջապէս մեր կեանքը տեսան ողբերգական ու մուրացկան։

Գացին, եկան ու վճռեցին, վերջապէս մեզ ընդունեցին։

Եւ երբ առին ու տարին մեզ ափեր օտար,

Տըւին մեզի կըտորն իրենց ճերմակ հացին,

Սկըսաւ սեւ ողբերգութիւնն յուսախաբման։

Խաղը տեսանք պատրանքներուն՝ որ խաբեցին մեզ տասը դար։

Եւ ժպտելու եւ օրհնէնքի համար բացուած

Շրթները մեր դողդըղացին անոր դիմաց։

 

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը մեր

Ցնորաբեր,

Անոնք՝ որ կոյր, ցնդած մտքեր կըտակեցին,

Անոնք՝ որ կեղծ մարդասէրներ

Տըւին - գովեստ, սէր ու դարման մեր մեծ խոցին,

Եւ անոնք՝ որ արդարադատ մեծութենէն երկնային

Կամ երկրային եղբայրական նըւիրումէն կը ճառեն։

Մենք պէտք ունինք հացի, կեանքի, հպարտօրէն

Առնելու այն՝ ինչ որ մեզի պէտք է տային։

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը ծեր

Եւ բանանք մենք ճշմարտութեան գիրքը՝ որ մենք դեռ չենք բացեր,

-Մարդն է մինակ եւ մինակ է ան ամէն տեղ։

Եւ ոչ մէկ մարդ կը սիրէ իր անձին նըման իր դըրացին։

Եւ ան՝ որ «Տէ՜ր» կ’ըսէ, կ’ուզէ փրկութիւնն իր թշուառ անձին։

Եւ ան՝ որ «Սէ՛ր» կ’ըսէ կընոջ, ինքզինքն է միշտ որ կը սիրէ…

Դուք ունեցէ՛ք լեզուն օձին եւ առիւծին երախն ահեղ…

 

Սերունդ-սերունդ՝ եկեր ենք մենք,

Որ մեր վիժած երազներուն նեխումն զգանք,

Ճշմարտութիւնն այս ըմբռնենք, անկէ հոսող թոյնը խըմենք։

Սերունդներու յուսախաբում, օտարութեան ցաւ ու զրկանք,

Պատերազմներ երկու հսկայ՝

Որպէսզի մենք կեանքը ճանչնանք,

Աշխարհը մեծ վէրք մ’է, որ մեր դէմքին շարաւն իր կը պոռթկայ։

Սերունդ-սերունդ հասեր ենք մենք,

Որ գանք, կարդանք եւ ըմբըռնենք

Այս գիրքը մեծ՝ մարդկութեան նենգ

Աղբէն ծընած ու բարձրացած ծառին նըման մեծ գիտութեան.

-Ցեղն է մինակ, եւ ոչ մէկ ազգ, եւ ոչ մէկ ցեղ

Կրնայ սիրել իր դըրացին սահմանակից։

Եւ երբ սիրէ, տըկար է ան եւ կամ յիմար։

Եւ երբ սիրուի, կը սիրուի իր ուժին համար

Կամ իր առթած վախին համար չա՛ր ու ահեղ,

Իր կիներուն, քարիւղներուն, իր գանձերուն համար հսկայ,

Եւ կամ անոր համար՝ որ ան միշտ կը տոկայ

Զոհաբերման, կը տանի լուծ, զրկանք ու կից։

 

Դարերն ի վեր եկեր ենք մենք,

Որ տեսնենք դառն զարթնումն այս մեծ՝ քաղաքակիրթ երկիրներուն,

Ու քայքայումն անոնց սարսռուն,

Յուզումն անոնց՝ իրենց դարբնած

Կուռքին դիմաց,

Որ կը կոչուի խելք, զարգացում, երկնամուխ շէնք

Ու գիտութիւն, զէնք, մեքենայ, երկինք ու ծով ցնցող ական,

Ոսկի եւ ռումբ հիւլէական…

Եկեր ենք մենք՝ որ տեսնենք մարդն համայնական, անասնային՝

Զուրկ հոգեկան թըռիչքներէն,

Վայրենութիւնն այս՝ որ բերին ու կը բերեն

Գիրքերն, որոնց պապերը մեր կը հաւտային,

Եկեր ենք մենք։ Բանա՛նք, կարդա՛նք

Ճշմարտութեան այս գիրքը թանկ։

Եւ հասկընանք, թէ ինչո՞ւ դեռ

Կ’ապրի, կ’ոռնայ մեր թշնամին

Եւ կը ստանայ պատիւ, յարգանք, զէնք ու զարդեր,

Մեր թշնամին ճկուն, նրբին՝

Որ մեռաւ միշտ ու յառնեցաւ։

Դարերն ի վեր եկեր ենք մենք, որ այս թշուառ դարը տեսնենք։

Մեր անհամար մեռելներուն նայուածքն ենք մենք։

Տեսնենք երկնէն ինկող ռումբին տակ փըլած սուրբ կաթողիկէն,

Որ նաւն եղաւ, դարերն ի վեր

Կը տանէր սէր, գեղեցկութիւն…

Այս բարբարոս դարը տեսնենք՝ արուեստին դէմ կոյր, անտարբեր,

Եւ գուշակենք գալիքը սեւ անասնակերպ գալիք մարդուն…

Հալածական ու ցիրուցան՝

Եկած, կեցած օտարութեան այս դառն ափին՝

Մեծ կարօտով ըսպասեցինք՝

Որ մեր երկրին նաւերը գան եւ մեզ տանին։

Նաւերն եկան ու հեռացան,

Չտեսան մեզ,

Վէրքերը մեր, կարօտը մեր հողմածածան

Դրօշներու պէս։

Մենք նայեցանք երկար ատեն դէպի երկինք

Ցնդող ծուխին։

 

Նաւերն եկան, գացին, եկան,

Վերջապէս մեր կեանքը տեսան ողբերգական,

Ու լուսեղէն կանչեր, սէրեր արձակեցին։

 

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը մեր ցընորաբեր։

Եւ նաւերէն՝ որ պիտի գան ու մեզ տանին,

Կենանք նայինք մեր գիրքերուն հալող ծուխին։

Սերունդ-սերունդ՝ երկրէ երկիր թափառական՝

Եկեր ենք մենք, որ տէր դառնանք

Այս մեծ գրքին ճշմարտութեան։

Շրջեր ենք մենք ու տառապեր՝

Որ աշխարհի սրտէն առնենք խորհուրդն այս թանկ։

Տանինք Երկիր այս գիրքը մենք.

-Մարդն է մինակ եւ ան մինակ է ամէն տեղ,

Բայց իր երկրին հացով ապրի

Եւ դառնութիւնն անոր ըլլայ բարի օրհնէնք,

Թըւի բարի,

Քաղցըր, հիւթեղ։

 

Սերունդ-սերունդ՝ մենք կը յիշենք հողերը մեր արգասաբեր,

Լեռները մեր, գետերը մեր։

Եւ անոնք մեր հոգիին մէջ եղան որպէս

Անձնական յուշ, երազ՝ որ մեզ

Յուզեցին միշտ։

-Երազ ու վիշտ։

Նաւերը գան, երթա՛նք անոնց, զանոնք գտնենք,

Նոր կեանք առնենք, ուրախանանք մենք մեր անձը գըտածի պէս։

Մեր երկրին հողն ու ջուրն ենք մենք, վառ լոյսն ենք մենք։

Ու մեզի հետ տանինք մեր այս գիրքն իմաստուն

Մեզի հետ հոն. երկիրը մեր՝ որուն համար

Պայքարեցան դարեր-դարեր մեր մեռելները անհամար,

Կերտեցին զայն եւ կը կերտեն։

Տանինք անոնց եւ անոնք մեզ պիտի սիրեն։

Որովհետեւ անոնց խաբուած ու դառնացած հոգիներէն,

Սրտէն քամուած լոյսն է այս գիրքն իմաստութեան,

Անոնց յուզուած ոսկորներուն բորբ ծուծն է ան։

Մեծ ուժն է ան չար ուժերուն դիմաց վաղուան [1] ։



[1] « Իմաստութեան գիրքը » վերարտադրուած է « Ճշմարտութեան Գիրքը » խորագրին տակ, « Միջնաբերդ »ի մէջ: Ներկայ տարբերակը կու գայ «Հայրենիք» ամսագրէն, Մայիս-Յունիս 1946: