Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՐՈՄԷԹԷՈՍ

Կիրճի մը մէջ բոցերու, ուրկէ անգղեր կը նետուին,

Աստուած մը յաղթ ու գոռոզ, դարերն ի վեր աքսորուած

Դատապարտեալ մը խըռով։ Հառաչ, բողոք ու հարուած

Ու ընդվզում՝ երկինքին մէջ. գալարում մը ուժգին։

 

Տանիքներ շէկ կը հեւան հեռուն, իրենց երազէն՝

Ըստուերներուն տակ խուժող՝ սարսափահար կը սթափին։

Աշխարհն ամբողջ կը սուզուի դըժոխքին մէջ, տարափին

Տակ բոցերուն՝ որ իրար հրդեհելով կը վազեն։

 

Գեղեցկութիւն, դառնութիւն։ Կանաչ, կարմիր ու դեղին

Հրթիռներ մերթ, սատափներ։ Ամպերը մերթ կը կախեն

Իրենց միսերն արիւնոտ։ Մերթ արցունքներ հըրեղէն։

 

Վիշտն ու հրճուանքը կրկին արբեցընող կըրակին։

Ըմբոստութեան, տենչերուն հուրերն ահա կը պոռթկան։

Ու կը հնչէ գերութեան, ստրկութեան մեր շղթան…