Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՔԸ

Հալածական՝ եկանք, հասանք ծովափ մը մենք,

Դիրք բռնեցինք, ըսպասեցինք մենք նաւերուն։

Նաւերն հըրաշք՝ եկան, անցան ու հեռացան։

Մենք պոռացինք բարձրացուցինք ձեռքեր, դրօշներ հողմածածան,

Աղաղակներ արձակեցինք ու լըռեցինք։ Չտեսան մեզ…

Մենք նայեցանք երկար ատեն դէպի երկինք

Անյայտացող մեր յոյսերուն ցնդող ծուխին։

Սերտեր էինք մենք սուրբ գիրքեր։

Կռուեր էինք եւ ունէինք արդար պարծանք։

Զոհուեր էինք մենք մարդկութեան, կը յուսայինք փրկութիւն, սէր,

Պատիժ՝ հրէշին, որ կը փլէր մեր արեան մէջ։

Բայց ծովն, հեռուն, կախարդական բիւրեղներով

Շողալէ վերջ, մեզ կը յուզէր, կ’երգէր մեզի իր երգը սին,

Կ’անհետանար ծուխն հողմավար մեր երազին։

Ու խաչակիր նաւերն եկան, գացին, եկան,

Վերջապէս մեզ տեսան՝ երբ մենք կը մեռնէինք խոնջ, սովահար։

Գացին, եկան ու վճռեցին, վերջապէս մեզ ընդունեցին։

Տարին օտար, պայծառ ափեր։

Բայց երբ մենք ոտք դրինք հողին եւ ժպտեցանք երախտապարտ՝

Սկսաւ նոր ողբերգութիւն մ’յուսախաբման։

Խաղը տեսանք պատրանքներուն՝ որ խաբեցին մեզ դարէ դար։

Մեր թշնամին տեսանք բազմած՝ առքով, փառքով,

Մեր սուրբ կարծած, փառաբանած կուռքերուն քով։

Ու նախատինք, հեգնանք, զրկանք տեսանք կրկին։

Ետ նետեցինք աչքերը մեր դառնացած՝ մենք լոյս մը տեսանք

Մէկ ծայրին վրայ մեր աւերակ հայրենիքն։

Այդ յոյսն էր մեծ, մենք սրտաբաց կանչեցինիք զայն։

Նաւերն եկան ու հեռացան, չտեսան մեզ։

Մենք պոռացինք կարօտ ու ցաւ, ու լըռեցինք։

Ու նայեցանք երկար ատեն որբի նման դէպի երկինք՝

Մեզ ուրացող, արհամարհող եղբայրներուն ձըգած ծուխին։

 

Նոր արհաւիրք մ’եկաւ անցաւ, համատարած կըռիւ մը նոր՝

Որ նոր զոհեր խըլեց մենէ, բերաւ յոյսեր։

Նաւերն եկան, նաւերն հըրաշք մեր աշխարհին՝

Վերջապէս մեզ տեսան, լոյսեր արձակեցին, սիրոյ կանչեր։

Եւ մենք տեսանք հրաշքներ կրկին հորիզոնին մէջ հեռաւոր։

Կը գրկէին իրար յանկարծ կէսերն երկու մեր դարաւոր հայրենիքին։

Այն՝ որ սեւ էր, կ’ելլէր մութէն, կ’ըլլար կարմիր,

Կը նետէր նոր բոց մը վրէժի։

Այն՝ որ շէկ էր ու յաղթական, կ’առնէր սուրբ սուգն առաջինին,

Կ’ատէր անոր չափ թշնամին, որուն «եղբայր» կ’ըսէր երէկ։

Ան կը ցցէր սեւ սուրի պէս այդ սուգը մեր։

Երկուքն ալ սեղմ իրար գրկած ու ըմբռնած,

Յուզուած երկար բաժանումէն ու խանդավառ…

Կամք մը հզօր, պաշտպան, բարի՝ անոնց կուտար եռանդ մը նոր։

Մենք տեսանք այս հրաշքը շքեղ, արբեցուցիչ, ըսպասեցինք։

Բայց ծովը միշտ կը թաւալէ բիւրեղներն իր,

Փրփուրներն իր, իր երգը սին։

Ու ալիքներ իրար լըզող, ստրկացող ծունկի կուգան իրարու դէմ։

Ու կը ձուլուին իրարու մէջ՝ իրենց վըրայ իշխող հզօր հովին ներքեւ,

Կը բաժնըւին։

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը մեր ցընորաբեր ու փրփըրուն,

Անոնք՝ որ կոյր ցնդած մտքեր կըտակեցին,

Անոնք՝ որ սուրբ արդարադատ մեծութենէն երկնային

Կամ երկրային եղբայրական նըւիրումէն կը ճառեն։

Անոնք՝ որ նոր եւ ամէն օր դեռ կը գրուին՝ տափակ ու փուճ,

Կուկունեանի օրէն աւանդ ու ջըրոտած մելաններով։

Մենք պէտք ունինք հացի, հողի, հըպարտութեան, ազատութեան,

Աշխատանքի գեղեցկութեան ու սրբութեան,

Ինչ որ մեզի պէտք է տային ու չտըւին։

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը ծեր, ցընորական,

Եւ բանանք մեր ճշմարոտւթեան գիրքը՝ որ մենք դեռ չենք բացեր։

Մարդն է մինակ, եւ մինակ է ան ամէն տեղ։

Եւ ո՛չ մէկ մարդ կը սիրէ իր անձին նըման իր դըրացին։

Եւ ան՝ որ «Տէ՜ր» կ’ըսէ, կ’ուզէ փրկութիւնն իր թշուառ անձին։

Եւ ան՝ որ «սէր» կ’ըսէ կընոջ՝ ինքզինքն է միշտ որ կը սիրէ…»

Դարերն ի վեր եկեր ենք մենք՝

Որ տեսնենք մեծ կեղծիքը այս քաղաքակիրթ երկիրներուն,

Որ կը կոչուին զէնք, մեքենայ, երկինք ու ծով ցնցող ական,

Քարիւղ ու ռումբ հիւլէական։

Եկեր ենք մենք՝ որ տեսնենք մարդն իր երկրին մէջ թշուառ ու մերկ։

Եկեր ենք մենք՝ որ տեսնենք մարդն համայնական, անասնային։

Եւ այս տըգեղ, այս խելագար դարը տեսնենք,

Մենք գուշակենք գալիքը սեւ անասնակերպ գալիք մարդուն։

Երկրէ երկիր թափառական՝ բանուոր ու որբ՝

Եկեր ենք մենք, որ տէր դառնանք այս մեծ գիրքին ճշմարտութեան։

Շրջեր ենք մենք ու տառապեր՝

Որ աշխարհի սրտէն առնենք խորհուրդն այս թանկ։

Պատռե՛նք, պատռե՛նք գիրքերը մեր երազային,

Եւ մենք բանանք անոնց առջեւ, որ պիտի գան ու մեզ տանին,

Այս գիրքը մեր.

Երկիրը մեր, սերունդ-սերունդ՝ զայն կը յիշենք,

Հողերը մեր արգասաբեր, լեռները մեր, գետերը մեր։

Եւ անոնք մեր հոգիին մէջ եղան որպէս անձնական յուշ,

Երազ՝ որ մեզ յուզեցին միշտ, երազ ու վիշտ։

Երբ զայն գրկենք, երկիրը մեր, պիտի գտնենք մենք անձը մեր։

Պէտք է գտնենք մեր անձը մենք, մեր անձին մէջ՝ պապերը մեր…

Ցեղն է մինակ եւ ո՛չ մէկ ցեղ կրնայ սիրել իր դըրացին սահմանակից։

Եւ երբ սիրէ, տըկար է ան եւ կամ յիմար,

Եւ երբ սիրուի, կը սիրուի իր ուժին համար

Եւ իր առթած վախին համար, իր հանքերուն համար հարուստ,

Եւ կամ անոր համար՝ որ ան կը տոկայ միշտ զոհաբերման,

Կը տանի լուծ, զրկանք ու կից։

Երկիրը մեր՝ համաձայն մեր մեռելներուն վերջին կամքին՝

Որոնց խաբուած ու սթափած սրտէն քամուած

Լոյսն է այս գիրքն իմաստութեան։

Անոնց յուզուած ոսկորներուն բորբ ծուծն է ան։

Երկիրը մեր եւ ցեղը մեր։