Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱԽԱՐԴԱՆՔ

Ինչե՜ր կրնայ ըսել շէկ, կըլոր լուսինն՝ որ կատուս,

Նստած՝ անշարժ՝ կ’երազէ, անվերջ անոր կը նայի,

Թաց տանիքի մը եզրէն, որուն վըրայ՝ զերթ սնդուս,

Կը ծըփայ լոյս մը բարակ՝ փայլակներով միքայի։

 

Ի՜նչ գաղտնիքներ՝ որ ան մերթ կը կծկըտի, կը դողայ,

Փափաքելէ վերջ զարնել իր թաթն անոր, աշխարհին

Այդ անծանօթ, կըրիայի այդ պատեանին շափիւղայ՝

Որ կը շարժի յամրօրէն… Ի՜նչ դիւթանքներ…։ Կը սահին

 

Հովեր, լոյսեր տռփական։ Կ’օրրուին ծառերն անոր շուրջ։

Երկինքն ի վար կը հակին հսկայ շուքեր… ի՜նչ անուրջ՝

Որ ան յանկարծ կ’արձակէ կարօտի ճիչ մ’անձկագին։

 

Իրերն ամբողջ բացակայ, խորհուրդ ու ծուխ, ուրուական…

Ի՜նչ կախարդանք, երբ լուսինն՝ իյնալէ վերջ ցըռուկին

Մէջ սեւ ամպին, կը փախչի մեծ թռչունի մը նըման։

 

Կատուս՝ յուզուած՝ կը նայի, կը նետէ ճիչ մը կրկին

Ցաւի, խինդի, բողոքի… Աչքերն իր սաթ կը շողան։