Պրոմէթէական

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱԼԱՍԱՆ

Կախարդական ի՜նչ բալասան

Պիտի ըլլար քունին չափ մեր

Հըրաշագործ եւ արգաւանդ,

Ի՜նչ դեղ՝ որ մեզ դեռ ըսփոփէր,

Երբ կ’անհետին կորով ու խանդ,

Երբ կինը մերկ՝ իր այլազան

Դիւթանքներով եւ ո՛չ մուսան

Կը բուժեն, տար յոյս՝ քունին պէս,

Իմաստութեամբ լեցընէր մեզ։

Ի՜նչ հիւթ ծաղկի, ի՜նչ բոյր, ի՜նչ խունկ

Պիտի տար այդ բերկրանքն անուշ

Կեանքի, մահուան՝ այդքան խորունկ,

Պիտի բերէր խորհուրդ ու ուժ,

Պիտի ընէր մեզ ծով ու տունկ՝

Եւ բազմակերպ եւ գերըզգայ,

Պիտի խառնէր մեր մէջ ներկայ

Եւ ապագայ, տեսիլք ու յուշ,

Մեզ մեր անձէն պիտի փրկէր։

Ի՜նչ հրաշք՝ որ մենք կը դողանք դեռ,

Սարսըռացող՝ որպէս փանդիռ,

Մեր զրկանքէն, յուզումէն մեր՝

Երբ կ’արթննանք այդ արբեցման

Բոյրէն, լոյսէն կ’իյնանք պատիր,

Մութ ափերուն մեր իրական։

Ի՜նչ դեղ՝ որ մեզ դեռ ըսփոփէր

Կախարդական քունին նըման։