Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԻԳԷՆ ՎԵՐՋ

Ինչ որ տըւինք՝ հողն էր միայն

Հանքին, որ միշտ մընաց անպեղ։

Մըշո՜ւշ, մըշո՜ւշ, ընկլուզող ց եխ։

Օ՜ բարձրացման մեր ճիգն ունայն։

 

Բառե՜ր, բառե՛ր միայն։ Խաբեց

Պայքարներու մեր սէրը մեզ։

Մեր շուրջ յանկարծ աւազի պէս

Կեանք մը ցամքած, աքսոր մը մեծ։

 

Տարիներու սուրբ արշաւէս

Սմբակներու զուր հունչ մը լոկ՝

Որ կը մարի։ Սարսուռ, մորմոք…

 

Ո՞վ լըսեց մեզ։ Շուք մը միայն

Շուքերուն պէս բոլոր գուցէ՝

Որ մահն իր մէջ պիտի լուծէ։

 

Օ՜ փրկութեան մեր ճիգն ունայն։