Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԻՒՆԻԿ ԵՒ ՍՄՈՒՌՔ

Երկու տարբեր թռչուններ

Ճակատագիրս երկնեցին։

Մէկն իր հուրէն կը ծընէր,

Միւսը՝ սեւ, հըրէշածին՝

 

Կուգար - մեր հին երգերուն

Իմաստութիւնը - վիհէն

Մութ աշխարհի մը, որուն

Դուռը դեւեր կը պահեն։

 

Մէկը կըրակ մըն էր վէս,

Որ միշտ կ’այրէր։ Միւսն ստուեր՝

Որ կտցելով միսերէ

Զիս կը հանէր դէպի վեր։

 

Ես վառեցի, վառեցի

Սիրոյ, խանդի մասունքներ։

Լքեցի գանձն՝ որ ինծի

Կուտար խաւար կեանքը մեր։

 

Վարեցի ցինն փրփըրուն,

Զայն քըշեցի դէպի լոյս,

Կառչած միշտ իր թեւերուն,

Փետուրներուն հողմասոյզ։

 

Ու բուսան շուրջըս բոցեր։

Տեղաց մոխիրն անցեալիս։

Նոր շունչ մը զիս կը կոծէր։

Զղջում մը բորբ կ’այրէր զիս։

 

Ու շողացին արիւն, միս,

Տըւին խոյանք, կամք ու թափ։

Բայց կ’ընկրկէր ցաւը զիս

Զոհաբերման այս պարապ։

 

Եւ տռամն ահա. շընադէմ

Կիներ, մարդեր, որ դիմակ

Կը կրէին, եկան բեմ-

Անասուններ այլանդակ։

 

Զաւեշտը մեր անհեթեթ…,

Կ’ըսէր զղջումըս ինծի։

Ու կը բերէր ան իր հետ

Ցասում մը մերթ պարտուածի։

 

Երկու տարբեր թըռչուններ…

Ըսպառեցայ։ Յառնեցի։

Լոյս։ Մէկը զիս կ’արիւնէր,

Միւսն էր համբոյր մը բոցի։

 

Ու լոյսը զիս կը հեգնէր։

Կը ծիծաղէր լեռն ինծի։

* * *

Եւ պատերազմը եկաւ,

Զարկաւ ահեղ գիսաւորի իր պոչն հողին։

Ուղեղս յանկարծ երկնքի պէս տարածուեցաւ

Ընդունելու համար զայն։

Ես ունեցայ խօլ հրճուանքներ։

Փոթորիկին հովը կուգար

Առագաստներըս յըղի արգանդներու պէս ցնցել։

Յոգնութենէն թուլացած իմ երակներս պրկել։

Զիս բերել դուրս իմ բերդէս։

Որոտացող ռումբերուն թեւերուն տակ հըրեղէն՝

Ես յուսացի այրել իմ երազանքներըս վիժած

Եւ պողպատումը լըսել հերոսութեան մը ներքին։

Աշխարհն ամբողջ կը սուզուէր վերջալոյսի մը մէջ չար։

Ես խայտացի կործանուող քաղաքներուն դէմ գոռոզ։

Հրդեհներուն սուրը կարմիր, յուսացի,

Կուգար կտրել նենգութեան մեր կապանքները բոլոր։

Եւ պատերազմը եկաւ խաղաղութեան օրերէն աւելի նենգ,

Ու տունէ տուն հրդեհուած օձերուն տակ գալարուող,

Խուճապահար ամբոխներուն առջեւէն,

Եւ խենթութեան մէջէն այս համատարած՝

Ես ծալլեցի թեւերն յոյսիս

Եւ հեղեղին մէջ հուրէ նետուելու իմ յուսահատ կարօտըս խենթ։

 

Ու մահն առտու մը կանչեց տեսակցութեան,

Զիս ընդունեց ճերմակ ու պաղ խուցի մը մէջ բուժատան։

Եւ մահն առաւ զիս նայուածքին տակ, քննեց։