Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ՆԱՀԱՆՋԷՆ ՎԵՐՋ

Անդրանիկի նահանջին վրայ, կուսակալ Ճէվտէթ պէյը պարսկական սահմանագլուխը գնաց, իրեն փոխանորդ ձգելով Պաշ-Գալէի կառավարիչ Շիւքրի պէյը։ Այս պաշտօնեան, որուն գլխաւոր արժանիքը՝ իր իթթիհատական եղած ըլլալն էր, իր ապուշութիւններովը՝ քիչ ծառայութիւն չմատոյց վերահաս վտանգին դէմ աչքերնին գոցել ուզող Հայերուն։ Ճէվտէթ պէյը՝ իր հապճեպ մեկնումին պատճառաւ, հազիւ քանի մը ժամ կրցած էր տալ իրերը եւ անձերը, Պաշ-Գալէէն նոր հասնող իր փոխանորդին ծանօթացնելու գործին, ծանօթութիւններ, որոնց մէկ մասը մոռացութեան տուած էր յարգելի փոխանորդը, ուրիշ մաս մըն ալ  շփոթութեան մատնած։ Ան չէր քաշուեր՝ իր այս մոռացումները եւ շփոթութիւնները վերագրելու իր յիշողութեան պակասին, (յիշողութեան պակասը կը խոստովանին առհասարակ, բայց բնա՛ւ խելքինը)։ Ան՝ օրինակի համար, Ճէվտէթ պէյէն լսած էր թէ՝ Իտարէյի ժողովի անդամներուն մէկը թունդ դաշնակցական մըն է, միւսը հակադաշնակցական։ Ան՝ բաւական ատեն, որպէս թունդ դաշնակցականի, ինծի՝ Վռամեանի հայրենասիրութեանը, Արամին ալ թաքթին գովեստը կ՚ընէր, դաշնակցական Ճիտէչեանին՝ (միւս անդամը) հակառակն ըսելու համար։

Շիւքրի պէյի փոխանորդութեան շրջանին, որ երեք ամիս տեւեց, Հայը թէ Թուրքը՝ սպասողական դիրքի մը մէջ, կը հետապնդէին՝ երեւոյթները փրկելու եւ որ շահելու քաղաքականութիւն մը։ Թուրքին թողլով իր մտածումը, Հայերունն այն էր թէ՝ օրերը իրենց համար էր որ կ՚աշխատէին։ Կը հաշուէինք թէ՝ անցնող օրերու իւրաքանչիւրը մեզ կը մօտեցնէր գարնան, որ՝ բանալով օգնութեան ճամբաները, պիտի բանար, միաժամանակ, մեր յուսոյ դուռները։

Զինուորցուներու հարցին խօսքը չկար այլեւս, այդ, ինչպէս նաեւ առընչակից ամէն ինչ յետաձգուած էր Ճէվտէթ պէյի վերադարձին։

Ինչե՜ր կային այդ «ամէն ինչ»ին մէջը։

Մարտի առաջին շաբթուն Վան վերադարձաւ վերջապէս Ճէվտէթ պէյը։ Դրութիւնը կը պարտադրէր մասնաւորութիւն մը դնել մեր դիմաւորութեանը մէջ։ Առաջնորդով եւ յեղափոխական շէֆերով զարդարուն խուռն բազմութեամբ մը, մինչեւ Կուռուպաշ գիւղը դիմաւորութեան գացինք անոր։ Տխուր եւ լալկան օդ մը կ՚ընէր, ինչ որ, սակայն արգելք չեղաւ որ Ճէվտէթ պէյ եւ Վռամեան աղէկ մը ժպտէին իրարու երեսին։ Անուշ բառ չմնաց որ անոնք չգործածէին իրարու հասցէին, եւ, եթէ Ճէվտէթ պէյը հետը չունենար մինչեւ ակռանին զինուած չէրքէզ կամաւորներու օտուար խումբ մը, մեր առաջին տպաւորութիւնը այնքան ալ գէշ չպիտի ըլլար։

Տպաւորութեան երկրորդը աւելի աղէկ էր՝

Կիրակի ձեզի կուգանք, կը խօսինք եւ վերջ մը կուտանք այդ պէլալը (փորձանաւոր) խնդրոյն   ըսած էր Ճէվտէթ պէյը՝ Վռամեանին, երբ այս վերջինը, խնդրոյն համար լուծում մը որոնելու նպատակաւ, քովը գացեր էր։

Բայց, կիրակին չեկած՝ գէշ լուր մը եկած էր։ Էնվէր փաշայէն եկած էր հեռագիր մը, որուն համաձայն բոլոր հայ զինուորցուները, օրէնքի սահմանին մէջ եւ առանց բացառութեան, ճակատը պէտք էր որ ղրկուէին։

Գալիք կիրակին Զատիկի կիրակին էր։ Բայց, ո՞վ գիտցաւ թէ Զատիկ էր այդ օրը։ Ո՜ւր տօնը, ո՜ւր տօնական զգեստը, ո՜ւր ժամ-պատարագը, ո՜ւր կարմիր հաւկիթը, ո՜ւր թազա ձուկը։ Ժողովուրդը՝ ջղային անհամբերութեամմ մը, փողոցներու մէկ ծայրէն միւսը երթեւեկներով, Վռամեանի տանը մէջ տեղի ունեցող բանակցութեանց արդիւնքին կը սպասէր։

Իրիկուան կողմը, Ճէվտէթ պէյի հետ՝ Վռամեանի տունէն մեկնած էր բանակցութեանց յաջող ելքին լուրը։ Լուրը՝ փողոցը խուժած բազմութեան ալիքներու վրայով՝ ամբողջ քաղաքին շրջանն ըրած էր րոպէի մը մէջ։ Պահ մը կարծեցինք թէ Զատիկն էր արդէն որ կը վերադառնար։ Շատերը գացին, այսպէս թէ այնպէս, յիշելու տօնը եւ անոր կատարումը։ Լուրին արձագանգը հնչեց նաեւ եկեղեցիներու կոչնակներուն վրայ եւ հայրերէն ու մայրերէն շատերը՝ եկեղեցիները վազեցին շնորհակալ ըլլալու համար Աստուծոյ, որ խնայած  էր այսպէս իրենց լաւակներու կեանքին։

Պաշտօնականէն վերջ, հերթը եկաւ լուրին մասնաւորին, որոշ շրջանակներու համար։ Մասնաւոր լուրը՝ ոչինչ ունէր իր մէջը մասնաւոր։ Տեղի ունեցեր էին խօսակցութիւններ, հաճելի եւ սիրալիր, զորս, սակայն, յանկարծ ընդմիջած էր Ճէվտէթ պէյ, եւ «խիթեր ունիմ» ըսելով, անակնկալօրէն՝ մեկնած էր։

Յաջորդ չորեքշաբթի օրը, տեղի պիտի ունենար Ճէվտէթ պէյի կուսակալութեան պաշտօնին Ֆէրմանին ընթերցումը, որ՝ գաւառներու մէջ կը կատարուի կարելի բոլոր հանդիսութիւններով, զինուորական նուագ, աղօթք, ճառ, ընդունելութիւն։ Այդ հանդիսութեան կը մասնակցին, պաշտօնեաներէն ի զատ, քաղաքին տեղացի երեւելիները։

Երբ ես պալատը հասայ, առանց զարմանքի չէր, որ նկատեցի թէ հանդէսին մասնակցութեան հրաւիրուած էին կարգ մը Հայեր, որոնք, առհասարակ, հրաւէր չէին ստանար նման հանդէսներու առիթով։ Յետոյ, ինծի քիչ մը անօրինակ թուեցաւ ոստիկաններու եւ կարգ մը պաշտօնեաներու արագ երթեւեկներ եւ յաճախակի ելեւմուտքերը, որոնք կը շեշտուէին այն չափով որ չափով կ՚ուշանար հանդէսը, որ ժամ համար նշանակուած էր եւ, սակայն, ժամը 5 կուգար ու ան՝ տակաւին չէր սկսեր։ Հրաւէր ստացող Հայերէն շատերը, անոնք, առհասարակ, որոնք սովորական հրաւիրեալներ չէին, իրարու օրինակին հետեւելով՝ հետզհետէ մեկնեցան։ Մնացեր էինք, Առաջնորդը, Վռամեան, Արամ եւ, աւելի կամ պակաս պաշտօնական հանգամանք ունեցողները, ոչ աւելի քան 5-6 հոգի, երբ, վերջապէս, փողը հնչեց։ Հանդէսին սկսելուն նշանն էր որ կուգար։ Կուսակալը՝ ընկերակցութեամբ գլխաւոր պաշտօնեաներու, արագ քայլերով Պալատին դրան առջեւ իջաւ, անոր շուրջը կազմուած շրջանակին մէջ առաջ անցաւ մէքթուպճին, հապճեպ ընթերցումով մը կարդաց Սուլթանին ֆէրմանը, զինուորական նուագախումբը նուագեց Րէշատիէ մարշը, միւֆթին աղօթք մը լպրծեց եւ, ահա վերջացաւ հանդէսը, որ, եթէ կաթկթող անձրեւին պատրուակը չըըլար, իր հապժեպովը՝ աւելի մաքսէն ապրանք մը փախցնելու գործողութեան կը նմանէր քան թէ ֆէրմանի ընթերցումի։

Երբ հանդէսը վերջացաւ, հայ կառապան մը ինծի մօտեցաւ եւ ձեռքս սահեցնելով փոքրիկ տոմս մը, ականջիս շշնջաց.

Օննիկ էֆէնտին տուաւ։

Տոմսը՝ առանց ստորագրութեան, կը պարունակէր երկու տող՝

«Այս տոմսը ստանալուդ, առանց վայրկեան մը սպասելու, տունը վերադարձիր»։

Մթնոլորտին խորհրդաւորութենէն վերջ այս տոմը։ Սարսուռ մը պատեց զիս։

Բայց ես, Իտարէի ժողովոյ պաշտօնակից թուրք անդամներու հետն էի այդ րոպէին եւ անոնց հետ կուսակալին շնորհաւորութեան երթալու վրայ։ Չէի կրնար ետ դառնալ այլեւս։

Գիտէ՞ք թէ ինչո՞ւ ձեր Զատիկը շնորհաւորելու չեկայ   ըսաւ ինծի կուսակալը, երբ քովը մտանք, եւ իմ «ինչու»ին վրայ, ան ըրաւ տարօրինակ եւ անակնկալ յայտնութիւն մը։

Այդ օրը   ըսաւ ան, Վռամեան էֆէնտիի տուն խմածս քօնեաքին վրայ, յանկարծակի խիթեր ունեցայ, փութացի տունը վերադառնալ եւ բժիշկ կանչել։ Բժիշկը ստամոքսս լուաց եւ, անոր պարունակութիւնը քննելով՝ ինծի յայտնեց թէ թունաւորուած էի ես։

Րոպէապէս յիշեցի որ, պատմական տեսակցութեան յաջորդ օրը, շրջան ըրած էի նման տարաձայնութիւն մը, որուն լրջութեան, սակայն ոչ ոք ուզած էր հաւատ ընծայել։

Օննիկի տոմսէն վերջ այս տարօրինակ եւ տեսակ մը սպառնալիքով յղի յայտնութիւնը։ Սարսաուռ մը նոր եւ աւելի խոր՝ ամբողջ ջիղերուս շրջանն ըրաւ։ Բարեբաղդաբար, Ճէվտէթ պէյը, ժպիտ մը կցեց վերջին խօսքին, որմէ վերջ ան սկսաւ հեգնել ստամոքսը լուացող բժիշկին, Տօքթ, Րէֆիգ պէյի (Բագրեւանդեան Սրբազանի ոսկի հորթը) տգիտութիւնը։

Տօքթ, Րէֆիգ պէյի անունին՝ իմ մէջ արթնցուցած յիշողութիւնները շեշտելու եկան Ճէվտէթ պէյի տարօրինակ յայտնութեան վերջաբանին ինծի բերած ժպիտը, ինչ որ՝ ինծի թուեցաւ թէ կուսակալին այն կարծիքը ներշնչեց թէ՝ ես ինկած էի իր լարած թակարդին ցանցերուն մէջ, վասնզի ան անմիջապէս աւելցուց՝

Այս իրիկուն միսիօնարներուն պիտի երթամ, ձեզի ալ կը հանդիպիմ, քիչ մը աւելի երկար կը խօսինք։

Ինծի շունչ բերող այս խօսքերէն յայտնի կ՚ըլլար որ կուսակալի նպատակն էր հերքել  տարաձայնութիւնը, որ կրնար խախտել իր՝ հայ ղեկավարներուն ներշնչած վստահութիւնը՝ որուն վրայ էր՝ որ ան հիմնելու էր նոր ծրագրեր։

Վերադարձին, Խաչ Փողոցէն անցնելուս, Օննիկ էֆէնտին որ զիս կը սպասէր, կառքս մտաւ, ականջիս ըսելու համար։

Եթէ Իշխան հրաւէրին եկած ըլլար այսօր, դուք ամէնքդ ալ միասին, բանտն էիք այս րոպէին։

Կարելի չէ ըսել թէ բոլորովին հաւատացի Օննիկի այս ենթադրութեան, որ ուրիշ հիմք չունէր եթէ ոչ ժողովուրդի բնազդը։ Բայց, այդ ենթադրութիւնը բալլիք մըն էր, որ կրնար բանալ հանդէսին արտասովոր թիւով Հայեր հրաւիրուած ըլլալու իրողութեանը հետ, Պալատին առջեւ տիրող արտասովոր եռուզեռին եւ հանդէսին այդքան ուշ սկսած ըլլալու գաղտնիքները։

Ենթադրութիւնը, սակայն, հետզհետէ ուրիշ հիմքեր ալ գտաւ։ Արդարեւ Իշխան հրաւիրուած էր եւ խօսակցութեան մը ընթացքին Ճէվտէթ պէյին ըսած է եղեր թէ «ես ալ պիտի գամ ձեր Ֆէրմանի ընթերցումի հանդէսին»։ Հանդէսին՝ այդքան ուշ սկսած ըլլալուն ուրիշ պատճառի մը չգոյութիւնը այլա՛պէս կը հաստատէր այս ենթադրութիւնը։

Ճէվտէթ պէյ մեզի եկաւ մինակը, առանց նոյնիսկ սովորական երկու հեծեալ ոստիկան զինուորներու ընկերակցութեան։ Այս րիսքը ան ի սպաս դրած էր Հայերուն վստահութիւն ներշնչելու իր քաղաքականութեան եւ անոր վրայ հիմնելիք իր բլաններուն։

Ճէվտէթ պէյ՝ հազիւ երեսնամեայ, զաւակն է Վանի նախորդ կուսակալ Թահիր փաշայի, որմէ՝ սակայն, ան երկու բան ժառանգած է միայն, վայելուչ արտաքին մը եւ յանդուգն անվախութիւն մը։ Ան՝ Միւլքիյէի իր երկամեայ շրջանէն վերջ, իր կեանքն անցուցած է Վանի գաւառներու գայմագամութեան պաշտօններուն մէջ եւ քիւրտ աշիրէթապետներու հետ։ Ան՝ կուսակալի մը զաւակն ըլլալու իրողութեանը եւ իր ֆիզիքական առաւելութիւններուն կը պարտի Էնվէր փաշայի քեռայրն դառնալու իր շանսը, զոր ան՝յետագային, կորսնցուց, երբ կնոջը յայտնի ըրաւ՝ իր ուրիշ շնորհներէ զուրկ եղած ըլլալը եւ որուն շնորհիւ էր, սակայն, որ ան ունեցաւ պաշտօնի այդքան արագ բարձրացում։ Ան՝ շատ հեռու էր ներկայացնելէ խելքն ու խորագիտութիւնը, որոնք, առհասարակ, յատկանիշերը կ՚ըլլան նահանգները ղրկուած կուսակալներուն։

Ճէվտէթ պէյը՝ թաղապետական բժիշկին տգիտութենէն սկսաւ խօսակցութիւնը եւ զայն վերջացուց, հայ զինուորցուներու խնդրոյն մասին ընելով խորհրդածութիւն մը, որուն անկեղծութիւնը… ծախու հանելու համար էր որ ան սարքած էր այդ այցելութիւնը,

Խենդութիւն է արդէն   ըսաւ ան   ճակատը ղրկել այս տրամադրութիւնն ունեցող Հայերը, որոնք ուրիշ բան չպիտի ընեն, եթէ ոչ մեռցնել իսլամ զինուորի ոգին։

Յետոյ, որպէս թէ, պատահաբար էր որ միտքին  եկած էր այդ խորհրդածութիւնը, ան ոտքի ելաւ աճապարանօք եւ ոտքի վրայ՝

Վաղը իրիկուն, Շահպաղլեաններու տունը պիտի տեսնուինք Վռամեան էֆէնտիի հետ։

Շահպաղլեան՝ թէ՛ դաշնակացականներուն եւ թէ՛ Ճէվտէթ պէյին մօտիկ յայտնի վաճառական մը, յաջորդ իրիկուան համար ճաշի հրաւիրած էր կուսակալը։

Յաջորդ իրիկուն՝ Շահպաղլեան եւ Վռամեան զուր տեղ սպասած էին հրաւիրեալը՝ որ, կը թուի թէ քիչ մը չափազանց գտած էր րիսքին տօզը եւ վերջին պահուն, յանկարծակի, հարբուխի բռնուած։

Այս իրադարձութիւնները՝ րոպէ առ րոպէ, սեփականութիւն կը դառնային ինքնապաշտպանութեան լծուած ուժերուն եւ իրենց ներքին իմաստովը՝ որուն՝ այնքան դիւրահաղորդ է ժողովրդական բնազդը, կը ծառայէին սեղմելու անոնց շարքերը։ Անհաղորդը՝ դաշնակցական ոչ տեղացի շէֆերն էին միայն, որոնք յոյսերնին չէին կտրեր, ձգձգումի եւ քաշքշելու քաղաքականութենէն, զոր անոնք վարած էին ցարդ եւ որուն յաջողութիւնը անոնց կարծել կուտար թէ ան պիտի տեւէ մինչեւ այն օրը՝ երբ որ կը բացուին գարնան դուռները։

Ուրբաթ առաւօտը (Ապրիլ 3), Խաչ Փողոցը, կանգնած տեսանք նորէն մարդկեղէն թումբը, որուն շաղախը եղած էր, այս անգամ՝ Շատախէն հասած լուրը, թէ գայմագամը բանտարկուած է տեղւոյն դաշնակցական ներկայացուցիչ Յովսէփ Չօլօյեանը, դէպք՝ որուն վրայ յարաբերութիւնները խզուած էին տեղական կառավարութեան եւ դոմիթէյի միջեւ։

Ցերեկէն վերջ, Օսմ. Պանքայի մասնաճիւղին տնօրէնին տունը պրիճ խաղալու գացեր էինք։ Իշխան, որ, առհասարակ, մասը կը կազմէր պրիճի խումբին, բացակայ էր այդ օրը։ Հոն կը գտնուէր նաեւ Օննիկ էֆէնտին, որ Իշխանի բացակայութիւնը բացատրեց՝ անոր, Վռամեանի եւ Արամի հետ, կուսակալին քով գտնուելու իրողութեամբը։

Շատախի մէջ ծագում առած դէպքին առիթով խորհրդակցութեան գացեր են   ըսաւ ան   ոչ առանց քրթմնջիւններու եւ ծամածռութիւնով մը, որ կարծես թէ աւելի խօսուն էր քան քրթմնջիւնները։

Օննիկի այդ քրթմնջիւնները չդադրեցան այնուհետեւ. անոնք՝ իրենց հետ անոր կը բերէին, ամէն անգամ, պրիճի սեղանէն հեռանալու եւ օղիի սեղանին մօտենալու առիթը։

Մենք մեկնելու վրայ էինք անօրէնին տունէն, երբ յանկարծ, քրքիջի աղմուկով մը, իրարու ետեւէն ներս մտան Ճէվտէթ պէյը, Վռամեան, Արամ, Իշխան։ Անոնց խորհրդակցութեան եզրակացութիւնն այն եղած էր, որ Իշխան՝ ոստիկանութեան տնօրէն Վէֆիդ պէյի հետ, յաջորդ առաւօտը Շատախ պիտի մեկնէր, տեղւոյն վրայ կարգադրելու համար ծագում առած կնճիռը։

Ձգձգումի քաղաքականութեան համար, որուն մէջ կողմերէն իւրաքանչիւրը իր սպասելիքն ունէր, նոր չէր այս մեթոտը։ Աւելի առաջ, տեղի ունեցեր էին, Կարճկանի Բելլու եւ Թիմարի Պայրակ գիւղերուն մէջ, շատ աւելի լուրջ դէպքեր, զորս տեղւոյն վրայ հարթելու գացեր էին նախ, Վռամեան՝ թուրք երեսփոխան Միւնիր պէյի հետ, ապա, Արամ՝ ոստիկան զօրաց հրամանատարին հետ։ Մեթոտը, ուրեմն, փորձուած էր եւ Իշխան՝ կարծած  էր թէ չէր կրնար մերժել րիսքը՝ զոր Շատախի մէջ իր ունեցած մասնաւոր հմայքը եւ, տեսակով մըն ալ, հերթը՝ իրեն կը պարտադրէին։

Նոր դաւ մը   ըսաւ Օննիկ ականջիս եւ նոր քրթմնջիւններով նոր մերձեցումներ ունեցաւ ան՝ դէպի օղիի սեղանը։

Իշխան եկած էր ուրեմն հրաժեշտի ողջոյն մը տալու իր բարեկամներուն։ Մենք՝ ամբողջ խումբովը, պակաս Օննիկ էֆէնտին, որուն քայլերը չէին ներեր, դուրս ելանք եւ մինչեւ Խաչ Փողոց պտոյտ մը ըրինք։

Մեր խառն շքախումբը, այսպէս ցուցադրուած քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ, քիչ մը ոգեւորած էր զայն տեսնողները. անոնցմէ ոմանք՝ յաջորդ առաւօտը, հանգամանքէն օգտուելու համար, փութացեր էին քաղաքը իրենց գործին։

Շաբաթ առաւօտը, կանուխէն, թումբը հոն է, Խաչ Փողոցը. անոր շաղախը եղած են, այս անգամ, հէնց կանուխ գործի գացողները, որոնք վերադարձած են հիմայ։ Ինչո՞ւ։ Իրենք ալ չէին կրնար լրիւ բացատրել։

Որը՝ անոնցմէ, հանդիպած Թուրքին աչքին մէջ սպառնալիքի կայծ մը նշմարած է, որը՝ մեղքցող նայուածք մը, որը՝ զարմանքի հով մը։ Մէկը միայն անոնցմէ՝կրցաւ ըսել թէ՝ թուրք բարեկամ մը իրեն խորհուրդ տուած էր խանութը չբանալ եւ ետ դառնալ։

Քիչ վերջ, լուրերը սկսան իրարու ետեւէն խուժել։

Վռամեան՝ որ կուսակալի հրաւէրին վրայ, անոր բնակարանը գացած է, Արամին՝ տոմսով մը լուր ղրկած է թէ՝ եթէ ինքն ալ կուսակալէն հրաւէր ստանալու ըլլայ, չըլլայ որ տեղէն շարժի։ Իսկ ինքը, Վռամեանը, կ՚ուշանայ վերադառնալու. ժամ մը, երկուք, երեք, Վռամեանը չկայ մէջտեղ։

Գացինք Վուվունիկեանի դեղարանը եւ, այս անգամ, դիրք բռնեցինք անոր պատշգամին արեւմտեան պատուհանին դէմ, ուրկէ՝ մէկ քիլօմէթր հեռաւորութեամբ, կարելի է դիտել լայն հրապարակը, որ կ՚երկարի դէպ ի կուսակալի բնակարանը։

Այդ բազմամբոխ եւ աղմկալից հրապարակին վրայ, հիմայ, արեւը կայ միայն եւ անոր՝ հոն բարձրացող հագնիներէն եւ ուռենիներէն շինած շուքերը։ Հովն անգամ, որ, առհասարաւկ, շարժունութիւն կուտար, այդ պահերուն, ծառերուն հետ անոնց շուքերուն, կը բացակայէր այդ րոպէին։ Մահաշունչ ամայութիւն մը։

Վռամեան կառքով գացեր է հրաւէրին, անոր վերադարձը կառքով է որ պիտի ըլլայ։ Կառքը այդ հրապարակին վրայ, հեռուէն, նախ իր հանած փոշիով է որ նշմարելի է։ Փոքրիկ փոշի մը, ու ահա մեր վիզերը կ՚երկարին, կարծես անոր հասնելու համար։ Մէկ, երկուք, երեք, վերջապէս բարձրացաւ փոշի մը, որուն ծածկոյթին ներքեւէն նշմարեցինք որ կառք մըն էր որ դուրս կուգար։

Ան է   գոչեցին քանի մը ձայներ միաժամանակ։

Կառքը, արդարեւ, Վռամեանը  տանող կառքն էր, բայց մէջինը, թէեւ Վռամեանի կը նմանէր քիչ մը, բայց ան չէր։ Եկողը կուսակալութեան թարգման Սարգիսեան Արմենակ էֆէնտին էր՝ (այժմ ի Գահիրէ)։

Սարգիսեան էֆէնտին՝ գեղարանին առջեւ կանգ առաւ եւ, իմ անունը հարցնելով՝ վեր ելաւ։

Ճէվտէթ պէյ ձեզ կ՚ուզէ։ Ըսաւ ան, առանց պատասխանելու Վռամեան փնտռող մեր հարցումներուն։

Բայց Վռամեա՞նը   կրկնեցի հարցումը, իմ կարգին, առանց պատասխանի թողլով հրաւէրը,

Հոն է ան։

Ի՞նչ կ՚ընէ, ինչո՞ւ չվերադառնար, պիտի վերադառնա՞յ, Իշխանէն ի՞նչ լուր   հարցումներու տարափ մըն էր որ չորս կողմէն սկսաւ տեղալ անմիջապէս հրաւիրակին վրայ։

Սարգիսեան էֆէնտին՝ հարցումներուն իւրաքանչիւրին բազուկները կը բանար, շրթունքները կը կծկծէր եւ յօնքեր կը բարձրացնէր, շարժումներ՝ որոնք առանձին, առանձին ալ «բան մը չգիտեմ», «բան մը չեմ կրնար ըսել» կը նշանակէին։

Իմ՝ «գա՞մ թէ չգամ» հարցումին, սակայն, ան մէկ կողմ դրաւ ժէսթը եւ, համարձակօրէն, պատասխանեց,

Չգալու ո՛չ մէկ պատճառ չեմ տեսներ։

Սարգիսեան էֆէնտին անկեղծ բարեկամ մըն է ինծի, եւ ազնիւ մարդ, բայց, ես անոր խորհուրդներուն չհետեւելու մէկէ աւելի պատճառներ ունէի որոնց գլխաւորը կը հանդիսանար միւս բարեկամս, այդ րոպէին բարեբաղդաբար բացակայ, Օննիկ էֆէնտիի յօռետեսութիւնը եւ, անկէ բխած խորհուրդները։ Այդ պատճառներուն դէմ, սակայն, ինծի չէին պակսեր դրական մտածումներ, այն, օրինակի համար, որ կառավարութեան հալածանքը ուղղուած կրնար ըլլալ Դաշնակցութեան դէմ, բայց ոչ ինծի, որ Դաշնակցութեան կողմէ հալածուած մը կը համարուէի։ Յետոյ, ես ճանչցուած էի՝ որպէս օրուան կուսակալին հօրը, Թահիր փաշայի ամենէն մօտիկ Հայը։ Կար, անկէ վերջ, վերջապէս պարտականութեան եւ բան մը կարենալ ընելու հաւանականութեան զգացում։ Չեմ կրնար ըսել թէ այս մտածումներէն որո՞ւն էր որ ես կռթնեցայ, ինչպէս որ քնացող մը, արթննալուն՝ չի կրնար յիշել թէ ինչպէս գոցած է աչքերը, երբ ինքզինքս կառքին մէջ գտայ։

Ճէվտէթ պէյի քովը գտայ իտալական հիւպատոս Պ, Սպօրտօնի եւ Օսմ[անեան] Պանքայի մասնաճիւղին տնօրէն Պ. Ալկարտի, որ նոյնպէս իտալացի մըն էր եւ քաղաքին յայտնի վաճառականներէն Պ. Գալուստ Ճիտէչեան։ Այս անձերու ներկայութիւնը՝ ինձ համար, բակաւան հանգստացուցիչ թուեցաւ, բայց կը պակսէր Վռամեան։ Կուսակալի առաջին խօսքն եղաւ բացատրել այդ պակասը։

Վռամեան երեսփոխան է եւ պէտք է որ իր պարտականութեան գլուխն անցնի, այդ պատճառաւ, ես զինք Պոլիս պիտի ղրկեմ։ Արամ էֆէնտին կանչեցի չեկաւ եւ լա՛ւ ըրաւ որ չեկաւ։ Եթէ նորէն կանչելու ըլլամ, թող չգայ։ Այլեւս գոմիթէներու հետ գործ չունիմ եւ անոնք պէտք չէ խառնուի պետութեան գործերուն։

Յետոյ, ուղղուելով, այս անգամ Պ. Ճիտէչեանի   զոր, նոյնպէս մասնաւոր հրաւէրով՝ քովը կանչած էր   ինծի։

Գործս, այսուհետեւ, որպէս երեւելիներու, ձեզ հետ պիտի ըլլայ   շարունակեց ան   եւ որպէս այդպիսիներու՝  ահա ձեզի կը յայտնեմ, որ եթէ հայ զինւորցուները՝ մինչեւ երեք օր չյանձնուին, ձեր երկիրը քարուքանդ պիտի ըլլայ։

Որպէս սկզբնաւորութիւն գէշ չէր ... այս նախաբանը։

Բայց դուք վար կը դնէք երեսփոխանը, որուն անձը անբռնաբարելի կը համարուի, եւ կ՚ուզէք որ զինուորցուները գան յանձնուին, առարկեցի ես։

Եւ կ՚ուզէք ասանկ դիւրին գործի մը միջնորդ ընել մեզ   ժպտախառն իւմօրով մը՝ իմ առարկութեան միտք լրացուց Պ. Ճիտէչեան, որուն տանը մէջ մեծցած ըլլալով ճէվտօթ պէյը, սովոր էր տանելու անոր համարձակութիւնները։

Յետոյ մեկնելով այս առարկութեանց երկուքէն, ամենքս, մէջերնիս ըլլալով Պ. պ. Սպօրտօնի եւ Ալկարտի, միասին խնդրեցինք կուսակալէն ազատ արձակել Պ. Վռամեանը, որպէսզի վստահութիւնը վերադառնայ եւ զինուորցուները յանձնուին։

Այս խնդրանքը ձեւական էր, վասնզի Պ. Ճիտէչեան՝ Սպօրտօնիի եւ Ալկարտիի խօսքի խառնուելու առիթէն օգտուելով՝ ականջիս շշնջած էր թէ՝ Իշխանը՝ իր երեք ընկերներուն հետ, Հիրճի մէջ, սպաննուած էին։

Երբ Պ. Ճիտէչեանի հետ՝ նոյնքան ձեւական յանձնառութեամբ վերադարձանք հայկական թաղամասը, յատուկ սուրհանդակներ բերած էին արդէն Իշխանի եւ ընկերներուն սպանութեան լուրը։

Բարեբաղդաբար, ժողովրդեան բնազդը աւելի արթուն եղած էր։ Ժողովին՝ զոր գումարել պարտ համարեցինք Նորաշէն եկեղեցւոյ թաղական խորհրդարանին մէջ, գէթ ձեւական պատասխան մը տանիլ կարենալու համար, գրեթէ ոչ ոք եկած էր։ Ամէն ոք վազած էր դէպ ի իրեն հսկողութեան յանձնուած դիրքը, դէպ ի իրեն վիճակած պարտականութիւնը եւ խորհուրդը այն քանիներուն, որոնք ո՛չ դիրք ունէին պահպանելու, ո՛չ ալ ուրիշ պարտականութիւն, ուրիշ բան չեղաւ եթէ ոչ շարունակել նախկին բանագնացներուն՝ օր շահելու քաղաքականութիւնը։

Բայց նախկին բանագնացներէն երկուքը բռնուած էին հէնց իրենց վարած քաղաքականութեան ցանցին մէջ. ի՜նչ ապահովութիւն, որ մենք ալ չպիտի իյնայինք միեւնոյն ցանցին մէջ։

Փնտռեցի եւ տեսնել ուզեցի Օննիկ էֆէնտին, ո՛չ թէ որովհետեւ անոր խորհուրդը իմանալու պէտք ունէի, այլ որովհետեւ գիտէի որ ան պիտի ուզէր արգիլել զիս։ Փնտռեցի բայց չգտայ զայն։

Պիտի հպատակէի՞ անոր դնելիք արգելքին։ Ես ալ չէի գիտեր։ Առջի օրուան թեր ու դէմ մտածումներուս ֆիլմը աչքիս առջեւ բերի, անոր վրայ չմոռցայ աւելցնելու Վռամեանի բանտարկութիւնը եւ Իշխանի սպանութիւնը, եւ ինծի ընկերանալիք անձին, Պ. Ճիտէչեանի, յայտնեցի մտավախութիւնս, չմոռնալով անոր կրկնելու, առջի օրը՝ Պ. Սարգիսեանին ըրածս հարցումը.

Գա՞մ թէ չգամ։

Պ. Ճիտէչեան թրքական թաղամասին մէջ կը բնակէր եւ արդէն պիտի երթար։

Այս անգամ, ան էր որ ըսաւ՝

Չգալու պատճառ մը չեմ տեսներ ես։

Համոզումո՞վ էր որ ես անոր հետեւեցայ։ Ո՛չ։ Բայց, ուղեղս, քաոսի վերածուած, կարծես ընդունակ չէր այլեւս ինծի հրամաններ տալու, եւ ես՝ առանց կամքի, եւ այսպէս յեղակարծօրէն մատնուածս դրութեան բերւոմով՝ մէկ կողմէն անձնական վտանգի մտմտուքին, միւս կողմէն՝ աւելի կամ պակաս բան մը ընելով ընդհանուրին վտանգ մը բերելու մտավախութեան միջեւ տարուբեր՝ տեսակ մը գործիք դնրձեր էի ուրիշի կամքին։

Ճէվտէթ պէյը մեզ անմիջապէս չընդունեց։ Ան  քովն ունէր, այդ րոպէին, Պ. Սպօրտօնի եւ ամերիկացի Տօքթ. Աշըր, որոնց այցելութեան նպատակը՝ գիտէինք թէ ամերիկեան շրջանակէ պաշտպանութեան խնդիրն էր։ Դիմումը՝ բխած Տօքթ. Աշըրի միամիտ խելապատակէն, եղած էր փոքրիկ պահակախումբի մը համար, որմէ, սակայն, Ճէվտէթ պէյը ջանացած էր օգտուիլ վաշտ մը զօրք տեղաւորել ուզելով այդ թաղամասին մէջ, որ իր դիրքովը՝ բերդի մը պէս կ՚իշխէր ամբողջ Այգեստանի վրայ։ Զօրքին թեւին սակարկութիւնն էր որ տեղի կ՚ունենար ներսը։

Կուսակալի առաջին խօսքը՝ երբ մեզ ընդունեց, այդ սակարկութեան գնաց։ Ան՝ ոչ առանց մատնելու իր գոհունակութիւնը, յայտնեց թէ՝ համաձայնեցան որ 50 զօրք պիտի ղրկէր Ամերիկեան շրջանակը։ Յետոյ, որպէս թէ մոռցած ըլլար, որ մեր միջոցաւ՝ երեք օր պայմանաժամի վերջնագիր մը տուած էր, ան սկսաւ ամէն նիւթի վրայ դառնայ, բայց բնա՛ւ զինուորցուներու խնդրոյն։ Ան չքաշուեցաւ նոյնիսկ հանդարտութեան հրաւիրող խօսքեր ընելու, որոնցմէ օգտուելով՝ երբ Հայոց Հայոց Ձորի մէջ տեղի ունեցած մասնիկի ջարդին եւ Այգեստանին  իշխող բլուրներուն վրայ տեղաւորուած թնդանօթներուն խօսքն ըրինք, կուսակալը՝ զարմանալի բարեացակամութեամբ մը մեզի յայտնեցթէ ջոկատ մը զօրք ղրկած էր Հայոց Ձորը՝ կարգը պահպանելու համար տեղւոյն մէջ, իսկ՝ թնդանօթներն ալ անմիջապէս ետ բերել պիտի տար։ Ինչո՞ւ, այլեւս, մենք, մեր կողմէն խօսքը պիտի ընէինք զինուորցուներուն եւ անոնց առիթով մեր միջոցաւ տրուած վերջնագրին։ Խօսակցութեան տաք եւ յարմարաւոր մէկ կէտին վրայ՝ հրաժեշտ առինք եւ մեկնեցանք, առանց վէճի։

Ճանապարհին, սակայն, վէճը ծայր տուաւ մեր մէջ տիրող յոռետեսութեան եւ անոր վրայ, այսպէս անակնկալօրէն ծագող լաւատեսութեան միջեւ։

Որո՞ւն հաւատալ։

Խաչ Փողոցը, մենք հանդիպեցանք Օննիկ էֆէնտիին, որ, վերջապէս գտնուած էր։ Ան՝ առջի ամբողջ օրը անցուցած էր Հիւսէյին պէյի տունը, անոր օղիի սեղանին շուրջը։ Ան՝ մեր մէջ ծագում առնող վէճը լըսելէն վերջ, վերլուծումն ըրաւ Ճէվտէթ պէյի մօտ նշմարուած հոգեփոխութեանը։ Ան՝ «նոր դաւ»ի խօսք չըրաւ, այս անգամ, այլ նոր պատճառի։

Պատճառն այն է   ըսաւ ան՝ ծուռ ֆէսը շըտկելով   որ Ճէվտէթ պէյը կ՚ուզէ նախ՝ հայկական թաղամասէն դուրս հանել զօրաբաժնի հրամանատարը, որ, սակայն, ծանր հիւանդ, տեղէն չի կրնար շարժիլ։

Ծանր հիւանդ» բառերուն վրայ՝ Օննիկի շըրթունքներուն անկիւնները եկան փոսեր՝ որոնք՝ թուղթի վրայ, կէտեր կը դառնան առհասարակ։ Մենք անգիտակ չէինք, որ զօրաբաժնի հրամանատարը ուրիշ  հիւանդութիւն չունէր, եթէ ոչ օղիի սէրը։

Ալքոլամոլ Ալպանացիին հո՞գն էր որ թուրք բանակին մէջ պակաս պիտի ըլլային քանի մը հազար Հայեր՝ որոնք՝ դէպ ի սպանդանոցը առաջնորդուելու համար էր, որ գիտի երթային միանալու այդ բանակին։

Յետոյ, Օննիկ մեզի պատմեց թղթակցութիւնը որ՝ վերջին երեք օրերու ընթացքին, տեղի ունեցեր էր կուսակալի եւ զօրաբաժնի հրամանատարին միջեւ։

Ճէվտէթի վերջին նամակին վրայ՝ թէ «պատգարակ մը կը ղրկեմ ձեզ վերցնել կուտամ», շարունակեց Օննիկ՝ ֆէսը այս անգամ քիչ մը ծռելով   այնքան օղի խմեց Հիւսէյին պէյը, որ, կը կարծեմ թէ՝ պատգարակն անգամ չպիտի կրնայ վերցնել զայն։

Օննիկ՝ իր վերլուծումին մէջ, սխալած էր այս անգամ։

Երբ, մեր միսիօնին արդիւնքը հաղորդելու գացինք Միջկուսակցական ժողովին, որ՝ Պ. Սպօրտօնիի եւ Տօքթ. Աշըրի տեսակցութեան արդիւնքին վրայ՝ խորհրդակցութեան հրաւիրուած էր Մսթըր Եարօյի քով եւ հոն իմացանք թէ ժողովը շատ հեռու էր ընդունելէ Ամերիկեան շրջանակի մէջ թրքական զօրք դրուելու սըզբունքը, հասկցանք անմիջապէս որ Ճէվտէթի այդ օրուան կակղութիւնը ուրիշ բան չէր եղած, եթէ ոչ   Վանեցիներու բառով   կակուղ բարձ մը, վրան հանգստօրէն քնացնելու համար Հայերը, զանոնք կռնակէն զարնող դիրք մը շինելու համար այդ բարձրադիր շրջանակին մէջ։ Նոր դաւ մը, որ, սակայն, իր դէմը գտաւ այս անգամ, ժողովրդեան առողջ բնազդը։ Երբ Արամ՝ գօմբրօմիի մարդ, հակեցաւ դէպ ի եօթը հոգինոց պահակախումբի մը ընդունելութեան առաջարկ, որ կուգար Տօքթ. Աշըրի կողմէն, այդ բնազդը յանձին Արմենակ Եկարեանի, գլուխ բարձրացուց յանկարծ,

Ամերիկեան շրջանակը մտնող առաջին թուրք զինուորը, ես իմ հրացանովը վար պիտի բերեմ   ըսաւ ան, այն աստիճան պռստելով յօնքերը, որ անոր աչքերը կարծես կորսուեցան կոպիճներուն մէջ։

Լռութիւնը՝ սեւ վարագոյրի մը պէս, իջաւ այս եղերախառն տեսարանին վրայ, համակերպութեան խոր լռութիւն մը, զոր պարտադրող ժէսթը կը բխէր այդ վճռական րոպէին պարտադրած անձին բերնովը, այդ գերագոյն րոպէին վճռականութենէն։

Ու երբ, Տօքթ. Աշըր՝ իրենց պաշտպանութեան պէտքին եւ պահակախումբին առաջարկուած թիւին աննշանութեան խօսքն ընելով, խզեց այդ լռութիւնը, Մըսթըր Եարօն՝ որ ի բացակայութեան Տօքթ, Ռէյնօլտսի, որպէս անոր փոխանորդ, աւելի հեղինակութիւն ունէր շրջանակին մէջ, հակառակ օրուան Կիրակի եղած ըլլալուն, խօսք առնելով ըսաւ թէ իրենք, միսիօնարները, այդքան մը փաթ-փաթներ ունէին, ինքզինքնին պաշտպանելու համար։

Փաթ-փաթը րէվօլվէրի իմաստը տուող արկօ մըն է Վանի մէջ, որ՝ Տօքթ. Ռէյնօլտսի կեանքի մէկ դրուագէն առած ըլլալով իր ծնունդը, ամերիկեան շրջանակին մէջ քիչ մը աւելի գործածական է։

Տօքթ, Ռէյնօլտս՝ Վան հաստատուելուն առաջին օրերուն, Մուշի եւ Սասունի կողմերը պտոյտի կ՚ելնէ։ Ճամբորդութեան ընթացքին, օր մը, Քիւրտերը կը կտրեն անոր ճամբան։

Ի՞նչ կ՚ուզեն այս մարդիկ մեզմէ   կը հարցնէ յարգելի Տօքթէօրը, իրեն ընկերացող Կեռօյեան Սահակին։

Ինչ պիտի ուզեն, մեզ կողոպտել կ՚ուզեն։

Դուրս հանեցէք շուտով Աւետարանը   կը հրամայէ միսիօնարը։

Ի՞նչ ընելու համար   կը հարցնէ Կեռօյեան։

Դուրս հանեցէ՛ք եւ կարդացէք այս մարդկանց Մաթէոսի 8րդ գլուխին 10րդ համարը։

Բայց ասոնք՝ ո՛չ հայերէն կը հասկնան, ո՛չ ալ Աւետարանի լեզուն   կը պատասխանէ Կեռօյեան։

Դուրս հանեցէք ուրեմն…

Յարգելի Տօքթէօրը չի յիշեր, այս անգամ, դուրս հանելիք իրին անունը եւ ասիկա կը տեւէ այնքան ատեն որ Քիւրտերը առած տարած կ՚ըլլան արդէն դուրս հանելիք բաներուն ամէնքն ալ։

Երբ Քիւրտերը բաւական հեռացած կ՚ըլլան արդէն, Կեռօյեան՝ Տօքթ. Ռէյնօլտին դառնալով, անոր կը հարցնէ,

Ի՞նչ էր արդեօք այն, որ դուրս պիտի հանէինք։

Տօքթ. Ռէյնօլտս՝ յուզո՞ւմէն, թէ ոչ հայերէնի մէջ նորուս մը, տակաւին չյիշեր «ինչ»ն եւ կամ անոր հայերէնը, եւ կ՚ըսէ,

Այն որ փաթ-փաթ կ՚ընէ…

Այս պատմութիւնը յիշեցնող Մըսթըր Եարօյի փաթ-փաթին յաջորդեց քահ քահ մը, որ՝ կարծես հարցը վճռելու ծառայող քուէարկութեան մը տեղ անցաւ։

Ժողովը վերջ գտաւ եւ զէնք բռնողները վազեցին դէպ ի իրենց դիրքերը, միւսները՝ դէպ ի իրենց պարտականութեան գլուխը։

Բայց, հարցը վճռողը եղած էր Եկարեանի փաթ-փաթը…։ Եկարեան որ, առջի օրը, հերոսը դարձած էր Վանի ինքնապաշտպանութեան փառքը կերտող այնքա՜ն պատմական, որքան սխրալի արարուածի մը։

Ռամկավար կուսակցութեան Վանի գոմիթէն՝ Վռամեանի ձերբակալութեան եւ Իշխանի սպանութեան լուրերուն վրայ՝ անմիջապէս ժողով գումարելով՝ Եկարեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը կը ղրկէ Արամի քով, անոր ըսելու համար, թէ՝ այլեւս մէկ կուսակցութիւն կը ճանչնան Վանի մէջ, ինքնապաշտպանութեան կուսակցութիւն, եւ թէ եկած են այդ միակ կուսակցութեան տրամադրութեան ներքեւ դնելու այն բոլորը, որ ունի Ռամկավար կուսակցութիւնը, որպէս սեփական զէնք եւ զինուոր։ Ու, պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէ ցանկը՝ իր ունեցած հրացաններուն եւ զանոնք բռնել կրցողներուն, որոնց թիւը, Արամի եւ իւրայիններուն համար անակնկալ մը, զարմանք եւ հիացում կը պատճառէ անոնց։

Ու, Ռամկավար կուսակցութեան այս ժէսթին վրայ, հոն տեղի կ՚ունենայ տեսարան մը, հայրենիքի սիրոյ եւ համերաշխութեան ու զիջողութեան ոգիի ցուցադրութեան այնպիսի սխրալի տեսարան մը, որուն դրոշմը գլխաւոր ջիղը պիտի դառնար երեւան եկած հերոսական դիմադրութեանը։

Այո՛, հոն էր, այդ հանդիպումի ընթացքին, որ անոնք, երկու կուսակցութեանց  ներկայացուցիչները, որպէս մէկ Լէոնիտաս, անոր պէս մէկ գրիչով գրեցին «զէնքերդ յանձնէ» հրամայող Նոր Քսէրքսէսին, իրենց «եկուր առ» պատասխանը։ Հոն էր, այդ հանդիպումի ընթացքին, որ անոնք՝ նոր Թէրմօփիլիանցքը պաշտպանելու համար, ընտրեցին՝ Եկարեանէ, Կայծակ, Առաքելէ եւ Պուլկարացի Գրիգորէ բաղկացեալ զինուորական մարմինը։

Ո՞վ էր Լէոնիտասը, բուն ղեկավարը այդ նոր Սպանտացիներուն, Արա՞մ թէ ոչ Եկարեան։ Ոմանք Արամի անունը տուին, ոմանք Եկարեանինը։ Ինչո՞ւ երկու անուն եւ ոչ մէկ անուն. վասնզի  աննիւթ եւ անտեսանելի էր այդ մէկ անունը, որ բուն ղեկավարը եղաւ այդ անհաւասար կռիւին։ Այդ մէկ անունը Ոգին էր համերաշխութեան եւ զիջողութեան, Ոգին հայրենիքի սիրոյն։ Ան էր՝ այդ ոգին, որ՝ առաջին մէկ օրէն, տիրապետող հանդիսացաւ ամէնքին հոգիներուն վրայ, որ ղեկավարեց, ամբողջ մէկ ամիս, այդ անհաւասար կռիւը եւ որ, վերջ ի վերջոյ, յաղթութեան առաջնորդեց այդ նոր Սպարտացիները։

Բայց, արդարութիւնը՝ իր տուրքը կը պահանջէ. պէտք է տալ այդ տուրքը։ Եթէ Եկարեան՝ տիտղոսաւոր ղեկավար չէր, եւ ոչ ոք էր, ան, սակայն, իր կտրուկ մէսթերով, որոնց առաջին հանդիսացաւ իր՝ Մըսդըր Եարօյի տան մէջ ունեցածը, ղեկավարի դեր էր որ կատարեց կռիւներուն մէջ։

Մըսդըր Եարօյի տունէն անգամ մը դուրս, ամէնքիս աչքերը ուղղուեցան դէպ ի Թօփրագ-Գալէյի գագաթը, ուրկէ՝ Ճէվտէթ պէյը՝ ըստ իր ազնիւ խոստումին, քիչ մը ետ քաշել տուած էր թնդանօթները, յաջորդ օրը, քիչ մը աւելի առաջ քշելու համար զանոնք։

Վանեցիները միամիտ կարծող միամիտ Ճէվտէթի երջանիկ սխալը, որ ուրիշ բանի չծառայեց, եթէ ոչ արթնութեան հրաւիրելու հայ ռազմիկները։

Ճէվտէթ՝ Պարսկաստանէն հետը բերած չէրքէզ կամաւորներէն 50 լաւագոյններուն ժանտարմի  զգեստ հագցուցած, յաջորդ երկուշաբթի  օրը, մինչեւ իրիկուն, Տօքթ. Աշըրը սպասած էր, անոնց՝ Հայերու թիկունքին դիրք բռնել տալու համար։

Իրիկուն, վերջապէս, հասեր էր Տօքթ. Աշըր, բայց ըսելու համար, թէ Մըսդըր Եարօն իր համաձայնութիւնը չէր տուած սկզբունքին։

Աւելի նպաստաւոր չէր եղած զօրաբաժնի հրամանատարին պատասխանը, որուն գունաւորութիւնը կատղեցուց էր Ճէվտէթը։

Դագաղ կը մտնեմ, պատգարակ չեմ մտներ   ըսած էր ան կտրականապէս։

Այդ երկուշաբթի օրը, Ապրիլ 6, որ նաւակատիքը եղաւ Ապրիլ տօնին, մէկ օր էր, բայց վեց օրուան աշխատանք կատարել տուաւ հայ կռուողներուն։

Ճէվտէթ՝  լռութեամբ ընդունած էր Տօքթ. Աշըրի տարած պատասխանը եւ այդ լռութիւնն էր որ՝ որպէս  պատասխան, ետ բերած էր բանագնաց Տօքթէօրը։ Այդ պերճախօս լռութիւնը՝ լռութիւն կը պարտադրէր եւ այդ լռութիւնը եղաւ հայ Զինուորական Մարմնոյն կողմէ դէպ ի դիրքերը մեկնող առաջին կարգախօսը.

Լռել եւ սպասել...

Լռել է սպասել, որպէսզի թշնամին, ինքը ցոյց տոյ թէ ինքն է կռիւին նախայարձակը։

Եւ մթութեան վարագոյրը, այդ իրիկուն, դժոխքի չափ սեւ, եկաւ ծածկելու կարգախօսին վրայ տիրող խոր լռութիւնը։