Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Բայց, Վան տեղեկութիւն չունէր ո՛չ Տիլմանի ճակատամարտին ելքէն, ո՛չ ալ Զօր. Նիքոլայէֆի զօրաբաժնին շարժուելէն։ Ընդհակառակն անոր սպառնալից դրութեան վրայ, այս օրերուն, աւելնալու եկած էր պարենաւորումի ճգնաժամը, որ օր ըստ օրէ կը ծանրանար։

Ապրիլ 25ի առաւօտը, պարենաւորումի յանձնաժողովին հրաւէրովը՝ խորհրդակցական ժողով մը գումարուած էր մըսդըր Եարօյի քով։ Ժողովին մէջ որքան խորհրդական՝ նոյնքան կարծիք եւ առաջարկ, ոչ մէկը լաւատես, ոչ մէկը գործնական։ Խորհրդակցութիւնը վերջացաւ, ի չգոյէ ուրիշ հնարաւորութեան, մըսդըր Եարօյի անէքթոտային մէկ պատմութեամբ։

Պարոննե՛ր, դուք կ՚երեւի չէք կարդացած պաշարումներու պատմութիւնները   սկսաւ պատմել մըսդըր Եարօն, որ աւելի իւմօրիսթ մըն էր քան թէ միսիօնար։ Երէկ էր միայն, որ ես մսավաճառին քով միս չգտայ, դեռ կայ ուրեմն կավուրման (պահածոյ միս, որմէ՝ մայիս եւ յունիս ամիսներու համար, ամէն վանեցի պաշար մը կ՚ունենայ) յետոյ կուգան ծառերը իրենց պտուղներով եւ պարտէզները իրենց բանջարեղէններովը։ Յետոյ կարգը կուգայ ուրիշ բաներու…

Ժպիտ մը եւ ունկնդիրները հասկցան անմիջապէս որ համակրելի Եանքին հիւթեղ բան մը ունի ըսելիք։

Այս առաւօտը, շարունակեց ան, հիւանդանոցի խոհարարէն կավուրմա ուզեցի, ի՞նչ կ՚ուզէք որ ան ինծի պատասխանելու ելնէ։ Ան ինծի ըսաւ թէ մուկերը կերած են կավուրմայի ամբողջ պաշարը։ Ըսել է թէ մեր հիւանդանոցին մառանին մէջ, անոր ամբողջ պաշտօնէութեան եւ անոր հիւանդներուն պաշարը սպասելու չափ մուկեր կան։ Կավուրմայէն վերջ ուրեմն, մենք ունինք մեր մուկերը, ու երբ կարգը անոնց գայ, պարենաւորումի յանձնաժողովին գործը պիտի ըլլայ ականատներ շինել տալ։

Ունկնդիրներուն քրքիջին միջոց մը տալէն վերջ, միսիօնարը շարունակեց,

Կ՚երեւակայեմ թէ՝ մեր հիւանդանոցին խոհարարը՝ որպիսի՜ հաճոյքով մեզ համար պիտի խորովէ իր կավուրմայով գիրցած մուկերը։

Կարելի չէ ըսել թէ ներկաները՝ յարգելի միսիօնարին խօսքերուն՝ միայն իւմօրին համար էր որ խնդացին։ Չէ՞ որ ծով ինկնողը, երբ փաթթուելիք օձ մը կը գտնայ, չի կրնար ուրախութիւն մը չզգալ։

Յաջորդ առաւօտ, լուր ելաւ թէ՝ լիճին վրայ Պիթլիզի ուղղութեամբ մեկնող բազմաթիւ նաւեր երեւցած են։ Լուրը՝ եթէ ճիշդ ըլլար, ուրիշ բան չէր ենթադրեր եթէ ոչ Թուրքերուն փախուստը։ Մարդ չմնաց, որ հարկաւոր զգուշութիւններով՝ տանիքէն ակնարկ մը նետելու չելնէր դէպ ի ծովը։ Ոչ մէկը անոնցմէ՝ աչքերովը չկրցաւ հաստատել ականջովը լսածը։

Շրջած լուրին համաձայն, բողոքականներու եկեղեցիին զանգակատունէն էր որ տեսնուած էին մեկնող նաւերը։ Այդ զանգակատունը, իր՝ թէ՛ գտնուած դիրքովը եւ թէ՛ շէնքովը, Այգեստանի ամենէն բարձր կէտն է։ Իրենց տանիքներէն յուսահատները վազեցին դէպ ի այդ զանգակատունը, որ՝ շատ չանցած դարձաւ տեսակ մը ուխտատեղի, որուն պոչը բռնելու գացին հոգինին պարենաւորելու պէտք ունեցողները, աչքովնին տեսնելու համար ծովին կապոյտը դէպ ի արեւմուտքը ճեղքող՝ ճերմակ՝ բայց հազիւ տեսանելի կէտերը, որոնք՝ մոգերը առաջնորդող արեւելքի աստղին պէս՝ ուխտաւորները կ՚առաջնորդէին դէպ ի իրենց փրկութեան յոյսը։ Զանգակատուն բարձրացողներէն, տեսնողը թէ չտեսնողը, ոչ ոք չըսաւ թէ չտեսայ, նոյնիսկ Արդար Կարօն, որ իմ գործերուն մէջ գտնուելուն առիթով՝ գիտէի որ կարճատես մըն էր եւ որ սակայն զանգակատունէն իջնելուն, իմ հարցումին՝ լեցուն բերնով մը ըսաւ՝

Կը պճպճան, էֆէնտի, կը պճպճան։

Պճպճալը Վանի արկօյին մէջ վխտալն է։

Արդար Կարօն ալ իր հոգիին աչքերովն էր որ տեսած էր նաւերը։

Ապրիլ 28ի առաւօտը, այդ զանգակատունէն տեսանելի դարձաւ ուրիշ երեւոյթ մը։ Այտեղէն սկսաւ նշմարուիլ Վանէն Արտամետ տանող շօսէյին վրայ, ծովին կապոյտին եւ քովի մարգերուն կանանչին միջեւ եւ անոնց գոյներէն շեշտուող սեւ ժապաւէն մը, օձի մը պէս գալարուելով՝ հետզհետէ դէպ ի Արտամետ երկարող մարդկեղէն ժապաւէն մը, որ ուրիշ բան չէր նշանակեր, եթէ ոչ Թուրքերուն՝ այս անգամ ցամաքի ճամբով՝ փախուստը։

Վախ մը, Թուրքերու կողմէն վերջին յուսահատական գրոհի մը վախը, ստուերի մը պէս, կը յածէր սակայն այդ ճերմակ եւ սեւ կէտերուն վրայ։ Բայց նոյն գիշերն իսկ, Վանի շրջակայ բլուրներու վրայ շրջող լոյսերը, որոնք մօտեցող ռուս բանակին յուսարձակներէն միայն կրնային գալ, եկան փարատելու այդ ստուերը։

Յաջորդ օրը, շաբաթ, դէպքերը սկսան գահավիժիլ, իրիկուն Այգեստանի հիւսիսային կողմէն սկսաւ երեւնալ ծուխէ սիւն մը, որ՝ այնքա՜ն բարձրացաւ, որ կարծես Յակոբի սանդուխին պէս երկրէն երկինք կը հասնէր, թրքական զօրացնոցն էր, զոր նահանջող բանակը կրակի տուած էր։ Եւ մինչ յոռետեսներու վարանումը դեռ կը յամառէր, մութը կոխելէն վերջ, Ճիտէչեաններու բնակարանէն, որ թրքական թաղամասին մէջ կը գտնուէր, հասաւ տոմս մը, աւետող թէ՝ Թուրքերը նահանջած էին եւ թէ անոնցմէ ոչ ոք մնացած էր քաղաքին մէջ։

Ճէվտէթ՝ Արճէշի գայմագամէն նուազ խուժդուժ, խնայած էր իր հօր բարեկամին հետ՝ անոր բնակարանը ապաստանող քանի մը ընտանիքներու կեանքին։

Աւետիս՝ տարաժամ պահու մըն էր որ կը հասնէր, զայն ստացողին առաջին հողը կ՚ըլլար, բաժնել զայն իր սրտակիցներուն հետ, աւետիս՝ որ նոր կեանք կը բերէր ե՛ւ տուողին ե՛ւ ստացողին։ Աւետիս՝ որուն վրայ՝ լսողք կ՚իյնար այնպէս, ինչպէս անօթի մանուկ մը մօրը ստինքներուն վրայ։

Յոյզի եւ ուրախութեան որպիսի՜ սրտառուչ տեսարաններ, որոնց զեղումը, սակայն, պահուն թանձր մթութիւնը, նախանձէ՞ն, թէ ոչ խանդէն, ինքն էր որ կը կլանէր կարծես։

Երբ, իմ կարգին, լուրովը՝ Օննիկի հետ հաղորդուելու համար, ներքին թաղամասերուն մէջ գտնուող անոր բնակարանին առջեւը եղայ, մութին պատճառաւ, ա՞ն չզգաց լուրին տարողութիւնը, թէ ոչ ես չկրցի նշմարել խանդավառութիւնը զոր ես կը սպասէի տեսնել այդ խանդավառ անձին վրայ, բայց, երբ սենեակը բարձրացանք, ան՝ պարելով վազեց դէպ ի պահարան մը՝ եւ հոնկէ մէջտեղ բերաւ շիշ մը ճին, որուն մարքայէն յայտնի էր թէ ան հիւպատոսարանի գավէն միայն դուրս կրնայ ելած ըլլալ։

Երբ շիշին մարքան յննելէն վերջ, զայն սեղանին վրայ դրի, Օնիկի աչքերը պճլտաց։

Կը զարմանա՞ք, այնպէս չէ՞, իմ տնտեսութեան վրայ։

Այո՛, բայց ձեր ժուժկալութեան վրայ եւ ոչ թէ տնտեսութեանը…

Կ՚ուզէ՞ք իմանալ գաղտնիքը։

Եւ իմ հարցական ակնարկին վրայ՝

Եթէ Թուրքերը ներս խուժէին, այս շիշը մէկ շունչով պիտի պարպէի եւ ինքզինքս մոռացութեան տայի։ Իմ նիզակն ալ այս պիտի ըլլար։

Խմիչքը՝ ամենէն շատ պակսող պաշարը եղած էր, այդ օրերուն, Այգեստանի մէջ։

Երբ շիշը կէս եղաւ, ինծի գաղափար մը եկաւ։

Եկէք ինքզինքնիս չմոռցած՝ շիշին կէսն ալ, լուրին հետ՝ Հիւսէյին պէյին տանինք   առաջարկեցի Օննիկին։

Ու Օննիկի համաձայնութեան վրայ, շիշը ձեռքերնիս, ելանք միասին, թուրք հրամանատարին բնակարանը գացինք։

Լուրին չափ, եթէ ոչ աւելի, ճինին շիշը ուրախութիւն պատճառեց հրամանատարին, որ օղիով եւ անոր համար միայն կ՚ապրէր, կարծես, եւ որմէ՝ շաբաթէ մը ի վեր զրկուած ըլլալուն համար, ինքն ալ չգիտէր թէ՝ կ՚ապրէ՞ր թէ ոչ։

Ճինին գաւաթները բացին Հիւսէյին պէյի լեզուին կապերը։ Առաջին անգամ ըլլալով, անկէ էր որ լսեցինք ենթադրութիւնը, թէ՝ Խալիլ փաշայի բանակը հարիւրին հարիւր պարտուած ըլլալու էր։

Կարծիքը ենթադրական էր, բայց, առանց զինուորականներ եղած ըլլալու, մեզ դժուար չէր դատել, թէ՝ առանց Խալիլ փաշայի բանակին պարտութեան, ռուսական ուժերը չպիտի համարձակէին հասնիլ՝ Վանի պէս մեկուսացած եւ թուրք բանակին սպառնալիքին ներքեւ գտնուող վայր մը։

Այս լուրովը զարդարեցինք մենք բուն լուրը եւ այդ զարդովն էր որ այնուհետեւ, Օննիկի հետ զայն բաշխելու ելանք ասոր անոր։

Շատ չանցած, սակայն, այդ զարդին էր միայն որ կրցինք արժէքը պահել, միւսը, բուն լուրը, ուրիշներն էին որ մեզի հաղորդելու կուգային։

Մութը՝ տարօրինապէս սեւ, այդ գիշերը, պատած էր չորս կողմը, բայց երդերու եւ նուագներու ձայներէն յայտնի էր որ լուրը՝ դուռնէ դուռ, պատուհանէ պատուհան, ամբողջ Այգեստանի շրջանը ըրած էր արդէն։

Պատուհանի մը առջեւ մեզ կանգ առնել կուտայ չիֆթէ թէլլիի եղանակ մը։ Եղանակը՝ դրացի դուռներուն եւ պատուհաններուն մէջն ալ մտիկ ընողներ ունի։ Օննիկ՝ գրպանէն թաշկինակը կը հանէ եւ կը սկսի պարել եղանակին հետ։

Օննիկ՝ երբ ճինը փորին մէջն է, շիտակ քալել անգամ չգիտէր, ո՜ւր մնաց պարել։ Դրան մէջէն կին մը՝ այս պարագայէն քաջալերուած՝ յանդգնութեամբ մը, որ պահուն ուրախութեան հետ տիրող մթութիւնը միայն կրային բերել անոր, Օննիկի ձեռքէն խլեց թաշկինակը եւ, անոր տեղ, ինքը սկսաւ պարել նուագին եղանակը։

Զուր տեղ, Օննիկ՝ յանդուգն պարուհիին տարիքը իմանալու համար, անոր դէմքին վրայ լրտեսեց պատուհանէն ծաթող լոյսերէն մէկուն բեկումը։ Պարուհիին արագ դարձերը անկարելի կ՚ընէին այդ փորձը։ Յուսահատութենէն՝ Օննիկ՝ իրարու ետեւէն կը մրթմրթար,

Պառաւ մը ըլլալու է։

Անակնկալ օդերեւոյթ մը, սակայն, եկաւ լուծելու Օննիկի տարակոյսը։

Երկինքին կամարը յանկարծ սկսաւ կարմրիլ, անոր տակաւ աճող կարմիր լոյսին անդրադարձումին ներքեւ, մինչ պարուհին կլանուած էր իր դարձերուն կրակովը, Օննիկ զարմացմամբ նշմարեց, որ իր թաշկինակը խլող յանդուգն կինը պառաւ մը չէր, այլ զմայլելի գեղեցկութեամբ նորահարս մը։

Երկնակամարին կարմիրը երթալով կը բոցավառէր, անոր անդրադարձումը՝ երթալով կը շեշտուէր, արշալոյսն էր կարծես, որ կը ծագէր։ Պարուհին, իր կարգին, անդրադարձաւ վերջապէս որ լոյսը մատնելու ելած էր զինք։ Ան՝ թաշկինակը դէպ ի Օննիկ նետեց եւ, ինքզինք նշմարել տուող ճագարի մը պէս, փախաւ մեր աչքերէն։

Եւ, մինչ մենք՝ պարուհիին տարիքը թողած՝ սկսած էին փնտռել օդերեւոյթին գաղտնիքը, դրացի տանիքներուն մէկէն հնչեց ձայն մը,

Հաճի Պէքիրի զօրանոցն է որ կ՚այրի։

Հայ կռուողներուն վրէժի զգացումի թափին առաջին զոհը եղած էր, ամբողջ 28 օր Այգեստանի վրայ ռումբ տեղացող այդ հսկայ զօրանոցը։ Անկէ բարձրացող կրակին լոյսն էր, որ՝ որպէս ազատութեան արշալոյսը՝ ծագած էր Վանի վրայ։

Ու այդ լոյսին ներքեւ շարունակուող մեր պտոյտի ընթացքին, մենք ականատես եղանք մէկը միւսէն սրտառուչ, մէկը միւսէն տարօրինակ, հազար ձեւի, հազար գոյնի արտայայտութիւններու, զորս տեսնել դիւրին է, բայց թուղթի վրայ առնել շատ դժուար, լրիւ ըմբոշխնեցինք զանոնք, գինովցանք անոնցմով, եւ, երբ գիշերը կէս եղաւ, գացինք գինովի մը քունը քաշելու։