Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱ՞Ղ ԹԷ ՆԱՀԱՆՋ

Թուրքին եաթաղանէն եւ հիւանդութեանց  ճիրաններէն ճողոպրողները, անապատի աւազներուն պէս, ցրուեցան Կովկասի վրայ Իկտիրէն մինչեւ Պաքու։ Ես ինկայ Երեւան, Ցարսկայա (Սպենդարեան) փողոցին՝ Կոնտին դպչող ծայրը։ Մեր տունը դէմը կը գտնուէր Կոնտի Սուրբ Յովհաննէս, փոքրիկ եւ սիրուն եկեղեցիին, ուր՝ առաւօտ երեկոյ, անխափան, աղօթելու կ՚երթար մայրս։ Մայրս բարեպաշտ կին մըն էր, բայց ոչ այսքան ժամակժիկ։ Երեւոյթը՝ հետաքրքրական՝ զիս մղեց, օր մը անոր կէս կատակով մը հարցնելու՝

Մա՛յր, դուն այսքան բարեպաշտ չէիր, երբ Վան կը գտնուէինք։

Տղա՛ս, հոս, եկեղեցիի մէջն է միայն, որ՝ տարբերութիւն չեմ տեսներ իմ հին եւ նոր օրերուն մէջ։ Այդ հին կեանքը քիչ մը աւելի շատ վայելելու համար է որ չեմ պակսիր եկեղեցիէն   պատասխանեց ան տրտմօրէն։

Ես ալ իմ օրերը անցունելու կ՚երթայի քաղաքին պուլվարը, որ նահանջող Վանեցիներու ժամադրավայրն եղած էր։ Հոն լուր կ՚առնէինք կուտայինք իրարու հետ եւ առատ ջուր կը խմէինք։ Ճանապարհի տօթին եւ փոշիին մեզի տուած ծարաւը, դեռ ոչ մէկիս քովը յագեցած էր. զայն անմիջապէս կը յիշէինք, երբ կը հնչէր Երեւանցի Պիճօյին սուր եւ եղանակաւոր ձայնը.   Սա՜ռ ջուրը, խմողաց անո՜ւշ լինի։ Գըրք-Պուլաղի պաղ եւ թեթեւ ջուրը որ՝ Իկտիրի ջուրէն, նաեւ բժիշկներու դեղերէն վարակուողներէն շատերուն կեանքը փրկեց։

Օր մը, մեր հայրենակիցներէն մէկը, որ՝ եթէ ոչ դաշնակցական, գէթ համակիր մը կը համարուէր, լուր բերաւ թէ Ռուսները Վան վերագրաւուած են։ Արդէն առասպել մըն էր   աւետիսին վրայ աւելցուց լրատուն   երկու թրքական բանակներուն՝ Մանազկերտի վրայ քալած ըլլալու լուրը, զոր՝ հետազօտիչ վաշտին հրամանատար՝ մեր ապուշ Տէվօյեան բերած էր սպայակոյտին։

Լրատուին գործածած «մեր»ը ուրիշ բան չէր յայտներ, եթէ ոչ Տէվօյեանի դաշնակցական եղած ըլլալը։

Արդարեւ, երեկոյեան աժանսի հեռագրերուն մէջ կարդացինք Վանի վերագրաւուած ըլլալուն լուրը։ Իսկ, յաջորդ օրը, միեւնոյն անձէն իմացանք թէ Արամ հրաման ստացած էր՝ կառավարիչի իր հանգամանքովը, Վան մեկնելու եւ թէ 800 հրացաններ տրամադրուած էին իրեն, նոյնքան զինուած մարդիկ միասին առնելու համար։

Արամի մեկնումէն օր մը վերջ, ես ալ բարեկամի մը հետ միասին կառք մը վարձեցինք եւ ճամբայ ելանք դէպ ի Վան։ Մեզմէ առաջ մեկնած էին կարգ մը վաճառականներ, մեզի հետեւեցան ուրիշներ։

Քաղաքին 2-3 ժամու ճամբայ մնացած՝ մենք հասանք Արամին, որ գլուխը եւ պեխերը կախ՝ կ՚ընթանար ձիուն վրայ։ Ան յոգնած երեւոյթ մը ունէր եւ երբ ես զինք հրաւիրեցի մեր կառքը նստելու, ան չմերժեց։ Անոր հետ միասին էր որ մենք մտանք Վան եւ այս հանգամանքը առիթ տուաւ որպէսզի  մէկ տան մէջ իջեւանինք մենք։

Լսած էինք մենք թէ քաղաքին ընդարձակ տուներւն մեծ մասը վառուած էր, բայց, անոնց տէրերուն իւրաքանչիւրը կը պահէր յոյսը, թէ իրը վառուածներուն մէջ չէր։ Այդպիսիներուն գրեթէ բոլորն ալ յուսախաբ եղան։ Նահանջէն վերջ, Շատախցի կիսախենդ  մը, խելքին ճաթած պտուկը հակապուրժուական բրօբականտով լեցուած կուսակցական մը՝ կուսակցական պարտք մը համարած էր իրեն՝ պուրժուաներու տուները մտնել եւ կրակի տալ զանոնք։

Մեր տունը չհասած՝ դէմս ելաւ զարմիկ մը, Վարդան Թէրզիպաշեան, 14 ամեայ պատանի մը, քիչ մը դաշնակցականամիտ, որ քանի մը տարեկից ընկերներու հետ, հետիոտն ճամբայ ինկած՝ մեզմէ քիչ առաջ Վան հասած էր։ Ան էր որ թախիծը երեսին՝ ինծի  յայտնեց թէ մեր տունը վառուած էր։

Ողջութիւն ըլլայ   ըսի   կեղծ զուարթութեամբ մը, կուգանք ձեր տունը կ՚ապրինք։

Մեր տունն ալ վառած  են   ըսաւ պատանին եւ չկրցաւ զսպել աչքերը խուժող արտասուքը։

Է՜հ, մենք ալ կ՚երթանք կ՚ապրինք Քաղաքամէջի մեր տունը   ըսի միեւնոյն զուարթութեամբը։

Քաղաքամէջը, հօրենական ընդարձակ տուն մը ունէինք ես ու զարմիկս։

Ձեր Քաղաքամէջի տունն ալ այրած են   ըսաւ մէկը, ազգական մը, որ նահանջած չէր եւ որ այդ րոպէին մեզի միանալու եկած էր։

Ես լուր ունէի թէ Քաղաքամէջի տուներէն եւ ոչ մէկը վառուած է։ Երբ ունեցածս այս լուրը ազգականիս յայտնեցի, ան աւելցուց,

Այո՛, միայն ձեր տունն է որ վառած են։

Ինչո՞ւ այդ բացառութիւնը։

Ձեր տունը Հ. Յ. Դաշնակցութեան Քաղաքամէջի ենթակոմիտէի պաշտօնատունն էր։ Ենթակոմիտէի արշիւները փրկելու կարճ միջոց գտած են տունը կրակի տալու մէջ։

Վարդան չկրցաւ զսպել հեծկլտուք մը, որուն վրայ ես այս անգամ զուարթութիւն չկեղծեցի, այլ բարկութիւն մը։

Մեր տան գինովը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վանի Քաղաքամէջի արշիւները փրկուած են եւ դեռ դուն գոհ չե՞ս ու կուլա՞ս, կշտամբեցի պատանին։

Հեծկլտանքին անմիջապէս յաջորդեց ժպիտ մը, անձրեւին յաջորդող արեւուն պէս պայծառ, անոր պէս լուսաւոր ժպիտ մը։

Վարդան ժիր պատանի մըն էր, ես զինք կը սիրէի նուազ քան որդի մը, բայց աւելի քան հօրեղբօրորդի մը։ Այդ սիրոյն համար էր որ ես ալ րոպէ մը դաշնակցական եղայ։

Անգամ մը մեր տան առջեւը, անոր սեւցած պատերուն վրայ ակնարկ մը նետելէն վերջ, ես պարտէզը մտայ Մաման փնտռելու։ Մաման պառկած էր, հեռուէն անոր ճերմակ եւ փայլուն մազերուն տեսքը ինծի կարծել տուին թէ կը քնանար ան։ Դողը սիրտիս մէջ ես անոր մօտեցայ։ Կը սխալէի, ան սպառած էր ծառին շրջագիծին մէջ գտնուող կանանչը, այն չափով որչափ թոյլ տուած էր իրեն՝ զինք ծառին կապող մետաքսեայ չուանին երկարութիւնը, որ՝ այսպէս, կարծես կարկինով գծուած եւ ածիլուած շրջանակ մը եղած ըլլար։ Յայտնի էր որ խեղճ կենդանին քանի մը անգամ դարձած էր շրջագիծին իւրաքանչիւր կէտին վրայ եւ բերանովը խլած անոր յետին կանանչը, յետոյ, աչքերը՝ մէկ մը շրջագիծէն դուրսի կանանչութեանը վրայ, մէկ մը զինք կապող կանանչ մետաքսէ պարանին, անօթի եւ անսուաղ, ան փչած էր վերջին շունչը, եւ, կը թուէր թէ՝ ոչ շատ առաջ, վասնզի անոր ճերմակ մազերը կը պահէին դեռ իրենց փայլը, անոր կանանչ գեղեցիկ աչքերն ալ՝ իրենցը։ Ես չկրցի ինքզինքս զսպել շոյելէ անոր ճերմակ մազեր եւ նայելէ անոր զմրուխտ աչքերուն մէջ։ Այդ աչքերը կը թուէր թէ կենդանի էին դեռ եւ ինծի կը նայէին երեստուանքի շեշտով մը, ու կարծես ինծի կ՚ըսէին։

Ասա՜նկ…

Յաջորդ առաւօտը, վաճառական-պուրժուաներս զիրար գտանք։ Մեր առաջին գործն եղաւ ստուգել թէ ամէնքի՛ս ալ տուները վառուա՞ծ էին։ Միա՛կ մխիթարանքը՝ որ կրնայինք ունենալ, այն էր որ ո եւ է բացառութիւն գոյութիւն չունենար։ Վաճառականները ապրանքներ ունէին թագստոցներու մէջ պահուած եւ կլանուած էին զանոնք՝ օր առաջ, Կովկաս փոխադրելու մտահոգութեամբը։ Անոնցմէ մէկ երկուքին հետ մենք դիմում մը կատարեցինք Արամին, որ՝ իր  կարգին, դիմում կատարեց զինուորական իշխանութեան քովը, որ՝ ամենայն հաճոյակատարութեամբ, անոր յայտնած էր թէ բանակին պաշար բերող 200 ուղտեր ունէր տրամադրելի, զորս յաջորդ իրիկուն պիտի ղրկէր վերցնելու համար վաճառականներու ապրանքները։

Վաճառականները՝ ձեռքերնին շփելով վազեցին անմիջապէս դէպ ի իրենց թագստոցները, անոնցմէ դուրս հանելու, եւ, յաջորդ իրիկուն, գալիք ուղտերուն բեռցուելու պատրաստ վիճակի մէջ դնելու համար իրենց ապրանքները։

Յաջորդ իրիկուն երկու հարիւր ուղտերը չեկան, բայց անոնց փոխարէն կօզաքներ եկան Արամին հաղորդելու համար զինուորական իշխանութեան հրամանը, է՝ պէտք էր երկու ժամուան մէջ ձգել քաղաքը եւ հետեւիլ բանակին, որ արդէն հեռացած էր։

Արամի բացակայութեան պատճառաւ կօզաքներու բերած հրամանը կ՚առնէ անոր օգնական Կաշեփոր Գրիգոր, որ, կրած յուզումէն՝ կը մոռնայ կօզաքներուն հարցնելու, թէ՝ բանակը ո՞ր ճամբով հեռացած էր, Բերկրիի՞ թէ ոչ Պարսկաստանի։ Երբ Արամ հասու եղաւ իր օգնականին այս մոռացումին, զայն կօզաքներու ետեւէն վազցուց։

Կաշեփոր Գրիգոր, զոր ոմանք ալ Նաբոլէոն կը կոչէին, Նաբոլէոնի հասակով՝ ռուսահայ կամաւոր մըն էր, երկրորդական խմբապետ մը՝ որ շատ կը սիրէր իր մազերուն առջեւի մասին տալ ճակատին վրայ թափուող ձեւը, զոր սովոր ենք տեսնալ Նաբոլէոնի նկարներուն վրայ։ Մինակ այս նմանութեան համա՞ր էր որ քանի մը չարաճճիներ անոր տուած էին Նաբոլէոն անունը։ Ո՛չ, Գրիգոր՝ մէկն էր անոնցմէ, որոնք ամէն բանի պատրաստ են բայց ոչ մէկ բանի օգտակար, որոնք՝ առանց բան մը ըլլալու, ինքզինքնին ամէն բան կը կարծեն։ Եւ Արամը ինքն էր որ առաջին հերթին ճանչցած էր իր օգնականին այս յատկութիւնները։ Բայց Նաբոլէոնէն աւելի անոր յարմարած էր Կաշեփոր մակդիրը, զոր՝ կաշեղէնէ ի զատ ուրիշ հագուստ չկրելու անոր յամառ սովորութեանը համար, Վանեցիները փակցուցած էին անոր անունին։

Սըչաս   ըսաւ Կաշեփոր Գրիգոր եւ ձիուն կռնակը ցատկեց։

Սըչաս ռուսերէն է, բառական իմաստովը ան «այս ժամուն» կը նշանակէ, բայց, կը թուի թէ բառը՝ այն ատեն ստեղծուած, երբ ժամը րոպէի տեղ կ՚անցնէր, հետզհետէ կորսնցուցած է իր նախկին իմաստը։ Հիմայ՝ ան՝ Ռուսին համար այն է, ինչ որ «այս րոպէին»ը մեզ, կամ l՚instantը ֆրանսացիին համար։

Հակառակ սըչասին, Կաշեփորը ուշացաւ։ Ան  կորսնցուցած էր՝ ոչ միայն կօզաքներուն հետքը, այլեւ ճամբան եւ մութին մէջ երկար թափառումներէ վերջ միայն, կրցած էր գտնել բանակը եւ իմանալ որ Պարսկաստանի ճամբով էր որ կը նահանջէր ան։ Երբ Կաշեփոր Գրիգոր վերադարձաւ, երկու ժամը, որ մեզի երկու տարի թուած էր, շատոնց անցած էր արդէն։

Ամբողջ գիշերը մենք քալեցինք առանց բանակին հետքը գտնելու։ Կաշեփորը՝ ձիէն վար կ՚իջնէր երբեմն փապուղին կը զննէր, եւ, իրարու ետեւէն, եւ ոչ առանց զարմանքի ու անոնց հետեւող «չօրթ»երու՝ կը կրկնէր։

Այս ճամբէն բանակ անցած էր։

Յաջորդ առաւօտը, քիչ մը հանգիստ առնելէն վերջ, մենք շարունակեցինք մեր ճամբան։ Իրիկուան կողմը, մեր դէմը ելան խումբ մը կօզաքներ՝ որոնք Պարսկաստանէն կուգային Վան երթալու համար։ Անոնք խնդացին, երբ մենք իրենց յայտնեցինք թէ ռուս բանակը թողած էր Վանը։ Կաշեփոր Գրիգոր՝ որ, տեսակ մը հրամանատարի դերը տուած էր ինքն իրեն, կանգ առաւ պահ մը, եւ մատը կնճռոտ ճակտին, որ այդ րոպէին, քիչ մը կրնար յիշեցնել Նաբոլէոնը, վճռեց՝

Ռուս բանակի նահանջը խաղ մըն է։

Որո՞ւ գլխուն։

Այդ էր որ չէր կրնար ըսել մեր հրամանատարը։

Յաջորդ առաւօտը, երբ մենք մեր ճամբան շարունակելու ելանք, մեր դէմ գտանք, քանի մը հետեւորդներու հետ՝ ռուս բարձրաստիճան սպայ մը, որ Արամի բացատրութիւնները լսելէն վերջ, անոր ըսաւ թէ՝ Վան միշտ Ռուսներուն ձեռքն է, թէ՝ ինքը Վան կ՚երթար։ Ան՝ ի վերջոյ, խորհուրդ տուաւ Արամին ետ դառնալ դէպ ի Վան։

Ետ դարձանք եւ Վանը գտանք մենք այնպէս, ինչպէս որ թողած էինք, պակաս վաճառականներու թագստոցներէն դուրս հանած ապրանքները, զորս, ուղտերու փոխարէն, թալանճիները, դուրսէն թէ ներսէն, փոխադրած էին։

Կաշեփոր Գրիգոր՝ ոչխար մը մորթել տուաւ, յետոյ գինի ճարեց եւ մենք, երկու օր կանոնաւոր ճաշ ըրած չըլլալնուս վրէժը լուծեցինք այդ իրիկուն։

Պ. Գրիգոր քիչ մը շատ զուարթացաւ այդ իրիկուն։ Ան սկսաւ պատմել դրուանգեր հայ-թաթարական կռիւներէն եւ կանգ առաւ Նորքի (Երեւանի արուարձանը) կռիւին, աւելի ճիշտը, այդ կռիւին մէջ իր կատարած եւ կամ չկատարած դերին վրայ։ Արամ նստած տեղը կը քնանար։ Պատմութեանը ես միայն մնացեր էի հասցէ։ Իմ ալ քունը կապարի պէս կը ճնշէր քունքերուս վրայ։ Ճամբուն յոգնութենէն ի զատ, ունէի երկու գիշերուան անքունութիւնը։ Երկու անգամ խնդրեցի Նորքի հերոսէն յաջորդ օրուան ձգել պատմութիւնը։ Անօգուտ։ Մարդը միտքը դրած էր անպատճառ լրացնել ըսելիքը։ Երբ, վերջապէս, Պ. Գրիգոր, իրեն համար   վասնզի ես ի վիճակի չէի մտիկ ընելու, լրացուց իր հերոսապատումը   ես ալ բան մը առի վրաս եւ բազմոցին վրայ երկնցած՝ հազիւ թէ անցեր էի քունի աշխարհի սահմանը, որ զգացի թէ մէկը թեւէս կը քաշէ, ետեւէ ետեւ կրկնելով,

Վեր ելէ՛ք, վեր ելէ՛ք։

Առանց մասնաւոր ճիգի չէր որ ես կարողացայ հաւաքել ուժերս, հարցնելու համար՝

Ի՞նչ կայ։

Նահանջ կայ, վեր ելէ՛ք։

Այդ երրորդ «վեր ելէք»ին վրայ որոշեցի Կաշեփորին ձայնը։

Հոգեառ հրեշտակ մը, այդ րոպէին, նուազ սարսափ պիտի ազդէր ինծի։

Նահանջ եւ այս անգամ մէկ ժամէն ու Բերկրիի ճամբով։

Վար իջայ։ Արամ՝ տանը դրան ետեւը, երկար աթոռի մը վրայ երկնցած՝ հրահանգներ կուտար։ Որպէս պուրժուայի՝ ինծի վիճակեցաւ պուրժուաներուն լուր տալու պարտքը։ Երեք չորս՝ իրարմէ հեռու տուները վազել հարկ էր զանոնք արթնցնելու համար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար հոգեառ հրեշտակը ես եղայ, այս անգամ։

Մեր, այսպէս անխղճօրէն ընդհատուած քունը՝ մենք կրցանք շարունակել միայն, Վան-Բերկրի ճանապարհը կիսող Կէօլլու գիւղին այրած տուներուն սեւ պատերուն ներքեւ։

Կէս օրէն վերջ, Բազ գիւղին առջեւէն անցնելնուս, մեզի մօտեցան՝ ճամբուն վրայ սպասող երկու կօզաքներ, որոնք մեզի հարցուցին թէ ո՞վ էր մեր մէջ Վանի նաչալնիկ Արամ։ Արամ բաւական ետեւը կը գտնուէր դեռ եւ մենք՝ հետաքրքրութենէ մղուած՝ զինք սպասելու համար, բլուրի մը ստորոտը քիչ մը հանգիստ առնելու գացինք։

Մեր կանգ առած կէտը դիտարանի մը դիրքն ունի, անոր առջեւ կը պարզուի Վերին Թիմարի տեսարաններուն ամենէն գեղեցիկը։ Մեր ճիշդ դէմն է Բազ գիւղը, ծովին կապոյտին մէջ խրուած կանանչազարդ բլրակի մը վրայ, ի հնումն քաղաք, եւ, յաւանդութենէ՝ Հայկայ Թոռ Մանաւազի որդի Բազի կողմէն շինուած։ Բազի դէմը, խիստ բարձր բլուրի մը գագաթին՝ թառած է, պահապան հրեշտակի դիրքով մը, Տիրամօր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին իր հոյակապ կաթուղիկէովը։ Տիրամօրը դէմը, դէպ ի հարաւը, իր ձեւովը՝ խոշոր ձուկ կէտի մը խաբկանքը կուտայ Լիմ անապատի կղզին, որ Սուրբ Գէորգի տաճարը, կռնակը՝ կարծես լող տալու ելած է ծովին մէջ։ Դէպ ի ձախը, հեռուէն, ինքզինքը ցուցնելու ձեւով մը, գլուխը բարձրացուցած է Ամուկի բարձր քարաժայռը, Գագիկի հռչակաւոր ամրոցը, այնքան ճերմակ, որ կարծես թէ իր դէմը, լիճին միւս կողմը, բարձրացող Սիփան լեռան պէս, ձիւնով է ծածկուած։

Այս զմայլելի տեսարանը, որուն մէջ պատմութիւնը, հաւատքը եւ բնութիւնը զիրար կը հրմշտկէին, րոպէին համար գերազանցապէս ներշնչական, տակաւ մեր հոգիները վարակեց վշտալիր զգացումով մը, որ մեզի կուգար զայն կրկին տեսնել չկարենալու գաղափարէն։

Այդ վշտակրութենէն՝ Արամի ժամանումն էր որ մեզ դուրս բերաւ։

Կօզաքները Արամին յայտնելու եկած էին թէ զօրավար Չօրնագուրով, Կովկասեան հարաւային ճակատին հրամանատարը, որ Կօթուր (Պարսկաստան) կը գտնուէր, թէլէֆօնի գլուխը կանչած էր զինք։

Արամ՝ թէլէֆօնի գլուխը գնաց, իսկ մենք՝ զինք Բերկրի սպասելու համար, ճամբանիս շարունակեցինք։

Երկու ժամ վերջ հասաւ Արամ։ Անոր ջերմ բռնած էր ու ան՝ ամբողջ մարմնովը կը դողար։ Անոր առաջին գործը եղաւ պառկիլ եւ տաք բան մը խմել։ Երբ, ան քիչ մը հանգիստ զգաց ինքզինքը, զիս կանչելով՝ յայտնեց ինծի զօրավար Չէրնազուբովի հետ ունեցած խօսակցութիւնը։ Զօրավարը անոր յայտնած էր թէ՝ զուր տեղ է որ խուճապի մատնուած եւ Վանէն հեռացած է ինքը, թէ նահանջի ո եւ է լուրջ պատճառ մը գոյութիւն չունէր, եւ թէ՝ ըստ իր կարծիքին, ետ դառնալու էր։

Ի՞նչ պատասխան տուիք   հարցուցի ես։

Իրողութիւնները պատմելէն վերջ, անոր պնդումներուն վրայ, ըսի թէ՝ պիտի մտածեմ ընելիքիս մասին։

Է՜, ի՞նչ կը մտածէք։

Կը մտածեմ թէ՝ ասոնք ամբողջ խաղեր են։

Վրայ հասաւ Կաշեփոր Գրիգոր, որ նոր ոչխար մը մորթել տալու զբաղած էր։ Արամ՝ նախ անոր կարծիքը հարցուց։

Օգնականը, առանց, այս անգամ, ցուցամատը ճակտին տանելու պէտքը զգալու, կրկնեց, ինչ որ ըսած էր երեք օր առաջ, եւ ինչ որ ըսած էր Արամ երեք օր վերջ։

Խաղեր են ասոնք։

Որո՞ւ գլուխին։

Այս հարցումին վրայ, սակայն, ան ցուցամատը ճակտին տարաւ,

Մեր գլխին   ըսաւ ան   պահ մը խորհելէն վերջ։

Երբ Արամ իմ կարծիքը հարցուց, ես, իմ հերթին, հաստատեցի իր յայտնած եւ օգնականին լրացուցած կարծիքը։

Գիշերը, մենք հարկաւոր զգուշութիւններով  կտրեցինք Պէնտի Մահուի վտանգաւոր անցքը։

Այս անցքովը, վերջին վարագոյրն էր որ կ՚իջնար տռամին վրայ, որուն՝ ոմանք «Արամի կառավարութիւնը» տիտղոս տուին եւ զոր՝ սակայն, արդար է որ վերնագրենք «Լոպանովեան խաղերը» տիտղոսովը։