ՃԱՆԿԻՒԼԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ.



Ծնած է Վան 1855ին։ Հնչակեան վաղեմի գործիչ։

1884ին Պօլիս կուգայ եւ 1890ի Գումգափուի «անզէն ցոյց»ին գործնականապէս եւ ծայր աստիճան խիզախութեամբ մասնակցած ըլլալուն հետեւանօք ձերբակալուելով կ’ենթարկուի ահռելի տանջանքներու եւ մահուան կը դատապարտուի։ Կ’աջողի սակայն փախչիլ բանտէն եւ անցնիլ արտասահման, միշտ հաւատարիմ մնալով իր ուխտին, մինչեւ Սահմանադրութեան հռչակումը։

Պօլիս գալուն, ազգ. երեսփոխան կ’ընտրուի Կէտիկ Փաշայէն, նաեւ Միացեալ Ընկերութեան հիմնադիր ժողովի անդամ։

— Չորս հատորի մէջ ամփոփած է ազգային յեղափոխական կեանքէ [անձեր ու անցքեր՝ Յիշատակներ Հայկական ճգնաժամէն խորագրին տակ] բովանդակելով ուշագրաւ վաւերաթուղթեր՝ ժամանակակից մեր պատմութեան իբր ատաղձ։