Ծնած է Պօյաճըքէօյ (Վոսփոր) 1883 Յունիսին։ Ուսումը կ’ստանայ Մայր Վարժարան, Կեդրոնական եւ Մխիթարեանց (Գատըքէօյ) ուրկէ ընթացաւարտ՝ կ’ուղարկուի Վենետիկ։ Հոն 2 տարի մնալով կը վկայուի, եւ Ահարոնեանի մէկ այցելութեան առթիւ՝ Դաշնակցական կը մկրտուի։ Պօլիս դարձին՝ Շամտանճեանի հետ կը հրատարակէ «Ծաղիկ» թերթը:
1903ին, Օրմանեան Ս.ի վրայ կատարուած մահափորձին հետեւանօք երբ կարգ մը հայ տղաք կը ձերբակալուէին՝ կը փախչի Եգիպտոս, ուր 5 տարի կը մնայ առեւտր. ասպարէզի մէջ, չմոռնալով իր կրակոտ մասնակցութիւնն ունենալ ազգ. խնդիրներու եւ բանախօսութեանց ատեն, նաեւ աշխատակցիլ արտասահմանի թերթերու։ Աղեքսանդրիա հրատարակած է Կրակ թերթը (2 թիւ), Այլասիրութիւն եւ Եսասիրութիւն գրքոյկը, Մտրակ կիսամսեան եւ Հայիւններ թռուցիկը։
Սահմանադրութեան վաղորդայնին Պօլիս կուգայ եւ կ’ուղեւորի ներքին գաւառներ, հասարակական գործիչի իր դերին հաւատարիմ։ Նոյն պաշտօնով կ’անցնի Պուլկարիա, Եգիպտոս՝ ուր 1912ին ամուսնանալէ վերջ կը մեկնի Բարիզ իրաւաբանութիւն սորվելու։
Մ. Վարանդեանի հետ կը շարունակէ Pro Armeniaն ու կ’աշխատակցի «Հայրենիք»ի եւ «Հորիզոն»ի։ Քիչ մնացած էր փաստաբանի վկայականն ընդունելու, երբ Ընդհ. Պատերազմի նախօրեակին Պօլիս դարձաւ՝ Վիքթօռ Պէռառի կողմէ իրեն վստահուած պաշտօնով մը։
— Օժտուած էր դիւրասահ գրելու եւ խանդավառօրէն հրապարակախօսելու կրկնակ կարողութիւններով։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշան-200