ՉԱԳԱԼԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ (Գ. ԽԱԺԱԿ)

Ինքնակենսագրութիւն. –

Ծնած եմ՝ Ալեքսանդրապօլ 1867ին։

Ն[ա]խն[ական] ուսումը հոն առնելէ վերջ, մտած եմ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը 1883-6․ այնուհետեւ 7 տարի շարունակաբար ուսուցչական պաշտօն վարած եմ Բագուի, Գանձակի եւ Ագուլիսի ծխական դպրոցներուն մէջ։ Ընտանիքս կը կոչուէր Չախալ Օղլի որ ապա վերածուած է Խաժակի, եւ պապուս եղբայրը՝ Ստեփան Եպսկ․ն ալ նոյն մականունը կը կրէր։

1893ին անցած եմ Ժնէվ եւ աւարտած տեղւոյն համալսարանին հասարակագիտական (Sciences sociales) բաժինը։ Իբրեւ գործիչ՝ մեկնած եմ իսկոյն Աղեքսանդրիա ուր տարի մը մնալով գացած եմ Իզմիր (6 ամիս) եւ Պօլիս (2 տարի), ութամսեայ բանտարկութենէ վերջ աքսորուելով հայրենիք, կրկին նետուելու ուսուցչական ասպարէզ։ Շուշիի թեմական դպրոցը վարեցի 2 տարի․ ամուսնացայ եւ 1903ին Թիֆլիզ տեղաւորուելով կարգուեցայ խմբագիր «Մշակ»ի եւ յաջորդ տարի նաեւ ուսուցիչ Ներսիսեան դպրոցի (պատմութիւն, ֆրանսերէն եւ քղք․ տնտեսութիւն)։ 1906ին երբ հնարաւոր դարձաւ ընկերվարական ոգիով թերթեր հրատարակել, Ա․ Ահարոնեան, Թօփչեան եւ ես հիմնեցինք «Յառաջ», «Ալիք» եւլն․ թերթերը։

1908ին ձերբակալուեցայ եւ 6 ամիս բանտը մնալով երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցայ։ Ինն ամիս ետք վերստին ձերբակալուեցայ եւ տարիի մը չափ բանտային  կեանք մը բոլորեցի Թիֆլիզ (Մետեխ), Բագու, Ռոստով եւ Նօվօչէրքասք։

1912ի ամրան էր որ Ահարոնեանի եւ Իսահակեանի հետ եկայ Պօլիս եւ 1913ին Սամաթիոյ ազգ[ային] վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեցի։

– Խօսելու ընդունակութիւնս ժառանգած եմ մօրմէս, Տիկին Սուլթանէն որ սիրուած դէմք մըն էր եւ շատերէ կը փնտռուէր՝ իր համոզկեր խօսքերով ընտանեկան խնդիրներ կարգադրելու։

– 1887 Մայիսին էր որ առաջին անգամ երեւցայ «Մշակ»ի մէջ Գաւառացի Երիտասարդութիւն յօդուածովս, յետոյ աշխատակցեցայ «Մուրճ»ի եւ «Տարազ»ի։

1896ին հրատարակեցի Մի բարոյական այլանդակութիւն յեղափոխական մաքուր գործում եւ ժողովրդի բանաստեղծը՝ Քամառ Քաթիպա, 1904ին Հարկերը Տաճկաստանում, Հայրենիք եւ ազգ. շարժումներ, Հայկական շարժման պատճառները, 1905ին Ռուսական Զեմսդվօն եւ Կովկասի պահանջները, 1907ին Դէպի Ֆէտէրէցիա, 1912ին Ի՞նչ է ազգութիւնը, Տառապանքի գիշերը, 1913ին Ի՞նչ է դասակարգը, Հին Արեւելք, Հայոց պատմութիւն։  Թարգմանած եմ Վինակրատովի 3 հատոր Ընդհ. Ազգաց պատմութիւնը, նաեւ քղք․ եւ ազգ. խնդիրներու մասին խել մը գրքոյկներ՝ Շնիցլէրէ, Տոստոյէվսքիէ, Օսթրովսքիէ եւլն․ եւ թատերական երկեր։