Մանրանկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ
       Պատուհանիս քով նստած, ուշադրութեամբ կը նայիմ քովի պարտէզը ուր խումբ մը տղաք, զորս դպրոցական արձակուրդը բերած միացուցած է, թատերական ներկայացում մը կը կազմակերպեն։
       Պարտէզին մէկ անկիւնը տախտակներով գոցուած է, եւ վրան ծածկուած տերեւախիտ ոստերով։ Առջին, գոյնզգոյն կտաւներէ կարուած վարագոյր մը կայ։ Բեմը կը ներկայացնէ ասիկա։ Դիմացը, յենարաններու վրայ հաստատուած երեք չորս կարգ տախտակ հանդիսականներուն յատկացուած են։
       Հանդիսականները հետզհետէ կուգան, ներկայացման համար որոշեալ ժամէն շատ առաջ։ Մուտքն է եօթը պիլիա, զոր կը գանձէ պարտէզին դրան առջեւ կեցած տղայ մը, թատերական խմբին գանձապետը։ Հսկողութիւնը խիստ է. դուռը գոցուած է զօրաւոր պարզունակով մը որ ամէն անգամ շառաչաձայն կը քաշուի, երբոր դուրսէն տղայ մը իր պիլիաները կը խաղցնէ ձեռքին մէջ։ Դուրսը մեծ բազմութիւն խռնուած է պզտիկ մանչերու ու աղջիկներու, որոնցմէ սակայն շատ քիչերը կարող կ’ըլլան ներս մտնել, իրենց ետեւէն քաշելով մնացեալներուն ըղձական նայուածքները։
       Հանդիսականները արդէն լեցուցած են նստարանները, եւ անհամբերութեան նշաններ կը սկսին երեւան գալ իրենց մէջ. գլուխները ետի կը դառնան ամէն վայրկեան. մէկու մը կը սպասեն։
       Մէկէն ի մէկ դուռը կը բացուի եւ տղայ մը, ուրիշներէ շրջապատուած, ներս կը մտնէ յաղթական։
       - Մարդակեա՜նն է, Մարդակեա՜նն է, կը պոռան հանդիսականները ուրախութեան շեշտերով։
       Թատերապետն է ինքը, եւ քովինները՝ դերասանները։ Վերէն նայուածք մը կը նետէ հանդիսականներուն վրայ, իր գերազանցութեանը համոզուած, իր առաջ բերած յուզման անտարբեր, ու թատրոնին քովի դռնէն ներս կը մտնէ, մինչ ընկերները իրեն կը հետեւին գլխիկոր։
       Ներսը պատրաստութիւններ կը տեսնուին անշուշտ, որովհետեւ աղմուկը անպակաս է հոն։ Հանդիսականները ա՛լ ձայն չեն հաներ։
       Զանգակ մը կը զարնուի, եւ ահա վարագոյրը կը բարձրանայ։
       Դերակատարները խենդ ու խելառ հագուստներ հագած են, երեսնին ածուխով կամ ալիւրով սեւցուցած։ Չեմ իմանար թէ ի՜նչ կ’ըսեն իրարու։ Մարդակեանը միայն կը տեսնեմ որ մէջերնին անշարժ կեցած է, ձանձրացած կերպարանքով մը։ Երբեմն երբեմն ձեռքի փայտը քովը գտնուողներուն գլխուն կամ կռնակին կ’իջեցնէ, ու հանդիսականներուն մէջ ծիծաղ մը կը սկսի մանկական կլկլուքներով որոնք նստարանէ նստարան կ’երկարաձգուին։
       Մէկէն աղմուկ մը կը բրդի։ Տղայ մը դրսէն յաջողեր է ներս մտնել առանց մուտքը վճարելու։ Բոլոր հանդիսականները ոտքի կ’ելլեն եւ տղուն վրայ կը յարձակին, դուրս վանելու համար։ Իրենց վնաս մը եղած չէ, բայց քանի որ իրենք վճարեր են, չեն ընդունիր որ ուրիշ մը ձրիաբար կարենայ մասնակցիլ իրենց վայելքին։
       Ներկայացումը կը շարունակուի, թոյլ, անհոգ։ Թատերապետն ու դերասանները, կ’երեւայ թէ հասոյթէն գոհ, հոգ չեն տանիր զուարճացնելու վարի միամիտները որոնք աչուընին խոշոր բացած, բան մը կ’ուզեն հասկնալ թատերաբեմին վրայ եղած շարժումէն, երթեւեկներէն, խնդուքներէն, գոչումներէն, որոնց իմաստը կը խուսափի իրենցմէ։
       Տղայ մը, որ կ’երեւայ թէ եօթը պիլիա չունի ամբողջ, չորս պիլիա ճարած եւ ներս ընդունուած է, պայմանով որ հանդիսականներուն ետեւօքը ոտքի վրայ կեցած հետեւի ներկայացման։ Երբեմն, երբեմն, յոգնած, կամացուկ մը կը յառաջանայ եւ կը փորձէ կրթնիլ վերջին նստարանին որուն վրայ բաւական տեղ կայ։ Հանդիսականները միաբերան թող չեն տար. ինչո՞ւ պիտի նստի, քանի որ իրենցմէ վար է ան, իրենց պէս եօ՜թը պիլիա չէ տուած։ Ու տղեկը, կարմրած, նորէն կ’երթայ պատին տակը շարունակել իր կայքը, նախանձոտ նայուածքով։
       Մէյ մըն ալ վարագոյրը վար կ’իջնէ։ Թատերապետը հարկ չի համարիր ա՛լ աւելի յոգնիլ հանդիսականներուն համար, որոնք, իրենց շահագործուած ըլլալու ստուգութեան վերջապէս համոզուած, դժգոհութեան ձայներ կը բարձրացնեն։
       Թատերապետն ու դերասանները դէպի դուռը կ’երթան։ Հասոյթը բաժնելու կարեւոր ժամը եկած է։ Բայց ո՞ւր է գանձապետը. մէջտեղ չի կայ։
       Դուրսը կեցող տղաքները կը յայտնեն իրողութիւնը։ Գանձապետը պիլիաները գրպանները լեցուցած, փախած գացած է։ Ձգելով անդին իր ընկերները, թատերական խումբը, շահագործել հասարակութիւնը, ինքն ալ կարգին զանոնք շահագործած է՝ հասոյթը առնելով փախչելով։
       Պիլիաները ամբողջ փերեզակին պիտի տանի անշուշտ, որ տասը փարայով տղուն ձեռքէն պիտի առնէ ամէնքն ալ։
       Ի՜նչ մանրանկար մեծերու աշխարհքին։
       (“Հայրենիք”, 23 Յուլիս 1895).