Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
7. - ԵՐԳ ՄԸ, ԱՐԱՄ, ԵՐԳ ՄԸ, ԱԼԻՍ
      
       Թէ մէկ ազգ իրան որ էս աշխարհում չպահի,
       Թշնամուն ինքը գերի կ’ըլի,
       Աստուած էլ նրան աչքից կը գցի։
       Խ. ԱԲՈՎԵԱՆ
      
       Թրքական սահմանագիծէն մինչեւ Կրետէ, այս հրաշագեղ աշխարհամասին ամբողջ տարածութեան վրայ, հայկական երգն ալ, կցկտուր բառեր ու եղանակներ ժողված, կը հեծկլտայ կուրծքերու տակ։
       Առաջին զանգուածին հետ, որ կ’անցնէր 65. 000ը, երգն ալ եղած է բեռնաւոր եւ ծաւալուն։
       Բայց հիմա, որ նօսրացած է բազմութիւնը եւ կը տարուբերի 25-30 հազարի միջեւ, երգն ալ կը տառապի սրտի եւ արիւնի հիւանդութենէ։
       Թերեւս անոր համար որ, մնացորդ համրանքները մեծ մասով Փոքր Ասիան ու Թրակիան կը ներկայացնեն։ Երկու շրջաններ, որոնք լայն շփում չունեցան հայ ժողովրդական երգերուն հետ։ Գոնէ անոնց վարպետներուն հետ։
       Այս ճակատն ալ կը համրէ բախտաւորներ եւ անբախտներ։
       Ալեքսանդրապոլիսը (Տէտէ Աղաճ) քանի մը տարի յաջորդաբար քամած է բանաստեղծ-երաժիշտ մը, մեր Կառվարենցը, որ ունի աշակերտներ։ Իսկ պատահական այցելութիւններ վայելած են միւս քաղաքները։ Եւ երգի ու երգչախումբի մնացորդներ։
       Բայց, կը նուազի, կը հատնի, կը հեւայ երգը։ Կամ կը կարմրի արբունքի հասած աղջկան մը պէս։
       Քանի մը տարի ալ, - եւ աղօտ, կասկածելի հետքեր պիտի մնան վարդապետէն թէ վարպետէն։
       Չեմ խօսիր արհեստով երգիչներու, մենաշնորհեալներու մասին։ Ակնարկս՝ ժողովուրդի մասին է։ Մանաւանդ նոր սերունդի մասին, որ կը մեծնայ բերնէ բերան փոխանցուած եւ ուժասպառ երգերու արձագանգին տակ։
       Ամէն տեղ ալ, նորէն, կը գերակշռէ յեղափոխական-հայրենասիրական երգը։ Նոյնիսկ նախակրթարանին ու մանկապարտէզին մէջ…
       Բայց, հետզհետէ հեռաւոր յիշատակի մը տպաւորութիւնը կ’ընէ ժողովրդականը։
       Բոլորը - խօսքը խոնարհ խաւերու մասին է բոլորն ալ գիտեն «Կարկուտ Տեղաց»ը, «Կրակ Տեղացէք»ը, «Իբրեւ Արծիւ»ը, «Մեր Հայրենիք»ն ու «Բամ Փորոտան»ը։
       Բայց, քիչերը ձայն կ’առնեն-կուտան, երբ յիշեցնես «Կուժն առայ»ն, «Քելէր ցոլէր»ը, «Համբարձում Եայլա»ն, «Գութաներգ»ը, «Հորովել»ը։ Եւ դեռ այնքան թրթռուն, կենսուրախ եւ մտերիմ եղանակներ։ Սայեաթ Նովայէն մինչեւ Վարդապետը եւ դեռ աւելի նորերը։
       Եւ անշուշտ կսկիծ մը կ’ունենաս, երբ կը տեսնես բնիկը՝ որ գունդագունդ կը խռնուի ո՛ր եւ է անկիւն, երբ երգի մը ձայնը կ’առնէ։ Ինչպէս Պուլկարիոյ մէջ։ (Խորապէս ազդուած՝ գերմանական դաստիարակութենէն)։
       Գաղթական Յոյները չկարենալով դիմադրել արեւելեան, թրքաբարբառ երգերու հմայքին, բառերը փոխած եւ եղանակները պահած են։ Իսկ տեղացին ունի իր ժողովրդական երգերը, որոնք դժբախտաբար գոց գիրքեր են մերիններուն համար։ Ինչպէս ամէն տեղ։
       Ու «շարգի»ն կը շարունակէ շոյել շրթներն ու թեւերը։
      
       *
       - Ե՛րգ մը, Արամ, ե՛րգ մը, Ալիս…
       - Գիտեմ…
       Բայց ի՞նչ է մեղքը այս երիտասարդներուն եւ աղջիկներուն։ Ո՞ւր տեսան, ո՞ւր լսեցին։ Քանի՞ տարեկան էին, երբ եկան։ Իսկ բոլորդ ալ գիտէք թէ ո՛ւրկէ եկան,
       Մեղքը, նորէն, տարեցներուն ճիտին։ Անոնց որ գիտե՛ն, կրնա՛ն, բայց կը նախընտրեն սալարկուած պողոտաներն ու պսպղուն բեմերը։
       Եկեղեցի շինողներ ունեցանք եւ «դպրաց դաս»երու շապիկ հագցնողներ։
       Բայց, չունեցանք զարտուղի դէմք մը, որ փառասիրութիւն համարէր ստանձնել հայ ժողովրդական երգին ծաւալման հոգը՝ ի սփիւռս աշխարհի։ Մանաւանդ աչքէ հեռու գաղութներու մէջ։
       Չունեցանք համապատասխան կազմակերպութիւն մը։
       Կազմակերպութիւն մը, որ յանձն առնէր քանի մը շրջուն երաժիշտներ ապահովել անճար գաղութներուն համար։
       Ինքնապաշտպանութեան ազդակ մըն է երգն ալ։ Ինչպէս գիրը։ Ինչպէս կռիւը։
       Լեռնակուտակ հրատարակութիւններ ունինք ամէն կողմ։ Թերթ ու գիրք՝ հասած տեղդ։
       Իսկ մտածող չկայ երգի մասին, որ ամբողջ բազմութիւններ կը վարակէ անմահական սարսուռով մը, եւ որ ահա կը նահանջէ մունջ հարսի մը թոթովանքով։
       Իսկ եթէ չունենայի՜նք դաշնակցութիւնն ալ, որ աջէն-ձախէն ժողված երգերն ու եղանակները կը քշէ կը տանի մինչեւ ո՛ւր որ կը հասնի իր ձայնը… Հոգ չէ թէ անարուեստ։ Եւ յաճախ ուռուցիկ։
       Միսիոնարները Աստուածաշունչ կը բաշխեն ու կը քարոզեն դարաւոր քրիստոնեաներու։
       Մենք մեր ազգային արժէքներու ծաւալումն ու զարգացումն անգամ բեռ կը համարինք։
       Թուրքը սկսած է ժողովրդական երգեր հաւաքել։ Թրքական հռչակել ու տարածել՝ ինչ որ մնացած է արիւնազանգ աւերակներու մէջ։
       Մենք՝ այս ընթացքով՝ ափ ի բերան պիտի մնանք վաղը, եթէ հայերէնէ թուրքերէնի թարգմանուած եղանակներ հրամցնեն մեզի, իբրեւ ժողովրդական երգ։
       Եւրոպացին՝ կեցած տեղը կը ծափահարէ հայ ժողովրդական երգը։ Ու միշտ կը փնտռէ։
       Մենք՝ «Արշըն»ով կը գոհանանք։
      
       *
       …Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այնքան ծանր եկաւ ինծի այս եղանակը, ամառնային զբօսարանին մէջ.
       Փոխուա՜ծ են ժամանակները.
       Յոյնը կորսնցուցա՜ծ է իր առնականութիւնը…
       Փոխա՜ծ է հագուստն ալ…
       Մոռցա՜նք ձիթապտուղն ու աղած ձուկը…
      
       (Գոնէ այսպէս թարգմանեց բարեկամս)։
       Արդեօք անո՞ր համար որ, այս ողբը աւելի շատ մեզի կը պատշաճի։
       Բայց, մենք միայն ողբեր չունինք.
      
       Էսօր ուրբաթ է, պաս է,
       Սրտիկ արծաթէ թաս է…
       ………………………
       Աշխարհ մարդու չի մնար…
      
       Քիչ մը պայծառութիւն, հէ՜յ մարդիկ։ Եւ ինքնասիրութիւն։
       Երգեր ունինք արեւշող։ Երգեր շէնշող ու ըմբոստ։ Եւ երգեր վճիտ ու կարկաչուն, ինչպէս վտակները մեր հայրենիքին։
       Եւ եթէ ճիշդ է, որ հայրենիքին համար կը պահենք այս բազմութիւնները, չէ՞ք վախնար որ վաղը ամպոտի մեր երկինքը մեր հոգին ալ միասին առանց երգի։ Մոռցած՝ բոլոր երգերը, որ գոյն տուին մեր աչքերուն եւ շեշտ՝ մեր հաւատքին։
       Ժողովուրդ մը, որ վարժուած է երգելով մեռնելու, չի կրնար ապրիլ առանց երգելու։
       Եւ եթէ կրցանք բարբարոսութեան մէջ փրկել երգը, ի՞նչպէս պիտի կրնանք դիտել անոր նուաղումն ու թաղումը՝ ազատ երկնքի, բաց արեւի տակ։
       Թէ մէկ ազգ իրան որ էս աշխարհում չպահի…
      
       («Յառաջ», 28 Յուլիս 1932)