Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  
8. ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԺԱՄ ՊԱՏՈՒՀԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
      
       Ճեպընթացը կը սուրայ…
       Ի՜նչ հեգնութիւն։ Ճեպընթացը արագութիւն կը մուրայ ժանգահար, անդամալոյծ երկաթներէ, որոնք լալագին կը ճուան խարխուլ, խորտուբորտ հողակոյտերու ճնշումին տակ։
       Ճեպընթացը կը սուրայ 25-30 քիլոմեթր արագութեամբ։ Հառաչելով, քրթմնջելով, յօրանջելով։ Երբեմն ցնցուելով եզան սայլի մը պէս։ Կամ աջ ու ձախ տատանելով, ինչպէս հարիւր քսան քիլոնոց մսակոյտը, որ ահա կ’անցնի դիմացէն, իր ճարպին խառնուած՝ արիւն, քրտինք եւ փոշի։
       Ճեպընթացը կ’ոլրի ինչպէս հարսանեկան թափօր մը։ Եւ դուն ամէն պատեհութիւն ունիս կարդալու պատմութիւնը անոր անցած ճամբաներուն։ Կայարաններուն, գիւղերուն եւ քաղաքներուն։ Սելանիկէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլիս։ Եւ փոխադարձաբար։
      
       *
       Եթէ կարելի ըլլար կազմակերպել ցուցահանդէս մը թշուառութեան, անճար համակերպութեան եւ աղտ ու կեղտի, ապահովաբար մրցանիշ պիտի կոտրէր աշխարհի այս մասը։ Անշուշտ եւրոպական ցամաքամասին վրայ։ (Տակաւին ունինք Թուրքիան, եւ մեր աշխարհ Հայաստանը)։
       Բառերը կ’ըմբոստանան, բառերը կը պարպուին, երբ կը փորձես անոնց ուժին ապաւինիլ, պատկեր մը տալու համար։
       Պատերա՞զմ է թէ խաղաղութիւն, - չես կրնար զանազանել։ Թերեւս պատերազմ՝ խաղաղութեան մէջ։
       Անշուշտ այս ճամբաներուն վրայ աւելի կենդանութիւն կը տիրէր պատերազմի շրջանին։ Իսկ հիմա, կը թուի թէ ճակատամարտի մը յաջորդող փլուզումն է աչքիդ առջեւ։ Խորտակում եւ աւեր։ Փոշեթաթաւ չքաւորութիւն, որուն յատակին վրայ կը գունատի վերջին տասը տարիներու վերաշինութեան ճիգը։ (Երկու հազար նոր գիւղեր եւ աւաններ շինուած են պատերազմէն յետոյ, առանց հաշուելու բազմաթիւ յաւելումներ հին քաղաքներու վրայ)։
       Առաջին կայարանը, դէպի արեւելք կամ դէպի արեւմուտք։ Խուժա՛ն, խուժա՛ն։
       Թօթուեցէք բառին անարգական իմաստը եւ միտք պահեցէք միայն պատկերը։
       Հրմշտուք։ Վայրի կանչեր։ Ժխոր մը խառնաձայն եւ զանազան ուտելիքներու մատուցում՝ մուրացիկ շարժուձեւերով։
       Ահա երկու մարդ իւղերու մէջ թաթխուած։ ՄԷկ-մէկ կրակարան իրենց վիզէն կախ։ Քանի մը կտոր միս՝ փայտէ ձողիկներու վրայ, կը խորովեն ու կը ծախեն։ Կը խորովեն, խորովեր են քրտինքն ու փոշին իրար շաղուած։ Ու բարեացակամ չէզոքութեամբ ժպտելով ճանճերու եւ մժեղներու կենակցութեան։
       Բոլոր կարգերէն, ինչպէս կայարանին մէջ, ինչպէս ամէն տեղ, մարդիկ աջ ու ձախ կը թքնեն։ Կը խնջեն հանդիսաւորապէս։ Բայց խորովածը կը ծախուի։ Պաշարը հատաւ արդէն։ Առանց սակարկութեան։
       Ահա ուրիշներ, - մէկ-մէկ տախտակ անցուցած՝ իրենց վիզերուն, քանի մը տասնեակ ձուկ՝ տախտակներուն վրայ, խառն ի խուռն կը խուժեն պատուհաններուն առջեւ։
       Վայրկենապէս աւարի կը տրուի պաշարը։ Շատ քիչերը քիթ-բերան կ’ընեն։ Պայմանաւ որ միասին առած ըլլան իրենց ուտելիքը։ (Թէեւ, այս «շնորհքով» մարդիկն են որ, ամէնէն աւելի կը թքնեն, կառախումբէն ներս թէ դուրս)։
       Եւ մանուկնե՜ր, մանուկնե՜ր աղտ ու կեղտի մէջ թաթխուած։ Մանուկներ բոկոտն եւ գլխաբաց։ Քառասուն կարկտան՝ հագուստի մնացորդի մը վրայ։ Տղայ թէ աղջիկ, ութէն տասնըհինգ տարեկան։
       Տակաւին աւելի փոքրերը՝ փոշիներու մէջ թաւալուն։ Կանուխէն զրկուած՝ ոչ միայն գուրգուրանքէ, այլ եւ լուացքէ։ Հասարակ ջուրէն։
       Վաճառորդներ են ասոնք ալ, - քանի մը տուփ գլանիկ, հինգ շիշ ըմպելի, կամ կուժ մը ջուր։
       Սառը ջուրը խմո՜ղը… կը հնչէ հին յիշատակ մը, Երեւանի այգիէն։
       Մանուկներ, անոնք ալ, սահմանէ սահման նետուած։ Ու կանուխէն փողոց ինկած, ի խնդիր հացի…
       Եւ ի՜նչքան կարծրացած են։ «Ի տղայ տիոց», անխնայ զարնուելով կեանքի պայքարին։ Յետ-պատերազմեան սերունդ։ Ճակատագրական պատուհաս՝ թշուառական մարդկութեան մը, որ ճարպ կը քամէ նոյնիսկ մանուկներու քրտինքէն։
       Դրամը ձեռքը՝ բաժակ մը ջուր կ’աղերսէ պառաւ մը։
       Ջրավաճառ մանուկները որոշեր են կուժով ծախել ջուրը, եւ չեն շարժիր իրենց տեղէն։ Պառաւը կը թախանձէ։ Մենք ալ, նշանացի, ուժ կուտանք։
       Անօգո՛ւտ։ Կառախումբին պահակ սպան կը հրամայէ պատուհանէն։
       Ո՞վ ես դուն, հէ՜յ։ Զօրանոց չէ այստեղ։
       Սպան ինքն ալ կը խնդայ, անզօր՝ այս կրաւորական դիմադրութեան առջեւ, զոր կազմակերպած է մանուկներու թշուառութիւնը։
       Արդա՜ր է որ բոլորս ալ կամացուկ մը մեր պատեանին մէջ քաշուինք, այս վայրենի, այս բնական ըմբոստութեան առջեւ։
       Ինքնապաշտպանութիւն, «սրբազան եսասիրութիւն»։ Այո՛, թշուա՜ռ, անճա՛ր մանուկներ։
       Թող ծարաւէն տառապի պառաւը, քառասուն աստիճան տաքին մէջ, որպէսզի իրիկունը պատառ մը հաց կրծեն այս տղաքը։
       «Աղտո՛տ լակոտներ», կը քրթմնջեն շնորհքով մարդիկը, ինքնագոհ ամբարտաւանութեամբ։
       Կը մոռնա՜ն շնորհքով մարդիկը, որ իսկական լակոտները կ’արածին իրենց տուներուն մէջ։ Սալոններու մէջ եւ ստնտուներու գիրկը։ Կաթ ու մեղրով սնած, բայց յաճախ կարօտ՝ ծննդեան վկայագրի մը։
      
       *
       Ճեպընթացը կը սուրայ…
       Ահա երկրորդ կայարանը։ Չորրորդը, վեցերորդը, տասներորդը։ Վերջակէտ։
       Չկա՞յ ո՛ր եւ է փոփոխութիւն։
       Ի՞նչպէս թէ։ Սար ու ձոր՝ հրաշագեղ։ Դաշտեր՝ արդէն բեռնաւոր։ «Ատոք ցորեն կարմրահատ»։ Հօտաղ մը պատանի - քիչ անդին։ Երիտասարդ մշակ մը եւ արեւուն տակ եփած մանկամարդուհի մը՝ խուրձի մը կուշտին։ Անշուշտ կուշտ կուշտի, քիչ յետոյ, երբ ճեպընթացը առնէ տանի անպատկառ նայուածքները քաղքենի մարդոց։ Լիճ մը՝ որ շատ կը յիշեցնէ մեր Սեւանը։ Անդնդախոր կիրճեր, ուր անընդհատ գնդակ տեղացած է տարիներ, տարինե՜ր առաջ, ֆէսին ու եաթաղանին դէմ։ Եւ օրհնալիր բարեւը՝ մշակներուն։
       Բայց, կա՞յ ո՛րեւէ փոփոխութիւն, կայարանէ կայարան։
       Կայ ու չկայ։
       Չկայ՝ իբրեւ ընդհանուր պատկեր։ Կայ՝ իբրեւ գունաւորում կամ այլազանութիւն։
       Ահա տես - նոյնիսկ հայկական բեկորներ, իրենց կապոցներուն հետ կծիկ եղած՝ դիմացի պատին տակ (Սէրէզ)։ Բիւթանացի կիներ՝ աւանդական շալվարով եւ սեւ շղարշով (եազմա)։ Մանուկներ՝ կարկատաններու մէջ ամփոփուած։ Արեւուն տակ եւ փոշիներու մէջ։
       Ո՞ւր կ’երթան։ Ի՞նչ բանի կը սպասեն։
       Ներգա՛ղթ։ Այլապէս քստմնելի շարժանկար մը՝ ճամբուս վրայ։ Բոլոր ճամբաներուն վրայ։
       «Փախի տարի՞ն»։ Է՜յ, մօտաւորապէս։
       Բեկոր մը՝ սա երիտասարդն ալ, բոլորովին անծանօթ գիւղի մը կայարանին մէջ։ Խառնուած՝ շալակաւոր բեռնակիրներուն, շրջուն վաճառորդներուն եւ միւսներուն։ Ո՛րբ մը։
       Եւ քանի որ անունը տուի, լաւ է ճամբան շարունակել պարկեշտ լռութեամբ։
      
       *
       -Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ այսքան հիւանդութիւն կը ճարակի այս լեռներուն եւ դաշտերուն մէջ։
       - Նախ ճահճատենդը։ Մակեդոնիան վարակուած է ճահիճներով եւ մժեղներով։ Պատերազմէն յետոյ լուրջ ձեռնարկներ եղան չորցնելու։ Կառավարութիւնը պայմանաւորուեցաւ օտար ընկերութիւններու հետ։
       Բայց, տարուէ տարի սնանկանալով, չի կրնար վճարել իր ստորագրած գումարը, եւ գործերը կը կաղան։ Գրեթէ դադրած են այսօր։
       Իսկ ինչո՞ւ ընդհանրապէս գունատ են մարդիկ, այս արեւուն տակ։ Մինչդեռ յունական ուրիշ քաղաքներու մէջ…
       Անընդհատ պատերազմները քայքայած են ժողովուրդին ողնայարը։ Բանակ բանակի ետեւէ անցած է այս դաշտերէն ու գիւղերէն, ցանելով սերմերը սեռական հիւանդութեանց։ Վարակում՝ ամէն ճակատի վրայ։ Թշուառութիւնն ու շան-տանջանք յոգնութիւնն ալ՝ իրենց կարգին։ Մարդիկ իրենց կաշին կ’ուտեն պատառ մը հացի համար։ Եւ քանի որ սահման չունի համբերութիւնը, ծիւրումը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։
      
       *
       …Ուրկէ՞ եկան այս Եանքիները, - երկու մանկամարդուհի, երիտասարդ մը եւ երախայ մը՝ չորս ամսուան։ Վերէն վար մերկ։ Միայն բարակ շապիկ մը՝ կռնակը։ Սակառ մըն ալ՝ իբրեւ օրօրոց։
       Տիկին, երախան պիտի մսի։ Դուռ, պատուհան բաց են։ Կծու հով մը կը փչէ…
       Ոչի՜նչ։ Ազա՜տ պէտք է մեծնայ։
       Ու սրունքներէն բռնած, ինչպէս Փարիզի մանկանոցներուն մէջ, կը քաշէ կուրծքին վրայ, առանց արարողութեան կը բանայ յորդահոսան ստինքները, եւ կաթ կուտայ հինգ էրիկ մարդու առջեւ։
       Տիկին, երախան պիտի մսի…
       Ի՜նչ վախկոտ էք, դուք, Արեւելքցիներդ։ Վտանգ չկայ ազատ բնութեան մէջ։
       Եւ նորէն սրունքներէն բռնած, կը նետէ սակառին մէջ։ Ոչ մէկ ծածկոց՝ վրան։ Միայն շղարշ մը սակառին բերանը, փոշիէն պատսպարելու համար։
       Իսկ հայրը հպարտութեամբ կը ցուցնէ շարք մը լուսանկարներ՝ քաշուած՝ Մակեդոնիոյ դաշտերուն մէջ։ Լճի մը ափը։ Առուակի մը ծոցը։ Խոտերուն վրայ։
       Ու կը սարսռամ, յիշելով մեր խանձարուրները կապոց-կապոց։ Որ կապոցներու վերածեցին մեր երախաները։
       Ո՞վ հաշուեց մեր ֆիզիքական եւ բարոյական կորուստը՝ խանձարուրի ծալքերուն տակ։
       Միայն Թո՞ւրքն է յանցաւոր, եթէ գլխուն զարնուած, ծուռ ու մուռ եւ նկուն սերունդ մը ունինք այսօր իսկ…
       Տիկին, պատուհանը գոցեմ, կամ դուռը…
       Եթէ ուրիշ դուռ մը կայ, խնդրեմ այն ալ բացէք։ Ազատ, ազա՛տ…
      
       («Յառաջ», 31 Յուլիս 1932)