Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
11. - ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ՓՈՂՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
      
       Նոյն հարցականը աչքիս առջեւ, մինչ ման կու գամ փողոցէ փողոց.
       -Սելանիկը Յունաստա՞ն է թէ Հրէաստան։
       Անշուշտ որ Յունաստան, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ աշխարհագրական իմաստով։
       Հելլենական Համայնագիտարանը կը հաշուէ 245. 000 բնակիչ (1928), որոնց 75 առ հարիւրը օրթոտոքս, 23 առ հարիւրը Հրեայ, մնացեալը՝ զանազան։
       Այսօր բնակչութիւնը կը հաշուեն մինչեւ 300. 000, իսկ Հրեաները՝ 65-75. 000. մինչդեռ 80 հազարի կը մօտենար քանի մը տարի առաջ։
       Բայց արտաքին պատկերն է այս։ Պաշտօնական պատմութիւնը քաղաքին։
       Շատ աւելի խօսուն է եւ պատկերազարդ՝ Սելանիկի անգիր պատմութիւնը։
       Հրէականութիւնը լայնանիստ փռուած է գլխաւոր պողոտաներուն վրայ, եւ յետամնաց փողոցներու կրպակներուն մէջ։ Մանրանկար Հրէաստան մըն է Օտոս Վենիզելոսը։
       Ու հաւասարապէս կը տիրապետեն երկու դասակարգի Հրեաներն ալ, - այն որ քաղաքակրթուած, եւրոպականացած է, եւ այն որ տակաւին «էնթարի» կը հագնի, կարմիր գօտիով, կամ գուրգուրանքով կը պահէ ֆէսը։
       Անոնց ափին մէջ է, որ կը թաւալի, առաւելապէս, քաղաքին տնտեսական կեանքը։
       Թէեւ, տարուէ տարի, թթու ազգայնականութիւն մը մոխիր ցանել կուտայ իրենց գլխուն։
       Եւ արդէն իրականութիւն է արտագաղթը, դէպի Պաղեստին ու Եւրոպա։
       Նոյնիսկ դարձ մը սկսած է դէպի Սպանիա, որուն դուռները բացուած են հիմա, շնորհիւ հանրապետութեան։
       Անոնք ալ ունին իրենց ներքին վէճերը, եւ հինգ օրաթերթ, որոնց երկուքը ֆրանսերէն։ Բաժնուած են ութ հոսանքի։ Կը վայելեն մասնաւոր իրաւունքներ, իբրեւ փոքրամասնութիւն։
       Բայց, արտագաղթը կը ծաւալի օրէ օր։ Երկրին չքաւորութիւնը թեւ կուտայ ազգայնական կիրքին։ Ու կայ կէս-զինուորական կազմակերպութիւն մը, որ կը սպառնայ փակել շատ մը ասպարէզներ։
       Պատեհութիւն մը՝ դառնալու «դէպի Երկիր»։ Դէպի Սիոն։
       Բայց Պաղեստինն ալ աղքատ է, եւ 350 ոսկի կը պահանջէ, հողագործի մը տեղաւորման համար։ «Եթէ դրամ չունիք, ճամբայ մի՛ ելլէք»։
       Միլիոննե՜ր ունին Սիոնականները։ Եւ սակայն, չափազանց դանդաղ կ’ընթանայ «օջախին զարգացումը։
      
       *
       Փոշի՜, փոշի՜։ Ի՞նչ կայ նորէն։
       Կը քակեն, իրարու ետեւէ կը փլցնեն թրքական մնացորդները։
       Արդէն հողին հաւասարեցուցած են Վարտարի մէկ մասը, - բոյն ապականութեան, թշուառութեան եւ մարմնացեալ աղտ ու կեղտի։
       Երէկ՝ ամբողջ բազմութիւններ առուտուր կ’ընէին։ Կ’ուտէին, կը պառկէին այդ գարշահոտութեանց մէջ։ Ցուցահանդէս ճանճերու եւ ճենճերու։ Եւ փոշեթաթաւ քրտինքի։
       Այսօր 12-15 տարեկան աղջիկներ յաճախորդի կը սպասեն այդ փլատակներուն ետին։ Սկսելով գիշերուան 11էն։ Եւ պատանիներ ալ, նոյն ճամբուն վրայ։ Ի խնդիր հացի։
       Յետ-պատերազմեան բարքեր, - պիտի ըսէք։
       Կամ թերեւս ուս թօթուէք, պատճառաբանելով թէ սահմանափակ դասակարգ մըն է այս։ Անխուսափելի՝ բոլոր մեծ քաղաքներուն համար։
       Իսկ սա բազմութի՞ւնը մանուկներու մանչ թէ աղջիկ շուկայ նետուեր են «ի տղայ տիոց»… ինչպէս հին ու նոր Յունաստանի բոլոր քաղաքներոն մէջ։
       -Ինչո՞ւ այսպէս կանուխէն շուկայ կը նետէք այս տղաքը, 6, 8, 10, 12 տարեկան։ Եւ մինչեւ կէս գիշեր։
       -Նախ որ արձակուրդ է։ Եւ յետոյ, մեծ մասը դպրոց չերթար։ Չեն կրնար երթալ։ Հացի խնդիր է։ Հօրը վաստակը չի բաւեր։ Քանի մը տրախմի ալ ասոնք պիտի շահին։
       - Սա թշուառականը ի՞նչպէս չի խղճահարիր ութ տարեկան աղջկան հետ իյնալ, սրճարանին անկիւնը։
       Այս ո՞րքան փափուկ ջիղեր ունիք։ Երբ աղջիկ մը, աթոռին վրայ նստած ատեն, ոտքերը գետին կը հասնին, կարելի է զուարճանալ հետը։
       Յուշատետրս կ’ըսէր. - Մէկ ամսուան ընթացքին, Յունիսէն Յուլիս, հինգ հայրեր ձերբակալուեր են, բռնուած ըլլալով իրենց հարազատ աղջիկներուն հետ, -6, 7, 10 եւ 12 տարեկան…
       Անշուշտ, կը չափազանցե՜ն թերթերը։ Հրէշները բացառութիւն են ամէն ժողովուրդի մէջ ալ։
       Բայց, երբ մարդիկ իրենց յատուկ փիլիսոփայութիւն են շինած, թէ աղջկան մը ոտքերը գետին հասած ատեն…
      
       *
       Ծխախոտի գործարանի մը մէջ։ Տեսարան մը՝ դժոխքէն։ Այս մէկը բարեփոխուած։ (Սելանիկը ունի 6-7000 ծխախոտի բանուոր)։ Այրերը կը ստանան 95-100 տրախմի։ Կիներն ու աղջիկները՝ 25-40։ (Մակեդոնիոյ մէջ բացառութիւն է 50-60ը՝ այրերու համար։ Եւ անկայուն)։
       Աշխատա՞նքը։ Իսկապէս որ չեմ կրնար նկարագրել։
       Պէտք է շաբաթ մը կենալ, շնչել, բազմոցին վրայ նստած՝ տերեւ զատել, եւ յետոյ գրիչը ձեռք առնել։
       Աղջիկներ են մեծ մասով, որ իրենց արեւը կը չորցնեն, տերեւ զատելով։
       Բայց հոտը, որ մինչեւ ցնցուղներդ կը հասնի, թոյլ չի տար քանի մը ժամ անընդհատ աշխատիլ։ Ու տեղ-տեղ, երկու ժամը անգամ մը դուրս կը հանեն, որպէսզի ազատ օդ շնչեն։
       Տակաւին կայ չորցած տերեւներուն բարակ փոշին, երբ մազ համրելու պէս կը զատեն տերեւները։
       Ծռա՜ծ են մէջքերը եւ գունատած՝ դէմքերը։ Ծխախոտի գոյն մը նստեր է վարդի պէս աղջիկներու այտերուն վրայ։
       Տե՛ս, մեր բանուորները պաշտպանուած են ճանճերուն դէմ, - կը պարծենայ գործարանատէրը։
       Իսկ թո՞յնը։ Իսկ տերեւ համրե՞լը։ Եւ աշխատավա՞րձքը։
      
       *
       - Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը։
       Որբ մը, նորէն։ Չափահաս։ Տրամայի գիւղերէն իջեր է քաղաք, պատառ մը հաց ճարելու յոյսով։
       Ի՞նչպէս ճարեցիր շոգեկառքի ծախքը, (6-7 ժամուան ճամբայ է)։
       Բարեկամ «շոֆէօր» մը ունէի, բեռներուն մէջ տեղաւորեց։ Երեք հոգի էինք, մէկը անուշավաճառի մը քով մտաւ, միւսը՝ ներկարարի տուփ մը ճարեց եւ փողոցէ փողոց կը պտտի։ Ես մնացի մէջտեղ։
       Ինչո՞ւ հեռացար գիւղէն (Նուսգա)։
       18 հոգի ենք։ Մէկ երկուքը հազիւ յաջողեցան պայմանաւորուիլ «չորպաճի»ներու հետ, տարեկան երկու հազար տրախմիի (ոչ իսկ երեք հարիւր ֆրանք)։ Միւսները պարապ են եւ անօթի։ Ինչ գործ ըլլայ կ’ընեմ, միայն չոր հաց մը ճարեմ
       Պառկելու տե՞ղ…
       Կը գտնեմ, կը գտնե՛մ։ Խանի մը անկիւնը կամ փողոցը, պատին տակ։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը։ Ես մէկն եմ, դեռ հարիւրներ կան։ Օրական տասնըհինգ տրախմիով գործ փնտռեցինք, չգտանք (2 ուկէս ֆրանք)։
       Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ազգ եւ ազինք Հայոց աշխարհի…
      
       («Յառաջ», 4 Սեպտեմբեր 1932)