Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

I

Եւ մեր այս պարտականութիւնը կատարելու համար պիտի հետեւինք, ըստ կարգի, հեղինակին հետեւած ընդհանուր գծերուն։

Հեղինակը իր պատմա-քննադատական տեսութիւնն ընելու համար, նախ ընդհանուր գծերով կը ներկայացնէ թուրք տարրը՝ Օսմանեան կայսրութեան ծագման ու կազմակերպման շրջանին մէջ։ Գուցէ աւելի ճիշտ ըլլար ըսել, կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան ստեղծման նպաստող նոյն ժամանակի պայմանները, եւ ապա՝ բաւական անկողմնակալութեամբ գաղափար կուտայ կայսրութեան մէջ ստեղծուած թուրք ըսուած տարի կազմութեան, էութեան մասին։

Ճէլալ Նուրի պէհ կ՚ըսէ. «Օսմանեան Թուրքերը հիմնեցին Կայսրութիւնը, երեք ազգեր իրենց նախկին մեծութեան հրաժեշտ տալով. անկախութենէ զրկուելու վտանգին էին հասած» (էջ 22)

Եւ այդ երեք ազգերու կամ պետութեանց Արաբ, Պարսիկ եւ Արեւելեան կամ Բիզանդական կայսրութեան ներքին խռովութեանց, բարքերու անկման ու վատասերման ամփոփումը ներկայացնելէ յետոյ, կը շարունակէ։

«Ահա Օսմանեան Թուրքերը Դուրանէն եկան թէ չէ, նախ աւրուած, կազմալուծուած Գոնիայի Սէլճուքեաններուն ժառանգութեան վրայ նստեցան։ Անկէ յետոյ արեւելեան Հռոմի տիրապետութիւնը ձեռք անցուցին։ Այս երկու յաջողութիւններէն յետոյ թուրք բանակները [1] մէկ կողմէն Սուրիան, Միջագետքը, Եգիպտոսը եւ Պերպերիստանը նուաճելով՝ Արաբական Կայսրութեան յաջորդեցին, եւ միւս կողմէ Իրանի մէջ մխրճուելով՝ տիրապետեցին Պարսկական կայսրութեան ամենակարեւոր մասերը, շիաներով բնակուած Կովկասեան շրջանի գրեթէ կէսը»։ (Երես 24)։

Այս տեղ սակայն յարգելի հեղինակը պակաս կը թողու պատմական հետազօտութիւնն ու սա փաստերը թէ՝ Թուրքերը Դուրանէն ե՞րբ եկան, ի՞նչ թիւ կը կազմէին, մինչեւ Գոնիա հասնելնին ո՞ր ճանապարհով եկան, ո՞ր տեղեր կանգ առին, որքա՞ն ժամանակ տեւեց մինչեւ որ վերջնական կայան ընտրեցին. թէ արդեօք Սելճուքները միեւնոյն Միջին Ասիական Թաթար Թուրք ցեղին չէի՞ն պատկաներ. թէ Սէլջուքները Թուրքերէն ո՞րքան ժամանակ առաջ էին եկած, ի՞նչ պատճառներով Սէլճուքեան տիրապետութիւնը ինկած էր եւ ինչո՞ւ միեւնոյն ցեղին ու կրօնին պատկանող Սէլճուքեան պետութեան կը յաջորդէր Օսմանեանը։

Այս բոլոր կէտերուն հետազօտութիւնը, հարցումներն ու պատասխանները բաց թողուած ըլլալով՝ լուսաբանութեան եւ դէպքերու բնական յարակցութեան մթութիւն առաջ եկած է, եւ ճիշտ այդ մթութեան պատճառով ալ, առանց պատմական հիմնաւորումի, անհնար կ՚ըլլայ ընդունիլ որ Սէլճուքեաններու անկման ժամանակամիջոցին մէջ միայն թուրք մէկ ազգային ուրոյն   հատուած Դուրանէն եկած, բանակներ է ունեցած եւ շնորհիւ այդ զուտ ազգային բանակներուն ալ կատարեր է նուաճումներ, հիմնելով նոր պետութիւն մը։

Միջին Ասիայի ցեղերէն ո՛չ միայն Թուրքեր, այլ եւ Տաճիկներ գտնուեր են Փոքր Ասիոյ մէջ ու այս պատճառով ալ մեր լեզուին մէջ Թուրքիան կը կոչուի նաեւ Տաճկաստան. բայց անբնական է ենթադրել որ մէկ ցեղ իր բնագաւառէն ճամբայ իյնալով անըդհատ արշաւանք ու անընդհատ ճամբայ շարունակած՝ եւ հասնելով Գոնիա, այնտեղ ուրիշ պետութեան մը աւերակներուն վրայ կանգնած ըլլայ նոր պետութիւն մը։

Պատմութեան ընթացքին՝ մանաւանդ Միջին Ասիայէն շատ են եղեր արտագաղթեր, արշաւանքներ։ Երկար եւ գուցէ աւելորդ իսկ ըլլար անոնց վերյիշումն ընել այստեղ։ Բայց պատմական ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տուեր եւ տարրական դատողութիւնն ալ նոյնը ենթադրել կուտայ որ բոլոր արտագաղթերու եւ արշաւանքերու ընթացքին ալ գաղթողներն ու արշաւողները՝ իրենց ճամբուն վրայ կամայ ակամայ դադարներ են ունեցած, կռիւներ են մղած, նուաճումներ են կատարած, ու այդպիսով միայն ճամբայ են բացած մինչեւ իրենց հասնիլը այնպիսի միջավայր մը, որուն աշխարհագրական, տնտեսական եւ այլ պայմանները նպաստաւոր գտած են վերջնական կայան ընտրելու իրենց համար։ Եւ անշուշտ, այդ վերջնական կայանն ալ անտէր ու անտիրական չէր կրնար ըլլալ. հոն ալ պատերազմ մղելու ստիպուած կ՚ըլլային, մինչեւ որ տեղաւորուելու հնարաւորութիւնը գտնէին։

Արդ, կամ ա՛յն է որ Թուրքերն ու Տաճիկներն ալ Սէլջուքեաններու հետ եկած թաթարական ցեղերէն էին, եւ կամ այն է որ՝ եթէ Սէլճուքեաններէն շա՛տ յետոյ, անոնց անկման վերջին օրերուն էին եկած, պէտք է որ իրենց անցած ճանապարհի վրայ պատերազմներուն եւ նուաճումներուն ալ պատմութիւնը գոյութիւն ունենայ։ Ո՞ւր է այդ պատմութիւնը, ինչ որ չկայ Ճէլալ Նուրի պէյի գրքին մէջ, եւ պակաս մըն է ասիկա, ինչպէս ըսինք։

Դարձեալ, եթէ Թուրքերն ու Տաճիկները Օսմանեան տիրապետութիւնը սկսելէ առաջ՝ արդէն եկած հաստատուած էին, ապա ուրեմն հպատակներ էին Սէլճուքեաններուն. իսկ եթէ Սէլճուքեաններու իշխանութեան տակ տեղաւորուածներ չէին ու նոր էին եկեր արշաւելու, ապա ուրեմն Սէլճուքեաններու անկումի վիճակէն օգտուելով, անոնց դէմ պատերազմ մղելով վերջ դրած էին անոնց իշխանութեան, իրենցինը հաստատելով այդ քայքայուող Պետութեան աւերակներուն վրայ։

Երկու պարագային ալ, Սէլճուքեան պետութեան մէջ Սէլճուքան ցեղը, ազգը գոյութիւն պիտի ունենար։ Ո՞ւր մնաց հապա այդ ցեղը, այդ ազգը։

Այս բոլոր մթութիւնները բնականաբար կ՚առաջացնեն տարակուսանքներ՝ պետութիւն մը հիմնելու չափ թուով ու որակով գոյութիւն ունեցած զուտ թրքական ցեղի մը կամ ազգի մը մասին։

Այս տարակուսանքը հեղինակը ինքն իսկ կ՚ուժեղացնէ իր այլ հատուածներով։ Արդէն բացառութիւն չեն նոյն գրքին մէջ՝ լաւագոյն վերլուծումներուն կցուած ու անմիջական կապ չունեցող պարբերութիւնները։ Օրինակ, 52րդ երեսին վրայ, անկման պատճառներէն մէկն ալ, աթավիզմով՝ առհաւութեամբ ժառանգուած յատկութեանց մէջ որոնելէ յետոյ. հեղինակը կ՚աւելցնէ. «Արդէն թուով քիչ էին, այդ պատճառով ալ թուրք ընկերութեան եւ ազգութեան մէջ մտնողները բոլորն ալ կա՛մ զինուոր կը դառնային եւ կամ զինուորին օժանդակ կ՚ըլլային»։

Իսկ Թուրքերու կրած զանազան ազդեցութիւնները թուելէ յետոյ, 28րդ երեսին վրայ կը վկայէ թէ. «Միջին Ասիայէն եկած առաջին Թուրքերը Հռոմուլոսի ժամանակի Հռոմայեցիներու նման ամէն ազգէ աղջիկ առին։ Արաբ, Պարսիկ, Յոյն, Պուլկար, Սերպ, Պոշնաք, Ֆրէնկ արիւնը թուրք արեան հետ խառնուեցաւ եւ նուաճուած ազգերու անհատներէն շատերը Իսլամութիւնն ընդունելով՝ Թրքութեան նոյնացան (թիւքլէշտի)։

60րդ երեսին վրայ կը հանդիպինք հետեւեալ պարբերութեան. «Որովհետեւ պետութիւնը թէեւ իբրեւ թուրք պետութիւն կազմուեր է, բայց ի վերջոյ իր էութիւնը աւելի ընդհանրացած է եւ եղեր է իսլամ պետութիւն»։

Այս խառնուրդը աւելի շեշտելով, 29րդ երեսին վրայ կ՚ըսուի— «Աշխարհի մէջ ո՛չ մէկ ազգ չկայ, ո՛չ մէկ ազգ չի գտնուիր որ ունենայ այնպիսի վերին խաւեր՝ որոնք Թուրքերուն չափ ուրիշ ազգերու եւ ցեղերու հետ իր արիւնն ու ցեղը միացուցած ըլլայ»։ Իսկ 31րդ երեսին վրայ՝ հեղինակը կը բնորոշէ այսպէս. «Օսմանեան Թուրքերու կազմած ազգը՝ ուրիշներու հետ չհամեմատուելու աստիճան խառնուրդ ըլլալով, անոր անդամները ապականութեան են յարած, խաթարած են իրենց տոկունութիւնն ու ինքնութիւնը, հետեւաբար առաջ է եկած այժմեայ վիճակը»։

Ի՛նչ աւելի ապացոյց եւ խոստովանութիւն՝ որ երեք կայսրութեանց ժառանգութիւնը գրաւող օսմանեան լայնածաւալ ու հզօր կայսրութիւնը հիմնելու եւ կազմելու համար՝ բաւարար չափով զուտ թուրք ազգութիւն մը գոյութիւն չէ ունեցեր։

Պետութիւնը եղեր է իսլամ, այդ պետութիւնը ստեղծելու համար կազմուած բանակները բաղկացեր են միայն կրօնի դրօշի տակ միացած ամէն ազգէ խառնուրդով մը։

Ասով աւելի հաւանականութիւն կը գտնէ այն ենթադրութիւնը որ եթէ Պետութիւնը կոչուեր է Օսմանեան, եւ ո՛չ թրքական, անո՛ր համար որ գտնուեր է պատմական մեծ անձնաւորութիւն մը, կայսրութեան հիմնադիր Մեծ Օսմանը՝ որ կարողացեր է փոքրաքանակ թուրք տարրերուն հետ իր գլուխն հաւաքել մահմետական այլ ազգերէ խառնուրդներ, եւ ապստամբելով արդէն քայքայուող Սէլճուքեաններուն դէմ, եւ նախ անոնց սահմանին մէջ նուաճումներ կատարելով՝ դնել հիմը այն մեծ կայսրութեան, զոր գուցէ ինք չէր երեւակայեր, եւ զոր գլուխ բերին իր վեհապանծ յաջորդները։

Մենք մեր կողմէն ոչի՛նչ չենք աւելցներ, այլ մեր տեսութիւնները կը հիմնաւորենք հեղինակին իր իսկ վկայութեանց վրայ։

Հեղինակին հետ՝ վիճելի պէտք չէ համարել ուրեմն որ պետութիւնը թրքական չէ՛։ Թրքականը իշխող Օսմանի տունն է, կամ մեր լեզուի բառովը՝ Օսմանեան Հարստութիւնն է։ Պետութիւնը իսլամական է, անոր հիմնարկէքին եւ ծաւալմանը ծառայող բանակներն ալ եղեր են ո՛չ-զուտ թրքական, այսինքն իսլամական, խառնուրդ բոլոր ցեղերէ։



[1]            Ընդգծումները մերն են, որովհետեւ անոնց մասին առիթն պիտի ունենանք մեր դիտողութիւններն ընելու։