Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏՈՄ
ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ-ԹՈՒՐՔԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՈՂ ԴՊՐՈՑԸ, Կ. ՊՈԼԻՍ, ԳՐԱՏՈՒՆ Պ. ՊԱԼԵՆՑ, 1913

Ճէլալ Նուրի պէյի հրապարակ հանած երկու նոր աշխատութեանց առաջինն է Թարիխը Թէտէննիաթը Օսմանիէ՝ «Օսմանեան անկման պատմութիւնը», զոր ես նախամեծար կը համարիմ թարգմանել՝ «Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը»։

Յարգելի հեղինակին աշխատութիւնը լուրջ ու պատմական ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած, եւ ինչպէս Ճէնապ Շէհապէտտին պէյն էր ըսեր, առաջինն է որ քաղաքացիական քաջութիւնն է ունեցած մատը վէրքին վրայ դնելու, անկումի բոլոր պատճառները թուելու եւ մատնանշելու, նախապաշարումները թօթափելու ճիգը գործ դնելով՝ ինքնաքննադատութեան բարձրութեան հասնելու, մէկ խօսքով գիտական աշխատանք մը կատարելու։

Երեւոյթը չափազանց մխիթարական է եւ արժանի լուրջ ուշադրութեան։ Կարելի է ըսել որ Երիտասարդ-թուրք դպրոցը սկսեր է արդէն նոր էվօլիւսիօնի մը ենթարկուիլ, դասականէն գիտականին անցնելով։

Միայն թէ վերանորոգման իմաստը կարելի է եւ երկու կերպով ըմբռնել, մէկը՝ որ հին դպրոցին ամբողջովին հրաժեշտ տալով նորը, բնականը, գիտականը կը հիմնէ, միւսը՝ որ գիտական մեթոտի մէջ խարխափումներու ենթարկուելով, չկրնալով նախապաշարումներէ ամբողջովին ազատիլ, սխալ եզրակացութեանց կը հասնի ու գիտական անուան տակ հինը կը վերահաստատէ։

Ինծի կը թուի թէ յարգելի հեղինակին այս աշխատութիւնը տակաւին այս երկրորդ պարագային ազդեցութեան տակ կամ շրջանին մէջ կը գտնուի։

Երեւոյթները դիտելու, թուելու եւ քննելու մէջ գրեթէ ոչինչ է զանց առեր. մտրակը ձեռքը առած՝ հեղինակը ուշադրութենէ չէ վրիպեցներ բոլոր այն երեւոյթները, մտայնութիւնները, ուղղութիւնները, բարքերը եւ ըմբռնումները՝ որոնք իրականապէս կազմեր են այս պետութեան անկման պատճառները կամ ազդակները։ Բայց չէ կրցեր ինք ալ իր ձաղկած նախապաշարումներէն ամբողջողվին ազատիլ եւ իր եզրակացութեանց մէջ հասեր է վերստին նախկին ժէօն-թրքական շովինիզին՝ թէեւ աւելի փափկացած եւ աւելի նրբացած ձեւով։

Այս կէս ճամբան չէ որ մեր ամէնուս ցանկացած եւ մեր ամէնուս մտահոգութեան առարկան եղած պետական վերանորոգման պիտի կարողանայ առաջնորդել, բայց եւ այնպէս քայլ մըն է առաջդիմութեան, աստիճան մըն է էվօլիւսիօնի, եւ քայլ մըն ալ, էվօլիւսիօնի աստիճան մըն ալ, ու ահա կրնանք հասնիլ առողջ, աննախապաշար եւ ամբողջովին գիտական եզրակացութեանց, կը հասնինք այն սկզբունքներուն ու օրէնքներուն՝ որոնցմով միայն կարելի է հիմնաւորել վերանորոգուող պետութիւն մը, որոնցմով միայն կարելի է անցեալի բոլոր դառնութիւններուն վերջ դնել եւ ապագային հաւատքով դիմել։

Այս պարագան յստակամտութեամբ նկատած է Ճէնապ Շէհապէտտին պէյ իր այնքան նուրբ ոճով գրուած ու հեղինակին ուղղած բաց նամակ-յօդուածովը։

Ճէնապ Շէհապէտտին պէյի ձաղկումները  երկու գլխաւոր կէտի էին ուղղուած, թուրք զինուորական քաղաքակրթութեան եւ հպատակ ազգերը ձուլելու քաղաքականութեան դէմ։

Արդարեւ, Ճէլալ Նուրի պէյ լայն մտքերով, հռոմէական եւ Բիւզանդական կայսրութեանց ու ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան օրինակներով՝ իր քննադատութիւնները հիմնաւորելու աշխատելով հանդերձ, ինչպէս ըսի, չկրնալով Ժէօն Թրքութեան շովինիստական նախապաշարումներէ ազատուիլ, ինկած է հակասութեանց մէջ, եւ կարծած է թէ վերածնութիւնը կարելի է գլուխ բերել զինուորական քաղաքակրթութեամբ եւ ձուլումի քաղաքականութեամբ։

Այս ձախող հետեւութիւնը ո՛չ միայն թրքական՝ այլ համապետական տեսակէտէն ալ անցեալ սխալ կրկնութիւնն ըլլալով, անհնար է անուշադիր թողուլ։ Մանաւանդ էվօլիւսիօնի նոր աստիճանին անցնելու, անցեալին հետ վերջնականապէս ամէն կապ խզելու համար՝ պարտականութիւն կը զգանք չբաւականալ ընդհանուր տեսութիւններով , այլ մօտենալ յարգելի հեղինակին թէզերուն եւ եզրակացութեանց, աւելի հանգամանօրէն մատնանշելով իր իսկ հակասութիւնները, եւ  դուրս բերելով իր իսկ փաստերէն ու տեսութիւններէն տրամաբանօրէն ու պատմականօեէն հետեւող եզրակացութիւնները։