Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

VIII.

Երիտասարդ քննադատը՝ ինչպէս տեսանք, փոխանակ հետեւողականօրէն պատմութեան վերլուծիչի դերին մէջ մնալու, շեղուելով՝ կ՚աշխատի որպէս թէ պատմականօրէն հաստատել որ Թուրքիոյ անկման պատճառներէն մէկն ալ այլատարր ազգերու շատութիւնն է։

Ցոյց տուինք արդէն թէ որքա՛ն սխալ էր այդ տեսութիւնը, որքա՛ն անհամապատասխան պատմական ցուցմունքներուն, եւ որքա՛ն մանաւանդ վտանգաւոր երկրի վերածննդեան տեսակէտէն։

Այդ սխալ ու վտանգաւոր շեղումը բնականաբար պիտի առաջնորդէր ձուլումի հարցին։ Այսպէս ալ եղած է։

Բայց ձուլումի հարցին անցնելէ առաջ ալ, դարձեալ աչքի փուշ եղող Պատրիարաքարաններու մասին խօսելով՝ կ՚ըսէ. «Մեր անկման պատճառ եղող Եւրոպայի թշնամութեան պատճառներէն մէկն ալ. ինչ որ ալ ըսուի, կրօնական մոլեռանդութիւնը, հոգեւորականներու մեզի դէմ ունեցած ուղեգիծն է…։ Մեր հպատակներէն մէկ մասին քրիստոնեայ ըլլալը մեզի համար դժբաղդութեան պատճառ է եղած։ Ասոնք գործիք են եղած որ Եւրոպա մեր երկրին մէջ դեր խաղար։ Մեր քրիստոնեայ հպատակներուն Եւրոպական պետութեանց կողմէ պաշտպանուիլը՝ մեր վեհապետական իրաւունքին ուղղակի միջամտութիւն է, որ ո՛չ մէկ կերպով տանելի չէր։ Նոյնպէս, Եւրոպական պետութեանց կրթնելով եւ անոնցմէ պաշտպանուող Պատրիարքի եւ հոգեւոր պետերու վարչական գործերու միջամտութիւնը չափազանց վնասակար սովորութիւն մըն է (134-135):

Ստիպուած ենք այս հարցին մօտենալ նաեւ ուրիշ կողմերով:

Մենք հեղինակին իր իսկ վկայութիւններով՝ արդէն ապացուցինք թէ՝ ո՛չ մահմետական տարրերու պաշտութեան պատրուակով պետութեանց միջամտութիւնը, հետեւանք է Երկրին տիրող վատթար վարչութեան, թէ՝ հպատակ ազգերու ըմբոստութիւններն ու անջատողական ձգտումները ճարահատ արդիւնքն են եղեր մարդկային տարրական իրաւունքներ կարենալ վայելելու անհնարութեան:

Այդ բաւական չէ՛:

Պետութեանց պաշտպանութիւնն ու միջամտութիւնը միայն քրիստոնեաներուն յատուկ չէ: Քրիստոնեաներէն շա՛տ աւելի թուով մահմետականներուն կը վերաբերի այդ միջամտութեան մեղքը, խռովութիւն եւ ապստամբութիւն շատ աւելի թուով մահմետականներէն առաջ եկած են: Պատմութեան այս իրականութիւնը ու դեռ մեր այս օրերուն կատարուած իրականութիւնը անտես առնել՝ առ նուազն անբարեխղճութիւն է հրապարակագրի մը համար՝ որ ծանօթ է բոլոր իրադարձութեանց, եւ անոր այդ տողերը գրած ժամանակ՝ մահմետական Ալպանիան զէն ի ձեռին ապստամբութեան մէջ. Աւստրիական ու Իտալական պաշտպանութեան տակ էր եւ է այսօր, իբրեւ անոնց շնորհիւ ազատագրուած ինքնօրէն ազգ մը:

Եգիպտոսի Մէհմէտ Ալի փաշաները կամ եգիպտական ապստամբութիւնը, Իմամ Եահեաները, Իտրիսները, Քուվէյթներու, եւ այլ բազմաթիւ շէյխերը եւ Թունուզի պէյութիւնը բոլորն ալ մահմետական են, եւ եղեր են միշտ ապստամբ, անջատողական ու հովանաւորուած անգլիական, ֆրանսական, եւ վերջերս նաեւ իտալական պետութիւններէն: Դեռ անցեալ տարի. 1912ին, Իտալիոյ Տրիպոլիս մուտքը իբրեւ ազատարար ընդունողը՝ եղեր է մահմետական քաղաքապետն ու քաղաքապետութիւնը:

Համեմատեցէ՛ք այդ բոլոր երկիրներու տարածութիւնը. ազգաբնակութեան թիւն ու կարեւորութիւնը Եւրոպական Թուրքիոյ տարածութեան, յոյն, պուլկար, սերպ, եւ այլ ազգերու թուին հետ, եւ պիտի համոզուիք անոնց գեռակշռութեանը:

Հետեւաբար եւրոպական միջամտութեան համար կրօնը քրիստոնէութիւն կամ մահմետականութիւն բնաւ տարբերութիւն չէ ունեցեր եւ Եւրոպան աւելի Մահմետականներէն է օգտուեր քան թէ քրիստոնեայ հպատակներէն:

Դեռ այս օր իսկ քրտական հովանաւորութիւն ու պատրուակ է սկսուած Ռուսաստանի համար, եւ Քուրտը մահմետական ու կիսաթափառական ժողովուրդ է: Նոյնը եւ այսօր Սուրիան՝ Ֆրանսական միջամտութեամբ, Միջագետքը՝ անգլիականով:

Աւելին:

Քրիստոնեաներու համար միջամտութեան պարագաներու տակ, Եւրոպան միշտ եւ ամէն մէկի համար՝ սկզբները անջատողականութեան հակառակ է եղեր՝ պետութեանց հակամարտ շահերու բերմունքով, միշտ աշխատեր է բարեկարգութեանց պահանջներով, բարեկարգութիւնները մտցնել տալու միջոցներով բաւականանալ. բայց երբե՛ք մահմետական ժողովուրդներու պաշտպանութեան առիթով այդպէս չէ վարուեր. ընդհակառա՛կը, անոնց անջատողական պահանջները պաշտպանած է միշտ:

Եւս աւելին:

Օսմանեան տիրապետութեան տակ անցած եւ քիչ ու շատ միատարր մահմետական արաբ, ալպան, քիւրտ ժողովուրդներուն ու երկրամասերը մինչեւ այսօր ալ, մեծ մասամբ, ամբողջովին չհպատակուած եւ երկրին ընդհանուր օրէնքներուն չենթարկուելով՝ աւելի կամ նուազ չափերով կիսանկախ են եղեր իրենց աւատապետներով, որոնց մէկ մասին համար դարձեալ հեղինակին վկայութեան կը դիմենք:

«…1912ին՝ Թուրքիոյ մէկ քանի մասերը միջնադարեան վիճակի մէջ կը գտնուին:

Միջնադարեան կարգ ու սովորութիւնները շատ տեղեր իրենց ամբողջ ուժովը կը տիրապետեն: Հեռաւոր շատ մը վայրերու մէջ ցեղապետներու եւ շէյխերու ազդեցութիւնը կառավարութեան ու վեհապետներու ազդեցութենէն աւելի է: Անոնք տուրք կ՚առնեն, արդարադատութեան վեհապետական իրաւունք (եւ զուլում) գործ կը դնեն: Անոնց հպատակները, բացի հնազանդութենէ, ուրիշ բան չեն գիտեր: Քուրտիստանը, Ալպանիան եւ Արաբիոյ մասերուն մէջ մեծամասնութիւնը այս կերպով կ՚ապրի։ Հպարտութիւննիս ու մեծամտութիւննիս իջեցնենք, մեր ներքին նահանգները միջնադարեան եւ Միջին Ասիայի նահանգներէն շատ ալ չեն տարբերիր» (երես 91):

Արդ, եթէ անցեալը եւ ներկան աչքի առաջ բերենք եւ ահագին տարածութիւններն ու ժողովուրդները համեմատենք, կը տեսնենք որ պետութեան լիակատար նուաճում եւ լիակատար վեհապետական իրաւունք գործ դրած մասերը՝ աւելի կամ նուազ քրիստոնեայ խառն կամ շատ քրիստոնեայ ազգաբնակութիւն ունեցած վայրերն են եղեր, եւ ո՛չ թէ զուտ մահմետական բնակչութիւն ունեցողները:

Այս համեմատութեամբ եւ հեղինակին դատողութեամբ եթէ առաջնորդուինք՝ ուրեմն պիտի հետեւցնէի՞նք որ այս պետութեան անկման պատճառներէն մին՝ եւրոպական պետութեանց միջամտութիւններուն պատրուակ ու գործիք՝ մահմետական հպատակ ժողովուրդներն են եղած:

Ամենեւին, ո՛չ:

Ակներեւ է ուրեմն թէ հեղինակին տեսութիւնը՝ որ իրեն յատուկ չէ, այլ վերջին դարուն մէջ տգիտաբար ստեղծուած մոլեռանդ տեսութեան մէկ նախապաշարումն է, բոլորովին պատմական հիմք չունի:

Ընդհակառակը, մահմետական ժողովուրդները ապրելով միջնադարեան պայմաններու մէջ, ըլլալով կիսանուաճ ու կիսանկախ վիճակի մէջ, աւելի շատ ռազմիկ ժողովուրդ՝ քան աշխատող ու ստեղծագործող, ի՞նչ պիտի ըլլար այս պետութեան վիճակը, եթէ քրիստոնեայ աշխատող ժողովուրդները գոյութիւն չունենային, անոնց աշխատանքն ու հարկատուութիւնները չըլլային: Եւ ո՜րպիսի հպատակ քրիստոնեայ ժողովուրդներ, որոնք յաճախ ու դարերով երկու տեսակ հպատակութիւն, երկու տեսակ հարկաւորութիւն են կրեր աւատական ու պետական, երկու տեսակ աւարի ու հարստահարութեան են դատապարտուեր աւատականի ու պաշտօնականի:

Ըսէ՛ք, ո՞վ է եղեր այս պետութիւնը ապրեցնող ստնտուն, կենսունակ հիւթը:

Ինչո՞ւ անտես առնել այս փաստը, այս պատմական իրականութիւնը: Ի՞նչ օգուտ արդեօք: Ընդհակառակը, այդպիսով եթէ մնացորդ վերջին հիւթն ալ ջնջուի, ճակատագրական վերջին քաթասթրօֆը անխուսափելի է: Այս էջերուն մէջ մենք վաղուց ենք ըսեր, կրկներ որ այսուհետեւ Արեւելեան Հարցը պիտի կազմեն միայն մահմետական ազգերը, եւ Ալպանիայէն յետոյ Սուրիան արդէն կանգնած է սպառնալից:

Եթէ քրիստոնեայ հոգեւորականութիւնը ատելութիւն է սնուցեր, հապա մահմետական հոգեւորականութի՞ւնը. չէ՞ որ ըստ մահմետական աւանդութեան, ըստ մահմետական հոգեւորականի պատուէրին օրական հինգ նամազի հետ, մահմետականի համար ֆարզ է՝ անհաւատ կեավուրը օրական հինգ անգամ հրաւիրել իսլամութիւնը ընդունելու Չէ՞ որ մահմէտական կրօնական մոլեռանդութիւնը յարձակողական է, իսկ քրիստոնեայինը պաշտպանողական, գոնեա՛ Թուրքիոյ մէջ քանի պետութիւնը մահմետական ըլլալով՝ քրիստոնեայ հոգեւորականութիւնը յարձակողական դեր չէր կրնար ունենալ:

Ինչո՞ւ ուրեմն արդիւնքը պատճառի տեղ ընդունիլ եւ շարունակել հին նախապաշարումներու պաշտպանութիւնը, որոնք այնքան աղիտաբեր են եղեր այս տարաբաղդ Երկրին ու Պետութեան:

Իսկ քրիստոնեայ հասարակութեանց կրօնական պետերը կամ պատրիարքները՝ երբեք ալ չեն միջամտեր երկրին վարչութեանը:

Այս ձրի ամբաստանութիւնը եթէ վերածենք իրականութեան, կը տեսնենք որ կատարուածը ո՛չ թէ վարչական միջամտութիւն է, այլ այն՝ որ Պատրիարքարանները, իբրեւ ներկայացուցիչ՝ իւրաքանչիւրը իր հասարակութեան վերաբերեալ զեղծումներու, ապօրինութեանց եւ հարստահարութեանց համար կայսերական կառավարութեան ներկայացուցած է բողոքներ, գանգատներ ու խնդրանքներ, որոնք ո՛չ մէկ արժէք չեն ունեցեր, ո՛չ մէկ հետեւանք չեն ունեցեր:

Ըսինք արդէն թէ քանի որ երկրին ազգաբնակութիւնը բաժնուած է եղեր երկու խոշոր խտրականութեան՝ մահմետական եւ ո՛չ-մահմետականի, իրաւատէրի եւ ո՛չ-իրաւատէրի. քանի որ զեղծումներն ու հարստահարութիւնները ո՛չ թէ բացառիկ, անհատական դէպքերն են եղեր, այլ գրեթէ ընդհանուր, սիստեմաթիկ, բնական հետեւանքն էր անշուշտ որ իւրաքանչիւր հասարակութիւն օրկան մը ունենար՝ իր գանգատները, իր ցաւերն ու բողոքները ներկայացնող, եւ այդ օրկանը եղեր են քրիստոնեայ հասարակութեանց համար հոգեւոր պետերը կամ Պատրիարքարանները:

Ըսինք նոյնպէս՝ թէ մենք չէ՛ որ պիտի պաշտպանէինք հոգեւորականութեան այդ դերը, որ աւելի վնասակար է եղեր քան օգտակար, բայց տիրապետող տարրը ո՛չ թէ դժգոհ՝ այլ գոհ ըլլալու է որ հոգեւորականութեան է մնացեր այդ դերը, որովհետեւ իրերու բնական բերմամբ, անխուսափելիօրէն, հասարակութեանց համար օրկան մը գոյութիւն պիտի ունենար, եւ եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլար իսկ՝ պիտի ստեղծուէր: Ալպանացիք ՝ իբրեւ մահմետական, Պատրիարք կամ հոգեւոր պետ չունէին, բայց ստեղծուեցան օրկաններ՝ որոնք հոգեւոր պետերու չկրցած կատարածները կատարեցին: Յանցանք ուրեմն ո՛չ քրիստոնէութեան եւ ո՛չ հոգեւորականութեանն է, այլ իրերու դրութեանը:

Տարաբաղդաբար, հեղինակը այդ տեղ ալ կանգ չառներ, եւ անգամ մը սայթաքելէ յետոյ՝ կը գահավիժի ու աւելի վտանգաւոր թէզի կը դիմէ:

Անոր թէզով՝ տարբեր հասարակութիւններ կամ աւելի ճիշտը ազգեր եւս գոյութիւն պէտք չէ ունենային: