Օսմանեան կայսրութեան անկման պատմութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

X.

Անցնինք այժմ յարգելի քննադատին՝ Ճէլալ Նուրի պէյի այն վկայութեանց, որոնք ամբողջովին կը հերքեն իր ձուլումի տեսութիւնները եւ կ՚ապացուցանեն մեր մատնանշած պատմական ցուցմունքները:

I. Մենք արդէն սկիզբէն եւեթ, դարձեալ հեղինակին վկայութիիւններով ապացուցինք որ Օսմ[անեան] Կայսրութիւնը կազմուեր է Թուրք կամ Տաճիկ հարստութեան՝ Օսմանեան Տան գերիշխանութեան տակ, ապազգայնօրէն, ամէն ազգէ խառն եւ միմիայն մահմետական կրօնով ու ղանիմէթով միացած ու բաղկացած բանակով. ապացուցինք թէ բանակէն դուրս այդ խառնուրդին մաս կազմող եւ տիրող տարր կամ թուրք ազգութիւն գոյութիւն չէ ունեցեր. թէ՝ այդ բանակն ալ ուտող, սպառող, աւար տանող, իսկ բնիկ ժողովուրդը աշխատող ու արդիւնաբերողն է եղեր. թէ՝ մահմետական բանակի թուրք փոքրամասնութիւնն ալ յետոյ զանազան ազգերու հետ այնպիսի բազմազան արիւնով խառնուրդ է կազմեր՝ որուն նմանը ո՛չ մէկ ազգի մէջ տեղի չէ՛ ունեցեր:

Արդ, այս վկայութիւնները վերյիշելէ յետոյ՝ այլեւս միեւնոյն վկայութիւնները կրկնել աւելորդ է:

Այժմ տեսնենք թէ այդ ֆիզիքական խառնուրդը բարոյական եւ մտաւորական ի՛նչ ազդեցութիւն է կրեր:

«Թուրք աշխարհը շատ մը ազդեցութեանց տակ է մնացած. ըստ կարգի՝ արաբ, պարսիկ, բիւզանդական, եւրոպական (ԳԳԳ) ազդեցութիւններ մեր ուղն ու ծուծին են խառնուած: Այս ազդեցութիւններով թուրք եւ օսմանացի ազգին ստացած վիճակը ըստ կարելւոյն նկարագրելէ յետոյ՝ պիտի տեսնենք թէ մեր անկումը ո՞րպիսի ազդեցութիւններէ առաջ է եկած» (երես 9)։

«Արաբները, Պարսիկները եւ Յոյները հնադարեան քաղաքակրթութիւն, լայն ու ընդարձակ լեզու եւ գրականութիւն, կարգ ու սովորութիւններ, մանաւանդ վայելքի ու կենցաղավարութեան մէջ փորձառութիւններ ունէին. տեսած, վայելած ազգեր էին»:

«Մինչդեռ, խեղճ Թուրքերը Ատտիլայի, Ճինկիզ Խանի եւ ուրիշ մեծ ու փոքր աւարառուներու ետեւէն վազելով՝ Չինական Ծովէն մինչեւ Եւրոպայի կեդրոնը իր առջեւ եկած երկիրները նուաճելու եւ անոնց պարունակած գանձերն ու հարստութիւնները աւարի առնելու զբաղած ըլլալով՝ Արաբներու, Պարսիկներու եւ Յոյներու նման՝ քաղաքակրթութեան, ուսման ու գիտութեան, մինչեւ իսկ ուրախութեան ու վայելքի մէջ այնքան ալ առաջ չէին գացեր [1]: Այս երեք պետութիւններուն յաջորդելէ յետոյ, արդէն քաղաքակրթութեան ազգերուն ազդեցութեան տակ չիյնալ, եւ իրենց լեզուն, քաղաքակրթութիւնը, կառավարելու սիստեմ եւ նկարագրի զօրեղութիւնը պահպանել՝ անկարելի է»:

«…Արաբ ազդեցութեան ունեցած աստիճանը հասկնալու համար՝ բաւական է քիչ մը թուրք լեզուն քննել. քննեցէք Դուրանէն բերուած թուրք լեզուն եւ այժմեայ թուրք լեզուին դիմագիծը. օսմանեան թուրքերէնը. արաբերէնի մէջ թուրքերէնը պարզապէս խեղդուած է, անհետացածի նման է…»:

«Նոյնպէս եւ արաբ հաւատալիքը, աւանդութիւնները. սովորութիւնները, բարքերն ու վարքի ապականութիւնները վարակելով Թուրքերը՝ այլափոխած է թուրք ընկերութիւնը»:

«Արաբական ազդեցութիւնը օսմանեան ընկերութեան մեծամեծ օգուտներ տալով հանդերձ՝ շատ մեծ վնաս է տուած»:

«… Եթէ արաբական անկման շրջանի վարքի ու բարքի ապականութիւնները վարակած չըլլային Թուրքերը, այսպէս վատասերուելով արաբական անկումը շարունակելու պատճառ չէին ըլլար»:

«… Իրանի վերջին շրջանին մէջ որքա՜ն անբովանդակ ճոռոմաբանութիւն, ուռուցիկ բառեր, վատաբարոյութիւն, բռնապետական սիստէմ եւ անպէտ մտքեր որ կային՝ ամբողջն ալ ժառանգ եղաւ թուրք ընկերութեան՝ որով անոր կազմին խանգարուելուն ալ պատճառ»:

«Ժամանակ էր եղեր որ Օսմանեան ընկերութեան մէջ միմիայն  պարսկականին նմանողութիւնը կը կատարուէր: Ամէն բանի նմոյշը Իրանէն կուգար: Թուրք լեզուն որքան որ արաբական ազդեցութեան է ենթարկուած, թուրք գրականութիւնն ալ նոյնքան պարսիկ ազդեցութեան տակ է գտնուեր. ճշմարտութիւնն ու գործողութիւնները կը խեղդուէին ուռուցիկ բառակոյտերու մէջ…»:

«Ազնիւ բարքերէ աւելի վատթար վարքերն են որ ազգի մը, մանաւանդ մեծ անցեալ, քաղաքակրթութիւն չունեցող ազգին փոխանցուելով կը վարակեն զայն. խեղճ Օսմանեան Թուրքերու կազմած ընկերութիւնն ալ այդ բաղդի ու փառքի շրջանին մէջ քայքայուած ընկերութեանց վատթար բարքերովը կ՚ապականէր ու կը փտտէր»:

«Ասոր վրայ աւելցուցինք մէկ բան մըն ալ Բիւզանդական ազդեցութիւնը։ Բիւզանդիոնը ապականութեան մարմնացումն էր:

Հնտախտի միքրոպներու նման՝ բիւզանդական անկարգութիւնները մտան օսմանեան ընկերութեան մէջ:

…Թուրքերը նազելի Բիւզանդիոնի հրապոյրներուն ու քօքեթութեան չկրցան դիմանալ եւ կամաց կամաց. անզգալի կերպով անոր գիրկը նետուեցան: Ո՛չ թէ Թուրքերը Բիւզանդիոնը՝ այլ Բիւզանդիոնն էր որ նուաճեց Թուրքերը:

Թուրք ընկերութիւնը՝ ինչպէս որ շարունակեր էր արաբական, պարսկական անկման բարքերն ու պայմանները, եղաւ նաեւ Բիւզանդական ապականութիւններուն շարունակողը: Արաբացած, պարսկացած եւ բիւզանդականացած Թուրքերը այլ եւս թրքութեան հետ քիչ առնչութիւն ունէին» (երես 24, 25, 26, 27, 27):

«Ներկայ դարու Թուրքերը ահա այս երկարօրէն յիշուած ազդեցութիւններով բաղադրուած ու գոյացած տարօրինակ տարր մը կը կազմեն» (երես 29)

Հարկ կա՞յ աւելի պերճախօս վկայութեան՝ որով անվիճելի է, որ ո՛չ միայն իսկական թուրք ազգութիւն գոյութիւն չունի, այլ եւ եղածն ալ վատասեռուած է. գէթ եթէ վատասեռուած ալ չէ, զուրկ է նուաճած ազգերը ձուլելու համար անհրաժեշտ եղող ազդակներէն. ո՛չ միայն անկարող է ձուլելու՝ այլ եւ ստպուած է ինքը ձուլուելու, կամ աւելի ճիշտը, վատասեռուելու եւ բաբելոնեան խառնորդ մը կազմելու:

II—III. Թուրքերը չի կրցան իրենց ազգային անհատականութիւնը պահպանել: Թուրքերը թէեւ արտաքուստ ամէն բան պահեցին, բայց արտաքին ազդեցութիւնները միշտ օսմանեան ընկերութեան մէջ ներգործած ըլլալով՝ անհատականութեան, ցեղային կորովի, տոկունութեան, աւանդական յատկութիւններու շարունակութեան եւ վաղեմի նկարագրի պահպանութեան նման ազգի մը մշտապէս բարձրացնող հիմերը հանդիպեր են բազմաթիւ արգելքներու եւ չեն կրցեր կազմաւորուիլ:

«Այս դարուն մէջ, ասկէ մէկ քանի դար առաջ եւս, ազգերու առաջդիմութիւնը կը ստեղծուէր ազգային հիմերու պահպանութեան շնորհիւ: Ազգ մը, դիտելով շատ մը կէտերէ, շարք մը յատկութեանց սերունդէ սերունդ ժառանգութեամբ կարող է բարձրանալ, այսինքն նախնիքներու հաւաքած շարք մը առանձնայատուկ առաքինութիւններն ու բարձր յատկութիւնները միեւնոյն ազգին մէջ մնալով՝ նոյն ազգին, նոյն ընկերութեան կատարելութեանը կը ծառայեն:

Իսկ Օսմանեան Թուրքերու կազմած ազգութիւնը անօրինակ կերպով խառնուած ըլլալով, անոր անդամներուն ժառանգական բոլոր առանձնայատկութիւնները, անհատականութիւնը աւրուած ու այժմեայ վիճակն է առաջացած:

Երեւան կուգայ որ ազգի մը ուրիշ ազգերու ազդեցութեան տակ մնալը ո՛չ թէ բարձրացման, այլ անկման պատճառ կը դառնայ: Թէեւ յետամնաց ազգերը ուրիշներու զարգացումէն օգտուելով կարող են առաջդիմել, բայց այդ նպատակին հասնիլը պայմանաւորուած է ազգային անհատականութիւնը չաւրուելուն հետ» (երես 30—31):

Ահա՛ այսքան յստակ, որոշ վկայութիւններէն յետոյ՝ աներեւակայելի կերպով ինքն իրեն կը հակասէ հեղինակը, հետեւեալ միտքը յայտնելով.

«…Ընդհատումի շրջան մը չանցուցած եւ կամ նոր ազգերու եւ ժողովուրդներու հետ իրենց արիւնը չխառնող հին ազգերը դժուարութեամբ կը վերանորոգուին:

Արդ, ամբողջ Արեւելքը մեծ յոգնութեան մը, թմրութեան մը մէջ կը գտնուի: Այս ազգերուն մէջ եթէ կայ չյոգնած եւ մաքուր արիւնով ազգերու հետ միանալով իր արիւնը մաքրագործուած ազգ մը, ան ալ թուրք ազգն է» (երես 15-16):

Ասոր հետ համեմատեցէք հիմա սա՛ տողերը. «Ճաբոնական պետութիւնն ու ազգը թէեւ ամբողջովին ընդունեց եւրոպական քաղաքակրթութիւնը, բայց իր անհատականութեան, ցեղին ու արիւնին մէջ պատռուածքներ, խանգարումներ չէր ունեցեր, այդ պատճառով ալ Երկնային Արեգակի կայսրութեան պետական մարդիկը յաջողեցան իրենց նախաձեռնութեան մէջ…» (երես 31)։



[1]            Սխալ է ըսել թէ առաջ չէին գացեր, երբե՛ք ալ չեն ունեցեր գրականութիւն, քաղաքակրթութիւն, ուսմունք ու գիտութիւն: Ճշմարտութիւնը պէտք է խոստովանիլ իր ամբողջութեամբ եւ կամ հակառակ պէտք է ապացուցանել: Ծ. Յ