Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՒԵԼՒԱԾ

ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

  Միացեալ Նահանգներու եւ Կանատայի երեսունըհինգ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան միթինկներ ի նպաստ Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու։ Տասն եւ հինգ քաղաքներու մէջ Նիւ Եօրք, Ֆիլատէլֆիա, Շիկագօ, Բօստօն, Պրօվիտէնս, Ուստր, Տրօյ, Ուէստ Հօբօկըն, Նիւ Հէյվըն, Սան-Ֆրանսիսկօ, Լօզ-Անճէլէս, Ֆրէզնօ, Բրանդֆօրտ, եւ Համիլտօն բողոքի բանաձեւեր քւէարկւեցան, եւ ղրկւեցան Հանրապետութեան Նախագահին, Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, Կօնգրէսի անդամներուն, օտար դեսպաններէ ոմանց, մասնաւորապէս Ռուսիոյ դեսպանին [1] ։ Որոշումներէն օրինակներ յանձնւեցան տեղային թերթերուն՝ հրատարակութեան համար։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ որոշումները։

 

Նիւ Եօրք

Նիւ-Եօրքաբնակ Հայերու կողմանէ 1911 Փետրվար 5-ին Կարնիգի Լայսիըմի մէջ սարքւած միթինկի մը մէջ անցան հետեւեալ որոշումները.

1. Նկատելով որ երկու տարիէ ի վեր աւելի քան հինգ հարիւր Հայեր պրօֆէսօրներ, հեղինակներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ, վաճառականներ, արհեստաւորներ եւ գիւղացիներ - կ’ենթարկւին անասանելի տանջանքներու Ռուսիոյ մէջ, առանց հացի եւ կերակուրի։

2. Նկատելով որ 10-15 հոգի զետեղւած են խոնաւ եւ ցրտին խուցի մը մէջ։

3. Նկատելով որ այս աննկարագրելի վիճակը տակաւին կը շարունակւի եւ դատավարութիւնը կը ձգձգւի կամայականօրէն։

4. Նկատելով որ Ռուսական Կառավարութիւնը կը ջանայ պատժել անմեղ ժողովուրդ մը ոճիրներու համար՝ զոր գործած չեն ամբաստանեալները։

Այս Մեծ Հանրապետութեան Հայ քաղաքացիները կ’որոշեն բողոքել,

1. Ռուսական Կառավարութեան անմարդկային ընթացքին դէմ եւ պահանջել անմեղ զոհերու անմիջական եւ արդար դատավարութիւնը։

2. Ղրկել օրինակ մը այս որոշումներէն Վօշինգտօնի Կառավարութեան, եւ խնդրել որ հաճին միջամտել ինպաստ անմեղ զոհերուն, իրենց յարմար դատած եղանակով։

3. Ղրկել այն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ օտար տէրութիւններու ներկայացուցիչներու Վօշինգտօնի մէջ, եւ ամերիկեան մամուլին, եւ խնդրել որ ձայն բարձրացնեն յանուն քաղաքական իրաւունքներուն ժողովուրդի մը, որ անարդարօրէն կը հալածւի Կովկասի մէջ։

 

Ֆիլատէլֆիա

1911 Փետր. 12-ին, Ֆիլատէլֆիաի մէջ Հայերու կողմանէ սարքուած միթինկի մը մէջ, ուր ատենախօսութիւններ եղան Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու մասին, հետեւեալ որոշումները անցան.

Նկատելով որ, թւով 500 բանտարկեալները սոսկ զոհերն են Ռուսական Կառավարութեան կանխամտածւած եւ անարդար մէկ քաղաքականութեան։

Նկատելով որ, բանտարկեալները ենթարկւած են անտանելի պայմաններու, զուրկ կերակուրէ, հանդերձէ, եւ արտաքին հաղորդակցութենէ, որոշւեցաւ.

1. Բողոքել Ռուսական Կառավարութեան հակահայկական եւ անարդար հալածանքին դէմ։

2. Պահանջել բանտարկեալներու անմիջական դատավարութիւնը, ազատ ոստիկանական բռնութենէ։

3. Ղրկել սոյն բողոքէն մէյմէկ օրինակ Վօշինգտօնի Կառավարութեան եւ օտար տէրութիւններու դեսպաններուն։

Նոյն առիթով ժողովը կոչում կ’ընէ Ամերիկեան մամուլին ձայնակցելու ի պաշտպանութիւն այս արդար դատին։

 

Բօստօն

Հրապարակային միթինկ մը տեղի ունեցաւ, 1911 Յունվար 8-ի երեկոյ Պէյն Մէմօրիըլ Հօլի մէջ, Բօստօն, ուր աւելի քան հազար Հայեր ներկայ էին, որոնք որոշումներ անցուցին բողոքելու համար բանիարկութեանը դէմ իրենց ականաւոր ազգակիցներուն, թւով հինգ հարիւր, որոնք կը մաշին Ռուսիոյ բանտերուն մէջ։

Ժողովին կը նախագահէր Տօքթ. Վ. Գազանճեան։ Խօսեցաւ իմիջի այլոց Է. Ակնունի, Կ. Պօլսէն։

Հանգանակութիւն մը տեղ ունեցաւ ի նպաստ բանտարկեալներուն եւ հետեւեալ որոշումները քւէարկւեցան.

Նկատելով որ Ռուսիոյ ներկայ Կառավարութիւնը դիտումնաւոր կերպով սկսած է մասնաւոր հալածանք մը Կովկասահայութեան դէմ։

Նկատելով որ հինգ հարիւր հայերը գրագէտներ, գիտուններ, վաճառականներ եւն. ուղղակի զոհերն են վերոյիշեալ հալածանքին, առանց ո՛եւէ օրինական եւ բարոյական արդարացումի, որոշւեցաւ.

1. Բողոքել Ռուսիոյ այդ Կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ, որ հակառակ է Սահմանադրութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան պահանջներուն։

2. Պահանջել անմիջական դատավարութիւն արդար ատեանի մը առջեւ, հաստատելու իրենց իրաւունքները իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ։

3. Ղրկել սոյն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործերու Նարարարութեան, Վօշինգտօնի Ռուսական դեսպանին ինչպէս նաեւ օտար տէրութիւններու բոլոր ներկայացուցիչներուն։

4. Դիմել Միաց. Նահանգներու հանրային կարծիքին, ստեղծելու համար համակրական շարժում մը ի նպաստ Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու, որոնց միակ պահանջն է վայելել Սահմանադրութեան բարիքները եւ այն տարրական իրաւունքները, զոր կը վայելէ մէն մի քաղաքակրթւած հասարակութիւն։

 

Սան. Ֆրանսիսկօ

Տեղեկանալով Պն. Է. Ակնունիի Հայ գրող մը Կ. Պօլսէն մեզի հաղորդած տեղեկութիւններէն եւ Միացեալ-Նահանգներու Հայ քաղաքացիներու վկայութիւններէն, որ մօտ 260 դիրքի եւ դաստիարակութեան տէր Հայեր տարիներով բանտարկւած կը մնան Նօվօչէրկասկի բանտը, միապետական Ռուսիոյ մէջ, քաղաքական պատճառներով, առանց նախնական քննութեան եւ առանց ո՛եւէ պատեհութիւն տալու, որ իրենց դատը ներկայացնեն արդար ատեանի մը, եւ նկատելով որ այդպիսի բանտարկութիւն մը ընդվզեցուցիչ է արդարութեան զգացումին առջեւ, ո՛եւէ երկրի մէջ,

Նկատելով դարձեալ, որ վերոյիշեալ Հայ քաղաքացիները մասնաւոր որոշումներով արդարացիօրէն բողոքած են սոյն բանտարկութիւններու դէմ, ուստի մենք ստորագրեալներս եւս, Սան-Ֆրանսիսկօ քաղաքին եւ գաւառի բնակիչներս, քաղաքացիներս եւ կազմակերպութիւնները կ’որոշենք,

1. Բողոքել սոյն բանտարկութիւններու դէմ, եւ խնդրել մեր ներկայացուցիչներէն Կօնգրէսի մէջ, որ գործածեն իրենց կարողութեան մէջ եղած ամէն օրինակոր եւ պատւաւոր միջոց իրերու այս վիճակը Ռուսական կառավարութեան ուշադրութեան յանձնելու այնպիսի եղանակով մը, որ առաջնորդէ անմիջական քննութեան եւ դատելու արդար կարգադրութեանը։

2. Ղրկել սոյն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ Կալիֆօրնիոյ Ծերակոյտի եւ Կօնգրէսի անդամներէն իւրաքանչիւրին, Միացեալ Նահանգներու Նախագահին, եւ ամէն այն մարդոց, որոնք կրնան նպաստել յառաջ բերելու այս բաղձացեալ վախճանը։

Սան Ֆրանսիսկօ, Կալ.

Յունվար 17, 1911

 

Պրօվիտէնս

Հրապարակային միթինկի մը մէջ, որ տեղի ունեցաւ 1910 Դեկտ. 25ին, Պրօվիտէնս, Հաւաքւած էին հազարէն աւելի Հայեր, բողոքելու համար Ռուսական Կառավարութեան հակամարդկային վերաբերումին դէմ, որուն ենթարկւած են աւելի քան հինգ հարիւր Հայեր։

Ժողովին կը նախագահէր Պն. Թ. Ճէլալեան։ Ի մէջ այլոց խօսեցաւ Պն. Է. Ակնունի, Կ. Պօլսէն։ Հետեւեալ որոշումները անցան։

Նկատելով որ Ռուսաստանի Կառավարութիւնը դիտումնաւոր եւ կանխամտածւած քաղաքականութիւնով մը սկսած է ընդհանուր հալածանք Կովկասահայերու դէմ։

Նկատելով որ՝ հիգ հարիւր Հայեր, ամէն խաւէ, ուսուցիչ, բժիշկ, գիտուն, գրագէտ վաճառական, եւն. զոհերը դարձած են սոյն քաղաքականութեան, առանց օրինական հիմքի եւ դատավարութեան,

Որոշւեցաւ, 1. Բողոքել Ռուսական Կառավարութեան այս քաղաքականութեան դէմ, որ նախատինք մըն է Սահմանադրութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան գաղափարին։

2. Պահանջել բանտարկեալներու անմիջական դատավարութիւնը եւ արձակումը ու անոնց բոլոր իրաւունքներուն ճանաչումը, իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ,

3. Ղրկել այս որոշումներէն մէյ մէկ օրինակ Միացեալ-Նահանգներու Վօշինգտօնի Կառավարութեան եւ Վօշինգտօնի Ռուսաց դեսպանին,

4. Կոչում ընել այս երկրի հանրային կարծիքին եւ ստեղծել համակական շարժում մը ինպաստ այն Հայ բանտարկեալներուն, որոնց միակ փափաքն ու պահանջն է Կովկասի մէջ կարենալ վայելել Սահմանադրութեան առանձնաշնորհումները եւ այն տարրական իրաւունքները, որ կը վայելէ ամէն քաղաքակրթւած հասարակութիւն։

 

Ուստր

1911 Յունվար 15-ին Ուստրաբնակ Հայերը, հաւաքւած Իկլ Հօլի մէջ իրենց համակրանքը արտայայտելու եւ օգնելու նիւթապէս Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու, քւէարկեցին հետեւեալ որոշումները.

Նկատելով որ՝ Ռուսիոյ բանտերը նետւած հինգ հարիւրէն աւելի Հայերը ընտրելագոյն, մասը կը կազմեն Հայ ներկայ սերունդին քաղաքականապէս թէ իմացականապէս,

Նկատելով որ, այս մարդիկը վերջին երկու տարին անբացատրելի տանջանքներու ենթարկւած են Ռուսիոյ գարշահոտ բանտերուն մէջ առանց դատավարութեան եւ օրինական պատճառի, որոշւեցաւ,

1. Բողոքել Ռուսական Կառավարութեան դէմ իւր Հայ մտաւորական առաջնորդները հալածելու կանխամտածւած քաղաքականութեան համար,

2. Պահանջել անմիջական դատավարութիւն այս մարդոց համար, եւ ճանաչումը իրենց օրինական իրաւունքներուն իբր քաղաքացիներ,

3. Ղրկել սոյն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, Վօշինգտոնի Ռուսական դեսպանին եւ գոյացնելու հանրային զգացում եւ համակրանք դէպի այս անբաղդ բանտարկեալները։

 

Տրօյ

1911, Յունվար 22-ին հրապարակային ժողով մը տեղի ունեցաւ Պրօկտօրս Թիէտըրի մէջ, Տրօյ։ Ժողովին նպատակն էր ստեղծել հանրային զգացում եւ համակրանք, ի նպաստ հինգ հարիւրէն աւելի Կովկասահայ քաղաքական բանտարկեալներու, որոնք կը կազմեն ներկայացուցիչները՝ Հայ գեղարւեստի, գրականութեան եւ գիտութեան։

Հետեւեալ որոշումները անցան.

Նկատելով որ՝ Ռուսական Կառավարութիւնը կը հետեւի հալածանքի քաղաքականութեան մը՝ ընդդէմ Կովկասահայերու,

Նկատելով որ, Կովկասահայերու դէմ սկսւած հալածանքը հակառակ է ո՛չ թէ միայն Սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին, հապա ամբողջ Հայ ցեղին, որոշւեցաւ,

1. Ձողոքել Ռուսական Կառավարութեան դէմ այս անարդար բանտարկութեան դէմ, եւ պահանջել յարմար միջոցներեով՝ անմիջական եւ արդար դատավարութիւն ատեանի մը առջեւ, որ ըլլայ ո՛չ թէ միայն ձեռնհաս՝ հապա եւ զերծ զինւորական բռնութենէ։

2. Ղրկել այս որոշումներէն օրինակ մը Միաց. Նահանգներու Վօշինգտօնի Կառավարութեն, եւ խնդրել իւր աջակցութիւնը այս գործին մէջ,

3. Կոչում ընել Ամերիկեան հասարակութեան եւ արթնցնել հանրային կարծիքն ու համակրութիւնը այս մարդոց անարդար բանտարկութեան հանդէպ։

 

Ուէստ Հօպօկըն

Հրապարակային մեծ ժողովի մը մէջ, որ սարքւեցաւ Հայերու կողմանէ, 1911, Փետր. 5-ին, Ուէստ Հօպօկընի մէջ, քւէարկւեցան եւ միաձայնութեամբ ընդունւեցան հատեւեալ որոշումները.

Նկատելով որ, մեր հայրենակիցները Ռուսիոյ մէջ ենթարկւած են անողոք հալածանքներու, եւ մօտ հինգ հարիւր հոգիներ կը տանջւին Րօստօվի, Նօվօչէրկասկի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ։

Նկատելով որ, անմեղներ կը ձերբակալւին առանց պատճառի եւ հակառակ անոնց պահանջներուն չեն դատիւր,

Նկատելով որ, այդ խմբական ձերբակալումները Հետեւանք են Ռուսական Կառավարութեան մասնաւոր մէկ քաղաքականութեանը, որ կ’անտեսէ Ռուսահայերու ամենատարրական իրաւունքները, որոշւեցաւ,

1. Բողոքել Ռուսական Կառավարութեան գործադրած անարդարութեան դէմ, եւ պահանջել որ դատավարութիւնը ազատ ըլլայ ոստիկանական միջամտութենէ եւ ճնշումներէ,

2. Ղրկել սոյն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, եւ Վօշինգտօնի բոլոր դեսպանութիւններուն, խնդրելով որ իրենց ազդեցութիւնը գործածեն յանուն բանտարկեալներու,

3. Ղրկել օրինակ մը ալ Ամերիկեան մամուլին եւ կոչում ընել այս երկրի քաղաքական հարցերով զբաղւող գրողներու, որ ի գործ դնեն իրենց ազդեցութիւնը ի նպաստ թւով հինգ հարիւր անբաղդ Հայ կալանաւորներու։

 

Կալիֆօրնիա

Տեղեկանալով որ, թւով հինգ հարիւր դաստիարակութեան, դիրքի եւ աստիճանի տէր Հայեր՝ բանտարկւած են Րօստովի եւ Նօվօչէրկասկի բանտերուն մէջ, քաղաքական պատճառներով, եւ կը սպասեն երկար ատենէ ի վեր առանց նախնական քննութեան եւ ո՛ եւ է պատեհութեան մը, իրենց դատերը ներկայացնելու արդարութեան ատեանի մը առջեւ, ինչ որ ընդվզեցուցիչ է մարդկային ազգի արդարութեան զգացումին առջեւ մենք յանուն Կալիֆօրնիա Սթէյթ Ֆէթէրէյշըն օվ  Լէյբըրի, կը բողոքենք այդ բանտարկութիւններու  դէմ եւ կ’որոշենք խնդրել Կալիֆօրնիաի Նահանգին Կառավարիչ Պրն. Հերամ Վ. Ճօնսընէն, եւ նահանգիս Օրէնսդրական Մարմինէն, որ ձեռնարկեն այնպիսի միջոցներու օրինական կամ այլ կերպ, որով կարելի ըլլայ իրերու այս վիճակը ամենէն ազդու կերպով ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան, որը իր կարգին խնդիրը ներկայացնէ Ռուսական Կառավարութեան, ակներեւ անարդարութիւնը դարմանելու համար, եւ

2. Ղրկել այն որոշումէն մէյ-մէկ օրինակ՝ Միացեալ-Նահանգներու Նախագահին, Կալիֆօրնիայի ծերակուտականներուն եւ ներկայացուցիչներուն, Արտաքին Գործերու Նախարարութեան, Կալիֆօրնիայի նահանգի կառավարիչին եւ ներկայացուցիչներուն ու ծերակուտականներուն։

 

Կալիֆօրնիայի Օրէնսդրական Մարմինին Որոշումները

  (Քւէարկւած Ծերակոյտի եւ Օրէնսդրական Ժողովի մէջ, Մարտի 21-22ին եւ ղրկւած Վօշինգտօն Մարտ 27-ին)

Նկատելով որ, Ռուսական Կառավարութիւնը բանտարկած է հարիւրակոր ծանօթ Հայեր. ուսուցիչներ, իրաւաբաններ եւ խմբագիրներ, բոլորն ալ առաջապահներ, առաջադէմ խորհողութեան եւ գործունէութեան, Րօստովի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ, եւ երկար ատենէ իվեր պահած է զանոնք առանց նախնական քննութեան կամ պատեհութեան իրենց դատերը ներկայացնելու դատական ատեանի մը, ինչ որ ընդվզեցուցիչ է արդարութեան մարդկային զգացումին,

Նկատելով որ, Ռուսական Կառավարութիւնը յաճախ թոյլատրած է խառնակութիւններ, կողոպուտ, բռնաբարութիւններ եւ սպաննութիւններ, մարդերու, կիներու եւ տղոց, իրենց կրօնական համոզումներուն պատճառով, եւ

Նկատելով որ, այսպիսի արարքներ նախատինք են քաղաքակրթութեան եւ խորշելի այն մարդոց համար, որոնք կը սիրեն արդարութիւնը եւ կը վախնան Աստուծմէ, Կալիֆօրնիայի նահանգին Երեսունըիններորդ Օրէնսդրական Մարմինը, ծերակուտականները եւ ներկայացուցիչները, հաւատալով թէ հասած է ժամանակը այս աշխարհի գործերու մէջ, երբ պէտք է ամէն քաղաքակրթւած ազգ բողոքէ այսպիսի արարքի մը դէմ ոեւէ ազգի կողմէ գործւած, կ’որոշենք,

1. Արտայայտել մեր գարշանքը այն վերաբերումին համար, որ ի գործ կը դրւի Հայ մարդոց կիներու եւ տղոց դէմ, իրենց քաղաքական համոզումներուն եւ կրօնական հաւատալիքներուն համար,

2. Հասած նկատել ժամանակը մեր գաղափարով՝ երբ իրենք զիրենք քաղաքակրթւած եւ լուսաւորեալ հռչակող ազգերը պէտք է դաշնակցին ստիպելու ո՛եւէ ազգ, որ գործադրէ մարդկութեան եւ տարրական արդարութեան պահանջները իր քաղաքացիներուն հանդէպ,

3. Ղրկել այն որոշումներէն մէյմէկ օրինակ Միացեալ Նահանգներու Նախագահին, Ծերակուտականներու Նախագահին, պատգամաւորներու ներկայացուցիչին գործածելու իրենց ազդեցութիւնը, ապահովելու վերոյիշեալ Հայերուն համար արդար դատավարութիւն առանց յապաղումի։



[1] Ռուսական դեսպանութիւնը, տարօրինակ ըմբռնումով մը, երկու անգամ պատասխանեց թէ չէր կրնար ընդունիլ այդ որոշումները։ Այդ է եղանակը Ռուսիոյ մէջ գործ տեսնելու։