Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ԿԱՍԿԱԾԸ Կ՚ԻՐԱԿԱՆԱՆԱՅ

Վարիչ մարմինը քանի մը անգամ փափաքած էր «Հայոց Հայրենասիրաց Միութեան» վարչութեան հետ թղթակցիլ պաշտօնապէս, Վարիչ Մարմնոյն փափաքն յառաջ եկած էր օր ըստ օրէ Պոլսոյ եւ երկրին մէջ Յեղափոխական գործին ընդարձակուելուն հետեւանքով. ուրիշ պատճառ մը չկար, եւ միեւնոյն ժամանակ կ՚ուզէինք գիտնալ թէ վարչութիւնն որոնցմէ՞ կը բաղկանար: Վարիչ Մարմինը քանի մը անգամներ իմ միջոցաւ այս փափաքն յայտնեց, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր թղթակցութիւններն եւ դրամական հաշիւները իմ միջոցաւս կ՚ըլլային. բայց միշտ Վարիչ Մարմնին հաւանութեամբ կ՚ըլլային:

Փորթուգալեան միշտ խուսափողական պատասխաններ կուտար իմ առաջարկիս եւ ես իր նամակներն օրն օրին վարիչ մարմնոյն կը ներկայացնէի:

Փորթուգալեանի սոյն ընթացքը բացարձակապէս մեզի կասկածի ենթարկեց. ստիպուեցանք յոռետես ըլլալ եւ կարծել թէ մի՞ գուցէ մեր չափազանց անկեղծութեամբ եւ վստահութեամբ խաբուած ենք եւ մեծ զոհողութեամբ մեր ղրկած հազարաւոր ֆրանքները զուր տեղը ղրկած ենք, ինչպէս նաեւ թերթերու բաժնեգիններն եւ գիրքերու արժէքը: Մեր մտածելակերպը թէեւ քիչ մը յոռի եւ անտրամաբան, բայց Վարիչ Մարմինը Փորթուգալեանի այդ վարմունքին ուրիշ նշանակութիւն չէր կարող տալ եւ կամ ուրիշ բանով չէր կրնար մեկնել: Վարիչ Մարմինը չէր կարծէր թէ ինքը պէտք եղած վստահութիւնը չէր ներշնչէր «Հայոց Հայրենասիրաց Միութեան» վարչութեան. եթէ այդպէս եղած ըլլար իսկ, Փորթուգալեն ինչո՞ւ մեզի նման անվստահելի մարմինէ մը հազարաւոր ֆր[անկ]ներ կ՚առնէր, եւ մինչեւ օրս իր յարաբերութիւնները կը շարունակէր: Եթէ երբեք Վարիչ Մարմինը իրօք անվստահելի էր, ի՞նչ կարող էր ընել Ֆրանսայի նման ազատ երկրի մը մէջ նստած վարչական անդամներուն: Եթէ երբէք այդ տեսակ կասկած մը պէտք էր ունենալ, պիտի ունենար Պոլսոյ Վարիչ Մարմինը, որ յականէ յանուանէ ծանօթ էր Մարսիլիոյ վարչութեան, եւ այդ վարչութիւնը կարող էր շատ հեշտութեամբ օր մը Պոլսոյ Վարիչ Մարմնին կազմը Թուրք կառավարութեան ճիրաններուն մէջ ձգել:

Մարմինը որոշեց գրել Փորթուկալեանին թէ կը փափաքի իր կողմէ պատուիրակ մը ղրկել Մարսիլիա, կարեւոր եւ կենսական խնդրի մը առթիւ «Հայրենասիրաց»ի վարչութեան հետ կարծեաց փոխանակութիւն մ՚ընելով եզրակացութեան մը յանգելու համար: Վարիչ Մարմնին սոյն նամակին պատասխանը կ՚ուշանար ոչ թէ Փորթուգալեանի զբաղմանց պատճառաւ, այլ մեզ անյայտ պատճառաւ, որովհետեւ Փորթուգալեան դրամական հաշիւներուն համար օրն օրին կը գրէր, որմէ կրնայինք եզրակացնել թէ նամակնուս պատասխանը ուշանալն իր զբաղմանց պատճառաւ չէր: Տարակոյս չկայ որ Վարիչ Մարմինը յուզիչ դրութեան մը ենթարկուած էր եւ իր վճռական քայլն առնելու որոշումն օրէ օր կը յետաձգէր, յուսալով թէ իր նամակին պատասխանը պիտի ստանայ, քանի որ իր պատուիրակութեան ծախն եւ վտանգն իր վրայ կը ծանրանար եւ Փորթուգալեան ո՛ եւ է զոհողութիւն մը չպիտի ունենար: Արդէն հաշուական խնդիրներու մասին եղած թղթակցութեան մէջ միշտ կը յիշուէր թէ այդ նամակի պատասխանին կը սպասուի:

Չգիտենք զուգադիպութի՞ւն ըսենք թէ բախտին վերագրենք: Վանայ մասնաճիւղը կարեւոր ձեռնարկի մը համար իր ծախսելիք դրամէն 20 ոսկի պակաս մը ունէր. այդ դրամը Պոլսոյ Վարիչ Մարմնէն կ՚ուզէր իբր փոխառութիւն: Միեւնոյն օրը Վարիչ Մարմինը նամակ մը կ՚առնէր Մշոյ մասնաճիւղէն որ որոշած էր իր ընդունակ չորս ընկերները Աթէնք ղրկել իբր կամաւոր Յունական բանակին մէջ զինուորագրուելու եւ զինավարժութիւնը կատարելագործելով Մուշ վերադառնալէ ետք Մշոյ եւ Սասնոյ մէջ Հայեր զինավարժութեան վարժեցնելու. ուստի կը խնդրէր որ պէտք ըլլալիք աննշան ծախքը Վարիչ Մարմինը հոգար, համոզուած ըլլալով խնդրոյն կարեւորութեան: Վարիչ Մարմինը որ շատ անորոշ եւ վարանոտ դիրք մը ունէր դէպ ի Փորթուգալեան, լոկ փորձի համար որոշեց սոյն երկու խնդիրները պարզել Փորթուգալեանին եւ պէտք եղած գումարը պահանջել, նամակ գրուեցաւ եւ հազիւ ամիսէ մը պատասխանեց՝ կրկնակի ապահովագրուած մեր նամակին: Փորթուգալեանի նամակը պարզ եւ շատ կարծ էր, հետեւեալ պարունակութեամբ.

«Հոս պատուիրակ ղրկելու պէտք չկայ. խնդիրը կրնաք նամակաւ պարզել եւ Վարչութիւնն ի րորոշումը նամակաւ ձեզ կը յայտնէ: Վարչութեան անդամներու անունները գաղտնի մնալ սկիզբէն որոշուած է: Անկարգապահ ընկերները խստիւ կը պատժուին, մանաւանդ Վարչութեան եւ նախագահին դէմ ըմբոստացողները: Վանայ ձեռնարկը թող յետաձգուի. ժամանակը չէ: Զինավարժութիւն սորվիլ փափաքողները կարող են իրենց դրամով երթալ ու սորվիլ: Վարչութիւնն այժմ ի վիճակի չէ ձեր ուզած գումարները ղրկել, որովհետեւ չունի»։

Փորթուգալեանի նամակը կարդալով, նախ կարծեցի որ իմաստը սխալ կ՚ըմբռնեմ. արիւնս այն աստիճան կ՚եռար գլխուս մէջ որ նամակին տառերը աչքէս կը փախչէին կարծես: Որոշեցի պաղարիւնս գտնելէ վերջ կրկին կարդալ. կատարեալ ապուշ կտրած նստած տեղս գամուած կեցայ. հարուածն այն աստիճան սոսկ ալի էր որ լախտի կը նմանէր եւ այդ պատճառաւ շուարւոմ մը ունեցայ: Կրկին կարդացի, տեսայ որ սխալած չեմ եղեր: Բայց գաղտնի մնալ, խիստ պատիժ, ի վիճակի չէ, դրամ չունի բառերը զիս այն աստիճան յուզեցին որ իսկոյն գոնէ Մուրատը գտնելու եւ նամակն իրեն տալու որոշումս վայրկենական եղաւ:

Մուրատը իսկոյն գտայ. Մուրատ նամակը կարդալէն վերջ առանց բառ մ՚իսկ արտասանելու սկսեցինք ճիշդ համրերու նման իրարու երես նայիլ. կարծես այդ նայուածքին մէջ կը գտնէինք նոյն հոգեբանութիւնը, նոյն վիշտը եւ տրամաբանութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամն էր որ Փորթուգալեանէն դրամ կ՚ուզէինք գործին համար:

Մուրատը նամակը կրկին կարդաց, շեշտելով Վարչութեան անդամներու անունները գաղտնի մնալ, անկարգապահ եւ ըմբոստները խստիւ պատժուիլ եւ երբ կարդաց թէ Վարչութիւնը ի վիճակի չէ ձեր ուզած գումարը ղրկել որովհետեւ չունի, Մուրատ սկսաւ գլուխը երերցնել եւ կերպարանափոխուիլ. այն ատեն ես իբր կայծակնահար բացագանչեցի, «Ա՜խ Մուրատ, խաբուած ենք եղեր…»:

Երեկոյին իսկոյն ժողով ունեցանք. մեր միւս ընկերները նախ կատակ կարծեցին Մուրատի (իբր ատենապետ) արտասանած բառերը, բայց դժբախտաբար տեսան որ դառն եւ ցաւալի իրականութեան մը հանդէպ կը գտնուէին: Աւելորդ է ըսել թէ ընկերները միեւնոյն վիճակին ենթարկուեցան որուն Մուրատ եւ ես ենթարկուած էինք արդէն:

Վարիչ Մարմինը վիճաբանելու եւ տատամսելու բնաւ պէտք չունէր. իսկոյն եւեթ միաձայնութեամբ որոշեց, անմիջապէս խզել յարաբերութիւնը եւ ամէն կապ Փորթուգալեանի հետ, եւ սկիզբէն մինչեւ այդ օրը մեր գործառնութեան հաշիւները պահանջել:

Փորթուգալեանի նամակն Հայրիկին տանիլն ինծի վիճակեցաւ: Հայրիկը նամակը կարդալէ վերջ գլուխն երերցնելով ըսաւ.

«Ձեզի խաղ խաղցած է, ես արդէն սկիզբէն այնչափ վստահութիւն չունէի իր վրայ…»։

Վարիչ Մարմնոյն որոշումն անմիջապէս հաղորուեցաւ Փորթուգալեանին, շեշտելով որ օր առաջ եղած հաշիւները կը պահանջենք: Մենք մեր խաբուիլն այնչափ ցաւալի չէինք գտներ՝ որչափ որ ցաւալի կը գտնէինք թէ գործերուն այդ տաք միջոցին, ի՞նչպէս եւ ի՞նչ ձեւով թէ՛ մերիններուն եւ թէ մեր համակիրներուն պարզէինք ցաւալի իրողութիւններն որ սոսկալի յուսահատութիւն եւ լքում յառաջ պիտի բերէր մեր շարքերուն մէջ:

Փորթուգալեանը կը շարունակէր Արմէնիաները ղրկել եւ մենք ստիպուած էինք իրենց հասցէին յանձնել, քանի որ բաժնեգինները կանխիկ ստացած եւ իրենց ղրկած էինք:

Արմէնիաի բաժնեգիններուն եւ նուուիրատուութեան ու գիրքերու հաշիւներն սկիզբէն ինծի յանձնուած էին, քանի որ Վարիչ Մարմնոյն գանձապետն էի: Քանի որ շաբաթները կը սահէին եւ Փորթուգալեանը մէկ տող նամակով իսկ չէր պատասխանած մեր նամակին, ընկերներս համամիտ էին առաջարկիս թէ Մարսիլիա երթալով անձամբ հաշիւ պահանջեմ Փորթուգալեանէն. եթէ յաջողէի (ինչ որ չէինք յուսար) լաւ, իսկ եթէ ոչ՝ գոնէ պիտի կարենայի Վարչութեան անդամները ճանչնալ եւ անոնց հետ տեսակցիլ:

Հայրիկը որ լաւ ըմբռնած էր հոգեբանութիւնս եւ նպատակս, Մարսիլիա երթալուս հաւանութիւն չը տուաւ…:

Փորթուգալեանի մեզ հանդէպ ունեցած այդ վարմունքը տարակոյս չկար որ մեզ մղէր բոլոր միջոցները ձեռք առնելու. իսկ այդ միջոցներէն գլխաւորն էր  ստուգել թէ որո՞նք կրնան ըլլալ «Հայոց Հայրենասիրաց Միութեան » վարչութեան անդամները: Բաւական դժուար եղաւ ստուգել այդ բանը եւ թէ իր օգուտը չունեցաւ, որովհետեւ այլ եւս ո՜ւշ էր: Ստուգեցինք որ «Հայոց Հայրենասիրաց Միութեան» նախագահը, վարչութեան հինգ անդամները, քարտուղարն ամենքն ալ ինքը Մկրտիչ Փորթուգալեանն է եղեր, եւ իրեն քով եթէ կայ մէկը Մկրտիչ Աւետիսեան Թէրլէմէզեանն է եղեր, ուրիշ ոչ ոք:

Ճամբորդներէն ոմանք հարկէ յեղափոխականներ) երբ Մարսիլիա կը հանդիպին, կը փափաքին եղեր վարչութեան անդամոց հետ տեսնուիլ, Փորթուգալեան կ՚ըսէ եղեր.

Գործերն այնչափ շատ են որ վարչութեան անդամները բոլորն ալ պաշտօնով կը ճամբորդեն եւ ինքը առանձին մնացած է: Փորթուգալեան այսպէսով իր գործը կը շարունակէ եղեր, իսկ մենք այս բոլոր անցուդարձերէն անտեղեակ, մեր իր վրայ ունեցած կոյր վստահութիւնը կը շարունակենք եղեր: Թողունք որ Փորթուգալեանին ղրկուած դրամներ վճարողներուն մէջ ամէն դասակարգի անհատներ կը գտնուէին, նոյն իսկ առանց սեռի խտրութեան, եւ շատեր իրենց օրական արիւն քրտինքով շահածները կուտային իբր ամսական կամ իբր նուէր ու Արմէնիաի բաժնեգին, բայց մինչեւ վերջ չեմ կրնար մոռնալ պարագայ մը, որ կ՚արժէ յիշել:

Ղալաթիոյ մաքսատան մէջ աշխատող Սեբաստացի բեռնակիր մէկ ընկերնիս, պատճառաւ մը առժամանակեայ կերպով իր գործէն կը դադրեցնեն: Արմէնիաին կամ «Հայոց Հայրենասիրաց Միութեան» վճարելիք դրամը ժամանակը կը հասնի. եւ որովհետեւ պէտք էր անպատճառ վճարէր եւ քանի որ չունէր, կ՚որոշէ իր հայրենիքէն նոր հասած երկար ծաղկաւոր գուլպան ծախել եւ այդ դրամները վճարել:

Իր տասնապետն երբ այս պարագան ինծի հաղորդեց, ես իսկոյն մերժեցի դրամն առնել, ըսելով.

«Թող մնայ, երբ ի վիճակի ըլլայ թող այն ատեն վճարէ. դրամները իրեն վերադարձուր»։

Տասնապետը չկրնալով համոզել զինքը. դրամները նորէն ինծի վերադարձուց, որովհետեւ մեր ընկերն ըսած էր.

«Աւելի լաւ է առանց գուլպայի մնամ եւ սուրբ գործին համար ունեցած պարտքս վճարեմ»։