Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԱՅԼ ԵՒՍ ՈՒՇ ԷՐ

Արմենակի եւ Նշանի պատմութիւնները որչափ որ չափէն աւելի սարսռազդեցիկ էին, բայց միեւնոյն ժամանակ պէտք էր տոկայի եւ տկար չցուցունէի ինքզինքս, մանաւանդ որ իմ մասին ահագին առասպելներ հասած ինք Աքեա։ Իբր թէ շատ հարուստ եմ եղեր, յանդուգն, կտրիճ, անվախ եւ այդպէսով է որ ուզած եմ Հայոց իշխանութիւն ձեռք բերելէս վերջ՝ կարեւոր պաշտօնի մը տիրանալ. ահագին մեքենայութիւններ ունիմ եղեր, որ ոչ ոք չի կրնար անոր գաղտնիքին թափանցել. նոյն իսկ Ոստիկանութեան նախարար Նազըմը շատ աշխատած է եղեր, բայց անօգուտ։ Ահա այս տեսակ առասպելներն երբ կը լսէի, հեգնական կերպով կուշտ ու կուռ խնդալէ զատ ի՞նչ կարող էի ըսել։ Բայց Արմենակէն եւ Նշանէն, միւս բանտարկեալներէն ոմանք ալ իբր բարեկամ կ’ըսէին ինձ եւ կ’զգուշացնէին։

«Լաւ չէր որ այդպէս մեծ սնտուկով եւ անկողինով ու ժամացոյցով հոս եկար. ասոնք գիտեն որ սեղանաւոր եղած ես եւ դրամ ունիս քովդ։ Քեզի շատ պիտի չարչարեն այս անիրաւներ։ Աքեայի մէջ ասոնց համար ամէն ինչ եւ նոյն իսկ Աստուածը դրամն է։ Լաւ խորհէ եւ լաւ շարժէ որ ատամներդ ասոնց համրել չտաս։ Քեզիպէսները շատ տեսանք հոս. վերջ ի վերջոյ մինակ շապիկ մը թողուցին անոնց վրայ եւ այնպէս մեռցուցին։ Փաշաներու եւ պէյերու հետ այնպէս վարուեցան. դուն ո՜ւր կը մնաս որ կառավարութեան թշնամի ես։ Թէեւ մեր ըսելն աւելորդ է, քանի որ դուն մեզմէ աւելի խելացի ես, բայց մեր պարտականութիւնն է առաջուընէ քեզ զգուշացնել, քանի որ նոր եկար։ Ի սէր Աստուծոյ չյաղթուիս ասոնցմէ. ասոնց ներսիդին խիղճ ու գութ ըսուած բանը գոյութիւն չունի։ Ինչպէս որ մենք քանի մը անգամ տեսած ենք ասոնց անգթութիւն, որ իրենց ձեռքի հաստը փայտով բանտարկեալները ծեծելով մեռցուցած են, քիչ տաենէն աչքովդ պիտի տեսնես, այլեւս մեր ըսելուն հարկ չկայ։ Պիտի տեսնես որ բանտարկեալն մեռնելէ վերջ իր ոտքի երկաթն հանած են եւ անկէ ետք դագաղ դրած են։ Կը մաղթենք որ օր առաջ ազատուիս եւ մեր այս ըսածները չտեսնես։

Ժամանակին բանտի պաշտօնէութիւնը եւ կառավարութիւնը իրենց գործը դիւրացնելու եւ ժողովուրդը դէպ ի բանտարկեալները գէշ աչքով նայել իալու համար ամենէն սոսկալի միջոցըկը խորհին, հետեւեալ կերպով.

«Աքեայի մէջ իբր բերդ քանի մը հատ մթերանոցներ կան. այդ մթերանոցները գրեթէ միշտ վառօթով լեցուն են։

Բանտին պաշտօնէութիւնը ժողովուրդի մէջ կը տարածէ եւ հաւատացնել կուտայ թէ բանտին մէջ բանտարկելոց խռովութիւն հանելու նպատակն այն է որ բանտէն դուրս ելլելով կամ փախչելով այդ վառօդի մթերանոցներուն կրակ տան, որպէս զի ամբողջ Աքեան իր բնակիչներով եւ բանտով օդը ելլէ, եւ անկից վերջ թէ՛ իրենք փախչին ազատուին եւ թէ այլեւս հոս բանտարկեալ չղրկուի։

Ահա այդ թուականէն սկսեալ է որ երբ փողը զէնքի գլուխ կանչէ եւ դրօշակը բանտին վրայ պարզուի, իսկոյն քաղաքին ժողովուրդը մէյմէկ հաստ փայտ, սուր եւ ատրճանակ եւ նոյնիսկ խոշոր քարեր ձեռք առած կը վազէ կուգայ բանտը կը շրջապատէ. եթէ բանտարկեալներէն մէկը բանտին դուռնէն դուրս ելլէ, անմիջապէս սպաննեն, ինչպէս ժամանակին 2-3 հոգի սպաննած են»։

Որչափ որ կառավարական պաշտօնեաները այդպէս գէշ կերպով նկարագրած եւ դուրսի ժողովուրդը բանտարկելոց հետ չարաչար թշնամացուցած էր, բայց շատ անգամ Աքեայի Քրիստոնեայ եւ Իսլամ դասակարգը հասանաթ [1] կը բերէր կը բաժնէր բանտարկելոց՝ փիլաւ, ապուր, միսով կերակուր եւ այլ ուտելիքներ։ Լիմանին մէջ այնչափ թշուառ եւ աղքատ բանտարկեալներ կը գտնուէին որ «հասանա՜թ» պօռացած միջոցին ամբողջ բանտը տակնուվրայ կ’ըլլար. այդ խեղճ արարածները կը վազէին իրենց հողէ պնակները դուռնէն դուրս տալու, որպէս զի իրենց բաժին տրուի։ Շատ անգամ կը պատահէր որ այդ խառնակութեանց մէջ իրենց պնակները կը կոտրէին որով կը զղջային իրենց «հասանաթ» ուզելուն, քան որ այդպիսիներու քով չէր գտնուէր 20-30 փարա որ պնակ մը առնէին, եւ պիտի ստիպուէին «հասանաթ»ի ժամանակ ուրիշ պնակ փոխ առնել։ Ահա սրտամորմոք վիճակ մը։

Աքեայի ժողովուրդը յետին ծայր աղքատ ըլլալով՝ բնական էր որ ոստիկան-զինուորներ տացի ըլլալով՝ զարմանային եւ իրենց լսածին հաւատային թէ սեղանաւոր եւ հարուստ եմ, քանի որ սնտուկս խուզարկելու ատեն տեսան որ 100է աւելի 5, ղրշ. նոց ծխախոտի տուփեր կային մէջը որ ընկերներս եւ բարեկամներս նուէր բերած էին եւ կարգ մը մուտքը բանտին մէջ չարգիլուած առարկաներ։

Քանի քանի անգամներ փոխ-տնօրէնը պատրուակաւ մը զիս սենեակէն դուրս հանած եւ գիւղերէն եկող նշանաւորներու ու իր բարեկամներուն փափաքին համաձայն զիս անոնց ցոյց տուած էր. շատերէ նոյն իսկ նուէրի ձեւի տակ կաշառք առած էր։

Ես ոչ առասպելներու պէտք էր ականջ կախէի եւ ոչ ալ Արաբներու հետաքրքրութեան. առաջին գործս եղաւ հասցէներ ձեռք բերել եւ գաղտնի կերպով թղթակցիլ, քանի որ կաշառք կար, ամէն ինչ դիւրին էր ուրեմն։ Ամենէն առաջ պէտք էր հասցէ տալ Պոլիս, որ Հայերէն թերթեր ղրկէին. այդ նամակս գրեցի Թուրքերէն, որովհետեւ պէտք էր հազարապետը կարդելէ վերջ արտօնէր։ Թերըերն եկան եւ Հայրենիք թերթը մինչեւ վերջը իբր նուէր ձրի ղրկեցին։

Նամակատան տնօրէնը Սուլթան Ազիզի լրտեսներէն Սայիտ պէյն էր որ ժամանակին հոն աքսորուած էր։ Պոլսէն իրեն հրահանգ տրուած էր որ իմ նամակներուս ուշադրութիւն ընէր։ Ինքը սկիզբէն հակառակորդ մը եղաւ ինծի եւ իր հակառակորդութիւնը պահեց մինչեւ վերջ։ Քանի մը անգամներ ղրկած թուրքերէն նամակներս բացած կարդացած էր. վերջէն նորէն ուրիշ պահարանի մը մէջ դնելով հասցէն գրած եւ ղրկած էր։ Չէի գիտեր թէ այդ ապուշը որ կառավարական պաշտօնէից քննութենէն կասկածելով ինքը նորէն կը բանար նամակս, ի՞նչ վտանգաւոր բան գտնալ կ’երազէր. երբեմն դիտմամբ թուրքերէն նամակներ գրել կուտայի իր քիթին խնդալու համար կարտիանին ըսել կուտայի թէ նամակը իմս է, որպէս զի կարդար։

Բանտարկելոց պիտոյքները շուկայէն կը բերէին Խալիլ, Զէքէրիա եւ Մուսթաֆա կարտիանները. անոնցմէ մէկը Խալիլը աւելի յարմար տեսայ ձեռք առնել, եւ քանի որ անունս հարուստ ելած էր (որուն պատճառաւ մէկ քանի ծխախոտի մեծ տուփերէս իբր նուէր կամ կաշառք բանտի տնօրէնին գացին), բնական էր որ Խալիլ համակերպէր առաջարկիս, ինքը երկու գիշերն անգամ մը մեր սենեակիս մէջ երկու ժամ պահապան կ’ըլլար։

Արմենակի միջոցաւ անուղղակի կերպով ձեռք առի զինքն եւ երբ բոլոր պատուէրներս ընդունելու եւ գործադրելու համամիտ գտնուած էր, փոխան իմ կողմէ տրուած նուէրիս (կաշառք), այլեւս գործի սկսայ, քանի որ Խալիլը խոստացած էր նոյնիսկ ատրճանակ բերել եթէ պէտք ըլլար եւ պէտք է ըսել որ ինք ընդունակ եւ թէ շատ ճարպիկ մէկն էր եւ իր այդ յատկութիւններով շատ բաներ ձեռք բերի։

Քաղաքին մէջ կաթոլիկ ամենանշանաւոր վաճառական Իպրահիմ Խուրի էֆէնտին իմ բարեկամս էր այլեւս. նամակներս գոց երթալուն եւ ձեռքս հասնելուն միջոցները պատրաստած ու ապահոված էի այլեւս։

Մարիմեանի եւ Գըլըճճանի բերդարգելութեան պատիժին ո՛րչափ ըլլալն որոշուած չէր. այսինքն առժամանակեայ էր։ Երբ Աքեա հասան, հազարապետն անոնք փոխանակ բերդին մէջ ազատ ձգելու ըստ օրինի, ինչպէս որ Թուրքիոյ միւս բերդերուն մէջ կ’ընեն, ընդհակառակն անոնք կառավարչատան մէջ իբր բանտարկեալ պահեց, միայն ոտքերնին շղթայ դնելու չտուաւ։ Թող ընթերցողներուն զարմանք չպատճառէ մեր ըսածը թէ՝ այստեղ տիրողը կամակայութիւն էր. եւ պէտք է համոզուի որ Աքեան բոլորովին հարբեր էր. Աքեայի մէջ դրա՜մ, ուրիշ ոչինչ։ Աքեայի մէջ օրէնք ըսուած բանը դրամն էր։ Բնականաբար ես պիտի միջնորդէի իմ ընկերներս այդ բանտարկութեանէն ազատելու, որպէս զի ըստ օրինի քաղաքին մէջ ապրելու եւ պտտելու ազատ ըլլային։ Վերջապէս կրցայ հազարապետին սիրտը շահիլ եւ եօթը ֆրանս ոսկիով ազատ արձակել տալ ընկերներս։ Մարիմեանի ձերբակալութեան պատճառը հետեւեալն եղած էր.

Վարիչ Մարմինը քանի մը հասցէներ ունէր, այսինքն արտասահմանի ու երկրին հասցէները բոլորովին իրարմէ տարբեր էին եւ միշտ կը փոխէինք։ Արտասահմանի հասցէն «Թորոս Լեւոնի» էր, Այդ հասցէներով եկած նամակները՝ բոլորն ալ ինձ կը յանձնուէին իբր գանձապետ։ Ցոյցէն առաջ Արփիար Արփիարեանը Տփղիս կը գտնուի։ Մենք կը թղթակցէինք Գրիգոր Արծրունիի հետ, եւ Արծրունի գիտէր որ մեր կեդրոնը Պոնտոս է. արդէն Պոնտոսի հասցէն եւ կեդրոնի անդամներն իրեն ծանօթ էին։ Արփիարը կ’ուզէ Տփղիսէն Պոլիս վերադառնալ. Գ. Արծրունին կը խորհի թէ փոխանակ դրամները թղթատարով Վարիչ Մարմնոյն ղրկելու եւ աւելորդ ծախք ընելու։ Քանի որ Արփիարը Մշակի Պոլսոյ թղթակիցն էր եւ Պոլիս պիտի գար, Արփիարին կը յանձնէ 2000 րուպլի որ Պոլիս Վարիչ Մարմնոյն յանձնէ։ Գ. Արծրունին նաեւ նամակաւ մը Պոնտոս կը տեղեկացնէ թէ «Արփիարը կուգայ եւ իրեն յանձնած եմ 2000 րուպլի, Պոլիս Վարիչ Մարմնոյն յանձնելի», որովհետեւ Արծրունին գիտէր թէ Արփիարը Պոնտոս պիտի հանդիպի։ Եւ Արծրունին արդէն Պոնտոս գրելէ առաջ «Թորոս Լեւոնի» հասցէով Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյն կը գրէ իր ղրկած 2000 րուպլին։ Ցոյցէն վերջ Հնչակեան շարքերուն մէջ կը մտնէ նամակատան պաշտօնեայ Արմենակ Հայկունին։

Արմենակ կ’ըսէ, Վարիչ Մարմնոյն հասցէին եկած նամակները եւ թերթերը ինք դիւրութիւն ունի ապահով կերպով բերելու եւ իրանց յանձնելու։ Վարիչ Մարմինը Արմենակն իբր ընկեր նկատելով կ’ընդունի իր առաջարկը։

Մամբրէն այս խնդրէն տեղեկութիւն կ’ունենայ, քանի որ դեռ ընկերներուս իմ երկտողս չէի հասցուցած որ Մամբրէն մատնիչ մ’է։ Մամբրէն գիտէր նաեւ մեր արտասահմանի հասցէն։

Մամբրէն Նազըմին մեծ ծառայութիւն մը ընելու փափաքով կ’որոշէ Վարիչ Մարմնոյն հասցէին եկած նամակները տանիլ Նազըմին յանձնել։ Քանի որ նամակներու գործը Արմենակին յանձնուած էր, Մամբրէ կը յաջողի Արմենակը համոզել եւ իրեն պէս վատ մատնիչ մը դարձնել զայն։ Այլեւս գործը դիւրացած էր, Մամբրէն եւ Արմենակը ձեռք ձեռքի տուած գործի կ’սկսկին, եւ ահա այդ միջոցին է որ Գ. Արծրունիի նամակը կարդալէ վերջ կը տանին Նազըմին կը յանձնեն, եւ Նազըմ կ’սպասէ Արփիարի Պոլիս հասնելուն, զոր շոգենաւէն ուղղակի Նազըմին կը տանին եւ թէ Նազըմ իսկոյն կը հեռագրէ Պոնտոս եւ Մարիմեանը ձերբակալելով Պոլիս կը ղրկեն։

Արփիար նախ կ’ուրանայ իրեն յանձնուած 2000 րուպլին. առանց գիտնալու թէ արդէն Գ. Արծրունիի նամակը կառավարութեան ձեռք անցած է։

Մարիմեան Պոլիս հասնելէն վերջ երբ Նազըմ Գ. Արծրունիի նամակը մէջտեղ կը հանէ եւ Մարիմեանի ներկայութեան կը կարդայ, այլեւս փոխուստի միջոցչի մնար եւ Արփիար կը խոստովանի։

Մարիմեանը առժամանակեայ կերպով Աքեա կ’աքսորեն, իսկ Արփիարը Պոլսոյ բանտը կը պահեն եւ 2000 րուպլին չգիտցուեցաւ թէ ինչպէս բաժնուեցաւ եւ կամ ո՞վ իւրացուց։

Արփիարի բանտարկութենէն քանի մը օր վերջ կը ձերբակալուի նաեւ Տօքթ. Յ. Թիրեաքեան եւ Տատեան Վահրամ պէյը ու Տօնապետեան Պետրոսը։ Տօնապետեան Պետրոս երբ Նազըմի եւ Հիւսնիի ներկայութեան գէշ կը խօսի Արփիարի մասին ի պատասխան իրեն եղած մէկ հարցումին, Նազըմ եւ Հիւսնին Տօնապետեանին կ’ըսեն.

Դուք գիտէք որ Արփիար կառավարութեան ծառայութիւն մը կ’ընէ անոր համար գէշ կը խօսիք անոր մասին։

Պոլիս մնացող կարգ մը բանտարկեալները երբ Ծնունդի առթիւ ներման արժանանալով ազատ կ’արձակուին, ինչպէս նաեւ Արփիարը որ ազատուելէն երկու օր վերջը ինքնաբերաբար մեղայագիր մը կը հրատարակէ իբր խմբագրական՝ Արեւելք օրաթերթին մէջ։

Գըլըճճեանի Աքեա Աքսորուելուն գլխաւոր պատճառն հետեւեալը կ’ըլլայ.

Գըլըճճեան ալ ինծի պէս (թէեւ ինքը ինձմէ աւելի զարգացեալ, իբր իրաւաբանական ուսանող) Նազըմի եւ Հիւսնիի ներկայութեան կ’սկսի ահագին կծու եւ նախատալից քննադատութիւններ ընել, ձաղկել եւ մատնանշել Նազըմի ու այլոց գործադրած զեղծումներն ու անիրաւութիւնները. վերջապէս ճակատաբաց կը յայտարարէ թէ օրուան կառավարութեան այդ ընթացքը Օսմ[անեան] կայսրութիւնը դէպի քայքայում կը տանի եւ քիչ ատենէն այդ պետութիւնը դէպի անդունդ պիտի գահավիժէ, եւն. եւն.. դատավարութեան միջոցին չեն կրնար բան մը ապացուցանել Գըլըճճեանի վրայ, որպէս զի դատարան իր վճիռն արձակէ։ Նազըմը իբր վրէժխնդրութիւն իր դէմ տեղացած նախատինքներուն, Գըլըճճեանը Աքեա կ’աքսորէ առժամանակեայ կերպով իբր բերդարգել։

Պոնտոսի կեդրոնի անդամները վտանգուելէն եւ փախչելէն ու Մարիմեան ալ ձերբակալուելէն վերջ, կուսակցութիւնը կ’որոշէ այլեւս Ժընէվի կեդրոն-խմբագրատունը Աթէնք փոխադրել, որպէս զի երկրին աւելի մօտ ըլլայ։

Կեդրոնը Աթէնք փոխադրուելէն վերջ այն առաւելութիւնը ու օգուտն ալ կ’ունենայ որ Պոլսոյ մէջ վտանգուած ընկերները՝ Մուրատը, Տամատեանը եւ այլն շատ դիւրութեամբ եւ անմիջապէս ինքզինքնին Աթէնք կը նետեն ու կ’ազատուին։

Մուրատ արդէն կեդրոն հասած էր եւ շատ անգամ կեդրոնէն ինծի գրուած նամակները Մուրատի ձեռագիրներն էին։

Ռուբէն Խան Ազատ ալ կեդրոն կը գտնուէր եւ կը թղթակցէինք։

Մարիմեանին եւ Գըլըճճեանին հետ Աքեա եկաւ նաւ Ն. Պալպալեան, իսկ Մարգար Մոմճեան Տրիպոլիս աքսորուեցաւ, ուր թոքախտէ բռնուելով մեռաւ։

Մարիմեանի, Գըլըճճեանի եւ իմ մէջ բնաւ տարբերութիւն չկար նիւթական տեսակէտով, իբրեւ ընկեր պէտք էր ապրէինք, իսկ Գըլըճճեանի սնունդին աւելի հոգ պէտք էր տանէինք, քանի որ հիւանդ էր։

Քանի մը օր Պոլսէն Աքեա հասաւ Միսաք Տաքէսեան որ Թիւթիւնճիէֆի ցուցմունքով ձերբակալուած էր։

Աքեայի ռուսական հիւպատոսին աները հազարապետ Ապտիւլ Լաթիֆ աղայի աներձագը սպաննած էր եւ 15 տարուան դատապարտուած էր. լսեցի որ դատաւարութիւնը բեկանելու ձեւով կ’ուզեն զինքը անպարտ արձակել, լանտո (կառք) մը ընդհ. դատախազի օգնականին. եւ 30 ոսկի հազարապետին կաշառք տալով»։ Այս լուրը բոլորովին անհաւատալի եւ զարմանալի թուեցաւ ինծի, որովհետեւ կ’մտածէի թէ ռուսական փոխ-հիւպատոսը անշուշտ պիտի փափաքի իր աները ազատել բանտէն, ասիկա շատ բնական էր։

Ընդհ. դատախազը կարող է եւ կարելի է մէկ կառքով կաշառուիլ, աս ալ լաւ, իսկ չէի կրնար այն մտքին հետ հաշտուիլ եւ հաւատալ թէ հազարապետը իր աներձագին կեանքը եւ արիւնը ծախէ 30 ոսկիի եւ ան ալ Քրիստոնեայի մը։ Ինծի այդ լուրը տուողը Արմենակն էր որ ա՜խ հառաչով մը կ’ըսէր. Երանի՜ թէ քու գործդ ալ այդպէս ըլլար։

Հիւպատոսին աներձագը Էլիաս մեր քովի սենեակը կ’պառկէր. վերջապէս օր մը առիթը ներկայացաւ եւ իրեն հետ տեսնուեցայ այդ խնդրոյն առթիւ։ Էլիաս լսածներս հաստատելէն վերջ ըսաւ.

Կարելի է քանի մը օրէն քեզ մնաս բարով ըսելով բանտէն դուր ելլեմ։

Զարմացական ձեւիս վրայ Էլիաս քմծիծաղ մը ունեցաւ եւ ուզեց հասկնալ թէ ո՞ր պարագան է որ ինծի զարմանալի եւ անհաւատալի կ’թուի։ Հազարապետին պարագան, ըսի.

Մեղադրելի չէք որ այդպէս կ’մտածէք, այլ շատ բնական եւ լուրջ է ձեր համոզումը. բայց ատիկա Աքեայի համար չէ. եթէ դրամ կայ, ամէն բան կայ, այսչափ։

Մտքիս մէջ ուրիշ բան մը ծագում առած էր, անոր համար կ’հետաքրքրուէի այս խնդրով. ուստի տեսնուեցայ մեր սենեակին մէջ գտնուող Պետրոս Հատատի եւ Էլիաս Ապիթի հետ երկուքն ալ մահուան դատապարտուած, եւ թրքերէն խօսիլ գիտէին, եւ իրենց երկուքին եզրակացութիւնները սա եղած էր, որ ըսին ինծի.

Ձերբակալուած յանցաւորին ինչպէս նաեւ դատախազներուն իսկոյն կը ներկայանան հազարապետին եւ ընդհ. դատախազին միջնորդները. երկուքէն մէկը (այսինքն թէ՛ դատախազը եւ թէ ոճրագործը) որ շատ դրամ ունի եւ կարող է պահանջուած գումարը վճարել կամ միջնորդներու հետ համաձայնիլ, կը շահի։ Իրաւունք եւ արդարութիւն դրամ ունեցողին կողմն է. սակայն թէ միւսը իրօք արդարութիւնը իր կողմն ըլլալով բնականաբար պիտի բողոքէ, բայց ի զո՜ւր, քանի որ դրամ չունի։ Մենք այս բաներ շատ տեսած ենք։ Քանի՜ քանի՜ բանտարկեալներ հազարապետին կաշառք տալով բանտէն փախած են աւասիկ թէ ի՞նչպէս։ Հազարապետը փոխ-տնօրէնին կը պատուիրէ որ այս ինչ բանտարկեալը շուկայ տանին, ինչ որ սովորութիւն է, բանտարկեալին հետ գացող ոստիկանը թող անուշադիր ըլլայ, երբ բանտարկեալը խոյս տայ. ոստիկան թող ոչ ընէ։ Պէտք էր կատարել հազարապետին հրամանը, մանաւանդ որ տնօրէնն ալ քիչ մը դրամ պիտի առնէր փախչող բանտարկեալէն։ Իսկ գործը վերջանալէ վերջը հազարապետը հրաման կ’ընէր բանտարկեալ ոստիկանը, բայց ոստիկանին ամսականը կը տրուէր։ Քանի մը ամիս վերջը ոստիկանը իր պաշտօնին գլուխն էր։ Իսկ եթէ փախչողին դատախազն աւելի ուժով մէկն էր, հակառակ պարագային փախցնող ոստիկանը պաշտօնազուրկ կ’ընէր, քանի մը ամիս ձեռքի տակէ անոր ամսականը տալով եւ յետոյ նորէն ոստիկան կ’գրէր, ինչպէս Ապու Խալիլ։ Էլիասի հետ ունեցած տեսակցութենէս հազիւ քսան օր վերջ, Էլիաս մեր սենեակին դրան առաջ եկաւ ու ձեռքս թօթուեց ու «մնաս բարով» ըսելով գնաց, 15 տարուան փոխարէն 18 ամիս բանտը մնալով։ Էլիաս այլ եւս ազատ էր։ Երկու օր վերջ հազարապետին թուղթ մը ղրկեցի իբր աղերսագիր որով կ’ուզէի իր ներկայութեան երթալ։

Նաթուրեան դերձակ ըլլալով հազարապետի սենեակին մէկ կողմը նստած, հազարապետին համար կար կարելու պատրաստութիւններ կ’տեսնէր։ Երբ հազարապետին սենեակը մտնելոս տեսաւ, կարծեց թէ ո՛ր եւ իցէ յանցանքի մը համար բանտի տնօրէնը զիս հազարապետին տարած էր, հազարապետը որպիսութիւնս հարցուց։ Շնորհակալութիւնս յայտնելէ վերջ ըսի, կ’ուզեմ առանձին տեսնուիլ ձեզ հետ. իսկոյն հրամայեց տնօրէնին եւ Նաթուրեանին դուրս ելլել եւ մեզ առանձին թողուլ։

Մոռցայ ժամանակին յիշելու պարագայ մը որ բաւական հետաքրքրական էր։ Աքեա հասնելնուս երկրորդ օրն երբ հազարապետ հրամատարը եւ ընդհ. դատախազը բանտ եկան Պոլսէն եկող նորեկ բանտարկեալներուն շղթաները փոխելու, հազարապետն ամէն մէկ բանտարկեալին կ’հարցնէր իր արհեստը։ Ի հարկէ ես այդ օրը այնչափ չհետաքրքրուեցայ այդ խնդրով, բայց վերջէն հասկցայ որ հազարապետին այդ հարցումն իր որոշ պատճառն ունէր։

Հազարապետը կ’փնտռէր իրեն պէտք ըլլալիք արհեստաւորը, այսինքն կօշկակար, դերձակ, սափրիչ եւայլն, որպէս զի իրեն պէտք եղած մուճակն ու հագուստները ձրի կերպով բանտարկեալներուն շինել տար եւ ձրիաբար ածիլուէր։

Նաթուրեան արհեստով դերձակ ըլլալուն համար միշտ իր սենեակին մէկ բաժանման մէջ կ’պահէր հազարապետը, եւ իր հագուստները ձրիաբար Նաթուրեանին կարել կամ շինել կուտար. ահա այս պատճառաւ էր որ Նաթուրեան հազարապետին քով կ’գտնուէր։

Հազարապետին ըսի.

Ես հիմա չպիտի փաստեմ թէ այս խնդրոյն մէջ ո՛րչափ մեղաւոր ու անմեղ եմ. դուք ինձմէ շատ լաւ գիտէք զինուորական ատեաններուն սովորութիւնն. ես ինչ որ ըրած եմ անիկա Պոլիս մնաց։ Զիս հոս ղրկեցին մեռնելու համար. ո՛չ թէ ապրելու. ենթադրենք թէ նոյն իսկ ծովուն վրայ եւ հոս հասնելէս վերջ մինչեւ հիմա մեռած ըլլայի։ Ես լաւ գիտեմ որ Պոլիս ինձմով բնաւ չպիտի հետաքրքրուէր, բայց ես լսած եմ որ ինծի համակրած էք սկիզբէն, որուն համար շնորհակալութիւնս կ’յայտնեմ. իսկ ինչ որ զիս հետաքրքրած է, այն է որ դուք շատ գթասիր մէկն ըլլալով կ’աւիք եղեր որ այս չարչարանքները կ’կրեմ։ Վերջապէս, ձեր սիրտն ու խիղճն հանդարտեցնելու համար կտրուկ եւ կարճ միջոց մը խորհած եմ, միջոց մը որ ձեզ նման ազնիւներուն խղճին վրայ ծանրացած բեռը կ’թեթեւցնէ, եւ արդէն փափաքնիդ է՝ որ միշտ մարդիկ ապրին ոչ թէ մեռնին չարաչար կերպով։ Ուստի եկած եմ դէպի ձեզ ունեցած յարգանքիս ապացոյցը տալու առաջարկելով որ զիս ազատ թողնելու փափաքնիդ շուտով կատարէք եւ ձեզմէ իմանալու թէ այդ գործողութեան համար որչա՞փ դրամ պէտք է որպէս զի վճարեմ, ահա այս է առաջարկս։

Նկատեցի որ դրամին անունը նշմարելի կերպով սարսեց հազարապետին ջիղերը։

Ըսածնիդ շիտակ է։ Շատ կը ցաւիմ ձեր վրայ, բայց չեմ կրնար բան մը ընել. որովհետեւ Պոլսէն ձեր մասին եկած հեռագիրներ եւ հրահանգներ սոսկալի են. եթէ այդ հրահանգներուն անսայի, ձեզի արեւու երես տեսնել չպիտի տայի. բայց կը տեսնէք թէ ի՛նչպէս կը վարուիմ։ Դժուար է առաջարկնիդ եւ թէ անկարելի։

Քիչ ատենուան մէջ ձեր բարեսրտութիւնը ճանչցայ, արդեօք ո՞րչափ դրամ պէտք է, ըսի։

Ո՞րչափ դրամ ունիս քովդ, ըսաւ։

Քովս շատ դրամ չունիմ, երբ հասկնամ որչափ պէտք ըլլալը շուտով բերել կուտամ։

Է՜հ, եթէ երբէք համաձայնած ըլլայինք. 50-60 ֆրանսական ոսկի պէտք էր, ըսաւ։

Այլ եւս համաձայնելու խնդիրը վերջացած է կարծեմ, կը լսեմ որ հոս ամենանշանաւոր վաճառականը, Իպրահիմ Խուրի էֆէնտին է, ձեր հրամանով դրամները անոր քով կը ձգեմ եւ ես Աքեայէն երթալէս վերջ դուք կ’առնէք, բայց կը մտածեմ որ այդչափ դրամ չպիտի կրնամ բերել տալ, եւ շատ ըլլալը դուք ալ գիտէք։

Հապա ո՞րչափ, ըսաւ։

Երեսունի չափ կրնամ բերել տալ։

Է՛հ, այդ ալ շատ քիչ է։

Հոգ չէ, թող 40 ըլլայ։

Ե՞րբ նամակ պիտի գրես։

Նոյն իսկ վաղը։

Նամակդ գրէ, թող թող դրամները գան. ինչպէս ըսի շատ դժուար է, բայց քան որ անգամ մը համակրած եմ ձեզի, կ’աշխատիմ յաջողցնել, մանաւանդ որ փոքրիկ զաւակներուդ եւ ընտանիքիդ նեցուկը դուն ես. այս բարիքն ալ քեզի ընեմ։

Շնորհակալ եմ, ըսի։ Երբ կը մեկնէի, հազարապետն ըսաւ.

Պէտք է նամակիդ մէջ գրես թէ բանտին մէջ կ’ուզես առեւտրական գործ մ’ընել, անոր համար է որ դրամ կ’ուզես։

Բնականաբար այդպէս պիտի գրեմ եւ վաղը պիտի տեսնես գրած նամակս։

Տնօրէնը կանչեց պատուիրեց որ մեծ շղթաս հանեն եւ թեթեւ բան մը դնեն։

Տնօրէնը կարծեց թէ շղթայի մասին էր որ այդչափ կը խօսէինք. երբ բանտին բակը մտանք, տնօրէնը իսկոյն հրամայեց որ շղթաս հանեն հազարապետին հրամանով։ Բանտարկեալներուն հետաքրքրութեան վերջն եկած էր. կարծելով թէ շղթային համար հազարապետին գացած եմ։ Ուրախ էի որ դժոխքէն կ’ազատէի։ Արդէն գաղտնի նամակս գրած եւ բանտի վիճակը մանրամասն նկարագրած էի։

Իսկոյն նամակ մը գրեցի եւ խնդիրը պարզելով՝ 40 ֆրանս. ոսկի ուզեցի եւ ստիպողական կերպով պահանջեցի որ շուտով ղրկեն։ Իսկ ձեւակերպութեան համար թրքերէն նամակ մը գրել տուի եւ հազարապետին ղրկեցի հազարապետը նամակս կարդալէն վերջ Խալիլին պատուիրած էր շուտով բօսթան տանիլ։ Հազարապետին եւ իմ միջեւ այսպէս քիչ օրէն յառաջ եկած բարեկամութիւնը զարմացուցած էր Խալիլը։

Թերթերու մէջ կարդացի, որ Խրիմեան Երուսաղէմ ուխտի կ’երթայ։ Անհաւատալի թուեցաւ ինծի եւ կառավարական խաղ մը նկատեցի։ Իսկոյն նամակ մը գրելով ուզեցի իրողութիւնն իմանալ. մի գուցէ զինքը Երուսաղէմ աքսոր ղրկած են, մտածեցի։

Հայրիկը կը գրէր. «Ինչ որ կարծես այն է աքսորուած եմ. մինչեւ ե՛րբ հոս մնալս յայտնի չէ. ըրածդ մեծ յանդգնութիւն էր. չեմ յուսար որ յուսահատիս. այդ բանտին գէշութիւնը եւ չարչարանքները նկատի ունենալով կը յուսամ թէ պիտի կրնաս տոկալ. գիտեմ նաեւ որ շատ դրամ չունիս քովդ. ես ալ շատ չունիմ. այս անգամ քեզի հինգ ոսկի կը ղրկեմ Պէրութի վանքին տեսուչին միջոցաւ. երբ պէտք ունենաս նորէն գրէ»։

Ինչ որ կը կասկածէի ճիշտ էր։ Նիւթականիս մասին բան մը չէի գրած, այլ գրած էի թէ պատմուածին պէս հոս բանտ չէ, այլ դժոխք. ինչ որ ալ ըլլայ չպիտի յուսահատիմ։

Րումէլիէն 18 հոգի իսլամ Ալպանացի Առնաւուտներ ղրկած էին Աքեա, որոնց մէջ կը գտնուէին 5 հոգի ցկեանս եւ մահուան դատապարտուածներ, իսկ միւսները՝ 15 տարուան։ Նորեկներուն մէջ կը գտնուէին 2-3 հոգի խելքը գլուխը մարդիկ, իսկ միւսները բառին բովանդակ նշանակութեամբ Քրիստոնէից թշնամի։ Աքեա հասնելէ քանի մը օր վերջը իրենց գոյնը դուրս տուին եւ բացարձակապէս սկսան քրիստոնեայ բանտարկեալներուն հակառակ վարուիլ։ Արմենակ խնդիրն ինծի պարզեց եւ ես իրեն խոստացայ պէտք եղածն ըսել անոնց ընկերներէն Ահմէտ աղային եւ ստիպել որ. Ահմէտ աղա պէտք եղած կերպով իր ազդեցութիւնն ի գործ դնէ եւ հակառակ պարագային սաստէ, որպէս զի ապագային գէշ հետեւանք չունենայ իրենց ընթացքը։ Ահմէտ աղա խոստացաւ եւ պէտք եղածն ըսած էր իրենց։

Արմենակին եւ Պետրոս Հատատին շատ գէշ կ’ազդէր այդ լեռնցիներուն ընթացքն եւ չէին հանդուրժեր իրենց ականջով լսել դէպի քրիստոնէից ուղղուած նախատինքները։ Բնականաբար ինծի ալ գէշ պիտի ազդէր եւ ներքնապէս կ’ազդուէի, բայց իմ նպատակս էր զուր տեղը արիւն չթափել եւ չարչարանաց չենթարկուիլ. կ’ուզէի որ ժամանակ անցնի եւ անոնք համոզուին թէ՝ Աքեա չի նմանիր Ալպանիոյ լեռներուն եւ սկսէին լեզունին իրենց քաշել եւ բանտարկեալներուն հետ լաւ վարուիլ։ Անցաւ քանի մը օր եւս, Արմենակ եւ Պետրոս յայտնեցին ինձ թէ ես կ’սխալիմ այդպէս մտածելով. անոնց անպատճառ դաս մը տալու է, որպէս զի հասկնան թէ քրիստոնէից հակառակիլն եւ հայհոյելն ի՜նչ կը նշանակէ։ Նորէն Ահմէտ աղային եւ ուրիշ մէկ երկուքին խօսեցայ այդ մասին եւ կտրուկ կերպով իրենց ըսի որ եթէ իրենց այդ հակառակութիւնը շարունակեն հետեւանքը շատ գէշ պիտի ըլլայ. քանի որ հոս բանտարկուած ենք իբր բախտակից պէտք է իրարու հետ հաշտ ապրինք, կրօնքի եւ ազգութեան դէմ հայհոյելը շատ տգեղ բաներ են եւ չի վայելեր։ Առնաւուտները կարծելով թէ մերինները վախնան իրենցմէ, եւ այդ պատճառաւ է որ ես կը միջամտեմ, կը սկսին աւելի յառաջ երթալ իրենց ընթացքին մէջ։ Մերիններն արդէն վաղուց պատրաստուած էին, առիթի մը կը սպասէին եւ կ’ուզէին պատրուակ մը ստեղծել։

Պայրամը Արմենակի անկողինին առջեւէն անցած միջոցին խոժոռ դէմքով մը գլուխ երերցնելով Արմենակին կ’հայհոյէ ու կ’անցնի կ’երթայ դէպի ճէմիշ. վերադարձին Արմենակը Պայրամին քանի մը շառաչուն ապտակ մը իջեցնելով Պայրամը գետին կը գլտորէ։

Ցերեկուան ժամ միջոցները մեծ սենեակին դրան առջեւ կեցող պահապանը յանկարծ բացագանչութեամբ դէպի տնօրէն վազեց «Տօշի» [2] կայ ըսելով. իսկոյն մեծ սենեակին դրան առջեւ խռնուեցանք. կռիւը սոսկալի էր. դաշոյնները, հողէ կրակարաններն եւ ջուրի սափորներն ելեւէջ կ’ընէին։ 140ի չափ բանտարկեալներն իրար խառնուած էին մինչեւ որ դուրս գտնուած ոստիկանները իրենց փայտեր առած փոխտնօրէնին հետ սենեակին դրան առջեւ հասան, արդէն արիւններն հոսիլ սկսած էին։ Փոխ-տնօրէնին բացագանչութիւնն ազդեցութիւն մը չըրաւ. կռուարարներն իրարմէ չէին զատուեր։ Զինուորական փողը հնչած է, զինուորները զէնքի գլուխ անցած էին եւ դրօշակը պարզուած ու ժողովուրդը «Լիման»ը պաշարած էր։

Տնօրէնը ստիպուեցաւ սպառնալ, եւ ըսաւ որ եթէ կռիւին վերջ չտան, զիրենք հրացանի բռնել պիտի տայ։

Վերջապէս սենեակին դուռը բացուեցաւ եւ սկսան մէկիկ մէկիկ դուրս հանել։ Տեսարանը սոսկալի էր։ Բանտարկեալներուն մէջէն 20 հոգիի չափ արիւնաշաղախ եղած էին, իսկ երեսունէն աւելին ալ թեթեւ կերպով վիրաւորուած։ Դուրսի բակին մէջ կարգաւ շարած էին վիրաւորեալները, իսկ ծանր վիրաւորեալները արդէն գետինը պառկեցուցած էին։ Իսկոյն բժիշկներ եկան եւ սկսան վէրքերը կապել եւ դարմանել։ Պայրամին եւ ուրիշ երկուքին վէրքերը շատ ծանր եւ վտանգաւոր էին. այնպէս որ պատգարակի վրայ դնելով դուրսի հիւանդանոցը տարին։

Յաղթութիւնը Արմենակի եւ Պետրոսի կողմն էր, որովհետեւ իրենց վեց ընկերներով 80ի չափ Առնաւուտներու, Թուրքերու եւ Արաբներու դէմ կռուած էին, եւ թէ իրենց վէրքերը այնչափ ծանր չէին. որովհետեւ շատ ճարպիկ շարժած էին. իրենց դանակներով միւսները վիրաւորուած էին եւ իրենք անոնց դանակներէն այնչափ շատ վիրաւուուած չէին։

Արմենակի, Պետրոսի, Էլիասի եւ Իպրահիմ կատուայի շղթաները մեծցուցին. ինչպէս նաեւ Առնաուտներէն երեքինը։ Մերինները յանցաւոր նկատուեցան, քանի որ միւսներէն 40 հատի չափ վիրաւորուած էին. թէեւ Առնաուտներէն Պայրամն էր պատճառ տուողը, բայց պարտուողներն անոնք եղած էին։

Մերինները հազիւ թէ 20 օրի չափ կրեցին այդ ծանր ու մեծ շղթաները. բարեխօսեցի, փոխեցին, եւ նորէն սովորական շղթաները ոտերնին անցուցին։ Տնօրէնը եւ փոխ-տնօրէնը մեզի կը պատմէին թէ այս տեսակ մեծ կռիւ գրեթէ ունեցած չէր այս «Լիման»ին մէջ։ Կռիւը այն բարերար ազդեցութիւնն ունեցաւ որ այդ Առնաուտներն այլ եւս գլուխնին ծռեցին կատու դարձան եւ սկսան սիրով ապրիլ Քրիստոնեաներուն հետ։ Հազիւ թէ ամիսը լրացած էր ամբողջ կռուարարները գրեթէ հաշտուած էին իրարու հետ։

Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյն հետ թղթակցելու համար այն տեսակ ապահով հասցէներ եւ գաղտնի բանալիներ գտած էինք որ նամակը գրելու ժամանակ մեր հոգը չէր բնաւ եւ չէինք մտածեր իսկ թէ մի գուցէ ձեռք անցնի նամակնիս։ Եթէ երբէք ձեռք անցնէր նամակնիս, կրկին գրելու ձանձրութիւն մը պիտի ունենայինք ուրիշ ոչինչ. մնացեալը ամէն վտանգէ բոլորովին զերծ էր, եւ բնաւ վախ մը չունէինք թէ նամակին պարունակած գաղտնիքը կրնայ երեւան ելլել։ Ինչպէս կ’երեւէր Վարիչ Մարմինը շատ զբաղած ըլլալով ինծի հետ թղթակցելու գործը յանձնած էր Ամպարճեանին։ Օրին մէկը Ամպարճեան իր նամակով հետեւեալ ցաւալի լուրը կուտար ինծի, գրեթէ մանրամասն նկարագրելով տեղի ունեցած դէպքը ու կ’ըսէր.

«Արդէն Յուլիս 15ի ցոյցն ու մանաւանդ ձեր ձերբակալուիլը ահագին ոգեւորութիւն յառաջ բերաւ ժողովուրդին մէջ ու գիշեր ցորեկ անթիւ ու անհամար դիմումներ կ’ըլլային ինքզինքնին Հնչակեան արձանագրել տալու համար. որոշուած երդումի եւ ուխտի ձեւակերպութիւնները շատ խիստ ու անաչառ կերպով կ’գործադրուին, որով օր ըստ օրէ մեր շարքերը կը խտանան։ Անհատին մէկը փափաքած էր Վարիչ Մարմնոյն անդամներէն մէկը տեսնել. մարդը ինքնին տարօրինակ թուեցաւ մեզ՝ իր առաջարկով, որ ըսաւ.

«Ես շատ մեծ ծառայութիւն մ’ընելու պատրաստ եմ ձեր կուսակցութեան, պայմանաւ սակայն, եթէ Խրիմեան Հայրիկ ինձ արտօնէ ընելու. առանց անոր հրամանին բան մը չպիտի ընեմ»։

Մարդուն անունը Աւետիս էր. ինքը պարկեշտ մէկը կ’երեւար. իր առաջարկով մենք այն Եզրակացութեան կ’յանգէինք թէ՝ ինքը մեր վրայ վստահութիւն չունի։ Մենք առանց վիրաւորուելու. հետաքրքրութիւննիս գոհացնելու նպատակաւ զինքը Հայրիկին ներկայացուցինք. այսինքն դեռ Հայրիկը Երուսաղէմ չաքսորուած հոն Խրիմեանի ներկայութեան ալ շատ տարօրինակ վարուեցաւ եւ ըսաւ.

«Հայրի՛կ, ես Հնչակեան կուսակցութեան միջոցաւ կ’ուզեմ մեծ ծառայութիւն մ’ընել Ազգին. եթէ զիս պիտի օրհնես եւ արտօնես, պիտի ընեմ. եթէ ոչ չպիտի ընեմ եւ ըրածիս փոխարեն վարձք ալ չեմ ուզեր»։

Աւետիսի սոյն խօսքերը շատ տարօրինակ թուեցան Հայրիկին ալ. Խրիմեան նստած տեղը ինքզինքին գալով եւ ուշադրութիւնը դէպի Աւետիս դարձնելով, ժպտուն դէմքով մը ըսաւ.

Կ’օրհնեմ զքեզ եւ կ’արտօնեմ, ըսէ տեսնեմ, ի՞նչ պիտի ընես։

Աւետիս Հայրիկի աջը կրկին համբուրելէ վերջ ըսաւ.

«Ես այնպիսի ռումբեր կրնամ պատրաստել եւ այնպիսի գօտիներ կրնամ շինել, որոնց նման դեռ մինչեւ հիմա տեսնուած չէ եւ թերեւս ասկից վերջ ալ մէկը չկրնայ այդ տեսակ բաներ պատրաստել։ Եթէ Հնչակեան Կուսակցութիւնը պէտք ունի այդ ռումբերուն եւ գօտիներուն, ես պատրաստ եմ շինելու»։

Հայրիկը այդ գործին որոշումը տալը յանձնեց Վարիչ Մարմնոյն եւ մեկնեցանք։ Աւետիս գործի սկսաւ. իբր նմոյշ մէկ ռումբ եւ գօտի մը պատրաստեց. օր մը Մաքրիգիւղի կողմէն դաշտ գացինք եւ շատ հեռու վայրի մը մէջ փորձեցինք. ինքնին հրաշալի էր. ուժանակէն քիչ պակաս ուժ ունէր. իսկ գօտին հիանալլի էր։ Պարզ մէջք կապելիք գօտի մ’էր եւ անոր վրայ կ’շարուէին 10-40 հատ պատրաստուած մասնաւոր փամփուշտներ. այդ գօտին վրան ունեցողը իսկոյն բաճկոնակը վեր առնելով եւ զսպանակին կոխլեուն պէս փամփուշտներուն կրակ կուտար եւ ուզածին չափ գնդակ կ’արձակէր գրեթէ 50-60 քայլ հեռաւորութեան վրայ։ Փորձը կատարուելէն վերջ՝ Աւետիս սկսաւ պատրաստել, քանի որ մեզ համար դժուար չէր քիմիական եւ այլ նիւթեր ձեռք բերել։ Ռումբերը պատրաստելէն վերջ կազի թիթեղներու մէջ կ’դրուէին եւ կ’պահուէին Վարիչ Մարմինը Աւետիսի այս հրաշալիքը ձեռք անցուցելէ վերջ որոշեց մեծ ցոյց մը ընել, այն է որոշեալ ժամու մը օդը հանել կառավարական քանի մը շէնքերը։ Կրնաս երեւեկայել թէ, երբ որոշեալ ժամու մը կառավարական շէնքերը օդը կ’հանուին եւ մերինները այդ գօտիները կ’գործածեն իրենց վրայ խուժողներուն դէմ, եւ երբ Պոլսոյ ամէն կողմը աւեր կ’տարածուի, այլ եւս անկից վերջ ի՛նչ տեսակ ահ ու սարսափ յառաջ կուգայ. եւ ահա ասոր համար էր որ Մուրատ դեռ Պոլսոյ բանտը գտնուած միջոցիդ քեզի գրած էր. «Փառաւոր հարսնիք մը տեղի պիտի ունենայ, երանի՜ թէ ներկայ ըլլայիր այդ հասնիքին»։

Բնական է որ այդ տեսակ գաղտնի գործերը շուտով չեն կատարուիր։ Հետզհետէ կ’պատրաստուէին եւ թիթեղներու մէջ դրուելով եւ որոշեալ տեղ մը փոսին մեջ կ’թաղուէին ու կ’պահուէին։ Մինչեւ Սպարապետութեան դռնէն մեզի ղրկած ձեր երկտողը, ի հարկէ մենք չէինք կրնար կասկածիլ թէ Մամբրէ Վ[ա]րդ[ապետ] մատնիչ մը կամ դաւաճան մը կրնայ ըլլալ, եւ Մամբրէն իբր ընկեր կրնար քիչ շատ մեր գաղտնիքներուն տեղեակ ըլլալ, ինչպէս որ տեղեակ էր նաեւ ռումբերու եւ գօտիներու խնդրոյն։ Սպարապետութեան Դռնէն ձեր ղրկած երկտողը ստանալնուս պէս անմիջապէս Աշըգեան, Տաճատ, Մամբրէ, Սուքիաս, Խաչիկ եւ Լուսարար Յովհաննէսը տէռօրի ենթարկուելու որոշում միաձայնութեամբ տուինք եւ իսկոյն գործադրելու համար տէռօրներն յատկացուցինք։ Խաչիկի տէռօրը գործադրողն որ 18 տարեկան Արմենակն է տեղն ի տեղը վայրկենական կերպով յօշոտեց փաստաբան Խաչիկը եւ Տաճատի գործողությունը ձախողեցաւ որով գնդակները վրիպեցան միայն թեւէն վիրաւորելով։ Վարիչ Մարմինը տէռօրը արդէն որոշած էր եւ պէտք էր անպայման վաղ թէ անագան գործադրուէին այդ որոշուները։ Երկտողդ աւելի սարսուռ ազդեց մեզի. Մամբրէի մասին, որովհետեւ Մամբրէն էր որ մեր այդ գաղտնիքները գիտէր, ուրեմն պէտք էր օր առաջ անոր կեանքը մէջտեղէն վերցնել։ Մամբրէ գիտնալով իր գլխուն գալիքն եւ նկատելով որ դու այլ եւս ի վիճակի ես մեզի իմացնելու թէ՝ ձեզ մատնողներէն մէկն ալ ինք է, բնականաբար շատ զգոյշ պիտի մնար, եւ արդէն երբ տեսաւ որ արտօնուած ես այցելութիւններ ընդունելու բանտին մէջ, Մամբրէն ինքնաբերաբար իր յարաբերութիւնները դադրեցուց մեզ հետ եւ միշտ խոյս տուաւ մեզմէ։ Չէ՞ մի որ իրեն համար ահագին տէռօրներ յատկացուցած էինք որոնք գիշեր ցորեկ զինքը կը հետապնդէին ու կը լրտեսէին։ Շատ հաւաստի աղբիւրէ մեզի լուր տրուեցաւ թէ ինքը արդէն պաշտօնապէս լրտես արձանագրուած է ոստիկանութեան նախարար Նազըմի քովը։

Մամբրէն բոլոր գալիքը գուշակելով գրեթէ անձեռնմխելի դարձած էր. քանի քանի անգամներ փորձուեցաւ նորէն անյաջող, Մամբրէն այլ եւս ձեռք չէր անցներ. վերջի պարագային այնպիսի միջոց մը գտանք որ գրեթէ իր եւ Նազըմի գործելակերպէն տեղեկութիւններ մեզ կը հասնէր։

Նազըմ որ արդէն կառավարութեան եւ պետութեան օգտակար ըլլալէ աւելի կը խորհէր եւ կը ջանար հրապարակի վրայ երեւնալ, դիրք շինել, աստիճան ձեռք բերել եւ հռչակ հանել, շատ բնական էր որ դիւրութեամբ Մամբրէի օձիքը թող չպիտի տար, պիտի շոյէր, կաշառէր եւ շլացնէր. որպէս զի Հայերուս անունով ինքը Նազլըմ իր երազներն իրականացած տեսնէր օր մը։ Վերջա՜պէս ո՞վ գիտէ ի՜նչ մեծ խոստումներու եւ վարձատրութեան փոխարէն Մամբրէն կը յօժարի ռումբերուն թաղուած տեղն եւ ապագայ գործադրուելիք ծրագիրնիս Նազըմին յայտնել մանրամասնաբար եւ նոյն իսկ չափազանցութեամբ։

Նազըմ՝ Մամբրէն այդ լուրը առնելուն պէս, իսկոյն հռչակաւոր Հիւսնի Գոմիսէրը կը կանչէ եւ պէտք եղած կերպով հրահանգները տալէ վերջ, կը հրամայէ անմիջապէս խուզարկել Մամբրէի ցոյց տուած տունը եւ արդիւնքը շուտով հեռագրել իրեն Եըլտըզ. իսկ Նազըմ իսկոյն պալատ կ’երթայ եւ եղելութիւնը կը պատմէ բռնապետ Համիտին։ Այլ եւս հարկ չկայ ըսելու թէ Համիտ այդ լուրն առնելէ վերջ ի՛նչ խոստացած է եւ կամ մտադրած է Նազըմի համար, որով վայրկեանէ վայրկեան կը սպասեն եղեր Հիւսնիի հեռագրին, բայց հառեգիրը կ’ուշանայ, Նազըմ կը կատղի, բայց ի՞նչ օգուտ, ստիպուած էր համբերել։ Մենք արդէն գիտէինք որ օրին մէկը դառն իրականութեան մը հանդէպ պիտի գտնուինք։ Քանի որ այդչափ ահագին բաներն ուրիշ տեղ մը փոխադրել ոչ անկարելի, այլ եւ վտանգաւոր էր, կարելի եղածին չափ միջոցներ ձեռք առած էին գոնէ քիչ եւ կամ թեթեւ վնաս մը կրել։ Հիւսնին իր հետն առնելով պէտք եղած ոստիկանները, գործաւորներն եւ բահ ու բրիչներ եւ նոյն իսկ փոխադրութեան համար կառքեր, ուղղակի Գումգաբու կ’երթայ եւ դուռնէն ներս կը մտնէ եւ սենեակի յատակը քակելու հրաման կ’ընէ գործաւորներուն։ Այնչափ լաւ եւ զգուշութեամբ թաղուած էր թիթեղներն որ, սկիզբէն յուսահատութիւն կը պատճառեն Հիւսնիին եւ կ’եզրակացնէ թէ սխալ մը եւ խաբեբայութիւն մը կայ գործին մէջ, որով յուսահատուած կը մեկնի եղածը Նազըմին հեռագրելու համար։

Համիտ եւ Նազըմ, որ վայրկեանէ վայրկեան ուրախ լուր մը առնելու կ’սպասէին, երբ Հիւսնիի հեռագիրը կ’ստանան. այլեւս Համիտ կ’սկսի փրփրիլ, եւ շատ իրաւամբ իր բարկութիւնը Նազըմին վրայ թափելով, կ’ըսէ.

Կատա՞կ ընելու եկար, ես քեզի կը սովրեցնեմ։ Եւ սոսկալի կերպով կը կշտամբէ Նազըմը։

Նազըմ այլեւս շլմորած Համիտի կշտամբանքներէն, ապագայ գալիք ցասումներէն խելացնոր՝ ինքզինք կառքին մէջ նետելով. ուղղակի Ոստիկանութեան Դուռը կուգայ։ Հոն արդէն վատ Մամբրէն կ’սպասէր իրեն խոստացուած ապագայ վարձատրութեան։ Նազըմ փրփրած ու կատղած՝ Մամբրէին վրայ կը յարձակի շառաչուն ապտակ մը կ’իջեցնէ երեսին զինքն սպաննելու սպառնալիքով, եթէ երբեք խնդիրն երեւան չհանէ. եւ իսկոյն Հիւսնին բերել կուտայ՝ բերանացի կերպով լսելու եղածները։

Մամբրէ կը կակազէ թէ մի գուցէ ուրիշ տեղ փոխադրած են. այս միջոցին Նազըմ դարձեալ շառաչուն ապտակով մը կ’ըսէ.

Քանի որ վստահ չէիր, ինչո՞ւ խաբեցիր. Սուլթանին ի՞նչ ըսեմ, ի՞նչպէս համոզեմ։

Հիւսնի այդ միջոցին գաղափար մը կը յղանայ եւ կ’ստիպէ Մամբրէն որ պատրաստողներուն եւ գլխաւորներուն անունները տայ։ Եւ որովհետեւ Մամբրէ լրտես արձանագրուելէն ետքը չէր գիտեր թէ Վարիչ Մարմինին մնացեալ անդամներն ուր կը բնակէին, եւ թէ ինքը համոզուած էր որ եթէ երբեք Վարիչ Մարմնոյ անդամներն յաջողէր իսկ ձեռք ձգելու, անոնք իրենց արեան գնով ալ ըլլար բան մը չպիտի խոստովանէին, այս պատճառաւ էր որ Հիւսնիին շատ ուշ մնացած ծրագրին յղացումն ու գործադրութիւնը կուտ մը չէր արժած։

Նազըմ նկատելով, այս ձախորդութեան վախճանը ուրիշ բան պիտի չկրնար ըլլալ այլ մինչեւ այն օրը ունեցածն ալ վրայ պիտի տար, եւ թէ ո՛վ գիտէ իրեն համար ինչե՜ր պահուած էին բռնապետին կողմէ, արհաւիրքի եւ թերեւս մահուան այդ հեռանկարը զինքը կ’ստիպէ ճարահատեալ՝ անգամ մ’ալ ինք անձամբ երթալ եւ տեսնել ցոյց տրուած սենեակը։

Նազըմ յուսահատական ճիգ մ’ալ ի գործ կը դնէ, կէս մէդրէն աւելի եւս փորել կուտայ եւ կրկին երկաթէ շամբուրներով կը փորձէ. ահա յանկարծ գործաւորին մէկը կը բացագանչէ.

«Շամբուրը քանի մը նման կարծր բանի մը կը հանդիպի»։ Ճիշդ էր, գտած էին։ Մէկ ժամ վերջ թիթեղները զգուշութեամբ կառքերուն մէջ կը փոխադրուէին։

Վատ Մամբրէն եւ Նազըմը իրենց նպատակին հասած էին, իսկ մեր սոսկալի աշխատութիւններն օդն ելած էին եւ կազմած ծրագիրնիս ոչնչացած էր այլեւս։ Ահա քանի մը օր առաջ այս ցաւալի իրականութեան հանդէպ գտնուեցանք։ Թէեւ ցաւալի, բայց մի՛ կարծեր թէ մենք պիտի վհատինք եւ կրկին պիտի չգործենք. իսկ գալով վատ Մամբրէին որ մեր այդ հրաշալի ծրագիրը փճացուց, անոր կեանքն ալ պիտի փճանայ քիչ ատենէն եւ այդ ուրախալի լուրը պիտի տամ ձեզ»։

* * *

Ամպարճեանի սոյն նամակը կարդացած եւ դեռ չը վերջացուցած արդէն սկսած էի ամբողջ մարմնովս դողալ եւ թէ աչքերէս սկսած էր արտասուք վազիլ, արտասուքներս աղէտն դարմանելու չպիտի ծառայէին. իսկ խանութիս մէջ աթոռիս քամուած կը մտածէի եւ Մամբրէի մասին ըրած ենթադրութիւններս ճիշտ կը գտնէի։

Մամբրէն մեզի ծանօթանալէն վերջ շատ հետաքրքրական վարմունքմը ունէր. ըսել է իր նպատակն էր մեր ամէն ներքին գաղտնիքները իմանալ։

Մամբրէն ուզած էր մեր եւ Չաքրեաններու մէջ միջնորդ ըլլալ մեզի միանալու համար. ինքը այդ բանը խնդրած է մեզմէ եւ մենք արգելք եղած չէինք։ Վերջապէս օր մը իր միջնորդի գերելով մեզի կը հրաւիրէր գոնէ երկու ընկերներ ղրկել որ Չաքրեաններու մէկ ժողովին ներկայ գտնուինք եւ բանակցինք, Չաքրեանները այն ատենը «Արմենական» անուն առած էին իրենց վրայ։

Ընկերները առաջարկեցին որ Մուրատ եւ ես երթանք Չաքրեաններու ժողովին. ես եւ Մուրատը երբ մերժեցինք այն ատեն որոշուեցաւ Տամատեան եւ Ղազանճեան ղրկել։

Դեռ ժողովի չսկսած Մամբրէն որ սեղանին գլուխ նստած կ’ըլլայ երկու գրպաններէն մէկ մէկ ատրճանակ հանելով սեղանին վրայ կը դնէ եւ կ’ըսէ. «դաւաճաններուն վրէժխնդիր ասոնք պիտի ըլլան»։

Մեր ընկեր Գազանճեան կ’ըսէ. վարդապետ ես քեզմէ կը վախնամ եւ քոյ վրայ կը կասկածիմ։

Մամբրէն խնդիրը կատակի կը փոխէ։

Չաքրեանները բնաւ չէին ուզեր որ մենք ցոյց ընենք պատճառ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ նախանձիլ։

Յուլիս 14ի շաբաթ երեկոյ ես շատ զարմացայ թէ Մամբրէն ի՞նչպէս կարողացած էր մրգավաճառներու (եէմիշճիներու) մէջ գտնալ թաքստոցս որ Մուրատի եւ Մոմճեանի հետ նստած կը խորհրդակցէինք։

Մամբրէն իբր թէ Հայրիկի կողմէն եկած էր որ Հայրիկ լալով կը խնդրէ եղեր որ միւս առաւօտ ցոյց չընենք։ Այդ պահուն յանկարծ սկսեցին իբր պայրամի նշան թնթանօթներ որոտալ եւ Մամբրէն երես դէպ ի թնթանօթի ձայն դարցուցած ըսաւ.

«Փորերնուտ մէջ ըլլայ իշալլահ»։

Վերջապէս Մոմճեան հասկցուց որ մեզի առանձին թողու։ Մամբրէն շատ լաւ գիտեր որ ցոյցի ամենէն եռանդուն կողմնակից ես էի դարձաւ դէպի ինձ եւ ըսաւ.

Աստուծոյ սիրոյն ըլլայ կը պաղատիմ քիզի մեղքըցիր սա ծերունի Հայրիկին որ նստեր կուլայ եւ իմ լուրիս կը սպասէ, յետաձգեցէք այս կիւրակէ տեսնենք ինչ կ’ըլլայ։

Ես բարկացայ իսկոյն ոտքի ելայ ու ըսի.

Մենք գործ ունինք մեզի առանձին թող, գնա Հայրիկին ըսէ թող զուր տեղ չիլայ, ոչ թէ ինքը այլ Աստուածը եթէ ըսէ ցոյց չյետաձգուիր։ Հիմա քանի որ դուն չես հեռանար մենք ուրիշ տեղ պիտի երթանք խորհրդակցելու։ Մամբրէն ճարահատեալ հեռացաւ։

Ինչո՞ւ չը կարծել թէ Մամբրէն էր որ լուր տուած էր կառավարութեան եւ լրտեսները Մայր եկեղեցի եկած էին։

Մամբրէն ինչո՞ւ եկաւ ցոյցին օր մեզի ընկերացաւ եւ ի՞նչպես կը յանդգնէր մեր կառքին մէջ նստելով պալատ գալ։

Կը մտածէի անցեալի բոլոր այս տեսակ գործերու վրայ եւ թէ հաւանական կը գտնէի որ ինքը սկիզբէն ի վեր մեզ կը լրտեսէ եղեր։

Մտածելս այլեւս օգուտ չունէ քանի որ այլեւս ուշ էր…

Հայրիկի նամակն առնելէս մօտաւորապէս երկու ամիս վերջը Երուսաղէմէն Սահակ Արքեպիսկոպոս Խապայանէն (այժմ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոս) նամակ մը ստացայ (անշուշտ Հայրիկ զիս ծանօթացուցած եւ հասցէս իմացուցած էր անոր)։ Տ. Սահակ Ս. ինձ կը տեղեկացնէր թէ գումար մը հաւաքած էր Երուսաղէմի միաբաններէն եւ պիտի յանձնէր միաբան Բարթողիմէոս Վ. ին որ մեզ հաղորդութիւն տալու պատրուակով քովս պիտի գար թէ՛ այցելելու եւ թէ՛ դրամ տալու, ոորվհետեւ Աքեայի կառավարութիւնը բացարձակապէս արգիլած էր դուրսէն եկող ո՛ եւ է Հայու մը հետ տեսնուիլը։ Բարթուղիմէոս Վ. եկաւ, եւ որչափ կը յիշեմ, իր բերած դրամը, որ 15-18 ֆրանս. ոսկիի չափ էր, ուզեց ինծի տալ, ինչպէս որ իրեն հրահանգած էին, բայց ես մերժեցի ամբողջն ստանալ եւ իրեն ըսի.

Քանի որ Աքեայի մէջ գտնուող ամբողջ բանտարկեալ ու բերդարգեալ Հայերը գրեթէ նպաստի կարօտ են, պէտք է բերած դրամներդ հաւասար բաժնես։ Բարթուղիմէոս Վ. համակերպեցաւ առաջարկիս եւ դրամները բաժնելով քանի մը օր վերջը կրկին Երուսաղէմ դարձաւ։

Սահակ Սրբազանին հետ քանի մը նամակներ փոխանակեցինք, բայց յանկարծ Սրբազանն իր վերջին նամակով ինծի կ’իմացնէր թէ Յարութիւն Պատրիարք իմանալով որ ինքը ինծի հետ կը թղթակցի եւ թերեւս միաբաններէն ուրիշներ ալ նիւթապէս ինծի կ’օգնեն եւ ինծի հետ կը թղթակցին, եւ նկատելով որ անպատճառ օր մը կառավարութիւնը պիտի իմանայ եւ բնականաբար այդ պարագան կառավարութեան հաճելի չպիտի թուի եւ միաբանութիւնն յաչս կառավարութեան կասկածելի պիտի նկատուի, ուսին Յարութիւն Պատրիարք բացարձականապէս եւ խստիւ արգիլած էր ինձ հետ թղթակցիլ։

Որչափ որ Սահակ Սրբազանին հետ թղթակցիլ ինձ համար պատիւ մ’էր, բայց բնաւ ինքզինքիս չէի ներեր Սրբազանին դիրքը կասկածի ենթարկել վանքին մէջ, որով փութացի ցաւակցութիւնս յայտնող վերջին նամակս գրել Սահակ Սրբազանին։

Արմենակ Հայկունին ի մէջ այլոց կը մատնէ նաեւ Յակոբ Վարդ Պատրիքով. երբ հարցաքննութեան ատեն Արմենակը Վարդ Պատրիքովի ներկայութեան կը բերեն վկայելու, Վարդ Պատրիքով կը յայտարարէ թէ, Պոլսոյ մէջ ամէն յեղափոխականներ ճանչցած է Արմենակի միջոցաւ։ Արմենակը կը բանտարկուի իբր յեղափոխական եւ Նազըմ զինքը երեսէ կը ձգէ այլեւս։

Արմենակը բանտէն ազատուելով Երզնկայ կը փախչի։ Արմենակը Պոլսոյ մէջ… կնոջ հետ ապօրէն յարաբերութիւն կ’ունենայ. կինը զաւակն հետ առած Երզնկայ կ’երթայ. Արմենակը միայն զաւակն առնելով նորէն կինն կը հեռացնէ։

Երզնկայի մէջ խուզարկութիւն մը տեղի կ’ունենայ ձեռք անցուած թուղթեր պարկի մը մէջ կը լեցնեն եւ կնքելով կառավարչատուն կը տանին։ Հայերը Արմենակին 30 ոսկի կը խոստանան որպէս զի այդ պարկի մէջ գտնուած թուղթերու մէկ մասը գաղտնի կերպով իրենց վերադարձնէ։ Արմենակը կը յաջողի այդ գործը գլուխ հանելու, իսկ վերջէն երբ կը լսէ թէ վերադարցուցած թուղթերը այդչափ կարեւոր է եղեր, կը զղջայ եղեր որ այդքան չնչին գումարով մը այդ գործը կատարած է։

Կեդրոնէն մեզի կը գրէին.

Կեդր. Վարչութիւնը նկատելով որ Խրիմեան Երուսաղէմի մէջ կը տառապի եւ թերեւս իր այդ դրութիւնը երկար տեւէ առանց ներման արժանանալու. նկատելով որ Խրիմեանը արտասահման երթալով յեղափոխական գործին աւելի մղում տուած կ’ըլլայ եւ այդ երկու պարագաները հայ ժողովուրդին վրայ լաւ տպաւորութիւն պիտի ընէ, ուստի կեդր. վարչութիւնը ծրագիր մը կը կազմէ Խրիմեանը Երուսաղէմէն փախցնել եւ ծրագրին գործադրութիւնը կը յանձնէ Ռ. Խանազատին։

Խանազատ խնդիրն անձամբ կը պարզէ Խրիմեանին եւ Խրիմեան չի հաւանիր փախչիլ։ Խանազատը երբ կը տեսնէ որ Խրիմեանը չի համոզուիր, ցաւ ի սիրտ կը ստիպուի Կեդրոն վերադառնալ։

Պոլիսէն Վարդան Ս. Վարդանեանի մասին ինծի գրուածն զիս չափէն աւելի յուզեցին եւ անհուն ցաւ զգացի։

Խանութս մօտ ըլլալուն համար կարգ մը արգիլուած թերթերը, գիրքերը եւայլն յանձնած էի Վարդանին եւ իրեն պատուիրած էի որ շատ խնամքով եւ զգուշութեամբ պահէ իրենց խանին մէջ։ Վարդանը նոյն իսկ իր կեանքին գնով խոստացած էր իրեն յանձնածներս պահել ամենայն ապահովութեամբ, եւ հակառակ պարագային բառ մը իսկ չխոստովանիլ ուխտած էր։ Վարդան իրեն յանձնածներուս մեծ մասը կը պահէր իրենց խանը գտնուող օտարահպատակներու սենեակներու մէջ. չէ՞ որ իրիկունները այդ սենեակներուն բանալիները կը յանձնուէին իր եղբայր սենեկապետին։ Վերջապէս այնպիսի ապահով պահապան մը կրնար սեպուիլ, ուրկէ ամէն պարագայի մէջ ոչինչ կարող էին ձեռք անցընել, քանի որ օտարահպատակներու սենեակները դիւրութեամբ չէր կարելի խուզարկել, եւ թէ նոյն իսկ սենեակին վարձուորներն ալ չէին գիտեր թէ իրենց սենեակներուն անկիւնները փոշոտած ապրանքներու ներքեւ ի՛նչ պահուած էր, եւ թէ կառավարութիւնն ի՞նչպէս կրնար այդ օտարներուն վրայ կասկածիլ։

Վարդան մատնուած եւ ձերբակալուած էր. չէ՞ որ պէտք էր զինքը խոստովանցնել թէ իրեն յանձնուած թերթերը եւ գիրքերը ո՛ւր պահած է։ Խեղճ Վարդան կը տեսնէ թէ Նազըմը ամենէն առաջ կ’ուզէ իրմէն իմանալ թէ որոնք են իմ ընկերներս, գոնէ այդ ընկերներուս մէկին անունը յայտնէ։ Իր այդ յայտնութեան փոխարէն Նազըմն կը խոստանայ Վարդանին տալ 200 օսմ[անեան] ոսկի եւ 7-8 ոսկի ամսականով պաշտօն մը։

Վարդան իսկոյն կը յիշէ իրեն տուած հրահանգս, այն է՝ պէտք էր ըսել թէ «Ես Ճանկիւլեանի հայրենակիցն եմ. ինքը մեր խանին մօտ սեղանաւոր, ծխավաճառ եւ վրավաճառ ըլլալով, միշտ խանին մէջ գտնուողներուն պէտք եղած առեւտուրը իրմէ կ’ընէի եւ բնական էր որ միշտ իրեն հետ տեսնուէի, որ լոկ անձնական եւ առեւտրական էր»։

Նազըմը Վարդան տեսնելով եւ երեւոյթէն դատելով թէ կրնայ կաշառելով իմ ընկերներէս գոնէ մէկը գտնալ, եւ թէ կարծած էր շատ դիւրութեամբ Վարդանը պիտի կարենայ խոստովանցնել տալ։

Նազըմը առաջին քայլէն իսկ երբ կը տեսնէ որ Վարդան իր կարծածներէն չէ եւ չպիտի խոստովանի, խոստումներն եւ սիրաշահութիւնը իսկոյն կը փոխէ սպառնալիքի եւ անլուր ու խիստ չարչարանքներու։ Նազըմ կը կատղի երբ կը տեսնէ որ Վարդան անդրդուելի կը մնայ, եւ թէ խուզարկութեան միջոցին միայն կարմիր թուղթի վրայ տպուած Հնչակեան կուսակցութեան մէկ յայտարարութիւնը գտած էին։ Բայց մատնիչը ամէն ինչ մանրամասնութեամբ ըսած էր. իրաւ էր թէ Վարդանը լաւ կը ճանչնար նշանաւոր ընկերներս։

Նազըմ երկրորդ եւ երրորդ անգամ ըլլալով երբ կը տեսնէ որ իր եւ ճիւաղ ոստիկանապետ Հիւսնիի ներկայութեամբ չեն կրնար խոստովանցնել տալ, չարչարանքներու շարքին կը դիմեն։ Օրերով Վարդանը անօթի ու ծարաւ կը պահեն, «Պօտրում»ին մէջ գիշերները սոսկալի կերպով կը ծեծեն, կոճղին մէջ պահելով՝ երկու մէդր բարձրէն կաթիլ կաթիլ ջուր վազցնել կուտան ածիլուած գագաթին վրայ որ տանջանքներուն եւ չարչարանաց ամենէն սոսկալին է. Վարդան նորէն սովորական «Չեմ գիտեր»ը, «Տեղեկութիւն չունիմ» պատասխանը կուտայ միշտ։ Նազըմ կը հրամայէ Վարդանի երկու ոտքերը երկաթեայ գործիքի մը մէջ սեղմել այնպէս որ այդ սեղմումով ոտքի մատի ծայրերէն կը սկսի արիւն վազել։ Արդէն Վարդան ոսկոր ու մորթ դարձած էր, բայց դարձեալ չխոստովանիր։ Նազըմ կը հրամայէ տաքցած շամբուրներով Վարդանի կռնակի միսը ծակծկել տալ. նորէն ի զուր։ Ինչպէս կ’երեւի, վերջ ի վերջոյ Նազըմ եւ Հիւսնի իրենց կատաղութիւնը գոհացնելու համար, Վարդանը գետին կը տապալեն եւ կը սկսին մուճակի կիցեր տալ անխնայ կերպով, եւ այդ կիցերէն մէկ քանին Վարդանի երեսին ու ճակտին կը հանդիպին, որոնց հետքերն որոշ կերպով կը մնան։ Բնական էր որ Վարդան այդ սոսկալի տանջանքներուն չպիտի կրնար երկար ատեն դիմանալ. ուստի թալկացած վիճակի մէջ նորէն «Զնտան» կը փոխադրեն եւ նուաղկոտ գետին կը ձգեն։ Հետեւեալ օրը, երբ կրկին Նազըմ իր ներկայութեան տանիլ կը հրամայէ, պահապանները կը տեսնեն որ իրենց ձգած վիճակին մէջ առանց շարժելու իսկ, Վարդան հոգին աւանդած է։

Վարդանի մարմինը Մայր եկեղեցի կը փոխադրեն, 1891 Մայիս 9ին արտասովոր յուղարկաւորութիւն մը կ’ըլլայ, չափէն աւելի երկսեռ խուռն բազմութիւն մը, քանի որ քահանաներ եւ ձայնաւորներ, Սրուանձտեանց Գարեգին եպիսկ[ոպոս] կը նախագահէ յուղարկաւորութեան հանդէսին եւ յուզիչ դամբանական մը կը խօսի եւ անկէց վերջ նորէն խուռն բազմութեամբ մը Վարդանի դագաղը գերեզմանատուն կը տարուի։

Անշուշտ Նազըմին թելադրութեամբ բռնապետն անպաշտօն կերպով Սրուանձտեանցը հարցաքննութեան կ’ենթարկէ, պատճառն իմանալու պարզ անհատի մը համար այդչափ փառաւոր յուղարկաւորութիւն մը կատարել տալուն, նախագահելուն եւ դամբանական խօսելուն համար։

Վարիչ Մարմինը Նազըմը տէռօրի ենթարկելու որոշումը տուած էր եւ վճռագիրն ստորագրուած էր. ինչպէս կ’երեւի այդ լուրը նորէն Մամբրէի միջոցաւ Նազըմի ականջը հասած էր։ Մամբրէն ազատ կը մնար հրապարակին վրայ եւ իր մասին տրուած մահուան վճիռը կարելի չէր ըլլար գործադրել։ Պէտք չէ որ այս յապաղումը վերագրուի Հնչակեան տէռօրիսդներու անճարակութեան եւ Մամբրէի ճարպիկութեան, այլ Նազըմն էր որ ամէն հաւանականութիւններ աչքի առաջ ունենալով՝ Մամբրէն միշտ իր քովն կը պահէր եւ նոյն իսկ գիշերներն ալ իր ապարանքին մէջ գիշերել կուտար։

Նազըմ ոչ թէ իբր ոստիկանութեան նախարար, այլ ամբողջ Թուրք կառավարութիւնը իր ձեռքին մէջ ունեցողի մը պէս ամենզօրաւոր կը կարծէր ինքզինքը. իր մասին տրուած վճիռը, որ մասնաւորապէս մուրատի առաջարկութեամբ եղած եւ ստորագրուած էր, Նազըմին շատ ծանր թուած էր. կը փափաքի անգամ մը տեսնել թէ ի՞նչպէս մարդ է Մուրատը, որ իր մահուան վճիռը ստորագրած է եղեր։ Մուրատի լուսանկարը գրեթէ ամբողջ ոստիկանութեան ցրուած էր եւ ուշի ուշով ոստիկանութիւնը Մուրատը կը փնտռէր։ Ոստիկաններն ոչ թէ իրենց պարտականութիւնը կատարելու դիտումով գիշեր ու ցերեկ անդուլ եւ անդադար Մուրատը կը փնտռէին եւ ձերբակալելու յոյսով կ’օրօրուէին, այլ անոր համար որ, Նազըմ իր պատուոյն վրայ երդուընցած էր Մուրատը ողջ ձերբակալողին համար 200 ոսկի տալ։ Ահա ոստիկաններն այդ կարմիր ոսկիներու մարմաչէն շլացած Պոլիսը տակնուվրայ կ’ընէին. իսկ Մուրատը, բերա… դպրոցը պահուըտած էր 20-25 օրի չափ. կը գործէր եւ պէտք եղած հրահանգները կուտար. ընկերները նկատելով որ այլեւս Կ. Պոլսոյ թաքստոցէն Մուրատի ելնելն անկարելի էր՝ հակառակ պարագային Պոլսոյ մէջ մնալ կրնար վտանգաւոր ըլլալ, կ’որոշեն Մուրատը Աթէնք ղրկել, եւ Հնչակեանները ոստիկանութեան քիթին տակէն անցընելով հանգիստ եւ ապահով կերպով Աթէնք կը ղրկեն։

Վարիչ Մարմնոյն կողմէ տրուած որոշումներուն գրեթէ կէտ առ կէտ գործադրութեան դրուիլը կը տեղեկացնէին մեզի։ Լուսարար Յովհաննէս կարծած էր թէ Երուսաղէմ փախչելովը պիտի կարենար ազատիլ Հնչակեան տէռօրէն, բայց տէռօրը իսկոյն ետեւէն կը հասնի եւ Երուսաղէմի մէջ կը զարնէ զինքը, Տէռօրը կարծելով թէ յաջողած է իսկոյն Պոլիս կուտայ. իսկ Լուսարար Յովհաննէս (Օննիկ) կարծելով թէ այլ եւս զինք հետապնդող չպիտի ըլլայ իր վէրքեր բուժուելէն վերջ Պոլիս կուգայ բայց Գումգաբուի «Օրթա քաֆէ»ին մէջ զինքը չարաչար կերպով կ’սպաննեն նորէն։

Բանտին մէջ առհասարակ կռիւներ կը պատահէին, բայց ոչ թէ ամենքն ալ ծանր հետեւանքներ կ’ունենային այսինքն կռուարարները ծանր կերպով չէին վիրաւորուիր. երկու Արաբներու մէջ կռիւ մը տեղի ունեցած էր որոնցմէ մին գէշ կերպով վիրւաորուած եւ իր վիճակը ծանր էր. եւ որովհետեւ վիրաւորեալին բարեկամը Աքեայի մէջ քիչ ազդեցիկ մէկն էր եւ ընդհ. դատախազին բողոքած էր. ընդհ. դատախազը իր քարտուղարն ղրկած էր վիրաւորեալը հարցուփորձելու։ Քարտուղարն էր այն երիտասարդը որ շղթաս քակելու օրը օրը կառավարչատան վերնայարկը կեցած կուլար։ Իսկոյն Պետրոս Հատատի միջոցաւ ուզեցի քարտուղարի իսկութիւնն իմանալ. անունը Շիւքրի էր. ազգաւ Կաթոլիկ։ Պետրոս Հատատ բաւական ճարպիկ եւ կառավարական շրջանէն ճանչցուած մէկն էր, իսկոյն եղածը պատմեցի իրեն եւ թելադրեցի զինքը Շիւքրիէն իմանալ թէ այդ օրը ինչո՞ւ կուլար. եթէ երբեք շղթայիս քակելուն առթիւ մուրճի հարուածներէն կրած կսկիծիս պատճառաւ էր իսկոյն զիս ծանօթացնէ Շիւքրիին։

Շիւքրին իր պաշտօնը լրացուցած էր եւ Պետրոս յանձնարարութիւնս կատարելու սկսած եւ քանի մը վայրկեան վերջ Շիւքրին քովս բերած եւ ինձ ծանօթացուցած էր։

Պետրոս թարգմանի հոգն ստացած էր եւ ես Շիւքրիի հետ կէս ժամէն աւելի տեսակցեցայ։

Շիւքրի իր կարողութեան չափով իր աջակցութիւնը նուիրելու խոստումով կը պատրաստուէր մեկնիլ. ես սրտագին շնորհակալութիւնս յայտնեցի, ու Շիւքրին մեկնեցաւ։

Շիւքրին այլեւս իմ բարեկամս էր։ Շփոթութեան տեղի չտալու համար պէտք է ըսել որ Սուիրոյ Քրիստոնեայ Արաբները, բաց ի Մէհմէտ, Ահմէտ, Օսման, Մուսթաֆա եւայլն անուններէն, միւս Խալիլ Շիւքրի, Իպրահիմ եւ այլ անունները կը կրեն, ինչպէս նաեւ իգական սեռին մէջ ալ, եւ այս սովորութիւնըԻսլամներու քրիստոնէից մէջ փոխադարձ է։

Մեր բարեկամներէն կամ ընկերներէն մէկը մեզի Դրօշակ թերթ մը ղրկած է, չեմ յիշեր քանիերորդ թիւն ըլլալը։ Մենք Դրօշակ թերթը տեսնելով զարմացանք եւ միեւնոյն ատեն ցաւ զգացինք որ ուրիշ կուսակցութիւն մ’ալ ծնունդ առած էր, եւ ճիւղաւորուած, քանի որ իր մասնաւոր օռկանն ունէր. որովհետեւ ինչպէս որ սկիզբէն մեր փափաքը եղած էր գտնուած ոյժերը մէկ դրօշի տակ հաւաքելով գործել աւելի նպաստաւոր կրնար ըլլալ Սուրբ Գործին. մենք նորէն նոյն փափաքին վրայ կեցած էինք անշուշտ գործին օգտակարութեան տեսակէտով, ո՛չ թէ Հնչակէն ի զատ տարբեր թերթ մը տեսնելնուս համար էր որ ցաւ կ’զգայինք. մենք ուրախ կ’ըլլայինք շատ յեղափոխական թերթեր ունենալնուս. անջատ գործելն էր որ մեզի ցաւ կը պատճառէր։ Ուստի Դրօշակի երեւումը կամ այդ անունով կուսակցութիւն մը գոյութիւն ունենալուն առթիւ ցաւ յայտնեցի եւ նամակ մը գրեցի Նազարբէկին եւ իսկոյն պատասխանեց։

«Թէեւ սկիզբէն այդ տեսակ կուսակցութիւն մը գոյութիւն ունենալ երեւան ելաւ, բայց իսկոյն անհետացաւ ինչպէս աշնան եղանակին ծառերը կը մերկանան իրենց տերեւներէն։ Անհոգ եղեք ներկայումս գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ»։

Աքեայի բանտին պաշտօնեաներուն կաշառակերութեան մասին աւելորդ չենք նկատեր օրինակ մը հոս յիշուելու։ Արդէն հազարապետէն այնպիսի սոսկալի հրամաններ տրուած էր բանտի պաշտօնէից որ պէտք էր միշտ խիստ վարուէին ինծի հետ. այս պարագան քանիցս ստուգած էի շատ մը հաւաստի աղբիւրներէ։ Կը փափաքէի բաղնիք երթալ եւ դիտաւորութիւնս յայտնեցի փոխ-տնօրէնին։ Տնօրէնն ու իր փոխանորդը փոխն ի փոխ բանտին հսկողութեան համար գիշերները բանտին քովն իրենց յատկացուցած սենեակը կը պառկէին, հերթը փոխ-տնօրէնին էր ութ օրուան համար։ Փոխ-տնօրէնը խոստացաւ եւ պատուիրեց որ առաւօտուն շատ կանուխ պատրաստ ըլլամ։ Փոխ-տնօրէնը զիս բաղնիքէն ներս մտցնելէ վերջ ինքը դրսի դրան քով նստեցաւ.

Եթէ երբեք առաւօտեան այդ պատուն հազարապետը զինքը տեսներ բաղնիքին դուռին մէջ կամ հազարապետը բաղնիք գար. ինքը իր ծրագիրը պատրաստած էր զիս բաղնիքին մէջ պահելու եւ հազարապետին ներս մտնելէն վերջ զիս առանց երկաթներուս ձայնը լսեցնել տալու բաղնիքէն դուրս հանելու։

Ասոնցմէ եւ ոչ մին պատահեցաւ. բաղնիքին մէջ լաւ մը լոգանալէս վերջ բանտ դարձանք եւ բանտարկեալներէն շատ քիչեր իմացան թէ այդ առաւօտ բաղնիք գացած եմ։ Եթէ երբեք լսած ալ ըլլային պիտի չհաւատային, քանի որ իրենց շատ լաւ ծանօթ էր իմ մասիս հազարապետէն տրուած հրահանգը։ Փոխ-տնօրէնին այդ երթեւեկութիւնն եւ անցուցած սոսկալի վախը արժեց ինձ. միայն 10 ղրուշ։

Աքիայի օդը դժուար կը յարմարէր դուրսէն եկողներուն. լիման եկող բանտարկեալ մը անպատճառ պէտք էր ջարմէ (սթմա) բռնուէր։ Այս բանտը տեղացիները կը վերագրէին օդին. պէտք էր օդին վարժուիլ անպատճառ. որո՛նց ֆիզիքական կազմը որ ընդարձակ չէր եւ չէր կրնար վարժուիլ Աքեայի օդին, իսկոյն ջերմէն կը բռնուէին եւ երեք-չորս օրէն կը մեռնէին, իսկ որոնք որ քիչ շատ պնդակազմ էին, տարիներով այդ հիւանդութենէն կը տանջուէին. առհասարակ երկու օրը անգամ մը ջերմը կը բռնէր։ Ես ալ բռնուեցայ այդ ջերմէն եւ երկու օրը անգամ մը այդ ջերմը կուգար, որով չորսուկէս տարիէն աւելի տանջուեցայ։ Աքեայ հասնելէս քանի մէ օր վերջն արիւներթութիւն ունեցայ. բժիշկն այս բանը վերագրեց Սպարապետութեան դրան սալայատակին վրայ պառկելուս։ Արիւներթութիւնս սոսկալի էր. երբեմն այնչափ կը վազէր արիւնը որ նուաղելու աստիճանի կը հասնէի ճէմիշին մէջ եւ շատ դժուարութեամբ ինքզինքս անկողնիս մէջ կը նետէի՝ հագստանալու համար։ Մէկ կողմէն ջերմը եւ միւս կողմէն արիւներթութիւնը ջիղերս քամած եւ զիս կմաքխ դարձուցած էին։

Բանտին մէջ բացի քանի մը կրօնամոլ անձերէ առանց խտրութեան ամբողջ բանտարկեալներուս համակրութիւնը շահած էի եւ բոլորէն ալ կը յարգուէի, ինչպէս Գըլըճճեանն ու Մարիմեանը։ Ասոր բուն պատճառը մեր գաղափարնեն էին. իբրեւ Սոցիալիսդներ բնաւ խտիր չէինք դներ կրօնական եւ ազգայնական տեսակէտով, մեզի համար թշուառը, իրաւազուրկն եւ աղքատը երբ պաշտպանուելու եւ օգնութեան կարօտ էր, մենք մեր կրցածին չափ կ’օգնէինք, իսկ մարդկութիւնը կը տանջուէր բռնակալութեան ճիրաններուն մէջ եւ իր իրաւունքն ոտնակոխ կ’ըլլային. այդ տանջուողն եւ այդ իրաւունքն որուն որ ըլլար, պէտք էր պաշտպանէինք։ Նաթուրեան իմ այդ դիրքս բանտին եւ կառավարական շրջանին մէջ տեսնելով, պարզապէս նախանձած էր եւ ուզած էր զիս վարկաբեկել թէ ինչո՞ւ, մի գուցէ թերեւս իր կեանքը Սպարապետութեան Դրան եւ կեդր. բանտին մէջ խնայել տալուս համր, Հազարապետ Ապտ-լիւլ-Լաթիֆ աղա որ ինձմէ աւելի կ’աճապարէր նամակի պատասխան ստանալուս, օր մը ուրիշ խնդրի մը առթիւ քով գացի, ինքը շատ պաղ ընդունելութիւն մ’ընելէ վերջ, խիստ քաղաքավար ձեւով մը ինձ հասկցուց որ, զինքը խաբած եւ ծուղակը ձգել ուզած եմ. ինչ ձեւով որ խօսեցայ իրեն հետ ի զո՛ւր։ Հազարապետին տրամադրութիւնը այլ եւ փոխուած էր դէպի ինձ։

Ինչպէս ըսի դէպ ի ինձ եղած համակրանքը շատ էր։ Հազարապետին վերջին ընթացքը զիս անհուն կերպով զգետնեց եւ սոսկալի կերպով կը տանջուէի. կ’ուզէի օր առաջ անցած դարձածն իմանալ, քանի որ ծրագիրը փճացած էր, եւ քանի որ կեանքս այդ ծրագիրէն կախում ունէր, ուրեմն մէկ խօսքով՝ մեռած էի։ Յանկարծ օր մը բանտարկեալին մէկը օրը օրին, ժամը ժամին, տեղն ու տեղը պատմեց ինծի (մանաւանդ որ իր պարագաներն ինծի ծանօթ էին թէ կարող էր այդ գաղտնիքն իմանալ) թէ Նաթուրեան ինչպէս մի առ մի եւ սոսկալի չափազանցութիւններով հազարապետին պատմած էր Պոլսոյ մէջ ըրածներս, եւ զիս աւելի երեսէ ձգելու համար այնչափ յառաջ գացած էր որ հազարապետին ըսած էր.

«Ճանկիւլեան այնպիսի մէկն է որ կարող է ամէն ինչ ընել եւ գլխուդ փորձանք մը բերել. իբր բարեկամ կ’ըսեմ որ զգուշանաս այդ մարդէն եւ չըլլայ թէ անոր թակարդին մէջ իյնաս»։ Երբ այս պատմութիւնը լսեցի, կարծես լախտի ուժգին հարուած մը իջաւ գլխուս, ու բացագանչեցի, ա՜խ, այս Նաթուրեանը բնականէն դաւաճան ու մատնիչ է եղեր, ինչո՞ւ ես Նազարէթին, Օննիկին եւ Արմենակին արգելք եղայ ժամանակին, ափսո՜ս, բայց ի՞նչ օգուտ, այլեւս ո՜ւշ է։ Ուզած դրամս եկաւ հասաւ այն օրը, երբ հազարապետն իր պաշտօնով ուրիշ տեղ փոխադրուած էր երկու օր առաջ, եւ իրեն յաջորդած էր Դամասկոսցի Եահեա պէյ։

Դրամները մասնաւորապէս օտարազգի կղերականի մը միջոցաւ ինծի հասան։

Աղեքսանդրիայէն Կ. աղբար (Քուռակ) ստորագրութեամբ նամակ մը ստացայ, իսկոյն հասկցայ որ նամակագիրը մեր ընկերներէն մէկն ըլլալու էր։ Ժամանակին Տամատեանը ուզած էր որ Քուռակ ըսելով պէտք է յեղափոխական հասկնանք, իսկ երբ լսէինք թէ իսկապէս քուռակ է, այն ատեն պէտք էր հասկնայինք թէ յեղափոխական չէ։

Հաճի պապա, Մէհմէտ էֆ[էնտի], Քուռակ եւ այս տեսակ անուններն որոշելնուս նպատակն այն էր որ հաւաքոյթի կամ փողոցի մէջ կարող էինք այդ անուններուն շուրջ խօսիլ եւ անցորդներն կես լսողները չպիտի կարենային կասկածիլ կամ գիտնալ թէ, խրիմեանի Թիրեաքեանի կամ յեղափոխականի մասին կը խօսէինք։

Կ. Աղբար Աչըգպաշեան Գրիգորի կեղծ անունն էր։ Ինքը Աղեքսանդրիոյ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ նշանակուած էր։ Նամակը ստանալս բոլորովին անակնկալ մը կրնար ըլլալ ինծի, եւ չափէն աւելի ուրախացայ, որովհետեւ մինչեւ այդ օրը իր մասին բնաւ տեղեկութիւն մը տուած չէին ինծի։ Աչըգպաշեան փութով վիճակիս մասին տեղեկութիւն կ’ուզէր ինձմէ։ Իսկոյն պատասխանեցի։

Աչըգպաշեանը նամակիս շուտով պատասխանած էր եւ կ’իմացնէր թէ ինծի համար հագուստ եւ ճերմակեղէն ղրկած էր։ Բաւական սպասեցի։ Բայց այդ հագուստները երեւան չէի ելլէր, ըսել է հասցէն սխալ գրուած եւ կորսուած էր։ Քանի որ հազարապետը մեկնած էր, բնականաբար պէտք էր եղելութիւնը պարզէի եւ դրամներն իրենց վերադարձնէի։ Ինծի պատասխանեցին որ դրամը քովս պահեմ, թերեւս նորէն առիթ մը ներկայանայ եւ պէտք ունենամ։

Իբր զբօսաշրջիկ Սուրիա եկած էին Օր. Վէրժին Միւհէնտիսեան եւ իր քոյրը։ Աքեա հանդիպելով փափաքած էին հռչակաւոր բանտը տեսնել։ Դուռին քով կեցած ներս կը նայէին. մենք կարծեցինք թէ օտարազգիներ էին ինչպէս որ երբեմն կուգային այդ նշանաւոր Լիմանը տեսնելու։

Օր. Վէրժին կը հարցնէ թէ «Հայ կա՞յ Լիմանին մէջ»։ Բանտարկեալներն իսկոյն զիս կանչեցին եւ ցոյց տուին Վէրժինին. Վէրժինի հետ տեսնուելով հասկցաւ ո՛վ ըլլալս, բայց իրենք չէին գիտեր որ Աքեա կը գտնուիմ ուզեցին գիտնել թէ իրենք Գայֆայի մէջ ունեցած իրենց ծանօթներով կրնա՞ն ինձ օգտակար ըլլալ, շնորհակալութիւնս յայտնելով ըսի. իմ հասցէիս ծրար մը եկած է Աղեքսանդրիայէն եթէ կարելի է թող փնտռէ թերեւս գտնէ։

Հասցէս առնելով եւ իրենց հասցէն տալով մեկնեցան եւ խոստացան կրկին այցելել։

Երեկոյին ճաշարանի մը սպասաւորը երկու պնակ կերակուր բերաւ ինծի համար, երբ սխալ ըլլալն առարկեցի, անիկա ըսաւ.

«Մինչեւ մէկ ամիս, օրական երկու պնակ կերակուր պիտի բերեմ. այսօր ձեր քով երկու կիներն եկած են անոնք վարպետիս վճարեցին մէկ ամսուան կերակուրի գինը»։

Օր. Վէրժինի բարեկամն հետեւեալ օրը Լիման եկաւ տեսնուեցանք, խոստացաւ շուտով ծրարը գտնել ու բերել. Իր հասցէն տուաւ եւ պատուիրեց որ, եթէ երբեք իրեն պէտք ունենամ, անմիջապէս իրեն գրեմ եւ ինքը սիրով պիտի կատարէ յանձնարարութիւնս։

Հիւպատոսները փոխանակ Աքեա բնակելու Գայֆա կը բնակէին։ Ռուսական հիւպատոսը Լիման եկած եւ ուզած էր զիս տեսնել։ Նախ ներողութիւն խնդրեց՝ որ զիս այն օրը ծանր շղթայովս տեսնելէն վերջ այցելութեան եկած չէր։ Օր. Վէրժին իրեն այցելած էր եւ խնդրած էր որ երբեմն ինծի այցելէ, թերեւս իրեն օժանդակութեան պէտք կ’ունենամ։ Շնորհակալութիւնս յայտնելով ըսի.

Ձեր տուած այցելութիւնը արդէն մեծ պատիւ մ’է ինձ համար, իսկ ուրիշ առթիւ ինծի տալիք այցելութիւննիդ որ պարզ ձանձրոյթ մը պիտի ըլլայ ձեզ համար, կը խնդրեմ որ այդ ձանձրոյթը յանձն չառնէք. իսկ ձեր օժանդակութիւնը որուն համար սուղ ժամանակնիդ պիտի զոհէք բնաւ չեմ կրնար ընդունիլ եւ շնորհակալ եմ։

Հիւպատոսը մասնաւորապէս պարտք դրաւ վրաս որ պէտք ունեցած միջոցիս իրեն դիմեմ անպատճառ. նորէն այցելելու խոստումով մեկնուեցաւ։

Օր. Վէրժինի բաեկամն ինչպէս որ խոստացած էր, ծրարը գտաւ եւ անվնաս բերաւ ինծի յանձնեց, որ քանի մը տեղեց պտտելէն վերջ Գայֆայի նամակատունը մնացեր էր։

Օր. Վէրժինը երկրորդ անգամ ըլլալով Լիման եկաւ. կը խորհէր փախչելում մասին, ես անկարելի նկատեցի եւ ինքն ալ հաստատեց իմ ըսածներս, ինչ որ արդէն ըսած էին իր բարեկամներն ալ։ Ինքը կը մտածէր զիս Իրատէով Հռոդոս փոխադրել տալ, որովհետեւ Հռոդոսի բանտը Թուրքիոյ մէջ գտնուած բանտերէն ամենէն լաւն էր. ես վստահեցուցի զինքը թէ անկարելի է, բայց ինքը կը պնդէր թէ պալատին մէջ գտնուած իր մէկ ազդեցիկ բարեկամին միջոցաւ կարելի էր։ Վերջապէս զիս այդ դժոխքէն ազատելուխոստումով մեկնեցաւ։



[1]            Տրուած ողորմութեան և կերակուրին Արաբերէն անունն է։

[2]            «Տօշի» կռիւ, ծեծկըւուք։