Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՆԱՆԱ

Գաւառները գացող ուսուցիչները գիտեն որ հոն՝ չբաւեր իրենց միայն ուսուցիչ ըլլալ. պէտք է նաեւ տիրացու ըլլալ եկեղեցւոյ մէջ. քարտուղար՝ թաղական խորհուրդին. պարտամուրհակ գրող՝ ամեն հեղ որ հարկ տեսնուի. թղթակից՝ Պոլսոյ լրագիրներու, բժիշկ՝ եթէ հիւանդ մը պատահի. երկրագործ՝ երբ վարուցանի մասին մշակը իր կարծիքը հարուցանէ։

Ներելի չէ իրեն ասոց ամենքը միասին չըլլալ. չըլլալ նախախնամական մարդը որ ամեն բան գիտէ ու ամեն բանի կը ծառայի ի հարկին։

Արմատացած նախապաշարում մը կ’ուզէ որ Լրագիրն ալ այդ գաւառական ուսուցիչը ըլլայ, ամեն տեղ ու ամենուն համար։ Ծանրաչափ մը որ, միեւնոյն վայրկեանին, ամենէն տարանջատ վայրերուն մթնոլորտային վիճակը բացատրէ։ անխօս գործիք մը՝ որ ամենուն պէտքերը ըմբռնէ ու դարմանները ցոյց տայ։

Յետոյ, այս ընդհանուր պարտականութենէն վերջը, անհատական պահանջումները, հաճոյքները քմահաճոյքները ի հաշիւ առնէ, երբեմն գուշակէ եւ միշտ գոհացում տայ անոնց։

Պիտի պատահի յաճախ որ այս տեղական կամ անհատական կամքերը հակասեն իրարու. Լրագիրը պարտաւոր է երկուքին ալ սիրտը ընել, դիւրաթեք ու ճկուն ըլլալ՝ ամենէն ներհակ ձգտումներուն յարմարելու չափ։

Ընթերցողներէն մաս մը՝ գրականութեան հետամուտ է, ուրիշ մը՝ գիտութեանց փափաքող. աս՝ բանասիրութենէ կ’ախորժի ու ադ՝ բանասիրութիւնը կ’ատէ. գաւառացին՝ ներքին լուրերու հետամուտ է ու մայրաքաղաքցին՝ եւրոպական տեղեկութեանց. վարդապետը նորավէպը կը սիրէ միայն ու աշխարհականը՝ յանկարծ հաւատքի տագնապէ մը բռնուած՝ կրօնային վերացումներու պէտքը կ’զգայ։

Լրագիրը, այս խառնակ զանգուածին առջեւ, հարկադրուած է տեղի տալ, հեղուկի մը պէս, ուզուած ձեւը մտնել եւ ըլլալ մանանա լրագիրը ուսկից ամեն ոք՝ իր սիրած համը կարող ըլլայ առնել։

* * *

Մեր մէջ, լրագիրները այս իտեալին կը ձգտին, ու այս վախճանին կը դիմեն սկեպտիկ փիլիսոփայութեամբ մը զինուած։ Աջէն ու ձախէն՝ զիրենք քաշող ընդդիմամարտ ճաշակներուն առջեւ, կը շուարին ու անշարժութեան մէջ կը մնան։ Իրենց կարծեցեալ յառաջդիմութիւնը՝ աննպատակ դեգերանք մըն եւ իրենք առաջինն են որ կը ծիծաղին իրենց գրածներուն վրայ։ Ո՛չ մին՝ հարկ եղած արիութիւնկ ունեցած է ի բաց վանելու հանրութեան այս կամքերը ու թօթափելու ընթերցողներուն հաճելի ըլլալու տկարութիւնկ որ նիւթական տկարութիւնն է ապաքէն։

Տեսնուած է որ է՛ն յոխորտները յաճախ է՛ն հաճոյակատարները ըլլալու վիճակուին։ Իրենց բոլոր բարի կամեցողութիւնը, իրենց ազնիւ առաջադրութիւնները չեն կրցած տոկալ այն մեղմ յարատեւ յարձակումին՝ որուն ենթակայ է ամեն թերթ իր ընթերցողներու կողմէն։

Ամեն ոք՝ իր խրատը կուտայ թերթին ուղղութեան, պարունակութեան ու յաջողութեան պայմաններուն վրայ։

Եւ բարոյական մեծ ու շա՛տ անխախտ նկարագրի տէր մարդ պէտք է ըլլալ, անյողդողդ մնալու համար այն չուկէտին վրայ, որ ամեն ազդեցութենէ անկախ, որոշուած էր եւ որ ահա անզգալաբար, մեղմիւ կը կորսուի աչքէ անտես կ’ըլլայ բոլորովին։

* * *

Ընթերցողն է, հասարակութիւնն է որ կ’ապականէ թերթը։ Իր ներգործութիւնը, որ ուրիշ տեղ սովորաբար փրկարար ու օգտաւէտ բան մըն է, հո՛ս խանգարիչ ու եղծիչ թթու մը կ’ըլլայ։

Եւ լրագիրը, նախ՝ առանց զգալու եւ վերջէն՝ գիտակցութեամբ կը դադրի առաջնորդ մը ըլլալէ, խոնարհ հետեորդ մը դառնալու համար։ Ինքը՝ որ ուղին պիտի ցոյց տար, հիմա ուրիշներէն կ’սպասէ որ իր հետեւելիք ճանբան ցուցնեն։ Իրեն յատուկ կամք ու նպատակ չունի, բացի սկսուած գործը, աղէկ կամ գէշ շարունակելու ունայն պարծանքէն։ Իր անհատականութիւնը, իր եսը, այն ատելի եսը վերցած ու տեղը եկած է բազմագլուխ հրէշ մը՝ որ Շուարում կը կոչուի։

Այդ վայրկեանէն, ալ իր նիւթականը քիչ շատ ապահովւած է։ Ընթերցողը գոհ չէ բոլորովին որովհետեւ ընթերցող մը գոհ չի կրնար ըլլալ բայց դժգոհ ալ չէ. իր ոզած թերթը չէ այս, բայց չուզածն ալ չէ։ Միջակ։ Այն ատեն, իր սովորաբար կը հարթուին, շրթունքին վրայ հաշտութեան ծիածանը կ’երեւայ. կը ժպտի. ո՛չ, գէշ տղայ չէ այդ լրագիրը. առա՜ջ, եթէ իր խելքին, իր ծայրայեղութեան մէջ մնա՜ր։

Շէնքի շնորհքի եկած թերթ է հիմա. ամեն ոք աչքէ կ’անցընէ եթէ չի կարդար. գրագէտը, ուսուցիչը, բժիշկը, վաճառականը հաւասարապէս գոհ են անկէ. ամեն կարծիքները կը հաշտուին հոն, ամեն խստութիւնները կը մեղմանան։

Հասարակութիւնը մանանա մը կ’ուզէ ու մանանա մը կը տրուի իրեն։

* * *

Եւ սակայն ճշմարիտ օրագիր մը չի կրնար հաշտ երեւալ ամենուն. անձնուէր բարեկամներ ու ոխերիմ թշնամիներ կ’ունենայ միշտ։ Իր բարոյական յաջողութիւնը ադով միայն պիտի չափէի։ Պէտք է որ մէկը անարգէր զայն ու միւսը՝ յարգէր։ Այն ատեն իր գոյութեան պիտի հաւատայի։ Կապոյտ կամ սեւ, փոյթ չէ, բայց աչքերուն գոյնը կ’ուզէի տեսնել։։

Գամելէոնի այլակերպութիւններէն կը վախնամ. ամեն ճաշակի պատշաճելու ջանադիր թերթ մը՝ իմ սիրածս չէ։

Ընթերցողերը աւելի պիտի շահէին չոր հաց ուտելով ամեն օր, քան թէ սպասելով այլափոխուող մանանայի մը բազմակերպիկ համեմներուն։