Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՈՒԳ

Բօթը կարդացի Ազատամարտին մէջ, այն պահուն ուր հազիւ քունէս արթնցած՝ ծուլօրէն աչք կը պտըտցնէի օրագիրներուն վրայ, զբօսական պտոյտ մը ընելու պէս իմանալու համար թէ առջի օրուընէ ի վեր բան մը կա՞ր փոխուած աշխարհիս վրայ։ Կանգ առի զարհուրած՝ խոշոր սեւ տառերուն, գլխատառերուն առջեւ որ անուն մը կը ձեւացնէին, սիրուա՜ծ փայփայուած անունը բոլոր հայ սրտերուն մէջ եւ բոլոր հայ շուրթերուն վրայ։ Կանգ առի նախ թերահաւատ՝ սխալ ընթերցման մը կարելիութեան տարտամ յոյսովը, չար երազի մը ճնշումին տակ շնչահեղձ, սպասելով զարթումին որ չէր գար, որ չեկաւ։

Այն ատեն նորէն կարդացի վերտառութիւնը, ուշի ուշով, առանց անձկութեան, մահով շքեղցած բիւրեղցած անունը. էջին վերի դին աջէն ճառագայթող անունը կարդացի։ Յետոյ բարձր ձայնով արտասանեցի զայն, իբրեւ թէ այս փորձով ստուգութիւնը վաւերացնէի բան մը, որ՝ առանց տաոր՝ անհնար պիտի թուէր մինչեւ վերջը. արտասանեցի

ՓԻԷՌ ՔԻՅԵԱՌ

եւ… ծունկի եկայ։

----------------------

 

Ուսուցիչ, քերթող, հրապարակագիր, մտաւորական մը. մէկը անոնցմէ որ կեանքը կ’ապրին իշխելով. կոխկռտելով անոր վրայ, տիրաբար, աշխարհակալի մը պէս ոչ թէ պզտիկնալով շարունակ անոր առջեւ եւ միմիայն իրենց անձին սահմանելով զայն, գրկաբաց կեանք, գրկաբաց՝ բոլոր տառապանքներուն հանդէպ, բոլոր արհամարհուածներուն, զրկուածներուն։

Ուսուցիչ՝ այն մեծ ուսումին որ մարդասիրութիւն կը կոչւի. երգողը՝ այն ցաւերուն որոնք պատմիչ չունին։ Երազատե՛ս մը, եթէ կ’ուզէք, մին՝ անձնուրացներու սակաւաթիւ հոյլէն որոնք գրիչ մը ձեռուընին՝ միս մենակ կը մղեն մեծ պայքարը, զօրաւորին դէմ կռիւը. անհաւասարկ եւ յաւիտենականկ, որոնց մէջ վերջ ի վերջոյ յաղթութիւնը կը տանին եթէ մեռնին իսկ. հին դարերու ասպետ՝ որուն յիշատակին ի պատիւ կանգնուելիք կոթողին վրայ Եարճանեան հատորի տեղ բառ մը պիտի գրէր, բառ մը միայն։

ՎԵՀԱՆՁՆՕՐԷՆ

-----------------------

Հարուածներ կան զոր մարդս կ’ընդունի առանց տրտունջ մը հանելու, առանց ճիչ մը, աղաղակ մը արձակելու, անոր համար որ անոնք ուղղակի սրտին կ’իջնեն եւ լեզուն կը կապեն. Փիէռ Քիյեառի մեր ազգին համար ատոնցմէ է։

Մտքիս առջեւ կը բերեմ իր ազնուական դէմքը։ Ամեն պատկեր առհասարակ լոյսով եւ ստուերով կը ձեւանայ եւ սակայն ինծի այնպէս թուեցաւ, երբոր առաջին անգամ հանդիպեցայ անոր, որ այս դէմքը միմիայն լոյսով շինուած էր։ Ուրիշ շատ մը բաղդաւոր հայրենակիցներուս պէս հինուց չէի ճանչցած զինքը. բայց մունջ եւ խորունկ կապ մը, երախտագիտութեան եւ հիացման մեծ հարկը անպայման կերպով իրեն կը կապէր զիս։ Լաւ մը չեմ յիշեր ինչե՛ր կրցայ ըսել իրեն երբոր Սահմանադրութեան առջի տարին ճաշի մը հրաւիրեցինք զինքը Թօքաթլեանի սրահին մէջ. բայց միտքս է ինծի պատասխանած խօսքերը.

- Ձեր մէջը ապրեցայ ես երեք տարի, եւ իր ցաւատանջ ճամբուն մէջ ձեր ազգին մարտիրոսութիւնը հետապնդեցի։

Եւ Հանոթօի ակնարկելով՝

- Կը ճանչնամ մէկը՝ Ֆրանսական Հանրապետութեան մէջ մեծ դիրքի տէր՝ որ բռնաւորական ռէժիմի պաշտպան հանդիսանալէ չամչցաւ. ըստ երեւոյթին կ’ապրի դեռ այսօր, բայց իրօք շատոնց մեռած է ան բարոյապէս։ Հայկական արիւնը խեղդեց զինք։

--------------------

Ո՞ վ ես դուն, օտարակա՛ն, որ քու զուարթ եւ երջանիկ հայրենիքդ մոռնալով, բոլոր գութդ եւ խանդաղատանքդ նուիրեցիր սուգի եւ կսկիծի հողին՝ որ Հայաստան կը կոչուի։ Ինչպէ՞ս մեր անժպիտ ու թախծոտ երեսը քու ուշադրութիւնդ հրաւիրեց եւ, իսկոյն սրտիդ գանձերը ու ճոխությունները անվերապահօրէն բացիր մեզի, եղբայրակցեցար մեզի հետ, անընդհատ տասներկու տարի մեր ազգին նահատակութեան աւետարանը՝ Pro Armeniaն գրեցիր, ջերմ հաւատքով մը եւ տեսիլքի մը մէջէն տեսնելով կարծես մեծ Հրէշին անկումը, իր արիւնոտ գահին վրայէն։

Երազատեսնե՞ր, դո՛ւք. երբեք, քանի որ իրականութիւն են այսօր ձեր երէկուան երազները. տեսէ՛ք Թուրքիան, Բօրթիւկալը եւ վաղնջական Չինաստանը ազատագրուած եւ ճամբու դնելով իրենց անուղղեայ վեհապետները։ Գործի մարդեր էք դուք, գերազանցապէս գործի մարդ, շքեղօրէն գործի մարդ, ապրելով ուրիշներուն համար, պիտի ըսէր Եղիան, երբոր անդին սովորական գործի մարդերը կ’ապրին իրենց անձին համար միայն, ահա զանազանութիւնը. ահա ձեր անջնջելի փառքը։

 

------------------

Մեռաւ ակնկալութիւնը չի ճանչցող այս մարդը անակնկալ կերպով, անակնկալ օրով մը որ այսուհետեւ Հայկական Սուգի օրն է. մեռաւ, առանց իր այնքան սիրած Հայերուն բաղդը գոնէ որոշուած տեսնելու։

Ֆրանսայի մէջ է իր գերեզմանը. բայց իր անունը մերն է բոլորովին։ Իր հրապարակագրի կեանքը մերն է, մեր ազգին Պատմութեան է՛ն պայծառ էջերէն մէկ է. իր յիշատակը մերն է եւ բովանդակ Հայութիւնը պիտի հսկէ անոր վրայ։